Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բանսարկուն՝ զուտ նախապաշարումէ մը աւելի

Բանսարկուն՝ զուտ նախապաշարումէ մը աւելի

Բանսարկուն՝ զուտ նախապաշարումէ մը աւելի

«Նոր Կտակարանին մէջ ամէնուրեք մեծ պայքար մը կը տեսնուի. Աստուծոյ ու բարիի ուժերուն, եւ Սատանայի կողմէ ղեկավարուած չարի ուժերուն միջեւ։ Ասիկա այս կամ այն գրողին յղացումը չէ, այլ՝ հասարակաց բան մըն է։ . . . Հետեւաբար, Նոր Կտակարանին վկայութիւնը բացայայտ է։ Սատանան չար իրականութիւն մըն է, միշտ Աստուծոյ ու իր ժողովուրդին հակառակ»։—«Աստուածաշունչի Նոր Բառարան»

ՈՒՍՏԻ, Քրիստոնէութիւն եւ Աստուածաշունչին հաւատալ դաւանողներէն շատեր ինչո՞ւ կը մերժեն այն գաղափարը թէ իրապէս Բանսարկու մը գոյութիւն ունի։ Քանի որ, իրականութեան մէջ անոնք չեն ընդունիր որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ (Երեմեայ 8։9) Անոնք կ’ըսեն թէ Աստուածաշունչը գրողները իրենց շուրջ գտնուող ազգերուն փիլիսոփայութիւնները արտացոլացուցին եւ Աստուծմէ եկած ճշմարտութիւնը ճշգրտութեամբ չփոխանցեցին։ Կաթողիկէ աստուածաբան Հէնզ Գիւնկ, զոր օրինակ, կը գրէ. «Դեւերու լեգէոններ ունեցող Սատանային մասին դիցաբանական գաղափարները . . . բաբելոնական դիցաբանութենէն մուտք գործեցին վաղեմի Յուդայականութեան մէջ, եւ անկէ ալ՝ Նոր Կտակարանին մէջ»։—Քրիստոնեայ մը Ըլլալու Մասին

Սակայն, Աստուածաշունչը պարզապէս մարդոց խօսքը չէ. անիկա ի՛րապէս Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է։ Հետեւաբար, իմաստութիւն պիտի ըլլայ Բանսարկուին մասին անոր ըսածները լուրջի առնել։—Բ. Տիմոթէոս 3։14-17. Բ. Պետրոս 1։20, 21

Ի՞նչ Էր Յիսուսի Կարծիքը

Յիսուս Քրիստոս կը հաւատար թէ Բանսարկուն իրական էր։ Յիսուս իր մէջ եղող չար բանի մը կողմէ չփորձուեցաւ։ Ան յարձակումի ենթարկուեցաւ իսկական անձի մը կողմէ, զոր հետագային կոչեց «այս աշխարհին իշխանը»։ (Յովհաննու 14։30. Մատթէոս 4։1-11) Ան կը հաւատար նաեւ թէ հոգեղէն այլ արարածներ Սատանայի ամբարիշտ ծրագիրներուն թիկունք կը կանգնէին։ Ան «դիւահար» մարդիկ բժշկեց։ (Մատթէոս 12։22-28) Բանապաշտ Համայնագիտարան մը խորագրով անաստուած հրատարակութիւնն անգամ ասոր իմաստը կը նշէ, երբ կ’ըսէ. «Աստուածաբաններու համար մի՛շտ գայթակղութեան քար մը եղած է, թէ Աւետարաններուն Յիսուսը ի՛նչպէս դեւերու գոյութեան հաւատալիքը ընդունեց»։ Երբ Յիսուս Բանսարկուին եւ իր դեւերուն մասին խօսեցաւ, ան պարզապէս բաբելոնական դիցաբանութենէն առնուած նախապաշարումներ չէր կրկներ։ Ան գիտէր թէ անոնք ի՛րապէս գոյութիւն ունէին։

Բանսարկուին մասին շատ բան կը սորվինք, երբ նկատի կ’առնենք իր օրուան կրօնական ուսուցիչներուն ուղղած Յիսուսի խօսքերը. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասն զի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը»։—Յովհաննու 8։44

Այս խօսքերուն համաձայն, Բանսարկուն՝ որ «զրպարտիչ» կը նշանակէ՝ «ստախօս է եւ անոր հայրը»։ Ան առաջին արարածն էր որ Աստուծոյ մասին ստեց, եւ ասիկա ըրաւ Եդեմի պարտէզին մէջ։ Եհովա ըսած էր որ եթէ մեր առաջին ծնողքը բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն ուտէին ‘անշուշտ պիտի մեռնէին’։ Օձի մը բերնով, Սատանան ըսաւ թէ այդ խօսքերը շիտակ չէին։ (Ծննդոց 2։17. 3։4) Տեղին ըլլալով, ան կոչուեցաւ «այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի»։—Յայտնութիւն 12։9

