Ի՛նչպէս կրնաք իմաստուն որոշումներ կայացնել
Ի՛նչպէս կրնաք իմաստուն որոշումներ կայացնել
ԱԶԱՏ կամքը Աստուծմէ տրուած պարգեւ մըն է։ Առանց անոր, գրեթէ մարդամեքենայի մը նման կ’ըլլայինք, մեր արարքներուն ղեկը մեր ձեռքը չունենալով։ Սակայն, անոր հետ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք։ Ազատ կամք ունենալով, կեանքի ամբողջ տեւողութեան որոշումներ պէտք է կայացնենք։
Անշուշտ, որոշումներէն շատեր աննշան են։ Ուրիշներ, կրնան մեր ամբողջ ապագային ազդել, ինչպէս՝ ո՛ր ասպարէզը ընտրելը կամ ամուսնանալ թէ՝ չամուսնանալը։ Տակաւին կան որոշումներ որոնք ուրիշներու կ’ազդեն։ Ծնողներու տուած որոշումներէն ոմանք խոր ազդեցութիւն կրնան ունենալ իրենց զաւակներուն վրայ։ Ասկէ զատ, մեր կայացուցած շատ մը որոշումներուն համար Աստուծոյ հաշիւ պէտք է տանք։—Հռովմայեցիս 14։12
Օգնութեան Կարիքը
Որոշումներ կայացնելու մէջ մարդիկ լաւ արձանագրութիւն մը չունին։ Մարդկային առաջին որոշումներէն մէկը՝ որ արձանագրուած է՝ աղիտալի եղած է։ Եւան որոշեց ուտել այն պտուղէն զոր Աստուած բացայայտօրէն արգիլած էր։ Անձնասէր ցանկութիւններու վրայ հիմնուած իր ընտրութիւնը, պատճառ եղաւ որ իր ամուսինն ալ իրեն միանայ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուելու մէջ, եւ հետեւանքը մեծ տառապանք եղաւ մարդկութեան համար։ Շատ մը պարագաներու, տակաւին մարդիկ իրենց որոշումները անձնասէր ցանկութիւններու վրայ կը հիմնեն, քան՝ շիտակ սկզբունքներու վրայ։ (Ծննդոց 3։6-19. Երեմեայ 17։9) Իսկ երբ լուրջ որոշումներու դիմաց գտնուինք, շատ յաճախ մեր սահմանափակումներուն կը գիտակցինք։
Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ երբ մարդիկ կարեւոր որոշումներու դիմաց գտնուին, շատեր գերմարդկային աղբիւրներէ օգնութիւն կը փնտռեն։ Աստուածաշունչը կը խօսի դէպքի մը մասին, երբ Նաբուգոդոնոսորը պատերազմական արշաւի մը կիսուն որոշում մը պէտք էր տար։ Թագաւոր մը ըլլալով հանդերձ, ան կարիքը տեսաւ ‘հմայութիւն ընելու’, ոգիներէն խորհուրդ հարցնելու։ Ուստի, արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Անիկա իր նետերը երերցուց, թերափիմներուն հարցուց. լեարդին նայեցաւ»։ (Եզեկիէլ 21։21) Ներկայիս ալ, շատեր բախտագուշակներու եւ աստղաբաշխներու կը դիմեն, եւ այլ կերպերով ոգիներէն օգնութիւն կը խնդրեն։ Սակայն, այս աղբիւրները խաբուսիկ եւ մոլորեցուցիչ են։—Ղեւտացւոց 19։31
