Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աբրահամ. հաւատքի օրինակ մը

Աբրահամ. հաւատքի օրինակ մը

Աբրահամ. հաւատքի օրինակ մը

‘Աբրահամ բոլոր հաւատացողներուն հայրն էր’։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4։11

1, 2. (ա) Ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աբրահամը ի՞նչ բանով կը յիշեն։ (բ) Աբրահամ ինչո՞ւ ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’ կոչուած է։

ԱՆ ՀԶՕՐ ազգի մը նախահայրը, մարգարէ մը, առեւտրական մը, եւ առաջնորդ մըն էր։ Այսուհանդերձ, այսօր Քրիստոնեաներուն մէջ ան աւելի կը յիշուի իր մէկ յատկութեան՝ իր անխախտ հաւատքին՝ համար, որու պատճառաւ Եհովա Աստուած զինք բարեկամ նկատեց։ (Եսայեայ 41։8, ՆԱ. Յակոբու 2։23) Այս անհատին անունը Աբրահամ էր, եւ Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ՝ ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’։—Հռովմայեցիս 4։11

2 Բայց, Աբրահամէ առաջ եղող տղամարդիկ, ինչպէս՝ Աբէլ, Ենովք եւ Նոյ, հաւատք չցուցաբերեցի՞ն։ Այո՛, բայց Աբրահամի հետ էր որ երկրի բոլոր ազգերը օրհնելու ուխտը կատարուեցաւ։ (Ծննդոց 22։18) Այսպիսով, ան այլաբանական հայրը եղաւ բոլոր անոնց, որոնք հաւատք պիտի ընծայէին խոստացեալ Սերունդին։ (Գաղատացիս 3։8, 9) Որոշ առումով, Աբրահամ մեր հայրը կրնայ նկատուիլ, քանի որ իր հաւատքը ընդօրինակուելու արժանի է։ Անոր ամբողջ կեանքը կրնայ նկատուիլ որպէս հաւատքի յայտնաբերում, քանի որ փորձերով ու փորձութիւններով լեցուն էր։ Արդարեւ, ան այդպէս կոչուած հաւատքի իր մեծագոյն փորձը՝ իր որդին, Իսահակը զոհ մատուցանելու պատուէրը դիմագրաւելէ շատ առաջ, Աբրահամ իր հաւատքը ապացուցանեց աւելի պզտիկ բազմաթիւ փորձութիւններով։ (Ծննդոց 22։1, 2) Այժմ քննենք հաւատքի այս նախկին փորձերէն ոմանք, եւ տեսնենք թէ ի՛նչ դասեր կը սորվինք անոնցմէ ներկայիս։

Ուրը Ձգելու Հրահանգ

3. Աստուածաշունչը մեզի ի՞նչ կ’ըսէ Աբրամի ենթահողին մասին։

3 Աստուածաշունչը առաջին անգամ կը յիշէ Աբրամը (հետագային՝ Աբրահամ) Ծննդոց 11։26–ի մէջ, ուր կ’ըսէ. «Թարա եօթանասուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը եւ Առանը»։ Աբրամ աստուածավախ Սէմի սերունդէն էր։ (Ծննդոց 11։10-24) Ծննդոց 11։31–ի համաձայն, Աբրամ իր ընտանիքին հետ ապրեցաւ «Քաղդէացիներու Ուր քաղաք»ին մէջ, որ այն ատեն Եփրատ Գետին արեւելքը գտնուող բարգաւաճ քաղաք մըն էր։ * Ուստի, ան որպէս վրանաբնակ մը չմեծցաւ, այլ որպէս քաղաքաբնակ մը. վայրի մը մէջ, որ շատ փարթամ կեանք մը կը հրամցնէր։ Ներածուած ապրանքներ կարելի էր գնել Ուրի շուկաներուն մէջ։ Անոր ճամբաներուն երկու կողմերը մինչեւ 14 սենեակնոց կրածեփ ու ջրմուղային դրութեամբ օժտուած տուներ շարուած էին։

