Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարիք գործելէն մի՛ ձանձրանաք

Բարիք գործելէն մի՛ ձանձրանաք

Բարիք գործելէն մի՛ ձանձրանաք

«Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։—ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 6։9

1, 2. (ա) Աստուծոյ ծառայելու համար ինչո՞ւ համբերութեան կարիքը կայ։ (բ) Աբրահամ ի՞նչպէս համբերութիւն ցուցաբերեց, եւ ի՞նչը իրեն օգնեց ասիկա ընելու։

ՈՐՊԷՍ Եհովայի Վկաներ, Աստուծոյ կամքը կատարելէն հաճոյք կ’առնենք։ Նաեւ՝ աշակերտներ ըլլալու «լուծ»ը մեր վրայ առնելով հանգստութիւն կը գտնենք։ (Մատթէոս 11։29) Այսուհանդերձ, Քրիստոսի հետ Եհովայի ծառայելը միշտ ալ դիւրին չէ։ Պօղոս առաքեալ ասիկա պարզեց երբ Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց. «Պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք»։ (Եբրայեցիս 10։36) Համբերութեան կարիքը կայ, քանի որ Աստուծոյ ծառայելը կրնայ դժուար ըլլալ։

2 Աբրահամի կեանքը արդարեւ ասոր կը վկայէ։ Բազմաթիւ անգամներ ան դժուար ընտրութիւններու եւ ճնշիչ պարագաներու դիմաց գտնուեցաւ։ Ուրի մէջ հանգստաւէտ կեանքէ մը հրաժարելու Աստուծոյ հրամանը, պարզապէս սկիզբն էր։ Շատ չանցած ան դիմագրաւեց սով, իր դրացիներուն կողմէ թշնամութիւն, իր կնոջ հաւանական կորուստը, կարգ մը հայրենակիցներու թշնամութիւնը եւ պատերազմին վայրագութիւնը։ Տակաւին աւելի մեծ փորձութիւններ կը սպասէին իրեն։ Սակայն, Աբրահամ երբեք բարիք գործելէն չձանձրացաւ։ Ասիկա արտակարգ բան մըն է, երբ նկատի առնէք թէ ան Աստուծոյ Խօսքը ամբողջութեամբ չունէր, ինչպէս մենք ունինք այսօր։ Այսուհանդերձ, անկասկած ան առաջին մարգարէութենէն տեղեակ էր, որու մէջ Աստուած ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ»։ (Ծննդոց 3։15) Քանի որ Սերունդը իրմէ պիտի գար, Աբրահամ բնականաբար Սատանայի թշնամութեան թիրախը պիտի դառնար։ Այս իրողութիւնը լաւ ըմբռնած ըլլալը, անկասկած օգնեց Աբրահամի որ իր փորձութիւններուն ուրախութեամբ համբերէ։

3. (ա) Եհովայի ժողովուրդը ներկայիս ինչո՞ւ փորձութիւններ պէտք է ակնկալէ։ (բ) Գաղատացիս 6։9–ն ի՞նչ քաջալերութիւն կու տայ մեզի։

3 Ներկայիս Եհովայի ժողովուրդն ալ փորձութիւններ պէտք է ակնկալէ։ (Ա. Պետրոս 1։6, 7) Յայտնութիւն 12։17–ն կը զգուշացնէ մեզ թէ Սատանան օծեալ մնացորդին դէմ ‘կը պատերազմի’։ Օծեալներուն հետ իրենց սերտ ընկերակցութեան պատճառաւ, «ուրիշ ոչխարներ»ն ալ Սատանայի բարկութեան թիրախն են։ (Յովհաննու 10։16) Իրենց հանրային ծառայութեան մէջ Քրիստոնեաներուն դիմագրաւած հակառակութեան կողքին, անոնք իրենց անձնական կեանքին մէջ ալ դժուար ճնշումներ կրնան ունենալ։ Պօղոս կը յորդորէ. «Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։ (Գաղատացիս 6։9) Այո, թէեւ Սատանան մտադրած է մեր հաւատքը կործանել, սակայն պէտք է անոր դէմ դնենք, հաւատքով հաստատուած։ (Ա. Պետրոս 5։8, 9) Մեր հաւատարիմ ընթացքին արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Յակոբու 1։2, 3–ը կը բացատրէ. «Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ»։

Ճակատային Յարձակում

4. Սատանան ի՞նչպէս ճակատային յարձակումներ գործածած է, փորձելով Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղամտութիւնը բեկանել։

4 Աբրահամի կեանքը վստահաբար գաղափար մը կու տայ այն «կերպ կերպ փորձանքներ»ուն մասին, զորս Քրիստոնեայ մը ներկայիս կրնայ դիմագրաւել։ Օրինակ, ան հարկադրուեցաւ Սենաարէն եկած նուաճողներուն յարձակումին հակադարձել։ (Ծննդոց 14։11-16) Զարմանալի չէ որ Սատանան կը շարունակէ ճակատային յարձակումներ գործածել՝ հալածանքի ճամբով։ Բ. Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն ի վեր, տասնեակ երկիրներ օրինական արգելքներ դրած են Եհովայի Վկաներու քրիստոնէական դաստիարակչական գործին վրայ։ Եհովայի Վկաներու 2001–ի Տարեգիրք–ը կը խօսի թշնամիներու ձեռքէն Անկոլայի Քրիստոնեաներուն կրած վայրագութեան մասին։ Եհովայի ապաւինելով, այսպիսի երկիրներու մէջ գտնուող մեր եղբայրները հաստատօրէն մերժած են տեղի տալ։ Անոնք փոխադարձած են, ո՛չ թէ բռնութեան կամ ըմբոստութեան դիմելով, այլ՝ քարոզչութեան գործին մէջ խոհեմութեամբ յարատեւելով։—Մատթէոս 24։14

5. Քրիստոնեայ պատանիներ ի՞նչպէս կրնան հալածանքի զոհ դառնալ դպրոցին մէջ։

5 Սակայն, պայման չէ որ հալածանքը միշտ վայրագութիւն պարփակէ։ Ժամանակ մը ետք, Աբրահամ երկու որդի ունեցաւ՝ Իսմայէլ եւ Իսահակ։ Ծննդոց 21։8-12–ը մեզի կ’ըսէ թէ առիթով մը Իսմայէլ ‘ծաղր կ’ընէր’ Իսահակը։ Գաղատացիներու ուղղուած իր նամակին մէջ, Պօղոս ցոյց կու տայ թէ ասիկա մանկական խաղէ մը աւելի լուրջ էր, քանի որ ան կը նկարագրէ թէ Իսմայէլ կը հալածէր Իսահակը։ (Գաղատացիս 4։29) Դասընկերներու ծաղրանքը եւ հակառակորդներու նախատական խօսքերն ալ, տեղին ըլլալով կարելի է հալածանք կոչել։ Ռայըն անունով պատանի Քրիստոնեայ մը կը յիշէ դասընկերներուն կողմէ իր քաշած չարչարանքը. «Տունէն դպրոց օթոպիւսով 15 վայրկեան տեւող երթ ու դարձը ժամեր կը թուէր ինծի, քանի որ նախատական խօսքեր կը լսէի։ Անոնք թուղթի ճարմանդները հրահաններով կը տաքցնէին եւ անոնցմով մարմինս կ’այրէին»։ Ի՞նչ էր այս բիրտ վերաբերմունքին պատճառը։ «Աստուածպետական մարզումս զիս դպրոցին մէջ միւս աշակերտներէն տարբեր ըրած էր»։ Այսուհանդերձ, իր ծնողներուն օգնութեամբ, Ռայըն կրցաւ հաւատարմօրէն համբերել։ Ո՛վ պատանիներ, ձեր տարեկիցներուն ծաղրանքները պատճառ եղա՞ծ են որ յուսահատիք։ Ձեր ձեռքերը մի՛ թուլցնէք։ Հաւատարմօրէն համբերելով, Յիսուսի խօսքերուն կատարումը պիտի վայելէք. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար»։—Մատթէոս 5։11

Առօրեայ Մտահոգութիւններ

6. Ի՞նչ բաներ կրնան Քրիստոնեայ հաւատակիցներու միջեւ լարուած յարաբերութիւններ ստեղծել։

6 Ներկայիս մեր դիմագրաւած փորձութիւններուն մեծ մասը առօրեայ սովորական մտահոգութիւններ են։ Աբրահամ ալ ստիպուեցաւ իր ու իր զարմիկին հովիւներուն միջեւ զարգացած լարուածութիւններով զբաղիլ։ (Ծննդոց 13։5-7) Նմանապէս ներկայիս, անձնաւորութեան տարբերութիւններ եւ փոքր նախանձներ կրնան լարուած յարաբերութիւններ ստեղծել եւ նոյնիսկ ժողովքին խաղաղութեան սպառնալ։ «Ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները»։ (Յակոբու 3։16) Որքան կարեւոր է որ մենք տեղի չտանք, այլ խաղաղութիւնը հպարտութենէն առաջ դասենք, ինչպէս Աբրահամ ըրաւ, եւ ուրիշներու շահը փնտռենք։—Ա. Կորնթացիս 13։5. Յակոբու 3։17

7. (ա) Անհատ մը ի՞նչ պէտք է ընէ եթէ Քրիստոնեայ հաւատակիցէ մը վիրաւորուած զգայ։ (բ) Աբրահամ ի՞նչպէս ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելու մէջ լաւ օրինակ հանդիսացաւ։

7 Խաղաղարար ըլլալը դժուար կրնայ ըլլալ, երբ զգանք որ հաւատակից մը մեր հետ անիրաւօրէն վարուած է։ «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն», կ’ըսէ Առակաց 12։18–ն։ Անմիտ խօսքեր, նոյնիսկ երբ անմեղօրէն խօսուին, կրնան խոր ցաւ պատճառել։ Ցաւը շատ աւելի մեծ կ’ըլլայ, երբ զգանք թէ զրպարտութեան ենթարկուած, կամ անգութ բամբասանքի զոհ գացած ենք։ (Սաղմոս 6։6, 7) Սակայն, Քրիստոնեայ մը չի կրնար թոյլ տալ որ վիրաւորանքը պատճառ ըլլայ որ ամէն բանէ ձեռք քաշէ։ Եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ էք, հարցերը շտկելու համար նախաձեռնութիւն առէք, ազնուօրէն խօսելով ձեզ վիրաւորող անհատին հետ։ (Մատթէոս 5։23, 24. Եփեսացիս 4։26) Այդ անհատին ներելու պատրաստակամութիւն ունեցէք։ (Կողոսացիս 3։13) Ոխակալ չըլլալով, կարելի կը դարձնենք որ թէ՛ մեր զգացումները եւ թէ մեր եղբօր հետ մեր յարաբերութիւնը բուժուին։ Աբրահամ Ղովտի դէմ ոխ չպահեց։ Ընդհակառակը, ան Ղովտին եւ իր ընտանիքին օգնութեան փութաց։—Ծննդոց 14։12-16

Մեր Ձեռքով Եկած Փորձութիւններ

8. (ա) Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան ‘ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցել’։ (բ) Աբրահամ ինչո՞ւ կրցաւ նիւթական բաներու հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալ։

8 Պէտք է ընդունիլ որ կարգ մը փորձութիւններ մեր ձեռքով կու գան։ Օրինակ, Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան»։ (Մատթէոս 6։19) Սակայն, կարգ մը եղբայրներ ‘ինքզինքնին շատ ցաւերով կը խոցեն’, նիւթական շահերը Թագաւորութեան շահերէն առաջ դնելով։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Աբրահամ պատրաստ էր նիւթական ստացուածքներ զոհելու, Աստուած հաճեցնելու համար։ «Հաւատքով պանդխտացաւ աւետեաց երկրին մէջ որպէս թէ օտարութեան մէջ, վրաններու մէջ բնակեցաւ Իսահակին ու Յակոբին հետ մէկտեղ, որոնք իրեն հետ ժառանգորդ էին նոյն խոստումին. վասն զի ինք կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է»։ (Եբրայեցիս 11։9, 10) Ապագայ «քաղաքի» մը՝ կամ Աստուծոյ կառավարութեան՝ հանդէպ Աբրահամի հաւատքը, իրեն օգնեց որ հարստութեան չապաւինի։ Մեր կողմէն ալ խոհեմութիւն պիտի չըլլա՞յ նոյնը ընել։

9, 10. (ա) Կարկառուն ըլլալու ցանկութիւն մը ի՞նչպէս կրնայ փորձութիւն մը ստեղծել։ (բ) Ներկայիս եղբայր մը ի՞նչպէս կրնայ «պզտիկ»ի մը նման վարուիլ։

9 Ուրիշ երեսակ մը նկատի առէք։ Աստուածաշունչը հետեւեալ զօրաւոր ուղղութիւնը կու տայ. «Եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ»։ (Գաղատացիս 6։3) Ասկէ զատ, մեզի յորդոր տրուած է որ ‘բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով չընենք. հապա խոնարհութիւնով’։ (Փիլիպպեցիս 2։3) Ոմանք իրենք իրենց վրայ փորձութիւններ կը բերեն, այս խրատը չկիրարկելով։ Դիրքի տիրանալու ցանկութենէ եւ ո՛չ թէ «աղէկ գործ» մը ընելու փափաքէ մղուած ըլլալով, անոնք կը յուսահատին ու կը դժգոհին երբ ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ չեն ստանար։—Ա. Տիմոթէոս 3։1

10 Աբրահամ լաւ օրինակ հանդիսացաւ. ‘իր մասին աւելի չխորհելով, քան ինչ որ արժան է խորհիլ’։ (Հռովմայեցիս 12։3, Երուսաղէմ) Երբ Մելքիսեդեկին հանդիպեցաւ, Աբրահամ այնպէս մը չվարուեցաւ որպէս թէ Աստուծոյ հետ իր նպաստաւոր դիրքը զինք գերադաս դարձուցած էր։ Ընդհակառակը, ան Մելքիսեդեկի որպէս քահանայ գերադաս դիրքը ընդունեց, անոր տասանորդ վճարելով։ (Եբրայեցիս 7։4-7) Ներկայիս Քրիստոնեաներն ալ պէտք է յօժար ըլլան «պզտիկ»ի մը նման վարուելու եւ պէտք չէ ուզեն ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ (Ղուկաս 9։48) Եթէ ձեզի թուի թէ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողները կարգ մը առանձնաշնորհումներ ձեզմէ ետ կը պահեն, պարկեշտօրէն դուք ձեզ քննեցէք, տեսնելու համար թէ ձեր անձնաւորութեան կամ գործելակերպին մէջ ի՛նչ բարեփոխումներ կրնաք ընել։ Փոխանակ ձեր չունեցած առանձնաշնորհումներուն համար դառնանալու, լիովին օգտուեցէք ձեր ունեցած առանձնաշնորհումէն՝ Եհովան ուրիշներու ճանչցնելու առանձնաշնորհումէն։ Այո, «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ»։—Ա. Պետրոս 5։6

Չտեսնուած Բաներու Հանդէպ Հաւատք

11, 12. (ա) Ժողովքին մէջ ոմանք ինչո՞ւ ստիպողական ժամանակներու մէջ ըլլալու գիտակցութիւնը կրնան կորսնցնել։ (բ) Աբրահամ ի՞նչպէս հաւատքի լաւ օրինակ մը հանդիսացաւ, իր կեանքը Աստուծոյ խոստումներուն շուրջ կերտելով։

11 Ուրիշ փորձութիւն մը՝ իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վախճանին երեւութական ուշացումը կրնայ ըլլալ։ Բ. Պետրոս 3։12–ին համաձայն, Քրիստոնեաները պէտք է ‘սպասեն եւ արտորան Աստուծոյ օրուանը գալուն’։ Սակայն, շատեր տարիներէ ի վեր կը սպասեն այդ ‘օրուան’, ուրիշներ՝ տասնամեակներէ ի վեր։ Այս պատճառաւ, ոմանք կրնան յուսահատիլ եւ չգիտակցիլ որ ստիպողական ժամանակներու մէջ ենք։

12 Անգամ մը եւս նկատի առէք Աբրահամի օրինակը։ Ան իր ամբողջ կեանքը Աստուծոյ խոստումներուն հաւատք ընծայելով անցուց, հակառակ անոր որ անոնց բոլորը իր կեանքի տեւողութեան կատարուելու հաւանականութիւն չկար։ Ճիշդ է որ ան բաւական երկար ապրեցաւ եւ իր որդւոյն՝ Իսահակի մեծնալը տեսաւ։ Սակայն, դարեր պիտի անցնէին մինչեւ որ Աբրահամի սերունդը կարելի ըլլար «երկնքի աստղերուն» կամ «ծովեզերքը եղող աւազին» հետ բաղդատել։ (Ծննդոց 22։17) Սակայն, Աբրահամ ո՛չ դառնացաւ, ոչ ալ վհատեցաւ։ Անոր համար Պօղոս առաքեալ Աբրահամի եւ միւս նահապետներուն մասին ըսաւ. «Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ»։—Եբրայեցիս 11։13

13. (ա) Ներկայիս Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով «պանդուխտներ» են։ (բ) Եհովա իրերու այս դրութեան վերջաւորութիւնը ինչո՞ւ պիտի բերէ։

13 Եթէ Աբրահամ կրցաւ իր կեանքը կեդրոնացնել խոստումներու շուրջ, որոնց կատարումը շա՜տ «հեռու» էր, որքան աւելի մե՛նք՝ երբ գիտենք թէ անոնց կատարումը շա՛տ մօտ է։ Աբրահամի նման, մենք մեզ Սատանայի դրութեան մէջ «պանդուխտներ» պէտք է նկատենք, մերժելով հաստատուիլ ինքնագոհ ապրելակերպի մը մէջ։ Բնական է նախընտրել որ «ամէն բանի վախճանը» անմիջապէս գայ, եւ ո՛չ թէ միայն մօտ ըլլայ։ (Ա. Պետրոս 4։7) Թերեւս առողջապահական լուրջ խնդիրներէ կը տառապինք։ Կամ տնտեսական դժուարութիւններ մեր վրայ ծանր կը ճնշեն։ Սակայն, պէտք է յիշենք որ Եհովա վախճանը կը բերէ, ոչ միայն մեզ կեղեքիչ պարագաներէ ազատելու, այլ՝ իր անունը սրբացնելու համար։ (Եզեկիէլ 36։23. Մատթէոս 6։9, 10) Վերջը պիտի գա՛յ, ոչ թէ մեզի յարմար եղող ժամանակի մը մէջ, այլ՝ Եհովայի նպատակներուն լաւագոյնս ծառայող ժամանակի մը մէջ։

14. Ներկայիս Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կ’օգտուին Աստուծոյ համբերութենէն։

14 Նաեւ մի մոռնաք որ Եհովա «չ’ուշացներ իր խոստումին կատարումը, այնպէս՝ ինչպէս ոմանք կը հասկնան ուշացումը։ Տէրը պարզապէս համբերատարութիւն ցոյց կու տայ ձեզի հանդէպ, որովհետեւ չ’ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կ’ուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան»։ (Բ. Պետրոս 3։9, Անթիլիաս) Նկատի առէք թէ Աստուած «համբերատարութիւն ցոյց կու տայ ձեզի»՝՝ քրիստոնէական ժողովքի անդամներուն հանդէպ։ Հաւանաբար, մեզմէ ոմանք փոփոխութիւններ եւ բարեճշդումներ ընելու համար յաւելեալ ժամանակի կը կարօտին, որպէսզի ‘ան մեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով’։ (Բ. Պետրոս 3։14) Ուստի, պէտք չէ՞ երախտապարտ ըլլանք որ Աստուած այսպիսի համբերութիւն ցուցաբերած է։

Ուրախութիւն Գտնել՝ Հակառակ Խոչընդոտներու

15. Յիսուս ի՞նչպէս կրցաւ իր ուրախութիւնը պահպանել հակառակ փորձութիւններու, եւ զինք ընդօրինակելը ի՞նչպէս կրնայ Քրիստոնեաներուն օգտակար ըլլալ ներկայիս։

15 Աբրահամի կեանքը բազմաթիւ դասեր կը սորվեցնէ արդի Քրիստոնեաներուն։ Ան ոչ միայն հաւատք ցուցաբերեց, այլ նաեւ՝ համբերութիւն, խոհեմութիւն, քաջութիւն եւ անձնուրաց սէր։ Ան Եհովայի պաշտամունքը իր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը դրաւ։ Սակայն, պէտք է յիշենք թէ մեր կողմէ ընդօրինակուելու արժանի գերադիր օրինակը՝ Յիսուս Քրիստոս էր։ Ան ալ բազմաթիւ դժուարութիւններ ու փորձութիւններ դիմագրաւեց, սակայն, այս բոլորին ընթացքին ան իր ուրախութիւնը երբեք չկորսնցուց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր միտքը սեւեռած պահեց իր դիմաց եղած յոյսին վրայ։ (Եբրայեցիս 12։2, 3) Հետեւաբար, Պօղոս աղօթեց. «Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը ոյժ պիտի տայ ձեզի, որ իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս»։ (Հռովմայեցիս 15։5) Շիտակ մտավիճակը ունենալով կրնանք ուրախութիւն գտնել, հակառակ այն խոչընդոտներուն զորս Սատանան կրնայ մեր դիմաց դնել։

16. Ի՞նչ կրնանք ընել երբ մեր խնդիրները անտանելի թուին։

16 Երբ խնդիրները անտանելի թուին, յիշեցէք թէ՝ ճիշդ ինչպէս որ Եհովա կը սիրէր Աբրահամը, ան ձե՛զ ալ կը սիրէ։ Ան կ’ուզէ որ յաջողիք։ (Փիլիպպեցիս 1։6) Ձեր բոլոր վստահութիւնը Եհովայի վրայ դրէք, քաջ գիտնալով թէ ան «ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել»։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալու սովորութիւնը զարգացուցէք։ (Սաղմոս 1։2) Աղօթքի մէջ յարատեւեցէք, Եհովայէ խնդրելով որ ձեզի օգնէ որ համբերէք։ (Փիլիպպեցիս 4։6) Ան «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Ղուկաս 11։13) Հոգեւորապէս լաւ մնալու համար Եհովայի ըրած կարգադրութիւններէն օգտուեցէք, որոնցմէ մէկն է՝ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր գրականութիւնները։ Նաեւ եղբայրակցութեան աջակցութիւնը փնտռեցէք։ (Ա. Պետրոս 2։17) Հաւատարմաբար քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուեցէք, քանի որ հո՛ն է որ պիտի ստանաք այն քաջալերութիւնը որու պէտք ունիք համբերելու համար։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Ուրախացէք այն վստահութեամբ թէ՝ ձեր համբերութիւնը Աստուծոյ աչքին ընդունելի վիճակի մը կ’առաջնորդէ, եւ թէ ձեր հաւատարմութիւնը իր սիրտը կ’ուրախացնէ։—Առակաց 27։11. Հռովմայեցիս 5։3-5

17. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ յուսահատութեան անձնատուր չեն ըլլար։

17 Աստուած սիրեց Աբրահամը որպէս իր «բարեկամ»ը։ (Յակոբու 2։23) Այսուհանդերձ, Աբրահամի կեանքը ճնշիչ դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու շարան մըն էր։ Հետեւաբար Քրիստոնեաները չեն կրնար նուազ դժուարութիւններ ակնկալել այս չար «վերջին օրեր»ու ընթացքին։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 13) Փոխանակ յուսահատութեան անձնատուր ըլլալու, գիտակցեցէք որ մեր դիմագրաւած ճնշումները ապացոյց են թէ Սատանայի ամբարիշտ դրութեան վախճանը մօտ է։ Սակայն, Յիսուս կը յիշեցնէ մեզի թէ «ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Ուստի, ‘բարիք գործելէն մի՛ ձանձրանաք’։ Աբրահամը ընդօրինակեցէք, եւ ‘հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգողներէն’ մէկը եղէք։—Եբրայեցիս 6։12

Նկատի առի՞ք

• Ներկայիս Եհովայի ժողովուրդը ինչո՞ւ դժուարութիւններ եւ փորձութիւններ պէտք է ակնկալէ։

• Սատանան ի՞նչ կերպերով կրնայ ճակատային յարձակումներ գործածել։

• Քրիստոնեաներու միջեւ անհատական վէճերը ի՞նչպէս կրնան լուծուիլ։

• Հպարտութիւնն ու եսասիրութիւնը ի՞նչպէս կրնան փորձութիւններ ստեղծել։

• Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը սպասելու մէջ, Աբրահամ ի՞նչ կերպով լաւ օրինակ հանդիսացաւ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 26]

Քրիստոնեայ պատանիներէն շատեր կը հալածուին, իրենց տարեկիցներուն կողմէ ծաղրանքի առարկայ ըլլալով

[Նկար՝ էջ 29]

Աբրահամի օրերուն, Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը շա՜տ «հեռու» էր, այսուհանդերձ ան իր կեանքը անոնց շուրջ կեդրոնացուց