Կայ Մէկը որ բոլորովին վստահելի է եւ ամբողջ պատմութեան ընթացքին օգնած է մարդոց որ իմաստուն որոշումներ կայացնեն։ Անիկա ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ նոյնինքն Եհովա Աստուած։ Օրինակ, վաղեմի ժամանակներուն, Աստուած իր ազգին՝ Իսրայէլի՝ տուաւ Ուրիմը ու Թումիմը, որոնք հաւանաբար վիճակ նետելու սրբազան իրեր էին, որոնք կը գործածուէին երբ ազգը մեծ կարեւորութիւն ունեցող պարագաներ դիմագրաւէր։ Ուրիմին ու Թումիմին միջոցաւ, Եհովա ուղղակի պատասխաններ կու տար հարցումներուն եւ Իսրայէլի երէցներուն կ’օգնէր որ վստահ ըլլային թէ իրենց որոշումները իր կամքին համաձայն էին։—Ելից 28։30. Ղեւտացւոց 8։8. Թուոց 27։21
Նկատի առէք ուրիշ օրինակ մը։ Երբ Գեդէօն կանչուեցաւ Իսրայէլի բանակները Մադիանացիներուն դէմ առաջնորդելու համար, ան պէտք էր որոշէր այսպիսի մեծ առանձնաշնորհում մը ընդունիլ թէ ոչ։ Գեդէօն արտակարգ նշան մը Դատաւորաց 6։33-40. 7։21, 22
խնդրեց, վստահ ըլլալու համար թէ Եհովա իրեն թիկունք պիտի կանգնէր։ Ան աղօթեց որ բուրդի գզաթ մը գիշերը դուրսը մնալով ցօղով թրջուէր, սակայն անոր շուրջը՝ գետինը՝ չոր մնար։ Յաջորդ գիշեր, ան խնդրեց որ գզաթը չոր մնար, մինչ անոր շուրջը՝ գետինը՝ ցօղով թրջուէր։ Եհովա ազնուօրէն Գեդէօնին տուաւ իր խնդրած նշանները։ Ասոր վրայ, Գեդէօն շիտակ որոշումի յանգեցաւ, եւ աստուածային աջակցութեամբ, ամբողջովին նուաճեց Իսրայէլի թշնամիները։—Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Ներկայիս
Ներկայիս, Եհովա իր ծառաներուն տակաւին օգնութիւն կը հայթայթէ, երբ անոնք կարեւոր որոշումներու առջեւ կը գտնուին։ Ի՞նչպէս։ Մենք ալ Գեդէօնի նման Եհովայէ ‘գզաթի փորձեր’՝ կամ նշաննե՞ր պէտք է խնդրենք, մեզի ցոյց տալու համար շիտակ որոշումը։ Ամոլ մը ինքն իրեն հարց կու տար թէ արդեօք փոխադրուի՞ն Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք ունեցող շրջան մը։ Այս որոշումը տալու համար խորհեցան փորձ մը ընել։ Անոնք իրենց տունը ծախու դրին որոշ գինով մը։ Եթէ տունը մինչեւ որոշ թուական մը այդ գինով կամ աւելի սուղի ծախուէր, ասիկա պիտի նկատէին նշան մը, թէ Աստուած կ’ուզէր որ իրենք փոխադրուէին։ Եթէ տունը չծախուէր, անոնք պիտի եզրակացնէին թէ Աստուած չէր ուզեր որ իրենք փոխադրուէին։
Տունը չծախուեցաւ։ Ասիկա նշա՞ն էր թէ Եհովա չէր ուզեր որ այս ամոլը ծառայէր հո՛ն ուր մեծ կարիք կար։ Անշուշտ, յաւակնոտութիւն պիտի ըլլար վճռականօրէն ըսել թէ Եհովա իր ծառաներուն համար ի՛նչ կ’ընէ եւ ի՛նչ չ’ըներ։ Չենք կրնար ըսել թէ ներկայիս Եհովա երբեք չի միջամտեր իր կամքը մեզի ցոյց տալու համար։ (Եսայեայ 59։1) Սակայն, իրաւունք չունինք ակնկալելու որ Աստուած մեր տալիք մեծ որոշումներուն միջամտէ, ուրիշ խօսքով, մեր տալիք որոշումները Աստուծոյ ձգենք։ Նոյնիսկ Գեդէօն, իր կեանքի գրեթէ ամբողջ տեւողութեան առանց Եհովայէ արտակարգ նշաններ ստանալու որոշումներ տուաւ։
Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ աստուածային ուղղութիւնը մատչելի է։ Անիկա մեր ժամանակին մասին կը խօսի, ըսելով. «Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։ (Եսայեայ 30։21) Երբ կարեւոր որոշումներու դիմաց գտնուինք, շատ տեղին է որ փորձենք վստահ ըլլալ թէ մեր որոշումները Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ են եւ իր գերազանց իմաստութիւնը կ’արտացոլացնեն։ Ի՞նչ ընելով։ Իր Խօսքին դիմելով եւ թոյլ տալով որ անիկա ‘մեր ոտքերուն ճրագ ու մեր շաւիղներուն՝ լոյս ըլլայ’։ (Սաղմոս 119։105. Առակաց 2։1-6) Ասիկա ընելու համար, պէտք է Աստուածաշունչէն ճշգրիտ գիտութիւն ստանալու սովորութիւնը մշակենք։ (Կողոսացիս 1։9, 10) Իսկ երբ որոշումի մը առջեւ գտնուինք, ուշադրութեամբ պէտք է հետազօտենք այդ հարցին վերաբերեալ Աստուածաշունչի բոլոր սկզբունքները։ Այսպիսի փնտռտուք մեզի պիտի օգնէ ‘որ աւելի կարեւոր բաները ընտրենք’։—Փիլիպպեցիս 1։9, 10, ՆԱ
Նաեւ Եհովայի պէտք է խօսինք աղօթքի միջոցաւ, վստահ ըլլալով թէ ան մեզի մտիկ պիտի ընէ։ Որքա՜ն հանգստացուցիչ է մեր սիրալիր Աստուծոյ բացատրել մեր տալիք որոշումը եւ այն տարբերակները, որոնց մասին կը մտածենք։ Անկէ ետք, կրնանք վստահութեամբ խնդրել որ ան մեզ ուղղէ շիտակ որոշումը կայացնելու համար։ Յաճախ, սուրբ հոգին մեզի պիտի յիշեցնէ մեր պարագային կիրարկուող Աստուածաշունչի սկզբունքները, կամ թերեւս օգնէ՝ մեր պարագային առնչուող սուրբ գրային համար մը աւելի յստակօրէն հասկնալու։—Յակոբու 1։5, 6
Եհովա նաեւ ժողովքին մէջ հասուն անհատներ Եփեսացիս 4։11, 12) Սակայն, երբ ուրիշներու հետ կը խորհրդակցինք, պէտք չէ նմանինք անոնց, որոնք մէկ անհատէն միւսին կ’երթան, մինչեւ որ գտնեն մէկը՝ որ իրենց ըսէ ինչ որ իրե՛նք կ’ուզեն լսել։ Ապա կը հետեւին անոր խրատին։ Ռոբովամի ազդարարական օրինակն ալ պէտք չէ մոռնանք։ Երբ լուրջ որոշումի մը դիմաց գտնուեցաւ, ան իր հօրը հետ ծառայած ծերերէն հոյակապ խրատ ստացաւ։ Սակայն, փոխանակ անոնց խրատին հետեւելու, ան իր հետ մեծցած երիտասարդներուն դիմեց։ Անոնց խրատին հետեւելով, շատ գէշ որոշում մը տուաւ, որու պատճառաւ իր թագաւորութեան մեծ մասը կորսնցուց։—Գ. Թագաւորաց 12։1-17
կը հայթայթէ, որոնց հետ կրնանք մեր որոշումներուն մասին խօսակցիլ։ (Երբ խրատ կը փնտռէք, գացէք անոնց մօտ, որոնք կեանքի մէջ փորձառու են, Սուրբ Գրութիւններէն լաւ գիտութիւն եւ արդար սկզբունքներուն հանդէպ խոր յարգանք ունին։ (Առակաց 1։5. 11։14. 13։20) Երբ կարելի ըլլայ, հարցին հետ առնչուած սկզբունքներուն եւ ձեր հաւաքած տեղեկութիւններուն մասին խոկալու ժամանակ տրամադրեցէք։ Երբ սկսիք հարցերը Եհովայի Խօսքին լոյսին տակ տեսնել, հաւանաբար շիտակ որոշումը աւելի բացայայտ պիտի ըլլայ։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7
