Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լոյսի քաղաքին մէջ լուսաւորներու պէս փայլիլ

Լոյսի քաղաքին մէջ լուսաւորներու պէս փայլիլ

Լոյսի քաղաքին մէջ լուսաւորներու պէս փայլիլ

Ֆլուգթուաթ նէգ մէրկիթուր, կամ՝ «Ալիքներ կը հարուածեն, բայց անիկա չ’ընկղմիր». ասիկա Փարիզ քաղաքի նշանաբանն է։

ԱՆՑԵԱԼ աւելի քան 2,000 տարիներու ընթացքին, ջուրին վրայ ծփալու համար Փարիզ անհաշիւ օտար փոթորիկներու եւ ներքին ապստամբութիւններու խիզախօրէն կուրծք տուած է՝ նաւու մը նման։ Ներկայիս, որպէս աշխարհի ամենագեղեցիկ քաղաքներէն մէկը, Փարիզը սիրուած է իր հոյակապ ճարտարապետութեան, ծառազարդ պողոտաներուն եւ աշխարհահռչակ թանգարաններուն համար։ Ոմանք զայն կը նկատեն բանաստեղծներու, գեղանկարիչներու եւ փիլիսոփաներու մշտական օճախը։ Ուրիշներ կ’ըմբոշխնեն անոր համադամ ճաշերը ու կը սքանչանան անոր նրբաճաշակ հագուստներուն վրայ։

Պատմականօրէն, Փարիզը Կաթողիկէութեան ամրոցը եղած է։ Երկու հարիւր տարի առաջ, որպէս Լուսաւորութիւն ճանչցուած եւրոպական մտաւորական շարժումին մէջ իր ունեցած վճռական դերին պատճառաւ, Փարիզը կոչուեցաւ Լոյսի Քաղաք։ Ներկայիս, Փարիզցիները գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, շատ աւելի ազդուած են այդ թուականի փիլիսոփայութենէն, քան՝ կրօնքէն։

Բայց մարդկային իմաստութիւնը մարդոց կեանքերը չէ լուսաւորած, ինչպէս կ’ակնկալուէր։ Ներկայիս շատեր ուրիշ աղբիւրէ մը լուսաւորութիւն կը փնտռեն։ Շուրջ 90 տարիներէ ի վեր, Եհովայի Վկաները Փարիզի մէջ «լուսաւորներու պէս» կը փայլին։ (Փիլիպպեցիս 2։15) Վարպետ նաւաստիներու նման, անոնք հարկը տեսած են յարափոփոխ հոսանքներու կամ իրադարձութիւններու յարմարիլ, որպէսզի «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները» նաւուն վրայ առնեն։—Անգեայ 2։7

Դժուար Քաղաք մը

1850–ին, Փարիզ 600,000 բնակչութիւն ունեցող քաղաք մըն էր։ Ներկայիս՝ արուարձաններուն հետ անոր բնակչութիւնը 9,000,000–էն աւելի է։ Այս աճը պատճառ եղած է որ Փարիզը Ֆրանսայի ամենէն բազմազգի քաղաքը ըլլայ։ Անիկա բարձրագոյն կրթութեան աշխարհի կեդրոններէն մէկն է, ամենահին համալսարանները ունի, եւ շուրջ 250,000 աշակերտներու բնակարանն է։ Փարիզեան արուարձաններէն ոմանք՝ յանցագործութեամբ եւ անգործութեամբ դրոշմուած բազմայարկանի շէնքերու շարքով՝ Փարիզի խաւար կողմը կը ներկայացնեն։ Անկասկած, Եհովայի Վկաներէն հմտութիւն եւ ճկունութիւն կը պահանջուի, որպէսզի բարի լուրը ամէն տեսակ մարդոց հրապուրիչ կերպով ներկայացնեն։—Ա. Տիմոթէոս 4։10

