‘Խաղաղութիւն փնտռեցէք եւ անոր ետեւէն գացէք’
‘Խաղաղութիւն փնտռեցէք եւ անոր ետեւէն գացէք’
«Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։18
1, 2. Թուեցէք կարգ մը պատճառներ թէ ինչո՞ւ մարդակերտ խաղաղութիւնը մնայուն չի կրնար ըլլալ։
ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ անկայուն հիմերով, փտած սիւներով ու կքած երդիքով տուն մը։ Պիտի մտածէի՞ք հոն փոխադրուիլ եւ զայն ձեր բնակարանը դարձնել։ Հաւանաբար ոչ։ Նոյնիսկ ներկ մը զարնելը պիտի չփոխէ տան անբնակելի ըլլալուն իրողութիւնը։ Ուշ կամ կանուխ, անիկա կրնայ փուլ գալ։
2 Այս աշխարհին մէջ յառաջ բերուած որեւէ խաղաղութիւն այս տան նման է։ Անիկա շինուած է խախուտ հիմերու՝ մարդկային խոստումներու եւ ռազմավարութիւններու՝ վրայ. սակայն, մարդուն «քով փրկութիւն չկայ»։ (Սաղմոս 146։3) Պատմութիւնը լեցուն է ազգերու, էթնիք խումբերու եւ տոհմերու միջեւ տեղի ունեցած պայքարներու երկար շարքով։ Ճիշդ է թէ պատմութեան մէջ եղած են խաղաղութեան կարճ պահեր, սակայն, ի՞նչպիսի խաղաղութիւն էին անոնք։ Եթէ երկու պետութիւններ կը պատերազմին, ապա խաղաղութիւն կը յայտարարուի, քանի որ պետութիւններէն մէկը կը պարտուի, կամ քանի որ երկուքն ալ կը տեսնեն թէ պատերազմը շարունակելը ապարդիւն է, ի՞նչպիսի խաղաղութիւն կ’ըլլայ անիկա։ Պատերազմը հրահրող ատելութիւնները, կասկածները, եւ նախանձները տակաւին առկայ են։ Խաղաղութիւն մը որ միայն մակերեսային է՝ թշնամութիւնը ծածկող «ներկի խաւ մըն» է, մնայուն խաղաղութիւն մը չէ։—Եզեկիէլ 13։10
3. Աստուծոյ ժողովուրդին խաղաղութիւնը ինչո՞ւ մարդակերտ որեւէ խաղաղութենէ տարբեր է։
3 Այսուհանդերձ, պատերազմով պառակտուած այս աշխարհին մէջ իսկական խաղաղութիւն գոյութիւն ունի։ Ո՞ւր։ Յիսուս Քրիստոսի շաւիղներուն հետեւողներուն՝ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն՝ մէջ, որոնք Յիսուսի խօսքերուն կ’անսան եւ կը ջանան իր կեանքի ընթացքը ընդօրինակել։ (Ա. Կորնթացիս 11։1. Ա. Պետրոս 2։21) Տարբեր ցեղերէ, ընկերային խաւերէ, եւ ազգութիւններէ եկող ճշմարիտ Քրիստոնեաներու միջեւ գոյութիւն ունեցող խաղաղութիւնը իսկական է, քանի որ անիկա Աստուծոյ հետ անոնց ունեցած խաղաղ յարաբերութենէն ծագում կ’առնէ, որ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհագործութեան հանդէպ իրենց հաւատքին վրայ հիմնուած է։ Անոնց խաղաղութիւնը պարգեւ մըն է Աստուծմէ, եւ ո՛չ թէ՝ մարդկային ջանքերով ձեռք ձգուած բան մը։ (Հռովմայեցիս 15։32բ. Եփեսացիս 6։23, 24) Անիկա «Խաղաղութեան Իշխան»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ հնազանդելուն եւ «սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը»՝ Եհովան՝ պաշտելուն արդիւնքն է։—Եսայեայ 9։6. Բ. Կորնթացիս 13։11
4. Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս կրնայ խաղաղութեան ‘ետեւէն երթալ’։