Մեր Տուած Որոշումները
Կարգ մը որոշումներ դիւրաւ կը տրուին։ Երբ առաքեալներուն հրամայուեցաւ որ քարոզչութիւնը դադրեցնեն, անոնք գիտէին թէ պէտք էր շարունակէին Յիսուսի մասին քարոզել, եւ անմիջապէս Սենետրիոնին տեղեկացուցին մարդոցմէ աւելի Աստուծոյ հնազանդելու իրենց որոշումը։ (Գործք 5։28, 29) Ուրիշ որոշումներու մասին թերեւս աւելի խոր կերպով մտածելու կարիքը ըլլայ, քանի որ Աստուածաշունչին մէջ այդ հարցին մասին ուղղակիօրէն բան մը ըսուած չէ։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի սկզբունքները սովորաբար լոյս պիտի սփռեն կայացուելիք լաւագոյն որոշումին վրայ։ Օրինակ, թէեւ ներկայիս զբօսանքի շատ տեսակներ կան, որոնք գոյութիւն չունէին Յիսուսի ժամանակ, սակայն սուրբ գրային բացայայտ արտայայտութիւններ կան թէ Եհովա ի՛նչ բանի կը հաճի եւ ի՛նչ բանի կը տհաճի։ Հետեւաբար, Քրիստոնեայ մը որ հաճոյք կ’առնէ զբօսանքէ մը որ բռնութիւն, անբարոյութիւն, կամ ըմբոստութիւն կը քաջալերէ, շիտակ որոշում մը տուած չըլլար։—Սաղմոս 97։10. Յովհաննու 3։19-21. Գաղատացիս 5։19-23. Եփեսացիս 5։3-5
Երբեմն, երկու տարբեր որոշումներ կրնան նոյնքան շիտակ ըլլալ։ Աւելի մեծ կարիք ունեցող շրջանի մը մէջ ծառայելը հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է եւ հոյակապ օրհնութիւններու կրնայ առաջնորդել։ Սակայն, եթէ անհատ մը որեւէ պատճառով որոշէ ասիկա չընել, ան տակաւին կրնայ լաւ գործ տեսնել իր գտնուած ժողովքին մէջ։ Երբեմն, որոշումի մը առջեւ կրնանք գտնուիլ, որ մեզի պատեհութիւնը կու տայ ցոյց տալու Եհովայի հանդէպ մեր նուիրումին խորութիւնը, եւ կամ՝ թէ ի՛նչ բան մեր կեանքին մէջ ամենակարեւոր տեղը կը գրաւէ։ Հետեւաբար, Եհովա մեզի թոյլ կու տայ որ մեր ազատ կամքը գործածենք, ցոյց տալու համար թէ իրապէս ի՛նչ կայ մեր սրտին մէջ։
Շատ յաճախ, մեր որոշումներէն ուրիշներ ալ կ’ազդուին։ Օրինակ, առաջին դարու Քրիստոնեաները ուրախացան որ Օրէնքին շատ մը սահմանափակումներէն ազատ էին։ Ասիկա կը նշանակէր, զոր օրինակ, որ իրենք կրնային ընդունիլ կամ մերժել ուտելիք մը որ Օրէնքին ներքեւ անմաքուր էր։ Այսուհանդերձ, անոնց քաջալերութիւն տրուեցաւ որ ուրիշներու խղճմտանքը նկատի առնեն, երբ կ’որոշեն այս ազատութիւնը գործածել։ Այս հարցին շուրջ Պօղոսի խօսքերը կրնան մեր տուած շատ մը որոշումներուն Ա. Կորնթացիս 10։32) Ուրիշներուն չգայթակղեցնելու փափաքէն կրնայ կախեալ ըլլալ մեր տալիք որոշումներէն շատերը։ Մանաւանդ որ դրացիի հանդէպ սէրը երկրորդ մեծ պատուիրանն է։—Մատթէոս 22։36, 39