4. (ա) Ուր քաղաքը ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը ներկայացնէր ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագուներուն։ (բ) Աբրամ ի՞նչպէս կրցաւ հաւատք ունենալ Եհովայի վրայ։

4 Իր նիւթական բոլոր առաւելութիւններէն զատ, Ուր քաղաքը լուրջ մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէր ոեւէ անհատի, որ կ’ուզէր ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայել։ Անիկա կռապաշտութեան եւ նախապաշարումներու մէջ մխրճուած քաղաք մըն էր։ Արդարեւ, անոր գլխաւոր կառոյցն էր՝ Նաննա լուսին–աստուածը պատուող աշտարակաձեւ զիկուրաթ մը։ Անկասկած Աբրամ մեծ ճնշումի կ’ենթարկուէր, թերեւս նոյնիսկ կարգ մը ազգականներու կողմէ, այս նուաստացուցիչ պաշտամունքին մասնակցելու համար։ Կարգ մը հրէական աւանդութիւններու համաձայն, Աբրամի հայրը Թարան, ինքն ալ կուռք շինող մըն էր։ (Յեսուայ 24։2, 14, 15) Ինչ որ ալ ըլլար պարագան, Աբրամ նուաստացուցիչ սուտ պաշտամունքի հետեւորդ մը չէր։ Անոր տարեց նախահայրը Սէմ, տակաւին ողջ էր եւ անկասկած ճշմարիտ Աստուծոյ մասին իր գիտութեան մասնակից ըրաւ զինք։ Որպէս արդիւնք, Աբրամի հաւատքը Եհովայի վրայ հիմնուած էր, ու ոչ թէ՝ Նաննայի։—Գաղատացիս 3։6

Հաւատքի Փորձ մը

5. Մինչ Աբրամ Ուրի մէջ էր, Աստուած իրեն ի՞նչ պատուէր եւ խոստում տուաւ։

5 Աբրամի հաւատքը պիտի փորձուէր։ Աստուած իրեն երեւցաւ եւ պատուիրեց. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ։ Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին»։—Ծննդոց 12։1-3. Գործք 7։2, 3

6. Ուրը ձգելը ինչո՞ւ իսկական հաւատք կը պահանջէր Աբրամէն։

6 Աբրամ տարեց եւ անզաւակ էր։ Ան ի՞նչպէս կրնար «մեծ ազգ» մը ըլլալ։ Իսկ իր երթալիք երկիրը ճիշդ ո՞ւր էր։ Աստուած այն ատեն իրեն բան մը չըսաւ այս մասին։ Հետեւաբար, իսկական հաւատք կը պահանջուէր Աբրամէ, որպէսզի ձգէր բարգաւաճ Ուրը եւ անոր պերճանքը։ Ընտանիքը, Սէրը եւ Աստուածաշունչը գիրքը (Անգլերէն) վաղեմի ժամանակներուն մասին կը նշէ. «Մեծագոյն պատիժը որ կրնար տրուիլ ընտանիքի անդամի մը, որ լուրջ ոճիրով մը յանցաւոր եղած էր, զինք վտարելը, զինք ընտանիքին մէկ ‘անդամը’ ըլլալէն զրկելն էր։ . . . Անոր համար է որ երբ Աբրահամ Աստուծոյ պատուէրին հետեւելով, ո՛չ միայն իր երկիրը, այլեւ՝ իր ազգականները ձգեց, ասիկա Աստուծոյ հանդէպ անվարան հնազանդութեան եւ վստահութեան արտակարգ յայտնաբերում մըն էր»։

7. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան Աբրամի դիմագրաւած փորձութիւններուն նման փորձութիւններ դիմագրաւել այսօր։