Բանսարկուն բարիի ու չարի գիտութեան ծառին մասին սուտ խօսեցաւ։ Ան առարկեց թէ այդ ծառէն ուտելու արգելքը արդարացի չէր. անիկա հեղինակութեան չարաշահում մըն էր։ Ան ըսաւ թէ Ադամն ու Եւան կրնային «աստուածներու պէս» ըլլալ, իրենք որոշելով թէ ի՛նչ բան բարի ու ի՛նչ բան չար էր։ Սատանան ուզեց հասկցնել թէ որպէս բարոյական ազատ գործակալներ, անոնք պէտք էր բոլորովին ինքնագլուխ ըլլային։ (Ծննդոց 3։1-5) Աստուծոյ իշխելու կերպին արդար ըլլալուն վրայ եղած այս յարձակումը վճռական հարցեր յարուց։ Ուստի, Եհովա այս հարցերը լուծուելու համար ժամանակ տուած է։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Սատանային թոյլատրուեցաւ որ ժամանակ մը գոյատեւէ։ Այժմ անոր ունեցած սահմանափակ ժամանակը շուտով լրանալու վրայ է։ (Յայտնութիւն 12։12) Տակաւին, ան կը շարունակէ սուտերով եւ խաբեբայութեամբ մարդկութիւնը Աստուծմէ հեռացնել, գործածելով Յիսուսի օրուան դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն նման անհատներ, իր ուսուցումները յառաջ տանելու համար։—Մատթէոս 23։13, 15

Յիսուս նաեւ ըսաւ թէ Բանսարկուն «սկիզբէն մարդասպան էր» եւ թէ «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ»։ Ասիկա չի նշանակեր թէ Եհովա ստեղծեց Բանսարկուն որպէս «մարդասպան»։ Ան Աստուծոյ հակառակորդներուն համար պատրաստուած կրակի ու չարչարանքի վայրի մը պատասխանատու հրէշ մը ըլլալու համար ստեղծուած չէր։ Աստուածաշունչի «դժոխքը» Սատանային բնակարանը չէ։ Անիկա պարզապէս մարդկութեան հասարակաց գերեզմանն է։—Գործք 2։25-27. Յայտնութիւն 20։13, 14

Բանսարկուն սկիզբը «ճշմարտութեան մէջ» էր։ Ատեն մը ան Եհովայի երկնային ընտանիքին մէկ անդամն էր, որպէս Աստուծոյ կատարեալ հոգեղէն որդի մը։ Սակայն, ան «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ»։ Ան իր կերպերը ու սուտերու վրայ հիմնուած իր սկզբունքները նախընտրեց։ «Սկիզբէն» արտայայտութիւնը չ’ակնարկեր որպէս Աստուծոյ հրեշտակային որդի մը իր ստեղծուած ժամանակին, այլ՝ երբ ան կամաւ Եհովայի դէմ ապստամբեցաւ եւ Ադամի ու Եւայի ստեց։ Բանսարկուն կը նմանի այդ մարդոց, որոնք Եհովայի դէմ ապստամբեցան Մովսէսի ժամանակ։ Անոնց մասին կը կարդանք. «Ապականուեցան նորա դէմ. նորա որդիքը չեն. իրանցն է արատը»։ (Բ. Օրինաց 32։5, Արարատ) Նոյնը կարելի է ըսել Սատանայի մասին։ Ան «մարդասպան» եղաւ երբ ըմբոստացաւ եւ Ադամի ու Եւայի՝ իրականութեան մէջ մարդկային ամբողջ ընտանիքին՝ մահուան պատասխանատու եղաւ։—Հռովմայեցիս 5։12

Անհնազանդ Հրեշտակներ

Ուրիշ հրեշտակներ Սատանայի միացան իր ըմբոստութեան մէջ։ (Ղուկաս 11։14, 15) Նոյի օրերուն, այս հրեշտակները «իրենց բնակութիւնը ձգեցին» եւ մարդկային մարմիններ հագան, «մարդոց աղջիկներուն» հետ սեռային յարաբերութիւններ վայելելու համար։ (Յուդա 6. Ծննդոց 6։1-4. Ա. Պետրոս 3։19, 20) «Երկնքի աստղերուն երրորդ մասը», կամ հոգեղէն արարածներուն փոքր մէկ մասը, այս ընթացքին հետեւած է։—Յայտնութիւն 12։4