4 Անկատար մարդոց համար խաղաղութիւնը ինքնաբերաբար չի գար։ Անոր համար, Պետրոս ըսաւ թէ ամէն Քրիստոնեայ պէտք է «խաղաղութիւն փնտռէ եւ անոր ետեւէն երթայ»։ (Ա. Պետրոս 3։11) Ի՞նչպէս կարելի է ընել ասիկա։ Վաղեմի մարգարէութիւն մը կը նշէ պատասխանը։ Եսայիի միջոցաւ խօսելով, Եհովա ըսաւ. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ»։ (Եսայեայ 54։13. Փիլիպպեցիս 4։9) Այո, իսկական խաղաղութիւն կ’ունենան անոնք որ Եհովայի ուսուցումներուն կը հնազանդին։ Ասկէ զատ, խաղաղութիւնը՝ ‘սիրոյ, խնդութեան, խաղաղութեան, երկայնմտութեան, քաղցրութեան, բարութեան, հաւատարմութեան, հեզութեան եւ ժուժկալութեան’ հետ մէկտեղ, Աստուծոյ սուրբ հոգիին մէկ պտուղն է։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Անսիրալիր, տխուր, անհամբեր, անգութ, չարամիտ, անհաւատարիմ, բռնաւոր կամ անժուժկալ անհատ մը չի կրնար զայն վայելել։
«Ամէն Մարդու Հետ Խաղաղութիւն Ունեցէ՛ք»
5, 6. (ա) Խաղաղասէր եւ խաղաղարար ըլլալուն միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ։ (բ) Քրիստոնեաները որո՞նց հետ պէտք է ջանան խաղաղարար ըլլալ։
5 Խաղաղութիւնը սահմանուած է որպէս՝ «անդորրութեան կամ հանդարտութեան վիճակ մը»։ Այսպիսի սահմանում մը շատ մը պարագաներ կրնայ պարփակել, որոնց մէջ կռիւը բացակայ է։ Նոյնիսկ մահացած անհատ մը խաղաղութեամբ կը հանգչի։ Սակայն, իսկական խաղաղութիւն վայելելու համար, միայն խաղաղասէր ըլլալը չի բաւեր։ Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»։ (Մատթէոս 5։9, Երուսաղէմ) Հոս Յիսուս կը խօսէր անհատներու, որոնք հետագային Աստուծոյ հոգեւոր որդիները ըլլալու եւ երկինքի մէջ անմահ կեանք ստանալու պատեհութիւնը պիտի ունենային։ (Յովհաննու 1։12. Հռովմայեցիս 8։14-17) Իսկ ի վերջոյ, երկնային յոյս չունեցող բոլոր հաւատարիմները ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ պիտի վայելեն։ (Հռովմայեցիս 8։21) Միայն խաղաղարարները կրնան այսպիսի յոյս մը ունենալ։ Յաճախ տարբերութիւն մը կայ խաղաղասէրին եւ խաղաղարարին միջեւ։ Սուրբ գրային առումով խաղաղարար ըլլալ կը նշանակէ՝ գործօն կերպով խաղաղութիւն յառաջ բերել, երբեմն խաղաղութիւն յառաջացնելով հո՛ն ուր նախապէս անոր պակասը կար։
6 Ասիկա ի մտի ունենալով, նկատի առէք Հռովմէացիներուն ուղղած Պօղոս առաքեալի խրատը. «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք [«խաղաղարար եղէք», ՆԱ]»։ (Հռովմայեցիս 12։18) Պօղոս Հռովմէացիներուն պարզապէս չէր ըսեր որ հանդարտ ըլլային, թէեւ ասիկա օգտակար կրնար ըլլալ։ Ան զիրենք կը քաջալերէր որ խաղաղութիւն ընէին։ Որո՞նց հետ։ «Ամէն մարդու» հետ. ընտանիքի անդամներու, Քրիստոնեայ հաւատակիցներու, նոյնիսկ իրենց հաւատքը չբաժնողներուն հետ։ Ան Հռովմէացիները քաջալերեց որ ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն ընէին ‘որչափ որ կարելի էր’։ Ան ըսել չէր ուզեր որ անոնք խաղաղութեան սիրոյն իրենց հաւատալիքներուն մէջ զիջումներ ընէին։ Փոխանակ անհարկիօրէն ուրիշներու հակառակութիւնը գրգռելու, անոնք պէտք էր անոնց մօտենային խաղաղասէր միտումով։ Քրիստոնեաները այսպէս պէտք էր վարուէին, թէ՛ ժողովքի մէջիններուն եւ թէ դուրսիններուն հետ։ (Գաղատացիս 6։10) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Պօղոս գրեց. «Ամէն ատեն բարիք ընելու ետեւէ եղէք թէ՛ իրարու եւ թէ՛ ամենուն»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։15