Ամէն տարի, աւելի քան 20 միլիոն զբօսաշրջիկներ կ’այցելեն Փարիզ։ Անոնք մեծ հաճոյքով Էյֆէլի Աշտարակը կը բարձրանան, Սէն գետին եզերքը կը ճեմեն, կամ մայթի սրճարաններուն եւ պիսթրօ–ներուն մէջ ժամանակ կ’անցընեն, այդտեղի մթնոլորտը ըմբոշխնելով։ Սակայն, Փարիզցիի մը համար

առօրեայ կեանքը հեւ ի հեւ է։ Լիաժամ քարոզիչ մը՝ Քրիստիան կ’ըսէ. «Մարդիկ միշտ վազքի մէջ են։ Երբ գործէն կը վերադառնան, արդէն ուժասպառ են»։ Այս զբաղած մարդոց խօսիլը այդքան ալ հեշտ չէ։

Փարիզի մէջ Եհովայի Վկաներուն դիմագրաւած մեծագոյն դժուարութիւնը սակայն, տուներու մէջ մարդոց հանդիպիլն է։ Կարգ մը շէնքեր ինթըրգոմ–ով օժտուած են։ Ոճիրի վերելքին պատճառաւ, շէնքերը յաճախ մուտքին գոտ–եր ունին եւ ներս մտնելը անկարելի է։ Ասիկա անկասկած կը նպաստէ այն իրողութեան թէ կարգ մը շրջաններու մէջ համեմատութիւնը 1,400 անհատի համար միայն 1 Վկայ է։ Ուստի, հետզհետէ աւելի զարկ կը տրուի հեռաձայնով եւ անպաշտօն վկայութեան։ Արդեօք Եհովայի Վկաները կրցա՞ծ են իրենց ‘լոյսը փայլեցնել’ ուրիշ կերպերով։—Մատթէոս 5։16, Երուսաղէմ

Անպաշտօն վկայութեան պատեհութիւններն ու վայրերը շատ են։ Մարթինը կնոջ մը հանդիպեցաւ, որ օթոպիւսի կանգառը կեցած էր եւ նեղուած կ’երեւար։ Կինը իր մէկ հատիկ աղջիկը կորսնցուցած էր։ Մարթինը անոր գրքոյկ մը տուաւ, որ Աստուածաշունչէն յարութեան մխիթարիչ յոյսը կը պարունակէր։ Անկէ ետք քանի մը ամիս անոր հետ կապը խզուեցաւ։ Երբ Մարթինը անգամ մը եւս տեսաւ կինը, անոր հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կրցաւ սկսիլ։ Հակառակ իր ամուսնոյն ընդդիմութեան, կինը Վկայ մը եղաւ։

Պտղաբեր Անպաշտօն Վկայութիւն

Փարիզի հանրային փոխադրամիջոցը աշխարհի ամենէն գործնական փոխադրամիջոցներէն մէկն է։ Համբաւաւոր Մէթրօ–ն ամէն օր 5,000,000 ճամբորդներ կը փոխադրէ։ Կ’ըսուի թէ Փարիզի կեդրոնական ստորերկրեայ կանգառը՝ Շաթլէ-լէ-Ալ՝ աշխարհի մեծագոյնը եւ ամենէն եռուզեռ ունեցող կանգառն է։ Հոն մարդոց հանդիպելու չափազանց շատ պատեհութիւններ կան։ Ալէկսանտրան ամէն օր գործի երթալու համար Մէթրօ–ն կ’առնէ։ Օր մը զրոյց ունեցաւ երիտասարդի մը հետ, որ արեան անբուժելի խլիրդէ կը տառապէր։ Ալէկսանտրան Դրախտի յոյսին մասին թերթիկ մը տուաւ իրեն։ Անոնք վեց շաբաթ ամէն օր Աստուածաշունչի մասին խօսակցութիւն մը ունեցան նոյն ժամուն ու նոյն վայրին մէջ։ Ապա երիտասարդը այլեւս չեկաւ։ Անկէ քիչ ետք, անոր կինը հեռաձայնեց Ալէկսանտրային եւ իրմէ խնդրեց որ հիւանդանոց գար, քանի որ ամուսնոյն վիճակը ծանրացած էր։ Դժբախտաբար, Ալէկսանտրան շատ ուշ հասաւ։ Մարդուն մահուընէ ետք, անոր կինը Ֆրանսայի հարաւ-արեւմուտքը, Պորտօ փոխադրուեցաւ, ուր տեղւոյն Վկաներ այցելեցին իրեն։ Ալէկսանտրային համար ի՜նչ սքանչելի լուր մըն էր լսել որ տարի մը ետք այդ այրին մկրտուած Քրիստոնեայ Եհովայի Վկայ մը եղած էր, յուսալով տեսնել իր ամուսինը՝ յարութիւն առած։—Յովհաննու 5։28, 29

