Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Յոբ ո՞րքան ժամանակ տառապեցաւ։
Ոմանք կը խորհին թէ Յոբի փորձութիւնները տարիներ տեւեցին, սակայն, Յոբայ գիրքը երկարատեւ տառապանքի մը ակնարկութիւն չ’ըներ։
Յոբի փորձութիւններուն առաջին հանգրուանը՝ ընտանիքի անդամներուն ու իր ստացուածքին կորուստը՝ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ եղած ըլլալու էր։ Կը կարդանք. «Օր մը Յոբին տղաքն ու աղջիկները իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին»։ Յոբ մէկը միւսին ետեւէն լուրեր ստացաւ թէ՝ իր եզները, էշերը, ոչխարները, ուղտերը եւ այս բոլոր անասուններուն հոգ տանող ծառաները մեռած էին։ Ըստ երեւոյթին, ասկէ ճիշդ ետքն էր որ Յոբ իր տղոց ու աղջիկներուն մահը իմացաւ, որոնք «իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին»։ Այնպէս կը թուի թէ այս բոլորը նոյն օրուան մէջ պատահեցան։—Յոբայ 1։13-19
Յոբի փորձութիւններուն յաջորդ հանգրուանը աւելի երկար ժամանակ տեւած ըլլալու էր։ Սատանան Եհովայի մօտեցաւ ու ըսաւ որ Յոբ ուղղամտութեան փորձին մէջ պիտի ձախողէր, եթէ ա՛նձնապէս տառապէր, զայն իր մարմնին վրայ զգար։ Ապա Յոբ «ոտքին թաթէն մինչեւ գագաթը՝ գէշ պալարներով» զարնուեցաւ։ Այս հիւանդութիւնը իր ամբողջ մարմնին մէջ տարածուիլը բաւական ժամանակ առած ըլլալու էր։ Նաեւ ժամանակ առած ըլլալու էր որ այս «բոլոր փորձութիւններ»ուն լուրը իր ենթադրեալ մխիթարիչներուն հասնէր, որոնք ճամբայ ելան իր քով երթալու։—Յոբայ 2։3-11
Եղիփազ՝ Եդովմի երկրին Թեմանէն էր, իսկ Սոփար՝ հիւսիս–արեւմտեան Արաբիոյ մէկ շրջանէն, ուստի իրենց բնակած շրջանները շատ հեռու չէին Յոբի բնակած Հուս երկրէն, որ հաւանաբար հիւսիսային Արաբիոյ մէջ էր։ Սակայն, Բաղդատ՝ Սօքեցի էր եւ կը կարծուի թէ իր ժողովուրդը Եփրատ գետի ափերուն կ’ապրէր։ Եթէ Բաղդատ այդ ժամանակ իր ծննդավայրին մէջ էր, թերեւս շաբաթներ կամ ամիսներ առաւ մինչեւ որ ան Յոբի վիճակին մասին լսէր եւ Հուս գար։ Անշուշտ կարելի է որ այս երեքն ալ Յոբի բնակած շրջանին մօտերը գտնուէին, երբ անոր տառապանքը սկսաւ։ Ամենայնդէպս, երբ Յոբի բարեկամները հասան, անոնք «անոր հետ եօթը օր ու եօթը գիշեր գետնի վրայ նստան», առանց բառ մը խօսելու։—Յոբայ 2։12, 13
Ապա հասաւ Յոբի փորձութիւններուն վերջին հանգրուանը, որուն մանրամասնութիւնը գրքին շատ մը գլուխները կը լեցնէ։ Այդ ենթադրեալ մխիթարիչներուն կողմէ բանավէճերու կամ խօսակցութիւններու շարք մը կար, որոնց Յոբ յաճախ պատասխանեց։ Ասիկա լրանալէն ետք, երիտասարդ Եղիուսը յանդիմանեց զանոնք, իսկ Եհովա երկնքէն սրբագրեց Յոբը։—Յոբայ 32։1-6. 38։1. 40։1-6. 42։1
Հետեւաբար, Յոբի տառապանքն ու անոր վերջ գտնելը թերեւս քանի մը ամիս, կամ տարիէ մը նուազ տեւած ըլլալու էր։ Թերեւս փորձառաբար գիտէք թէ դժուար փորձութիւնները անվերջ կրնան թուիլ։ Սակայն, պէտք չէ մոռնանք թէ անոնք կը վերջանան, ինչպէս Յոբինը վերջացաւ։ Մեր դիմագրաւած փորձութիւնները որքան ալ երկար թուին, ի մտի ունենանք Աստուծոյ օգնութիւնը, ինչպէս արտայայտուած է այս ներշնչուած խօսքերուն մէջ. «Մեր վայրկենական թեթեւ նեղութիւնը աւելի ու աւելի յաւիտենական փառքի գերազանցութիւնը պիտի ներգործէ»։ (Բ. Կորնթացիս 4։17) Պետրոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր շնորհներու Աստուածը, որ մեզ իր յաւիտենական փառքին կանչեց Քրիստոս Յիսուսին միջոցով, քիչ մը ատեն նեղութիւն կրելէ ետքը, ինք ձեզ թող կատարեալ ընէ՛, հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛»։—Ա. Պետրոս 5։10