7, 8. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս եւ ինչո՛ւ իրենց հաւատքը չբաժնողներուն հանդէպ խաղաղարար են։
7 Ի՞նչպէս կրնանք խաղաղարար ըլլալ անոնց հետ, որոնք մեր հաւատալիքները չեն բաժներ եւ թերեւս նոյնիսկ կը հակառակին անոնց։ Կերպերէն մէկն է՝ գերակայութեան հովեր առնելէ խուսափիլ։ Օրինակ, որոշ անհատներու մասին խօսելու ատեն երբ նուաստացուցիչ արտայայտութիւններ գործածենք՝ խաղաղարար ըլլալէ հեռու կ’ըլլանք։ Եհովա իր դատաստանները յայտնած է կազմակերպութիւններու եւ դասակարգերու դէմ, սակայն իրաւունք չունինք ոեւէ անհատի մասին այնպէս մը խօսիլ, որպէս թէ արդէն դատապարտուած է։ Իրականութեան մէջ, մենք չենք դատեր ուրիշները, նոյնիսկ՝ մեր հակառակորդները։ Տիտոսի ըսելէ ետք որ Կրէտէի Քրիստոնեաները խրատէ մարդկային կառավարութիւններու նկատմամբ իրենց վերաբերմունքին մասին, Պօղոս ըսաւ որ անոնց յիշեցնէ Տիտոս 3։1, 2
որ ‘մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընեն, կռուարար չըլլան, հապա՝ հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն’։—8 Մեր հաւատքը չբաժնողներուն հետ խաղաղարար ըլլալը, ճշմարտութիւնը անոնց յանձնարարելու մեծապէս կը նպաստէ։ Անշուշտ, ‘աղէկ բարքը ապականող չար ընկերակցութիւններ’ չենք մշակեր։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Այսուհանդերձ, կրնանք քաղաքավար ըլլալ, եւ բոլոր մարդոց հետ յարգարժանօրէն ու ազնուութեամբ վարուիլ։ Պետրոս գրեց. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահե[ցէք], որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը»։—Ա. Պետրոս 2։12
Ծառայութեան Մէջ Խաղաղարար
9, 10. Պօղոս անհաւատներու հետ խաղաղարար կերպով վարուելու մէջ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։
9 Առաջին դարու Քրիստոնեաները ճանչցուած էին իրենց համարձակութեան համար։ Անոնք իրենց պատգամը չէին մեղմացներ, եւ երբ հակառակութեան հանդիպէին, անոնք վճռած էին Աստուծոյ հնազանդիլ որպէս իշխան քան թէ՝ մարդոց։ (Գործք 4։29. 5։29) Այսուհանդերձ, անոնք համարձակութիւնը չշփոթեցին կոշտութեան հետ։ Նկատի առէք Պօղոսի մերձեցումը, երբ ան իր հաւատքը կը պաշտպանէր Հերովդէս Ագրիպպաս Բ.–ի առջեւ։ Հերովդէս Ագրիպպաս իր քրոջ Բերինիկէի հետ ազգապիղծ յարաբերութիւն մը ունէր։ Սակայն, Պօղոս բարոյականի մասին քարոզ մը չկարդաց Ագրիպպասի։ Հապա կեցաւ այն կէտերու վրայ, որոնց շուրջ համաձայն էին, Ագրիպպասի տալով հրէական սովորութիւններու մասնագէտ՝ ու մարգարէներուն հաւատացող մը ըլլալու վարկը։—Գործք 26։2, 3, 27