7 Ներկայիս՝ Քրիստոնեաները նոյնանման փորձութիւններ կրնան դիմագրաւել։ Աբրամի նման, կրնանք ճնշումի ենթարկուիլ, որպէսզի նիւթական շահերը աստուածպետական զբաղումներէն առաջ դնենք։ (Ա. Յովհաննու 2։16) Կրնանք հակառակութեան հանդիպիլ ընտանիքի անհաւատ անդամներու՝ մէջը ըլլալով վտարուած ազգականներու կողմէ, որոնք թերեւս փորձեն մեզ վատառողջ ընկերակցութեան միջամուխ ընել։ (Մատթէոս 10։34-36. Ա. Կորնթացիս 5։11-13. 15։33) Արդ, Աբրամ ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ մեզի։ Ան Եհովայի բարեկամութիւնը ամէն բանէ՝ նոյնիսկ ընտանեկան կապերէն՝ առաջ դասեց։ Ան չէր գիտեր թէ Աստուծոյ խոստումները ճիշդ ի՛նչպէս, ե՛րբ կամ ո՛ւր պիտի կատարուէին։ Այսուհանդերձ, ան յօժարեցաւ իր կեանքը հիմնել այդ խոստումներուն հանդէպ իր ունեցած վստահութեան վրայ։ Ասիկա ներկայիս Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելու համար ի՜նչ գեղեցիկ քաջալերութիւն մըն է։—Մատթէոս 6։33

8. Աբրամի հաւատքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ իր անմիջական ընտանիքի անդամներուն վրայ, իսկ Քրիստոնեաները ասկէ ի՞նչ կրնան սորվիլ։

8 Ի՞նչ կարելի է ըսել Աբրամի անմիջական ընտանիքի անդամներուն մասին։ Ակներեւաբար, Աբրամի հաւատքն ու համոզումը շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ անոնց վրայ, քանի որ թէ՛ իր կինը՝ Սարան եւ թէ իր որբ զարմիկը՝ Ղովտը, Աստուծոյ պատուէրին հնազանդեցան եւ Ուրը ձգեցին։ Աբրամի եղբայրը՝ Նաքովրը եւ անոր սերունդէն ոմանք հետագային Ուր քաղաքը ձգեցին ու Խառանի մէջ բնակեցան, ուր Եհովան պաշտեցին։ (Ծննդոց 24։1-4, 10, 31. 27։43. 29։4, 5) Նոյնիսկ Աբրամի հայրը՝ Թարան յօժարեցաւ իր որդւոյն հետ մեկնիլ։ Ասոր համար, Աստուածաշունչը, որպէս ընտանիքի գլուխ, Թարային կը վերագրէ Քանան փոխադրուելու քայլը առնողը։ (Ծննդոց 11։31) Արդեօք մենք ալ կրնա՞նք որոշ չափով յաջողութիւն ձեռք ձգել, եթէ մեր ազգականներուն փափկանկատօրէն վկայենք։

9. Աբրամ իր ճամբորդութեան համար ի՞նչ պատրաստութիւններ պէտք էր տեսնէր, եւ ասիկա ինչո՞ւ թերեւս իր կողմէն զոհողութիւն կը պահանջէր։

9 Իր ճամբորդութեան ձեռնարկելէ առաջ, Աբրամ ընելիք շատ բան ունէր։ Ան ստացուածք պէտք էր ծախէր, եւ գնէր վրաններ, ուղտեր, կերակուր եւ պէտք եղած պիտոյքներ։ Աբրամ հապճեպով պատրաստուելով թերեւս նիւթական կորուստ ունեցաւ, բայց ուրախ էր Եհովայի հնազանդելով։ Ի՜նչ նշանակալից օր մը ըլլալու էր, երբ պատրաստութիւնները ամբողջացան ու Աբրամի կարաւանը Ուրի պարիսպէն դուրս կեցաւ, ճամբորդելու պատրաստ։ Եփրատ Գետի ոլորապտոյտ ճամբաներուն հետեւելով, կարաւանը ճամբորդեց դէպի հիւսիս–արեւմուտք։ Շաբաթներ ճամբորդելէ ու շուրջ 1,000 քմ. կտրելէ ետք, անիկա Միջագետքի հիւսիսը գտնուող քաղաք մը հասաւ, որ Խառան կը կոչուէր եւ կարաւաններու համար գլխաւոր կայան մըն էր։

