Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաջող պատանեկութիւն մը ունեցէք

Յաջող պատանեկութիւն մը ունեցէք

Յաջող պատանեկութիւն մը ունեցէք

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ երկրի մը բնակիչներէն խնդրուեցաւ որ հետեւեալ երեք բաներէն մէկը ընտրեն. գեղեցկութիւն, հարստութիւն, կամ երիտասարդութիւն։ Գլխաւոր ընտրութիւնը՝ երիտասարդութիւնը եղաւ։ Այո, ամէն տարիքի պատկանող մարդիկ, պատանեկան ու 20–ը նոր թեւակոխած տարիները կեանքի մասնայատուկ մէկ ժամանակաշրջանը կը նկատեն։ Իսկ ամէն ոք կ’ուզէ որ պատանիները կարենան յաջող կերպով պատանեկութենէն՝ չափահասութեան անցնիլ։ Բայց ի՞նչպէս։

Աստուածաշունչը կրնա՞յ օգնել։ Պատասխանը վճռական այո՛ մըն է։ Այժմ քննենք երկու մարզեր, որոնց մէջ Աստուծոյ Խօսքը կրնայ յատկապէս օգտակար ըլլալ պատանիներուն. թերեւս շա՛տ աւելի իրենց, քան՝ որեւէ տարիքի պատկանող ուրիշ խումբի մը։

Ուրիշներու Հետ Լեզու Գտնել

Պատանի 2000–ը Գերմանիոյ մէջ աւելի քան 5,000 պատանիներու կեցուածքին, արժէքներուն եւ վարքագծին մասին համապարփակ փորձագիտանքի մը տեղեկագրութիւնն է։ Փորձագիտանքը կը յայտնէ թէ երբ պատանիները ժամանցներ կը հետապնդեն, ինչպէս՝ երաժշտութիւն ունկնդրել, մարմնամարզանքի հետեւիլ, կամ պարզապէս դեգերիլ, անոնք գրեթէ մի՛շտ ուրիշ պատանիներու հետ կ’ըլլան։ Թերեւս որեւէ տարիքի պատկանող անհատներէ աւելի, պատանիները կ’ուզեն իրենց տարեկիցներուն հետ ըլլալ։ Ասկէ կը հետեւցնենք թէ յաջող պատանեկութեան գաղտնիքներէն մէկը՝ ուրիշներու հետ լեզու գտնելն է։

Սակայն, ուրիշներու հետ լեզու գտնելը միշտ ալ դիւրին չէ։ Արդարեւ, պատանիներ ու պատանուհիներ կը խոստովանին թէ մարդկային յարաբերութիւններու մարզին մէջ յաճախ խնդիրներ կ’ունենան։ Այս պարագային Աստուածաշունչը իսկապէս կրնայ օգնել։ Աստուծոյ Խօսքը հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ կերտելու մասին պատանիներուն համար հիմնական ուղղութիւն կը պարունակէ։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։

Մարդկային յարաբերութիւններու ամենակարեւոր սկզբունքներէն մէկը կը կոչուի Ոսկեղէն Կանոն. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ Ուրիշներու հետ յարգանքով, արժանավայել ու ազնիւ կերպով վարուիլը, զիրենք կը քաջալերէ որ ձեզի հետ նոյն կերպով վարուին։ Ազնիւ վերաբերմունքը կրնայ բախումի եւ լարուածութեան մթնոլորտ մը մեղմացնել։ Եթէ ճանչցուիք որպէս ուրիշներու հանդէպ նկատառու վերաբերմունք ունեցող մէկը, հաւանաբար անոնց գնահատանքին եւ հաճութեան պիտի արժանանաք։ Ուրիշներու կողմէ ընդունելի ըլլալը ուրախութիւն չի՞ պատճառեր ձեզի։—Մատթէոս 7։12

Աստուածաշունչը կը խրատէ որ ‘ձեր ընկերը սիրէք ձեր անձին պէս’։ Դուք ձեզ պէտք է սիրէք, այն իմաստով որ դուք ձեզի հոգ պէտք է տանիք եւ տրամաբանական չափով արժանապատուութեան զգացում ունենաք՝ ո՛չ շատ աւելի, ոչ ալ նուազ։ Ասիկա ինչո՞ւ կ’օգնէ։ Եթէ դուք ձեր անձին հանդէպ յարգանք չունիք, կրնաք ուրիշները չափազանց քննադատել, որ կրնայ լաւ յարաբերութիւններու արգելք հանդիսանալ։ Սակայն, հաւասարակշռուած արժանապատուութեան զգացումը հիմ մըն է, որու վրայ կրնաք զօրաւոր բարեկամութիւններ կերտել։—Մատթէոս 22։39