Տարեց Քրիստոնեայ տիկին մը շոգեկառքին մէջ Ռենաթա անունով կնոջ մը հետ խօսեցաւ, որ Փարիզէն՝ Ֆրանսայի կեդրոնը գտնուող Լիմոժ քաղաքը կ’երթար։ Իր ծննդավայրին՝ Լեհաստանի մէջ, Ռենաթան հինգ տարի աստուածաբանութիւն, Եբրայերէն եւ Յունարէն ուսանած էր, բայց իր հաւատքը կորսնցուցած էր։ Երեք ամիս առաջ, ան Աստուծոյ աղօթած էր։ Թէեւ իրապէս հետաքրքրուած չէր տարեց կնոջ ըսածով, ո՛չ ալ կը մտածէր անգամ մը եւս մտիկ ընել իրեն, Ռենաթան իր հեռաձայնի թիւը տուաւ անոր։ Բայց քոյրը յարատեւող էր, եւ հոգ տարաւ որ անկէ քիչ ետք Ռենաթան այցելութիւն մը ստանար։ Երբ Վկայ զոյգ մը իրեն այցելեցին, Ռենաթան մտածեց. ‘Ինծի ի՞նչ պիտի սորվեցնեն’։ Հակառակ աստուածաբանութիւն ուսանած ըլլալուն, Ռենաթան հեզութեամբ հրապուրուեցաւ Աստուածաշունչի ճշմարտութեամբ։ «Անմիջապէս հասկցայ որ ասիկա ճշմարտութիւնն էր», կը բացատրէ ան։ Այժմ ան ուրախութեամբ Աստուածաշունչի պատգամը կը բաժնէ ուրիշներուն հետ։

Միշէլ ինքնաշարժ վարելու դասեր կ’առնէր։ Այս դասընթացքին հետեւող ուրիշ աշակերտներ սկսան խօսիլ նախամուսնական յարաբերութեան մասին։ Միշէլ իր համամիտ չըլլալը յայտնեց։ Մէկ շաբաթ ետք, վարիչը՝ Սիլվին՝ իրեն հարցուց. «Դուն Եհովայի Վկա՞յ մըն ես»։ Միշէլի սուրբ գրային տեսակէտները մեծ տպաւորութիւն ձգեցին Սիլվիին վրայ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ եւ տարի մը ետք Սիլվին մկրտուեցաւ։

Փարիզի բազմաթիւ զբօսայգիներն ու պարտէզները մարդոց հետ խօսելու գեղեցիկ վայրեր են։ Իր ունեցած կարճ դադարը օգտագործելով, Ժոզէթը զբօսայգի գնաց, ուր տարեց տիկին մը՝ Ալինը կը ճեմէր։ Ժոզէթը անոր բացատրեց Աստուածաշունչին մէջ գտնուած հոյակապ խոստումները։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կարգադրուեցաւ եւ Ալինը շուտով մինչեւ մկրտութիւն յառաջդիմեց։ Հիմա՝ 74 տարեկանին, Ալինը շատ արդիւնաբեր կանոնաւոր ռահվիրայ քարոզիչ մըն է եւ քրիստոնէական ճշմարտութիւնը ուրախութեամբ կը բաժնէ ուրիշներուն հետ։