10, 11. (ա) Աբրամ հաւանաբար ինչո՞ւ ժամանակ մը Խառանի մէջ մնաց։ (բ) Տարեց ծնողներու հոգ տանող Քրիստոնեաներուն ի՞նչ քաջալերութիւն կարելի է տալ։

10 Աբրամ Խառան հաստատուեցաւ, հաւանաբար իր տարեց հօր՝ Թարայի սիրոյն։ (Ղեւտացւոց 19։32) Այսօր ալ, շատ մը Քրիստոնեաներ իրենց տարեց կամ հիւանդ ծնողներուն հոգ տանելու առանձնաշնորհումը ունին, ոմանք ասիկա ընելու կարող ըլլալու համար նոյնիսկ իրենց կեանքին մէջ վերաճշդումներ ըրած են։ Երբ ասոր կարիքը տեսնուի, այսպիսի անհատներ կրնան վստահ ըլլալ թէ իրենց սիրալիր զոհողութիւնները ‘ընդունելի են Աստուծոյ առջեւ’։—Ա. Տիմոթէոս 5։4

11 Ժամանակ անցաւ։ «Թարային օրերը երկու հարիւր հինգ տարի եղան։ Թարա Խառանի մէջ մեռաւ»։ Այս կորուստը վստահաբար վիշտ պատճառեց Աբրամի, բայց սուգի ժամանակաշրջանը վերջանալէ ետք, ան անմիջապէս մեկնեցաւ։ «Աբրամ եօթանասունըհինգ տարեկան էր երբ Խառանէն ելաւ։ Եւ Աբրամ իր կինը Սարան ու իր եղբօրորդին Ղովտը եւ իրենց բոլոր ստացուածքը եւ Խառանի մէջ իրենց ստացած ծառաները առնելով՝ ելան որ Քանանի երկիրը երթան»։—Ծննդոց 11։32. 12։4, 5

12. Աբրամ ի՞նչ ըրաւ մինչ Խառանի մէջ էր։

12 Հետաքրքրական է նկատել թէ մինչ Խառանի մէջ էր, Աբրամ «ստացուածք»ներ դիզեց։ Թէեւ նիւթական զոհողութիւններ ըրած էր Ուրը ձգելու համար, սակայն Աբրամ Խառանէն մեկնեցաւ որպէս հարուստ մարդ մը։ Բացայայտօրէն, ասիկա Աստուծոյ օրհնութեան շնորհիւ էր։ (Ժողովողի 5։19) Թէեւ Աստուած ներկայիս իր բոլոր ծառաներուն հարստութիւն տալ չի խոստանար, բայց Թագաւորութեան սիրոյն ‘տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր թողուցողներուն’ կարիքներուն հոգ տանելու իր խոստումին հաւատարիմ կը մնայ։ (Մարկոս 10։29, 30) Աբրամ նաեւ ‘անձիք ստացաւ’ (Արարատ), այսինքն՝ բազմաթիւ ծառաներ ունեցաւ։ Երուսաղէմի Թարկումը եւ Քաղդէարէն Ս. Գրոց Մեկնութիւնը կ’ըսեն թէ Աբրամ ‘նորահաւատներ ըրաւ’։ (Ծննդոց 18։19) Ձեր հաւատքը կը մղէ՞ ձեզ որ խօսիք ձեր դրացիներուն, աշխատակիցներուն կամ դասընկերներուն։ Փոխանակ հաստատուելու նայելու եւ Աստուծոյ պատուէրը մոռնալու, Աբրամ Խառանի մէջ իր ժամանակը արդիւնաւէտ կերպով գործածեց։ Բայց այժմ, հոն իր կեցութեան ժամանակը լրացած էր։ «Աբրամ գնաց ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր»։—Ծննդոց 12։4