Անգամ մը որ բարեկամութիւն մը մշակուի, երկու կողմերն ալ պէտք է ջանան զայն ամրապնդել։ Բարեկամութեան մը համար ժամանակ տրամադրելը ուրախութիւն պէտք է պատճառէ ձեզի, քանի որ՝ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ Տալու կերպերէն մէկն է՝ ներելը, որ կը պարփակէ ուրիշներու պզտիկ սխալները անտեսել եւ անոնցմէ կատարելութիւն չակնկալել։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Ձեր քաղցրութիւնը ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ»։ Արդարեւ, «որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»։ Սակայն, ի՞նչ կ’ընէք երբ բարեկամ մը ձեր մէկ տկարութիւնը ձեր ուշադրութեան կը յանձնէ։ Ի՞նչպէս կը հակազդէք։ Նկատի առէք Աստուածաշունչին հետեւեալ գործնական խրատը. «Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու», քանի որ «բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են»։ Շիտակ չէ՞ թէ բարեկամները կ’ազդեն ձեր խորհուրդներուն, խօսակցութեան եւ վարուելակերպին։ Ուստի, Աստուածաշունչը կ’ազդարարէ. «Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ Միւս կողմէ, «իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ»։—Գործք 20։35. Փիլիպպեցիս 4։5. Հռովմայեցիս 12։17, 18. Ժողովողի 7։9. Առակաց 13։20. 27։6. Ա. Կորնթացիս 15։33

Մարքոն շատ մը երիտասարդ–երիտասարդուհիներու բերնով կը խօսի, երբ կ’ըսէ. «Սուրբ գրային սկզբունքները ուրիշներու հետ լեզու գտնելու մեծապէս կը նպաստեն։ Կը ճանչնամ անհատներ որոնք անձնակեդրոն կեանք մը կ’ապրին եւ կը ջանան կարելի եղածին չափ շատ բան ձեռք ձգել կեանքէն։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ մեր անձերուն մասին շատ չմտածել, այլ՝ ուրիշներուն։ Իմ կարծիքովս, ասիկա մարդկային լաւ յարաբերութիւններու սատարող լաւագոյն մերձեցումն է»։

Մարքոյի նման երիտասարդներ ինչ որ սորված են Աստուածաշունչէն, անիկա կ’օգնէ իրենց ո՛չ միայն երիտասարդութեան ընթացքին, այլ նաեւ՝ հետագայ տարիներուն։ Իսկ ապագայի նկատմամբ, Աստուածաշունչը դարձեալ կրնայ իրապէս օգնել երիտասարդ սերունդին։

Ապագայի Մասին Մտահոգութիւն

Պատանիներէն շատեր հետաքրքիր են։ Հաւանաբար անոնք որեւէ տարիքի պատկանողներէ աւելի կ’ուզեն գիտնալ թէ ի՛նչ կը պատահի եւ ինչո՛ւ։ Իսկ Աստուածաշունչը, որեւէ գրքէ աւելի կը բացատրէ աշխարհի վիճակներուն պատճառները եւ մեզի կ’ըսէ թէ ապագային ի՛նչ կրնանք ակնկալել։ Երիտասարդ սերունդը ասո՛նք կ’ուզէ գիտնալ։ Ինչո՞ւ կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ։

Թէեւ ընդհանուր առմամբ այն գաղափարը կայ թէ պատանիները միայն ներկային համար կ’ապրին, սակայն կարգ մը վիճակագրութիւններ քիչ մը տարբեր պատկեր մը կը գծեն։ Անոնք ցոյց կու տան թէ պատանիները իրենց շուրջը պատահած բաները յաճախ ուշադրութեամբ նկատի կ’առնեն, յետոյ ապագային կեանքը ի՛նչպէս ըլլալուն մասին իրենց անձնական եզրակացութիւններուն կը յանգին։ Ասոր ապացոյցը այն է թէ երիտասարդներու 4–էն 3–ը, ապագայի մասին «յաճախ» կամ «շատ յաճախ» կը խորհին։ Թէեւ երիտասարդներ ընդհանուր առմամբ լաւատես են, սակայն, անոնց մեծամասնութիւնը ապագան որոշ մտահոգութեամբ կը դիտէ։

