Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բանսարկու մը գոյութիւն ունի՞

Բանսարկու մը գոյութիւն ունի՞

Բանսարկու մը գոյութիւն ունի՞

«Քրիստոնէական Եկեղեցիին պատմութեան մէջ կար ժամանակ մը, երբ բանսարկուն՝ Բէեղզեբուղը կամ Սատանան, չարութեան թագաւորը՝ նո՛յնքան իսկական եւ զօրաւոր անձնաւորութիւն մըն էր, ո՛րքան ներկայիս ‘Աստուած’ է՝ հետզհետէ նուազող անհատներու համար. անիկա Հրեաներուն եւ նախկին Քրիստոնեաներուն կողմէ հնարուած է, իրենց շուրջ տեսած ամբարշտութեան տալու համար կէս–մարդ կէս–գազանի կերպարանք մը։ Հետագային Քրիստոնեաները գիտակցեցան թէ ասիկա իսկապէս անհիմն առասպել մըն էր, եւ կամացուկ մը զայն մէջտեղէն վերցուցին»։—«Զուտ Երեւակայութիւն. Ողջերթ Աստուծոյ», Լուտովիք Քենետիի կողմէ։

ԻՆՉՊԷՍ հեղինակ եւ հաղորդավար Լուտովիք Քենետի կ’ըսէ, դարեր շարունակ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ Բանսարկուին իրական ըլլալուն շուրջ ոչ մէկը կասկած ունէր։ Ընդհակառակը, երբեմն «Սատանային եւ իր դեւերուն զօրութեան վախը համակած էր» Քրիստոնեաները, ինչպէս Ուսուցչապետ Նորմըն Գոհն կ’ըսէ։ (Եւրոպայի Ներքին Դեւերը) Միայն պարզամիտ եւ անուս գիւղացիները չէին որ այս վախով համակուած էին։ Այն հաւատալիքը՝ թէ անասունի կերպարանքով նիւթականացած Բանսարկուն, չար ու պիղծ ծէսեր կը ղեկավարէ, «ծագում առած է ո՛չ թէ անուս մեծամասնութեան աւանդութիւններէն, այլ ընդհակառակը, մտաւորական ընտրանիի մը աշխարհահայեացքէն», կ’ըսէ Ուսուցչապետ Գոհն։ Այս «մտաւորական ընտրանի»ն, մէջը ըլլալով ուսեալ կղերականները, պատասխանատու էր վհուկներու–որսին, որ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ ԺԵ. դարէն մինչեւ ԺԷ. դարը, երբ կ’ըսուի թէ եկեղեցին ու քաղաքացիական իշխանութիւնները շուրջ 50,000 կարծեցեալ վհուկներ չարչարեցին ու սպաննեցին։

Զարմանալի չէ որ շատեր մերժած են Բանսարկուին մասին՝ իրենց կարծիքով՝ ծայրայեղ ու նախապաշարուած գաղափարները։ 1726–ին իսկ, Տանիէլ Տըֆօ ծաղրուծանակ ըրաւ մարդոց այն հաւատալիքը թէ՝ Բանսարկուն վախազդու հրէշ մըն էր՝ «ջղջիկի թեւերով, կոտոշներով, կճղակաւոր ոտքերով, երկար պոչով, ճեղքուած լեզուով, եւ այլն»։ Ան ըսաւ թէ այսպիսի գաղափարներ, «տկար ու պատրական պարապաբանութիւններ» էին, «բանսարկուն–ջատագովող եւ բանսարկուն–հնարող» անհատներու կողմէ շինուած, որոնք «տգէտ աշխարհը խաբեցին իրենց հնարած բանսարկուով»։

Դուք ալ այս տեսակէտը կը բաժնէ՞ք։ Կը համաձայնի՞ք թէ «բանսարկուն իրականութեան մէջ մարդուն կողմէ հնարուած է, իր մեղաւոր վիճակը արդարացնելու համար»։ Այս բացատրութիւնը կը գտնուի Զոնտըրվանի՝ Աստուածաշունչի Պատկերազարդ Համայնագիտարան–ին մէջ, եւ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներէն շատեր նոյն կերպով կը խորհին։ Ճէֆրի Պըրթըն Ռասըլ կ’ըսէ թէ Քրիստոնեայ Աշխարհի աստուածաբանները ընդհանրապէս «անտեսած են Բանսարկուն ու դեւերը, որպէս աւելորդապաշտ մասունքներ»։

Սակայն ոմանց համար, Բանսարկուն շատ իրական է։ Անոնք կը խորհին թէ մարդկային պատմութեան մէջ համատարած եղող չարութիւններուն ետին տեսակ մը գերմարդկային ու չարամիտ ոյժ մը պէտք է ըլլայ։ «Քսաներորդ դարուն յառաջ բերած սարսափելի բաները», կ’ըսէ Ռասըլ, պատճառ մը կու տան թէ ինչո՛ւ «երկար ժամանակ անցնելէ ետք Բանսարկուին գոյութեան հաւատալը յանկարծ կրկին կը յայտնուի»։ Հեղինակ Տոն Լուիսի համաձայն, արդի ուսեալ մարդոցմէ շատեր, որոնք «հովեր առնելով կը ծիծաղին» «իրենց տգէտ նախահայրերուն» նախապաշարուած հաւատալիքներուն եւ վախերուն վրայ, «դարձեալ սկսած են հմայուիլ գերբնական ծիրին մէջ եղող չար տարրերով»։—Կրօնական Նախապաշարում Դարերու Ընթացքին

Ուստի, այս հարցին նկատմամբ իրականութիւնը ի՞նչ է։ Բանսարկուն պարզապէս աւելորդապաշտութի՞ւն է, թէ ոչ ան մէկն է որ լուրջի պէտք է առնուի նոյնիսկ այս ԻԱ. դարուն։

[Նկար՝ էջ 4]

Ինչպէս Կուսթավ Տորէի այս փորագրութիւնը ցոյց կու տայ, վաղեմի նախապաշարումները Բանսարկուն կը բնութագրէին կէս–մարդ կէս–գազանի կերպարանքով

[Նկարին աղբիւրը]

The Judecca—Lucifer/The Doré Illustrations For Dante’s Divine Comedy/Dover Publications Inc.