Լոյս՝ Բոլոր Ազգերուն

Փարիզի Վկաները հեռաւոր երկիրներ ճամբորդելու պէտք չունին այլազան մշակոյթներ վայելելու համար։ Իր բնակչութեան գրեթէ 20 տոկոսը օտարականներ են։ Շուրջ 25 տարբեր լեզուներով քրիստոնէական ժողովքներ եւ խումբեր կան։

Ներատեսութիւնը եւ երեւակայութիւնը յաճախ կ’օգնեն որ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգուին աւետարանչական այս մասնաւոր նշանակումին մէջ։ Ֆիլիբինցի Վկայ մը իր անձնական թաղամասը պատրաստած է։ Գնում ըրած միջոցին, ան կրցած է բազմաթիւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ, խանութներուն մէջ գտնուող ուրիշ ֆիլիբինցիներու հետ խօսակցութիւն սկսելով։

Քարոզչութեան մէջ նախաձեռնութիւն առնելը վարձահատոյց է։ 1996–ի Դեկտեմբերին, տեղեկանալով որ աշխարհահռչակ կրկէս մը պիտի գար Փարիզ, օտարախօս ժողովքի մը Վկաները որոշեցին կրկէսի դերակատարներուն հետ տեսակցիլ։ Երեկոյ մը, ներկայացումէն ետք, անոնք կրցան արուեստագէտներուն հետ խօսիլ, որոնք իրենց պանդոկը կը վերադառնային։ Այս նախաքայլը պատճառ եղաւ որ անոնք 28 Աստուածաշունչ, 59 քրիստոնէական գրքեր, 131 գրքոյկ եւ 290 պարբերաթերթ տեղաւորեն։ Երեք շաբթուան կեցութենէ ետք, լարախաղացներէն մէկը հարցուց. «Ի՞նչպէս կրնամ Եհովայի Վկայ մը ըլլալ»։ Ուրիշ մը ըսաւ. «Իմ երկրիս մէջ պիտի քարոզեմ»։

Պահուած Գանձեր Գտնել

Փարիզ այցելողները ո՛ւր որ նային, հնադարեան հաճելի ճարտարապետական գանձեր կը տեսնեն։ Բայց աւելի թանկարժէք բաներ փնտռելով կարելի է գտնել։ Անիզան Ֆրանսա եկաւ իր հօրաքրոջ ամուսնոյն հետ, որ դիւանագէտ մըն է։ Անիզան իր տան մէջ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչ կը կարդար։ Օր մը, երբ արտորնօք տունէն դուրս կ’ելլէր, ռահվիրայ մը իրեն տուաւ՝ Ինչո՛ւ Կրնաք Աստուածաշունչին Վստահիլ թերթիկը։ Յաջորդ շաբաթուան համար ժամադրութիւն մը տրուեցաւ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ Անիզան ընտանեկան ծանր հակառակութեան հանդիպեցաւ։ Ան իր ուսումնասիրութեան մէջ յառաջդիմեց՝ մինչեւ մկրտութեան հասնելով։ Ան ճշմարտութիւնը ուրիշներուն հետ բաժնելու իր առանձնաշնորհումը ի՞նչպէս կը նկատէ։ «Սկիզբը ինծի համար շատ դժուար էր քարոզչութիւնը, քանի որ ամչկոտ էի։ Բայց երբ Աստուածաշունչը կարդամ, անիկա կը խրախուսէ զիս։ Չեմ կրնար ձեռքերս ծալլած նստիլ»։ Այս կեցուածքը Փարիզի բազմաթիւ Վկաներուն յատկանիշն է, որոնք «ընելիք շատ բան ունին Տէրոջը գործին մէջ»։—Ա. Կորնթացիս 15։58, ՆԱ

Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը լուսաւորէ նաեւ Փարիզի արուարձաններուն բնակարանները, ուրիշ «գոհարներ» երեւան հանելով։ Կարգ մը ձայնագրութիւններ փոխ առնելու համար Պրուսը իր ընկերոջ քով գնաց, որ տակաւին վերջերս Եհովայի Վկայ մը եղած էր։ Տեսնելով որ ընկերը իր ծանօթներուն հետ Աստուածաշունչի մասին կը խօսէր, Պրուս մտիկ ըրաւ խօսակցութիւնը։ Ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան հրաւէրը ընդունեց, բայց կարգ մը խնդիրներ ունէր։ «Շրջանին մէջ շատ լաւ ճանչցուած էի։ Մեծ եղբայրս միշտ կռուի մէջ էր եւ ես աղմկոտ պարի հաւաքոյթներ կը կազմակերպէի։ Ուրիշներ ի՞նչպէս կրնային ընդունիլ այն իրողութիւնը թէ Վկայ մը կ’ըլլայի»։ Հակառակ յարատեւ պնդումներու որ հաւաքոյթներ կազմակերպէր, Պրուս վերջ դրաւ անոնց։ Ամիս մը ետք ան սկսաւ քարոզել. «Շրջանի բոլոր մարդիկը կ’ուզէին գիտնալ թէ ինչո՛ւ Վկայ մը եղած էի»։ Շատ չանցած, ան մկրտուեցաւ։ Ժամանակ մը ետք, Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը յաճախելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ։

Գանձ փնտռելը շատ ջանք կը պահանջէ։ Բայց որքա՜ն կ’ուրախանանք, երբ վարձատրուինք։ Ժագին, Պրիւնոն եւ Տամիէնը Փարիզի մէջ հացագործներ էին։ «Անկարելի էր մեզ գտնել, քանի որ միշտ կ’աշխատէինք եւ բնաւ տունը չէինք ըլլար», կը բացատրէ Ժագին։ Փաթրիքը՝ կանոնաւոր ռահվիրայ մը, տեսաւ որ շէնքի մը տանիքը քանի մը պզտիկ սենեակներ կային եւ խորհեցաւ որ առնուազն անոնցմէ մէկը բնակուած ըլլալու էր։ Անոր բնակիչներուն հասնելու իր յարատեւ ջանքերը լաւ արդիւնք տուին, երբ յետմիջօրէ մը, ան հանդիպեցաւ Ժագիին, որ ժամանակաւորապէս հոն կը մնար։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Երեք ընկերները Վկայ եղան եւ կրցան ուրիշ գործ մը գտնել, որ աստուածպետական գործունէութիւններու աւելի լաւ կերպով մասնակցելու կը նպաստէր։

Փոթորիկը Հանդարտեցնել

Վերջերս, Ֆրանսայի լրատուական սպասարկութիւններէն ոմանք Եհովայի Վկաները ներկայացուցած են որպէս վտանգաւոր աղանդ մը։ 1996–ին, Վկաները խանդավառութեամբ մասնայատուկ տեղեկութիւն պարունակող աւելի քան ինը միլիոն թերթիկ ցրուեցին, որու խորագիրն էր՝ Եհովայի Վկաներ—Ինչ որ Պէտք Է Գիտնաք։ Արդիւնքը խիստ դրական եղաւ։