Ինչո՞ւ այս մտահոգութիւնը։ Ներկայ պատանիներէն շատեր, արդէն իսկ ոճիրի, բռնութեան եւ թմրեցուցիչի սխալ գործածութեան միջամուխ եղած են։ Պատանիներ մտահոգ են չափազանց մրցակից ընկերութեան մը մէջ հաստատ գործ մը գտնելու շուրջ։ Անոնք դպրոցին մէջ բարձր նիշեր բերելու կամ գործին մէջ շատ յաջողակ ըլլալու ճնշումի ներքեւ են։ 17 տարեկան պատանի մը վիշտ յայտնելով ըսաւ. «Կ’ապրինք անողոք ընկերութեան մը մէջ։ Ամէն ոք կը փորձէ իր ուզածը ընել։ Միշտ պէտք է ապացուցանես թէ դուն ի՛նչ կրնաս իրագործել, եւ ասիկա մեծապէս կը նեղացնէ զիս»։ 22 տարեկան ուրիշ երիտասարդ մը, ըսաւ. «Արդիւնաբեր անհատներ յաջողութիւն կը գտնեն եւ կրնան հանգստաւէտ կեանք մը ապրիլ։ Ձախորդ անհատներ, որոնք այլազան պատճառներով չեն կրնար միւսներուն նման յաջողակ ըլլալ՝ ետեւ կը մնան»։ Կեանքը ինչո՞ւ մրցակցութեամբ լեցուն է։ Անիկա այսպէս պիտի շարունակուի՞։

Իրապաշտ Բացատրութիւն

Երբ երիտասարդներ վախով կամ մտահոգութեամբ կը նային ընկերութեան, անոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը համաձայնին Աստուածաշունչին հետ։ Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ թէ ներկայ «իրարու միս ուտող ընկերութիւնը», մեր ժամանակը յատկորոշող նշաններէն մէկն է։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոս անունով երիտասարդի մը մեր ժամանակին մասին գրեց, ըսելով. «Վերջին օրերուն դժուար ժամանակներ պիտի գան»։ Ինչո՞ւ դժուար։ Քանի որ, ինչպէս Պօղոս շարունակեց, մարդիկ «անձնասէր, դրամապաշտ, ամբարտաւան, հպարտ, . . . ապերախտ, սրբութիւնները ոտնակոխող, . . . դաժան» պիտի ըլլային։ Ասիկա ճշգրիտ կերպով չի՞ նկարագրեր ներկայիս բազմաթիւ մարդոց վերաբերմունքը։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-3, Անթիլիաս

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ այս դժուար ժամանակները «վերջին օրեր»ուն տեղի պիտի ունենային, ամբողջ մարդկային ընկերութիւնը հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուելէ առաջ։ Այս փոփոխութիւնները ամէն անհատի պիտի ազդեն, երիտասարդ ըլլան թէ՝ տարեց։ Ի՞նչպիսի փոփոխութիւններ պիտի ըլլան։ Երկնային կառավարութիւն մը շուտով մարդկային հարցերը ձեռք պիտի առնէ, իսկ հպատակները ամէնուրեք «խաղաղութեան առատութիւն» պիտի վայելեն։ «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ Մտահոգութեան եւ վախի զգացումները անցեալին պիտի պատկանին։—Սաղմոս 37։11, 29

Միայն Աստուածաշունչը ապագային նկատմամբ վստահելի բացատրութիւն կու տայ։ Երբ երիտասարդ մը տեղեակ ըլլայ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն պատահելիք բաներէն, ան կրնայ անոնց համար պատրաստուիլ եւ ապահով զգալ ու իր կեանքը աւելի հակակշռի տակ առնել։ Այս զգացումը ընկճուածութիւնն ու մտահոգութիւնը կը նուազեցնէ։ Այս կերպով, երիտասարդ սերունդին մասնայատուկ կարիքը, որն է՝ ընկերութիւնը հասկնալ եւ գիտնալ թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ՝ Աստուածաշունչին մէջ ծեծուած նիւթ մըն է։