Եփրատի Անդիի Կողմը

13. Աբրամ ե՞րբ կտրեց Եփրատ Գետը, եւ ի՞նչ էր այս արարքին կարեւորութիւնը։

13 Անգամ մը եւս Աբրամ պէտք էր ճամբորդէր։ Խառանը ետին ձգելով, անոր կարաւանը դէպի արեւմուտք ուղղուեցաւ, ճամբորդելով շուրջ 90 քմ.։ Աբրամ թերեւս կանգ առաւ Եփրատի ափին վրայ, վաղեմի առեւտրական կեդրոնին՝ Քարքամիսին՝ դիմացի կողմը գտնուող կայանի մը մէջ։ Այս գլխաւոր վայրէն էր, որ կարաւանները գետը կը կտրէին։ * Ո՞ր թուականին Աբրամի կարաւանը գետը կտրեց։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ անիկա տեղի ունեցաւ Հ.Դ.Ա. 1513–ի Նիսան 14–ին Եգիպտոսէն Հրեաներուն Ելքէն 430 տարի առաջ։ Ելից 12։41–ը կ’ըսէ. «Չորս հարիւր երեսուն տարիներուն վերջին օրը Տէրոջը բոլոր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն ելան»։ Ուստի, բացայայտօրէն, աբրահամական ուխտը ի զօրու եղաւ Հ.Դ.Ա. 1943–ի Նիսան 14–ին, երբ Աբրամ հնազանդօրէն կտրեց Եփրատ Գետը։

14. (ա) Աբրամ հաւատքի աչքերով ի՞նչ կրնար տեսնել։ (բ) Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ առումով Աբրամէ բախտաւոր է։

14 Աբրամ իր ետին ձգած էր բարգաւաճ քաղաք մը։ Այսուհանդերձ, ան այժմ կրնար երեւակայել «այն հիմերով հաստատուած քաղաք»ը՝ մարդկութեան վրայ արդար կառավարութիւն մը։ (Եբրայեցիս 11։10) Այո, միայն չնչին տեղեկութեամբ, Աբրամ սկսած էր ըմբռնել մահկանացու մարդկութիւնը փրկելու Աստուծոյ նպատակին նախագիծը։ Այսօր, մենք բախտաւորութիւն ունինք Աստուծոյ նպատակներուն մասին Աբրամէ շատ աւելի ընդարձակ հասկացողութիւն մը ունենալու։ (Առակաց 4։18) Աբրամի յուսացած «քաղաք»ը՝ Թագաւորութեան կառավարութիւնը՝ այժմ իրողութիւն մըն է. անիկա 1914–էն ի վեր երկինքի մէջ հաստատուած է։ Հետեւաբար, պէտք չէ՞ մղուինք հաւատքի գործեր ընելու ու Եհովայի վստահելու։

Խոստացեալ Երկրին Մէջ Կեցութիւնը կը Սկսի

15, 16. (ա) Ինչո՞ւ Աբրամէն քաջութիւն կը պահանջուէր որ Եհովայի զոհասեղան մը կառուցանէր։ (բ) Ներկայիս Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան Աբրամի նման քաջարի ըլլալ։

15 Ծննդոց 12։5, 6–ը մեզի կ’ըսէ. «Քանանի երկիրը հասան։ Աբրամ այն երկրէն մինչեւ Սիւքէմի տեղը, մինչեւ Մօրէի կաղնին անցաւ»։ Սիւքէմ՝ 50 քմ. Երուսաղէմի հիւսիսը կը գտնուէր, արգասաբեր ձորի մը մէջ, որ նկարագրուած է որպէս «սուրբ երկրին դրախտը»։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, «այն ատեն Քանանացիներ կային այն երկրին մէջ»։ Քանի որ Քանանացիները բարոյապէս փճացած էին, Աբրամ պէտք էր նախազգուշութիւններ ձեռք առնէր, իր ընտանիքը պաշտպանելու համար անոնց ապականիչ ազդեցութենէն։—Ելից 34։11-16