Իւրաքանչիւր անհատի հասնելու մասնաւոր ջանք թափուեցաւ։ Բազմաթիւ պաշտօնեաներ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Վկաներուն հանդէպ։ Համայնքի մը խրատատուներէն մէկը գրեց. «Եհովայի Վկաները լաւ գործ ըրին այս թերթիկը ցրուելով։ Անիկա զրպարտութիւնները կը շտկէ»։ Բժիշկ մը ըսաւ. «Շատո՜նց կը սպասէի այսպիսի բանի մը»։ Փարիզի շրջանէն մարդ մը ըսաւ. «Կարդացի՝ Եհովայի Վկաներ—Ինչ որ Պէտք Է Գիտնաք թերթիկը։ Կը փափաքիմ աւելին գիտնալ եւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան համար տրուած առիթը օգտագործել»։ Ուրիշ տիկին մը գրեց. «Շնորհակալ եմ ձեր պարկեշտութեան համար»։ Կաթողիկէ տիկին մը Վկայի մը ըսաւ. «Ա՜հ, վե՛րջապէս պատասխանեցիք այս սուտերուն»։

Փարիզեան շրջանի երիտասարդ Վկաներուն համար մասնաւոր ուրախութիւն մը եղաւ այն քարոզչութեան արշաւը, որ կազմակերպուեցաւ 1997–ին, Աշխարհի Կաթողիկէ Երիտասարդներու Օրուան առիթով։ Ջերմաստիճանը 35 ըլլալով հանդերձ, շուրջ 2,500 Վկաներ ասոր մասնակցեցան։ Միայն քանի մը օրուան ընթացքին, երկրագունդին ամէն անկիւններէն եկած երիտասարդներուն 18,000 գրքոյկ բաշխեցին, որու խորագիրն է՝ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար։ Եհովայի անուան մասին լաւ վկայութիւն մը տալէն ու ճշմարտութեան սերմեր ցանելէն զատ, այս արշաւը խանդավառեց երիտասարդ Վկաները։ Երիտասարդ քոյր մը, որ իր արձակուրդը կրճատեց այս մասնաւոր գործունէութեան լիովին մասնակցելու համար, գրեց. «Եհովա ուրախ ժողովուրդ մը ունի երկրի վրայ, որ իր ոյժը կը գործածէ զինք փառաբանելու համար։ Այս երկու շատ զեղուն եւ ճոխ օրերը, կեանքիս բոլոր արձակուրդներէն աւելի՛ն կ’արժէր։ (Սաղմոս 84։10)»։

28 Փետրուար 1998–ին, Գերմանիոյ մէջ Եհովայի Վկաները արգիլելու Հիթլէրի հրամանին 65–րդ տարեդարձն էր։ Ֆրանսայի Վկաները այդ թուականը գործածեցին, վարձուած սրահներու մէջ ներկայացնելու համար Եհովայի ծառաներուն կրած հալածանքին մանրամասնութիւնները պարունակող՝ Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց խորագրով պատկերիզը։ Աւելի քան եօթը միլիոն հրաւիրատոմսեր բաշխուեցան։ Պատմաբաններ եւ ճամբարի նախկին բանտարկեալներ յուզիչ վկայութիւններ տուին։ Փարիզի շրջանին մէջ, մօտ 5,000 անհատներ ներկայ գտնուեցան, որոնց մէջ բաւական մեծ թիւով ոչ–Վկաներ կային։

Փարիզի մէջ շատեր մեծապէս կը գնահատեն հոգեւոր լուսաւորութիւնը եւ անոնք ուրախ են որ Թագաւորութեան հրատարակիչներ որպէս լուսաւորներ կը շարունակեն փայլիլ։ Յիսուսի ըսածին պէս՝ «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ»։ (Մատթէոս 9։37) Այս քաղաքին մէջ քարոզչութեան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու Եհովայի Վկաներուն վճռակամութեան հոգին, մասնայատուկ առումով մը Փարիզը Լոյսի Քաղաք մը դարձուցած է՝ ի փառս Եհովայի։

[Նկար՝ էջ 9]

Քաղաքապետարանը

[Նկար՝ էջ 9]

Կարնիէ Օփերան

[Նկար՝ էջ 9]

Լուվրի Թանգարանը

[Նկարներ՝ էջ 10]

Աստուածաշունչի պատգամը բաժնել զբաղած մարդոց՝ ո՛ւր որ ալ գտնուին