կիրարկուիլ. «Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք»։ (Մեր Որոշումներուն Հետեւանքը
Լաւ խղճմտանքով տրուած եւ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն վրայ հիմնուած որոշումները, ի վերջոյ միշտ լաւ հետեւանք կ’ունենան։ Մինչ այդ, անոնք անշուշտ կարգ մը անձնական զոհողութիւններ կրնան պահանջել։ Երբ առաքեալները Սենետրիոնին ըսին թէ իրենք որոշած էին շարունակել Յիսուսի մասին քարոզել, անոնք ազատ արձակուելէ առաջ ծեծուեցան։ (Գործք 5։40) Երբ երեք Եբրայեցիները՝ Սեդրաք, Միսաք, ու Աբեդնագով՝ որոշեցին Նաբուգոդոնոսորի ոսկիէ արձանին չերկրպագել, իրենց կեանքը վտանգի տակ դրին։ Անոնք պատրաստ էին դիմագրաւելու այն հաւանականութիւնը թէ՝ իրենց որոշումը թերեւս իրենց մահ նշանակէր։ Սակայն, անոնք գիտէին թէ Աստուծոյ հաճութեան եւ օրհնութեան պիտի արժանանային։—Դանիէլ 3։16-19
Եթէ խղճամիտ որոշում մը կայացնելէ ետք դժուարութիւններ դիմագրաւենք, ասիկա պատճառ մը չէ եզրակացնելու թէ որոշումը սխալ էր։ «Ժամանակ ու դիպուած» կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ նոյնիսկ լաւագոյն միտումով եղած որոշումներու վրայ։ (Ժողովողի 9։11) Ասկէ զատ, Եհովա երբեմն թոյլ կու տայ որ աննպաստ պայմաններ մեր յանձնառութեան հարազատութիւնը փորձի ենթարկեն։ Յակոբ օրհնութիւն մը ստանալէ առաջ ստիպուեցաւ ամբողջ գիշերը հրեշտակի մը հետ մարտնչիլ։ (Ծննդոց 32։24-26) Մենք ալ թերեւս աննպաստ պայմաններու հետ պէտք է մարտնչինք, նոյնիսկ երբ շիտակ բանը կ’ընենք։ Այսուհանդերձ, երբ մեր որոշումները Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ են, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան մեզի պիտի օգնէ տոկալու եւ թէ ի վերջոյ պիտի օրհնէ մեզ։—Բ. Կորնթացիս 4։7
Հետեւաբար, երբ կարեւոր որոշում մը կու տաք, ձեր իմաստութեան մի՛ վստահիք։ Անոր կիրարկուող Աստուածաշունչի սկզբունքներ փնտռեցէք։ Եհովայի հետ այս հարցին մասին խօսեցէք։ Եթէ կարելի է, հասուն Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հետ խորհրդակցեցէք։ Ապա քաջ եղէք եւ ձեր աստուածատուր ազատ կամքը գործածեցէք պատասխանատու կերպով։ Շիտակ որոշում մը կայացուցէք եւ Եհովայի ցոյց տուէք թէ ձեր սիրտը ուղիղ է իր առջեւ։
[Նկար՝ էջ 28]
Կարեւոր որոշում մը չկայացուցած, Աստուծոյ Խօսքին դիմեցէք
[Նկարներ՝ էջ 28, 29]
Եհովայի խօսեցէք ձեր տալիք որոշումներուն մասին
[Նկար՝ էջ 30]
Ձեր մեծ որոշումներուն մասին հասուն Քրիստոնեաներու հետ կրնաք խորհրդակցիլ