Յաջող Պատանեկութիւն

Յաջող պատանեկութեան մը հիմը ի՞նչ է։ Բարձր ուսումը, նիւթական ստացուածքը եւ բարեկամներու լայն շրջանա՞կն է։ Շատեր կրնան այսպէս խորհիլ։ Պատանեկան ու 20–ը նոր թեւակոխած տարիները, անհատին հետագայ կեանքին համար լաւ սկիզբ մը պէտք է տան։ Ուրիշ խօսքով, յաջող պատանեկութիւն մը կրնայ մատնանշել թէ ի՛նչպիսի ապագայ մը կը սպասէ ձեզի։

Ինչպէս տեսանք, Աստուածաշունչը պատանիի մը կրնայ օգնել որ յաջող պատանեկութիւն մը ունենայ։ Շատ պատանիներ արդէն իսկ ասոր ճշմարիտ ըլլալը անձնապէս տեսած են իրենց կեանքին մէջ։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքը կը կարդան ամէն օր եւ կը կիրարկեն իրենց սորվածը։ (Տես՝ «Օգտակար Թելադրութիւն մը՝ Եհովայի Ծառայող Պատանիի մը Կողմէ», էջ 6–ի մէջ։) Արդարեւ, Աստուածաշունչը ի՛րապէս այժմու պատանիներուն համար գիրք մըն է, քանի որ անիկա անոնց կ’օգնէ որ ‘կատարեալ ըլլան՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած’։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

[Մէջբերում՝ էջ 5]

Յաջող պատանեկութեան գաղտնիքներէն մէկը՝ ուրիշներու հետ լեզու գտնելն է

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Թերեւս որեւէ տարիքի պատկանող անհատներէ աւելի, պատանիները կ’ուզեն գիտնալ թէ ի՛նչ կը պատահի եւ ինչո՛ւ

[Շրջանակ՝ էջ 6, 7]

Օգտակար թելադրութիւն մը՝ Եհովայի ծառայող պատանիի մը կողմէ

Ալեքսանդրը 19 տարեկան է։ Ան Եհովայի Վկայ ընտանիքի մը մէջ մեծցած է, եւ իր հաւատքը սրտանց գործադրելը իրեն համար հաճոյք է։ Սակայն, պարագան միշտ այսպէս եղած չէ։ Ալեքսանդրը կը բացատրէ.

«Թերեւս զարմանաք որ Եհովայի Վկաներուն հետ եօթը տարիէն աւելի ընկերակցեցայ, որպէս չմկրտուած պատանի մը։ Այդ միջոցին, իմ մատուցած պաշտամունքս կէս սրտով էր, պարզապէս առ ի սովորութիւն։ Կ’ենթադրեմ թէ պարկեշտօրէն անձնաքննութիւն մը ընելու քաջութիւնը չունէի»։

Ապա Ալեքսանդրին տեսակէտը փոխուեցաւ։ Ան կը շարունակէ.

«Ծնողքս եւ ժողովքին մէջ բարեկամներս շարունակեցին զիս յորդորել որ ամէն օր Աստուածաշունչ կարդամ, Եհովան անձնապէս ճանչնալու համար։ Ի վերջոյ, որոշեցի փորձել։ Ուստի հեռատեսիլ դիտելը նուազեցուցի եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը առաւօտեան յայտագրիս մէկ մասը դարձուցի։ Վերջապէս, սկսայ հասկնալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ ունի ըսելիք։ Տեսայ թէ անիկա ի՛նչպէս կրնայ անձնապէս օգնել ինծի։ Իսկ, ամենակարեւորը, հասկցայ թէ Եհովա կ’ուզէ՛ որ զինք ճանչնամ։ Անգամ մը որ ասիկա ըմբռնեցի, իրեն հետ իմ անձնական յարաբերութիւնս սկսաւ զօրանալ եւ ժողովքին մէջ իմ բարեկամութիւններս բարելաւուեցան։ Աստուածաշունչը ի՜նչ մեծ փոփոխութիւն մը բերաւ կեանքիս մէջ։ Կը յանձնարարեմ որ Եհովայի պատանի ծառաներէն ամէն մէկը Աստուածաշունչը կարդայ ամէ՛ն օր»։

Համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաներուն հետ ընկերակցող միլիոնաւոր պատանիներ կան։ Դուք ալ անոնցմէ մէ՞կն էք։ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար ընթերցելէն կ’ուզէ՞ք օգուտ քաղել։ Ինչո՞ւ չհետեւիք Ալեքսանդրի օրինակին։ Նուազ կարեւոր գործունէութիւնները նուազեցուցէք եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ձեր առօրեային մէկ մասը դարձուցէք։ Վստա՛հաբար պիտի օգտուիք։