Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիրք մը՝ որով պատանիները սովորաբար հետաքրքրուած չեն

Գիրք մը՝ որով պատանիները սովորաբար հետաքրքրուած չեն

Գիրք մը՝ որով պատանիները սովորաբար հետաքրքրուած չեն

«Ի՞ՆՉՊԷՍ կրնամ վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչը ի՛րապէս Աստուծոյ Խօսքն է։ Որպէս գիրք, անիկա զիս չի հետաքրքրեր», նշեց Պիէթ անունով պատանուհի մը։

Գերմանիոյ մէջ, ուր Պիէթ կ’ապրի, պատանիներուն մեծամասնութիւնը նոյն զգացումները կը բաժնեն. հետեւաբար, անոնք շատ քիչ կարեւորութիւն կ’ընծայեն Աստուածաշունչի ընթերցանութեան։ Այդ երկրին մէջ վերջերս կատարուած փորձագիտանք մը յայտնեց, թէ պատանիներուն գրեթէ 1 տոկոսը Աստուածաշունչը շատ յաճախ կը կարդայ, 2 տոկոսը՝ յաճախ, 19 տոկոսը՝ հազուադէպօրէն, եւ շուրջ 80 առ հարիւրը՝ երբեք։ Հաւանաբար վիճակագրութիւնները նոյնանման ըլլալու են ուրիշ երկիրներու մէջ, թերեւս՝ ձեր ապրած երկրին մէջ ալ։ Բացայայտօրէն, Աստուածաշունչը գիրք մըն է, որով սովորաբար հետաքրքրուած չեն պատանիները։

Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ երիտասարդ սերունդը տգէտ է Աստուածաշունչի նկատմամբ։ 2000–ի սկիզբը, Լաուսիթզէր Ռունտշօ լրագիրը տեղեկագրեց փորձագիտանքի մը մասին, որ ցոյց տուաւ թէ քանի՛ հոգի ծանօթ էր Տասը Պատուիրաններուն եւ զանոնք իր կեանքին մէջ կը գործածէր որպէս ուղեցոյց։ 60–էն վեր եղողներուն 67 տոկոսը գիտէր պատուիրանները ու կ’ապրէր անոնց համաձայն. իսկ 30–էն վար եղողներուն միայն 28 առ հարիւրը գիտէր զանոնք։ Այո, երիտասարդներէն շատերուն համար՝ Աստուծոյ Խօսքը անծանօթ աշխարհ մըն էր։

Ոմանք Տարբեր Տեսակէտ մը Ունին

Միւս կողմէ, համայն աշխարհի մէջ կան միլիոնաւոր երիտասարդներ, որոնք Աստուծոյ Խօսքը չափազանց արժէքաւոր կը նկատեն։ Ալեքսանդրը, զոր օրինակ, 19 տարեկան է եւ ամէն օր գործի երթալէ առաջ Աստուածաշունչ կը կարդայ։ «Ինծի համար, օրս սկսելու լաւագոյն կերպն է ասիկա», կ’ըսէ ան։ Սանտրան ամէն իրիկուն Աստուածաշունչէն հատուած մը կարդալու սովորութիւնը ունի։ «Անիկա առօրեայ յայտագրիս մէկ մասը դարձած է», կը բացատրէ ան։ Իսկ 13 տարեկան Ճուլիան, գիշերը անկողին չմտած Աստուածաշունչէն առնուազն մէկ գլուխ կարդալու սովորութիւնը զարգացուցած է։ «Իրապէս անկէ հաճոյք կ’առնեմ, եւ կ’ուզեմ այս սովորութիւնը ապագային ալ շարունակել»։

Ո՞ր տեսակէտը շիտակ եւ իմաստուն է։ Աստուածաշունչը իրապէս կարդացուելու արժանի՞ գիրք մըն է։ Անիկա երիտասարդ սերունդին համար թանկարժէք եւ կարեւո՞ր գիրք մըն է։ Դուք ի՞նչ կը խորհիք։