10 Արդեօք Պօղոս կեղծաւորութեամբ կը փաղաքշէ՞ր այն մարդը որ կրնար իրեն ազատութիւն շնորհել։ Ո՛չ։ Պօղոս ինք իր տուած խրատը կիրարկեց եւ ճշմարտութիւնը խօսեցաւ։ Հերովդէս Ագրիպպասի ուղղած իր խօսքերուն մէջ անճիշդ բան մը չկար։ (Եփեսացիս 4։15) Սակայն, Պօղոս խաղաղարար անհատ մըն էր եւ գիտէր ի՛նչպէս ‘ամենուն հետ ամէն բան ըլլալ’։ (Ա. Կորնթացիս 9։22) Իր նպատակն էր Յիսուսի մասին քարոզելու իր իրաւունքը պաշտպանել։ Հմուտ ուսուցիչ մը ըլլալով, ան իր խօսակցութիւնը սկսաւ իրեն եւ Ագրիպպասի միջեւ հասարակաց եղող բան մը յիշելով։ Այսպիսով Պօղոս այդ անբարոյ թագաւորին օգնեց որ Քրիստոնէութեան մասին աւելի դրական տպաւորութիւն մը ունենար։—Գործք 26։28-31
11. Մեր ծառայութեան մէջ ի՞նչպէս կրնանք խաղաղարարներ ըլլալ։
11 Ի՞նչպէս կրնանք մեր ծառայութեան մէջ խաղաղարար ըլլալ։ Պօղոսի նման, վիճաբանութիւններէ խուսափելով։ Ճիշդ է որ երբեմն ‘Աստուծոյ խօսքը առանց վախի պէտք է խօսինք’, համարձակօրէն պաշտպանելով մեր հաւատքը։ (Փիլիպպեցիս 1։14) Սակայն, շատ մը պարագաներուն, մեր գլխաւոր նպատակն է բարի լուրը քարոզել։ (Մատթէոս 24։14) Եթէ անհատ մը Աստուծոյ նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնայ, այն ատեն ան կրնայ կրօնական սուտ գաղափարները մէկ կողմ նետել եւ ինքզինք պիղծ սովորութիւններէ մաքրել։ Հետեւաբար, որքան որ կարելի է, լաւ կ’ըլլայ շեշտել այնպիսի բաներ, որոնք մեր ունկնդիրներուն գրաւիչ կրնան թուիլ, սկսելով՝ մեր եւ իրենց միջեւ հասարակաց եղած բաներով։ Անշահաւէտ պիտի ըլլար թշնամանքը շահիլ անհատի մը, որուն եթէ փափկանկատութեամբ մօտենայինք, կրնար մեր պատգամին ականջ տալ։—Բ. Կորնթացիս 6։3
Խաղաղարարներ՝ Ընտանիքին Մէջ
12. Ընտանիքին մէջ ի՞նչ կերպերով խաղաղարարներ կ’ըլլանք։
12 Պօղոս ըսաւ թէ ամուսնացողները «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան»։ (Ա. Կորնթացիս 7։28) Անոնք զանազան դժուարութիւններու պիտի հանդիպին։ Ուրիշ բաներու կողքին, կարգ մը ամոլներ ժամանակ առ ժամանակ անհամաձայնութիւններ պիտի ունենան։ Ասոնք ի՞նչպէս ձեռք պէտք է առնուին։ Խաղաղ կերպով։ Խաղաղարար անհատ մը պիտի ջանայ կռիւին առաջքը առնել, անիկա մեծնալէ առաջ։ Ի՞նչպէս։ Նախ, լեզուն սանձելով։ Երբ հեգնական ու նախատական դիտողութիւններ ընելու համար գործածուի, այս փոքրիկ անդամը կրնայ իրապէս «անզուսպ չար . . . ու մահաբեր թոյնով լեցուն» ըլլալ։ (Յակոբու 3։8) Խաղաղարար անհատը իր լեզուն կը գործածէ կերտելու համար, եւ ոչ թէ՝ քանդելու։—Առակաց 12։18
13, 14. Ի՞նչպէս կրնանք խաղաղութիւնը պահպանել երբ խօսքով սխալինք կամ երբ տրամադրութիւնները տաքնան։
13 Անկատար ըլլալով, բոլորս ալ երբեմն կ’ըսենք բաներ՝ որոնց համար հետագային կը զղջանք։ Երբ ասիկա պատահի, անյապաղ խնդիրը լուծելու նայեցէք՝ խաղաղութիւնը հաստատեցէք։ (Առակաց 19։11. Կողոսացիս 3։13) Խուսափեցէք բառերու շուրջ «վէճեր»ու եւ «զրաբանութիւններ»ու մէջ մխրճուելէ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։4, 5) Փոխարէն, խորը թափանցեցէք եւ ջանացէք ձեր կողակիցին զգացումները հասկնալ։ Եթէ ձեզի անհաճոյ խօսքեր ըսուին, նոյն կերպով մի՛ փոխադարձէք։ Յիշեցէք թէ «մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ»։—Առակաց 15։1
