Երախտապարտ եւ ուրախ եղէք
Երախտապարտ եւ ուրախ եղէք
«ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ընդառաջելը մարդկային հիմնական փորձառութիւն մըն է», կ’ըսէ Քէլկըրի Հէրըլտ անունով քանատական լրագիր մը։ Հէրըլտ–ը կը յիշէր ինը տարեկան նախակրթարանի կարգ մը աշակերտներ, որոնց դասատուն իրենցմէ խնդրած էր որ գրէին թէ ի՛նչ բաներու համար երախտապարտ էին։ Պատանի մը ըսաւ թէ երախտապարտ էր իր ընտանիքին՝ ‘քանի որ անոնք իրեն հոգ տարած էին’։ Աղջնակ մըն ալ երախտապարտ էր իր ընտանիքին, ըսելով. «Անոնք զիս կը պաշտպանեն, առողջ կը պահեն, ինծի հոգ կը տանին, զիս կը սիրեն, կը կերակրեն. եւ եթէ ծնողքս չըլլային, ես այս երկրագունդին վրայ գոյութիւն պիտի չունենայի»։
Ապերախտութիւնը յարատեւ դժգոհութեան կ’առաջնորդէ։ Փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Ճ. Ի. Փէքըրի համաձայն, «մենք ստեղծուած ենք՝ Աստուծմէ եւ իրարմէ կախեալ ապրելու համար»։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ դարեր առաջ գրուած Աստուածաշունչի խրատը, որ կ’ըսէ. «Շնորհակալ Եղէք»։ (Կողոսացիս 3։15, Անթիլիաս) Շնորհակալութեան արտայայտութիւնները եւ ուրիշներու հանդէպ սրտանց երախտագիտութիւնը, հոգածու յարաբերութիւններ մշակելու կը նպաստեն։
Ասկէ զատ, զիրար գնահատելով եւ արժեւորելով, ցոյց կու տանք որ երախտապարտ ենք Եհովայի հանդէպ, եւ ինք կը տեսնէ ասիկա։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Եհովայի] աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Աստուած կը վստահեցնէ մեզ թէ ինք կը յիշէ եւ կը գնահատէ իր անուան հանդէպ մարդոց ցուցաբերած սէրը։ (Եբրայեցիս 6։10) Այո, լաւ պատճառ ունինք երախտապարտ ըլլալու, քանի որ աստուածային այս առաքինութիւնը, երբ օրական ցուցաբերուի, Եհովան կը հաճեցնէ եւ մեր ուրախութեան կը նպաստէ։ Ճիշդ ինչպէս Առակաց 15։13–ը կ’ըսէ. «Ուրախ սիրտը երեսը կը զուարթացնէ»։