16 Երկրորդ անգամ ըլլալով, «Տէրը երեւցաւ Աբրամին ու ըսաւ. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ այս երկիրը’»։ Որքա՜ն ոգեւորիչ էր։ Անշուշտ, հաւատք կը պահանջուէր որ Աբրամ ուրախանար բանով մը, որ միայն իր ապագայ սերունդը պիտի վայելէր։ Այսուհանդերձ, որպէս ընդառաջում, Աբրամ «հոն սեղան շինեց Տէրոջը, որ իրեն երեւցաւ»։ (Ծննդոց 12։7) Աստուածաշունչի ուսումնական մը կը թելադրէ. «Այդ երկրին մէջ զոհասեղան մը կանգնելը, իրականութեան մէջ, զայն սեփականացնելու պաշտօնական կերպ մըն էր՝ իր հաւատքին շնորհիւ ձեռք ձգուած իրաւունքին հիման վրայ»։ Այսպիսի զոհասեղան մը կառուցանելը քաջարի արարք մըն ալ էր։ Անկասկած, այս զոհասեղանը՝ հետագային Օրէնքի ուխտին մէջ յատկանշուածին պէս՝ պարզ (անտաշ) քարերէ կը բաղկանար։ (Ելից 20։24, 25) Անիկա երեւոյթով ուշագրաւօրէն տարբեր ըլլալու էր Քանանացիներուն գործածած զոհասեղաններէն։ Այսպիսով, Աբրամ որպէս ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ երկրպագու մը, հանրապէս խիզախ կեցուածք մը առաւ, ինքզինք ենթարկելով ատելութեան եւ ֆիզիքապէս վնասուելու հաւանական վտանգին։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին այսօր։ Մեզմէ ոմանք՝ յատկապէս պատանիները՝ կը քաշուի՞ն դրացիներուն կամ դասընկերներուն գիտցնելէ թէ մենք Եհովան կը պաշտենք։ Թող որ Աբրամի խիզախ օրինակը բոլորս քաջալերէ որ հպարտ զգանք Եհովայի ծառաներ ըլլալով։

17. Աբրամ ի՞նչպէս փաստեց որ Աստուծոյ անուան քարոզիչ մըն էր, իսկ ասիկա ներկայիս ի՞նչ կը յիշեցնէ Քրիստոնեաներուն։

17 Աբրամ ո՛ւր որ գնաց, Եհովայի պաշտամունքը միշտ առաջնակարգ տեղը դրաւ։ «Անկէ դէպի Բեթէլի արեւելեան կողմը եղող լեռը չուեց ու իր վրանը բացաւ, Բեթէլը արեւմտեան կողմը ու Գային արեւելեան կողմը ունենալով եւ հոն Տէրոջը սեղան շինեց ու Տէրոջը անունը կանչեց»։ (Ծննդոց 12։8) «Անունը կանչեց» Եբրայերէն արտայայտութիւնը նաեւ կը նշանակէ՝ «անունը յայտարարեց (քարոզեց)»։ Անկասկած, Աբրամ խիզախօրէն յայտարարեց Եհովայի անունը իր Քանանացի դրացիներուն մէջ։ (Ծննդոց 14։22-24) Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ մեր պարտականութիւնը, ներկայիս կարելի եղածին չափ մեծ բաժին բերելու ‘իր անունը հանրապէս յայտարարելու’ մէջ։—Եբրայեցիս 13։15, ՆԱ. Հռովմայեցիս 10։10

18. Ի՞նչ էր Աբրամի յարաբերութիւնը Քանանի բնակիչներուն հետ։

18 Աբրամ այդ վայրերէն որեւէ մէկուն մէջ երկար ժամանակ չմնաց։ «Աբրամ միշտ դէպի հարաւ կը չուէր»՝ Յուդայի լեռներուն հարաւը գտնուող ջրազուրկ շրջանը։ (Ծննդոց 12։9) Յարատեւաբար չուելով եւ իւրաքանչիւր նոր վայրի մէջ իր անձը բնորոշելով որպէս Եհովայի երկրպագու մը, Աբրամ եւ իր ընտանիքը «խոստովանեցան [«հանրապէս յայտարարեցին», ՆԱ] թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ»։ (Եբրայեցիս 11։13) Անոնք միշտ խուսափեցան իրենց հեթանոս դրացիներուն հետ չափազանց մտերիմ ըլլալէ։ Ներկայիս Քրիստոնեաները նմանապէս պէտք է «աշխարհէն» անջատ մնան։ (Յովհաննու 17։16) Թէեւ մեր դրացիներուն եւ գործակիցներուն հետ ազնիւ եւ քաղաքավար կը գտնուինք, բայց կը զգուշանանք Աստուծմէ օտարացած աշխարհի հոգին արտացոլացնող արարքներու միջամուխ ըլլալէ։—Եփեսացիս 2։2, 3

