Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշէ՞ք

Կը յիշէ՞ք

Կը յիշէ՞ք

Դիտարան–ի վերջին թիւերը կարդալով գոհ մնացի՞ք։ Շատ աղէկ, կրնա՞ք հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Յոբայ 38–րդ գլուխին մէջ յարուցուած հարցումները ինչո՞ւ նոյնիսկ հիմա մեր նկատողութեան արժանի են։

Նոյնիսկ արդի գիտնականներ լիովին չեն կրնար հասկնալ Աստուծոյ նշած սքանչելի գործերէն շատերը։ Անոնց մէջ կան. ձգողութիւնը ի՛նչպէս երկիրը ուղեծիրին մէջ կը պահէ, լոյսին ճիշդ ի՛նչ ըլլալը, ձիւնափաթիլներու անվերջ այլազանութեան պատճառը, անձրեւի կաթիլներուն ի՛նչպէս կազմուիլը, փոթորիկներուն մէջ ոյժին խաղցած դերը։—4/15, էջ 4-11

Աստուածաշունչի ո՞ր օրինակները բացասական զգացումներու հետ գլուխ ելլելու կրնան օգնել։

Ասափ, Բարուք եւ Նոեմի յուսահատութեան կամ բացասական զգացումներով լեցուն ժամանակներ դիմագրաւեցին, եւ այսպիսի պարագաներու ներքեւ յաջողութեամբ տոկալու մասին սուրբ գրային արձանագրութիւնը կրնայ օգնել մեզի։—4/15, էջ 22-24

Քրիստոնեայ որբեւարիներու օգնելու գործնական կերպերէն ոմանք ի՞նչ են։

Բարեկամներ ազնուօրէն եւ ուղղակիօրէն կրնան առաջարկել օգնել։ Ընտանիքի անդամներ կամ ուրիշներ թերեւս ի վիճակի ըլլան դրամական կամ նիւթական օգնութիւն մատուցանելու, երբ իսկական կարիքը տեսնուի։ Քրիստոնեայ հաւատակիցներ նաեւ կրնան օգնել բարեկամական ձեռք մը երկարելով՝ հոգեւոր օգնութիւն եւ մխիթարութիւն հայթայթելու համար։—5/1, էջ 5-7

Ինչո՞ւ կարեւոր է ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալ, ինչպէս Ա. Կորնթացիս 7։39–ն կը խրատէ։

Անհաւատներու հետ ամուսնանալը յաճախ աղիտալի եղած է։ Ասկէ զատ, աստուածային այս խրատին հետեւիլը, Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ ըլլալու հարց մըն է։ Երբ Աստուծոյ Խօսքին ենթարկուինք, մեր սրտերը մեզ չեն մեղադրեր։ (Ա. Յովհաննու 3։21, 22)—5/15, էջ 20-21

Քանի որ Եհովան ինքն է որ կրնայ մեր մեղքերը ներել, Քրիստոնեաները ինչո՞ւ լուրջ մեղքերը ժողովքի երէցներուն կը խոստովանին։

Քրիստոնեայ մը, լուրջ մեղքերու թողութեան համար Եհովայէ ներում պէտք է խնդրէ։ (Բ. Թագաւորաց 12։13) Սակայն, ճիշդ ինչպէս որ Նաթան օգնութիւն մատուցանեց Դաւիթի, ժողովքի հասուն երէցները կրնան զղջացող մեղաւորներուն օգնել։ Երէցներուն դիմելը Յակոբու 5։14, 15–ի մէջ տրուած ցուցմունքին հետ ներդաշնակ է։—6/1, էջ 31

Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ կարիք ունեցող որբերուն ու որբեւարիներուն պէտք է օգնենք։

Պատմական արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ այսպիսի օգնութիւն հայթայթելը ճշմարիտ պաշտամունքին յատկանիշներէն մէկն էր, թէ՛ վաղեմի Եբրայեցիներուն եւ թէ նախկին Քրիստոնեաներուն մէջ։ (Ելից 22։22, 23. Գաղատացիս 2։9, 10. Յակոբու 1։27) Պօղոս առաքեալ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ Քրիստոնեաներուն համար յստակ հրահանգներ պարփակեց, կարօտեալ որբեւարիներուն խնամք հայթայթելու շուրջ։ (Ա. Տիմոթէոս 5։3-16)—6/15, էջ 9-11

Ուրախ եւ իմաստալից կեանքի մը բանալին ի՞նչ է։

Պէտք է Եհովայի՝ մեր երկնաւոր Հօրը հետ պատշաճ յարաբերութիւն մը մշակենք ու պահենք։ Ասիկա ընելու համար Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը անհրաժեշտ է։—7/1, էջ 4-5

Ամէն անհատ մահուընէ ետք վերապրող անմահ բան մը ունի՞ իր մէջ։

Թէեւ ոմանք կը հաւատան թէ մարդը հոգի կոչուած անմահ բան մը ունի, սակայն, Աստուածաշունչը այս գաղափարին թիկունք չի կանգնիր։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ երբ մէկը մեռնի, հողին կը դառնայ եւ գոյութենէ կը դադրի։ Սակայն, Աստուած զինք կեանքի վերադարձնելու կարողութիւնը իրեն կը վերապահէ, ուստի յարութեան միջոցաւ ապագայ կեանքի որեւէ յոյս Աստուծմէ կախեալ է։ (Ժողովողի 12։7)—7/15, էջ 3-6

Դանիէլ ո՞ւր էր երբ երեք Եբրայեցիները Դուրա դաշտին մէջ փորձի կ’ենթարկուէին։

Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Թերեւս բարձր դիրք մը ունենալուն համար Դանիէլ ստիպուած չէր հոն ըլլալու, կամ՝ պաշտօնական նշանակումով մը երկրէն դուրս կը գտնուէր։ Սակայն, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան Եհովայի հանդէպ իր հաւատարմութեան մէջ համակերպումներ չըրաւ։—8/1, էջ 31