14 Երբեմն, պէտք է անսաք Առակաց 17։14–ի խրատին. «Վէճը չբռնկած ետ քաշուէ»։ Ետ քաշուեցէք կացութենէ մը որ կրնայ բռնկիլ։ Հետագային, երբ տրամադրութիւնները հանդարտին, թերեւս կարենաք խնդիրը խաղաղութեամբ լուծել։ Կարգ մը պարագաներու, հասուն Քրիստոնեայ տեսուչէ մը օգնութիւն խնդրելը խոհեմութիւն կրնայ ըլլալ։ Այսպիսի փորձառու եւ կարեկից տղամարդիկ կրնան կազդուրիչ օգնութիւն մը ըլլալ, երբ ամուսնական խաղաղութիւնը վտանգուած է։—Եսայեայ 32։1, 2
Խաղաղարարներ՝ Ժողովքին Մէջ
15. Յակոբոսի համաձայն, կարգ մը Քրիստոնեաներու մէջ ի՞նչ վատ հոգի զարգացած էր, եւ այդ հոգին ինչո՞ւ «երկրաւոր, շնչաւոր եւ դիւական» է։
15 Դժբախտաբար, առաջին դարու Քրիստոնեաներէն ոմանք նախանձի եւ հակառակութեան հոգի մը ցուցաբերեցին՝ խաղաղութեան ճի՛շդ հակառակը։ Յակոբոս ըսաւ. «Այս իմաստութիւնը վերէն իջած չէ, հապա երկրաւոր, շնչաւոր եւ դիւական է։ Քանզի ուր նախանձ ու կռիւ [«հակառակութիւն», Յակոբու 3։14-16) Ոմանք կը խորհին թէ «հակառակութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը, անձնասէր փառասիրութեան, դիրքի համար պայքարելուն կ’ակնարկէ։ Հետեւաբար, լաւ պատճառով մը Յակոբոս զայն «երկրաւոր, շնչաւոր եւ դիւական» կը պիտակէ։ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, աշխարհի կառավարիչներ կռուարար վարմունք ունեցած են, գազաններու նման զիրար պատառելով։ Արդարեւ հակառակութիւնը «երկրաւոր» ու «շնչաւոր» է։ Անիկա նաեւ «դիւական» է։ Այս նենգ յատկութիւնը առաջին անգամ ցուցաբերուեցաւ իշխանութեան ծարաւ հրեշտակին կողմէ, որ Եհովա Աստուծոյ հակառակելով Սատանայ՝ դեւերու իշխանը եղաւ։
Երուսաղէմ] կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները»։ (16. Առաջին դարու Քրիստոնեաներէն ոմանք ի՞նչպէս Սատանայի հոգիին նման հոգի մը ցուցաբերեցին։
16 Յակոբոս Քրիստոնեաները յորդորեց որ զգուշանան հակառակութեան հոգի մը զարգացնելէ, քանի որ անիկա խաղաղութեան դէմ կը գործէ։ Ան գրեց. «Ուրկէ՞ են պատերազմները եւ ուրկէ՞ կռիւները ձեր մէջ։ Չէ՞ որ ձեր ցանկութիւններէն, որոնք ձեր անդամներուն մէջ կը պատերազմին»։ (Յակոբու 4։1) Հոս, «ցանկութիւններ»ը կրնան ակնարկել՝ նիւթական բաներու հանդէպ եղած ագահ տենչի մը, կամ՝ դիրք ու հեղինակութիւն ձեռք ձգելու փափաքի մը։ Սատանայի նման, հաւանաբար ոմանք ժողովքներուն մէջ կ’ուզէին փայլուն անհատներ ըլլալ, փոխանակ «փոքրագոյն»ը ըլլալու, ինչպէս Յիսուս ըսած էր որ իր ճշմարիտ հետեւորդները ըլլային։ (Ղուկաս 9։48, Երուսաղէմ) Այսպիսի հոգի մը ժողովքին խաղաղութիւնը կրնայ խլել։
17. Ներկայիս Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան խաղաղարարներ ըլլալ ժողովքին մէջ։