19. (ա) Թափառական կեանքը ինչո՞ւ դժուարութիւններ ներկայացուցած ըլլալու էր Աբրամի ու Սարայի։ (բ) Հորիզոնին վրայ Աբրամի համար ի՞նչ յաւելեալ մարտահրաւէրներ կը տեսնուէին։

19 Չմոռնանք որ թափառական կեանքի դաժանութեան հետ հաշտուիլը, ո՛չ Աբրամի եւ ոչ Սարայի համար դիւրին էր։ Անոնք իրենց հօտերուն արտադրութիւններէն կերան, փոխանակ Ուրի ճոխ շուկաներէն ծախու առնուած ուտելիքներէն ուտելու. անոնք վրաններու տակ ապրեցան, փոխանակ լաւ կառուցուած տան մը մէջ ապրելու։ (Եբրայեցիս 11։9) Աբրամի օրերը գործունէութիւններով լեցուն էին. ան իր հօտերը եւ ծառաները ղեկավարելով զբաղած էր։ Սարա անկասկած այդ մշակոյթի կիներուն սովորական պարտականութիւններով կը զբաղէր. ալիւր շաղել, հաց եփել, բուրդ մանել, հանդերձ կարել։ (Ծննդոց 18։6, 7. Դ. Թագաւորաց 23։7. Առակաց 31։19. Եզեկիէլ 13։18) Սակայն, հորիզոնին վրայ նոր փորձութիւններ կը տեսնուէին։ Շուտով Աբրամ եւ իր ընտանիքը վիճակ մը պիտի դիմագրաւէին, որ իրենց կեանքը վտանգի պիտի ենթարկէր։ Աբրամի հաւատքը պիտի կարենա՞ր դիմագրաւել մարտահրաւէրը։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Թէեւ Եփրատ Գետը ներկայիս կը հոսի Ուր քաղաքի նախկին վայրին շուրջ 16 քմ. արեւելեան կողմէն, սակայն իրողութիւններ կը նշեն որ անցեալին գետը կ’անցնէր քաղաքին արեւմուտքէն։ Ուստի, հետագային՝ կարելի էր Աբրամի ակնարկել որպէս մէկը որ եկած էր Եփրատ «Գետին անդիի կողմէն»։—Յեսուայ 24։3

^ պարբ. 13 Դարեր ետք, Ասորեստանի Աշուրնազիրբաղ Բ. Թագաւորը լաստեր գործածեց, որպէսզի Եփրատը կտրէր Քարքամիսի մօտ։ Արդեօք Աբրամ նոյն կերպը գործածեց թէ ինք ու իր կարաւանը պարզապէս գետէն անցան՝ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր այս մասին։

Նկատեցի՞ք

• Աբրամ ինչո՞ւ կոչուած է ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’։

• Քաղդէացիներու Ուր քաղաքը ձգելը ինչո՞ւ հաւատք կը պահանջէր Աբրամէն։

• Աբրամ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Եհովայի պաշտամունքին առաջնահերթութիւն կու տար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Քարտէս՝ էջ 16]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

Ուր

Խառան

Քարքամիս

ՔԱՆԱՆ

Մեծ Ծով

[Նկարին աղբիւրը]

Based on a map copyrighted by Pictorial Archive (Near Eastern History) Est. and Survey of Israel

[Նկար՝ էջ 15]

Աբրամէ հաւատք կը պահանջուէր որ Ուրի մատուցանած հանգստաւէտ կեանքը ձգէր

[Նկար՝ էջ 18]

Վրաններու տակ ապրելով, Աբրամ եւ իր ընտանիքը «հանրապէս յայտարարեցին թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ»