Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գերազանցութեան վկայական

Գերազանցութեան վկայական

Գերազանցութեան վկայական

ՔՈՆԿՈՅԻ Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ, Զարգացման Նպաստող Քոնկոցի եւ Ափրիկեցի Թղթակիցներու Ընկերակցութիւնը (ԱՃՕՔԱՏ), վերոյիշեալ վկայականը կու տայ՝ «վարձատրելու համար անհատներ կամ ընկերային կազմակերպութիւններ, որոնք կը յատկանշուին [Քոնկոյի] զարգացման մէջ իրենց բերած նպաստով»։

17 Նոյեմբեր 2000–ին, Գերազանցութեան Վկայականը Եհովայի Վկաներուն տրուեցաւ, «իրենց գրականութիւններուն բովանդակած կրթութեան եւ ուսուցումին [միջոցաւ] Քոնկոցի անհատի մը զարգացման մէջ անոնց բերած նպաստին համար»։

Քինշասայի Լը Ֆար թերթը այս պարգեւատրման մասին խօսելով, ըսաւ. «Դժուար է գտնել Քոնկոցի մը, որուն ձեռքը անցած չէ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը կամ Եհովայի Վկաներու գրականութիւններէն մէկը։ Այս պարբերաթերթերը կեանքի ամէն երեսակներուն մասին [կը խօսին]»։ Յօդուածը նաեւ յիշեց թէ այս գրականութիւնները ցոյց կու տան «այժմու խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու կերպը» եւ կը մատնանշեն «ընթացիկ դէպքերուն իսկական իմաստին»։ Զարթի՛ր–ի իւրաքանչիւր թիւ «քաղաքական գետնի վրայ չէզոք կը մնայ ու ցեղ մը ուրիշ ցեղէ գերադաս չի համարեր»։ Ասկէ զատ, այս գրականութիւնները հաւատք կը կերտեն «Ստեղծիչին խոստումին վրայ թէ խաղաղ ու ապահով նոր աշխարհ մը շուտով պիտի փոխարինէ ներկայ իրերու ամբարիշտ ու անօրէն դրութիւնը»։

Ինչպէս ԱՃՕՔԱՏ կը յիշէ, Եհովայի Վկաներու գրականութիւնները օգտակար եղած են Քոնկոցի բնակչութեան հսկայ մեծամասնութեան։ Հարիւրաւոր լեզուներով մատչելի ըլլալով, անոնց յոյս ներշնչող պատգամը ձեզի ալ կրնայ օգտակար ըլլալ։

Հաճեցէք ստորեւ յիշուած տեղեկութիւնը կարդալ, տեսնելու համար թէ ի՛նչպէս կրնաք անոնցմէ օգտուիլ։