Շատ խորհրդանշական եղող Յայտնութիւն գիրքը, Բանսարկուն կը նկարագրէ որպէս «մեծ շառագոյն վիշապ մը»։ (Յայտնութիւն 12։3) Ինչո՞ւ։ Ոչ թէ անոր համար որ ան բառացիօրէն անճոռնի եւ տգեղ մարմին մը ունի։ Խորքին մէջ, չենք գիտեր թէ հոգեղէն արարածները ի՛նչպիսի մարմին մը ունին, սակայն, հաւանաբար Սատանան միւս հրեշտակային հոգեղէն արարածներէն տարբեր չէ այս մարզին մէջ։ Այսուհանդերձ, «մեծ շառագոյն վիշապ մը» լաւ նկարագրութիւն մըն է Սատանայի յօշոտող, սարսափազդու, զօրաւոր եւ կործանիչ տրամադրութեան։

Սատանայի ու իր դեւերուն վրայ այժմ խիստ արգելքներ դրուած են։ Անոնք այլեւս չեն կրնար նիւթական մարմիններ հագնիլ, ինչպէս որ, ըստ երեւոյթին, ժամանակին կրնային ընել։ 1914–ին, Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատումէն քիչ ետք, անոնք երկրի շրջակայքը նետուեցան։—Յայտնութիւն 12։7-9

Բանսարկուն Ահաւոր Թշնամի մըն Է

Այսուհանդերձ, Բանսարկուն տակաւին ահաւոր թշնամի մըն է։ Ան «մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։ (Ա. Պետրոս 5։8) Անիկա մեր անկատար մարմնին մէջ բնակող չարութեան անորոշ յատկութիւն մը չէ։ Ճիշդ է որ ամէն օր մեր մեղաւոր հակումներուն դէմ կը պայքարինք։ (Հռովմայեցիս 7։18-20) Սակայն, իսկական պայքարը «իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ» է։—Եփեսացիս 6։12

Բանսարկուին ազդեցութիւնը որքա՞ն համատարած է։ «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է», կ’ըսէ Յովհաննէս առաքեալ։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Անշուշտ, չենք ուզեր մեր ամբողջ միտքը սեւեռել Բանսարկուին վրայ, ոչ ալ թոյլ տալ որ իրեն հանդէպ նախապաշարուած վախը մեզ անդամալուծէ։ Բայց, մեր կողմէ խոհեմութիւն է արթուն մնալ, ճշմարտութեան հանդէպ մեզ կուրցնելու եւ Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը բեկանելու իր ջանքերուն նկատմամբ։—Յոբայ 2։3-5. Բ. Կորնթացիս 4։3, 4

Բանսարկուն մի՛շտ վայրագ միջոցներ չի գործածեր Աստուծոյ կամքը ընել փափաքողներուն վրայ յարձակում գործելու համար։ Երբեմն, ան «լուսաւոր հրեշտակի» կերպարանք կ’առնէ։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները զգուշացուց այս վտանգէն, երբ գրեց. «Կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն»։—Բ. Կորնթացիս 11։3, 14

Հետեւաբար, պէտք է ‘արթուն կենանք, հսկենք, անոր դէմ կենանք հաւատքով հաստատուած’։ (Ա. Պետրոս 5։8, 9. Բ. Կորնթացիս 2։11) Խուսափեցէք Սատանայի ձեռքը իյնալէ, հեռու կենալով որեւէ բանէ որ գուշակութեան հետ առնչուած է։ (Բ. Օրինաց 18։10-12) Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտը եղէք, յիշելով թէ Յիսուս Քրիստոս երբ Բանսարկուին կողմէ կը փորձուէր, կրկին անգամ Աստուծոյ Խօսքին ակնարկեց։ (Մատթէոս 4։4, 7, 10) Աստուծոյ հոգին ստանալու համար աղօթք ըրէք։ Անոր պտուղը կրնայ ձեզի օգնել որ խուսափիք մարմնի գործերէն, որոնք Սատանան շատ յաջող կերպով կը հրահրէ։ (Գաղատացիս 5։16-24) Նաեւ, սրտանց Եհովայի աղօթեցէք երբ զգաք թէ կերպով մը Բանսարկուն ու իր դեւերը ձեր վրայ ճնշում կը բանեցնեն։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7

Պէտք չունիք Բանսարկուէն սոսկալու։ Եհովա իսկական պաշտպանութիւն կը խոստանայ որեւէ բանի դէմ, որ Սատանան կրնայ ընել։ (Սաղմոս 91։1-4. Առակաց 18։10. Յակոբու 4։7, 8) «Զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը», ըսաւ Պօղոս առաքեալ։ Այն ատեն ‘կարող պիտի ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել’։—Եփեսացիս 6։10, 11

[Նկար՝ էջ 5]

Յիսուս գիտէր թէ Բանսարկուն իրական անձ մըն էր

[Նկար՝ էջ 6]

«Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»

[Նկարին աղբիւրը]

NASA photo

[Նկարներ՝ էջ 7]

Բանսարկուին ընդդիմացէք՝ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով եւ կանոնաւորաբար աղօթելով