17 Ներկայիս, նիւթապաշտութեան, նախանձի կամ ունայն փառասիրութեան հակումներուն ալ պէտք է ընդդիմանանք։ Եթէ իսկական խաղաղարարներ ենք, մեր դիրքը վտանգուած պէտք չէ զգանք, երբ ժողովքին անդամներէն ոմանք կարգ մը գործունէութիւններու մէջ մեզմէ աւելի հմուտ ըլլան, ո՛չ ալ զանոնք պիտի վարկաբեկենք ուրիշներու դիմաց, անոնց շարժառիթները հարցի տակ դնելով։ Եթէ աչքառու կարողութիւն մը ունինք, զայն պիտի չգործածենք ցոյց տալու համար որ ուրիշներէն գերազանց ենք, այնպէս մը հասկցնելով թէ ժողովքը կը բարգաւաճի միայն մեր հմտութեան ու վարպետութեան շնորհիւ։ Այսպիսի հոգի մը բաժանում կը պատճառէ, ո՛չ թէ՝ խաղաղութիւն։ Խաղաղարարները իրենց տաղանդները չեն ցուցադրեր, այլ համեստօրէն զանոնք կը գործածեն իրենց եղբայրներուն ծառայելու եւ Եհովայի պատիւ բերելու համար։ Անոնք կը գիտակցին թէ ի վերջոյ, սէ՛րն է եւ ոչ թէ՝ կարողութիւնը, որ կը բնորոշէ ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը։—Յովհաննու 13։35. Ա. Կորնթացիս 13։1-3
«Քու Վերակացուներդ Խաղաղութիւն Պիտի Սիրեն»
18. Երէցները իրարու միջեւ ի՞նչպէս խաղաղութիւն կը յառաջացնեն։
18 Ժողովքի երէցները խաղաղարար ըլլալու մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն։ Եհովա իր ժողովուրդին նկատմամբ նախագուշակեց ըսելով. «Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն»։ (Եսայեայ 60։17) Այս մարգարէական խօսքերուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, որպէս Քրիստոնեայ հովիւներ ծառայողները ծանր կ’աշխատին, իրարու միջեւ եւ հօտին մէջ խաղաղութիւն յառաջացնելու համար։ Երէցները կրնան իրարու միջեւ խաղաղութիւն պահել, խաղաղարար ու բանաւոր «վերին իմաստութիւնը» ցուցաբերելով։ (Յակոբու 3։17) Քանի որ տարբեր ենթահողեր ու կեանքի փորձառութիւններ ունին, ժողովքի մը երէցները երբեմն իրարմէ տարբեր տեսակէտներ կրնան ունենալ։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ անոնք խաղաղութիւն չունին։ Ո՛չ, եթէ այսպիսի կացութիւն մը պատշաճօրէն ձեռք առնուի։ Խաղաղարարները համեստօրէն կ’արտայայտեն իրենց գաղափարները, ապա ուրիշներու գաղափարները մտիկ կ’ընեն։ Փոխանակ իր տեսակէտին վրայ պնդելու, խաղաղարար անհատ մը աղօթքով իր եղբօր տեսակէտն ալ նկատի պիտի առնէ։ Եթէ Աստուածաշունչի սկզբունք մը ոտնակոխուած չէ, սովորաբար այլազան տեսակէտներ ընդունելի են։ Երբ ուրիշներ իր հետ համամիտ չըլլան, խաղաղարար անհատ մը տեղի պիտի տայ եւ մեծամասնութեան որոշումին թիկունք պիտի կանգնի։ Այսպիսով ցոյց պիտի տայ թէ ինք բանաւոր մէկն է։ (Ա. Տիմոթէոս 3։2, 3, ՆԱ) Փորձառու տեսուչներ գիտեն թէ խաղաղութիւնը պահպանելը շատ աւելի կարեւոր է քան բան մը իրենց ուզածին պէս ընելը։
19. Երէցները ի՞նչպէս ժողովքին մէջ որպէս խաղաղարարներ կը ծառայեն։
19 Երէցները հօտին անդամներուն հետ խաղաղութիւնը կը պահեն անոնց օգնելով, եւ անտեղիօրէն անոնց ջանքերը չքննադատելով։ Անշուշտ, երբեմն ոմանք սրբագրուելու կարիքը կրնան ունենալ։ (Գաղատացիս 6։1) Սակայն, Քրիստոնեայ տեսուչին գործը գլխաւորաբար կրթութիւն տալ չէ։ Ան յաճախ կը գովէ։ Սիրալիր երէցներ կը ջանան ուրիշներուն լաւ կողմերը տեսնել։ Տեսուչները կը գնահատեն Քրիստոնեայ հաւատակիցներու ծանր աշխատանքը, եւ վստահութիւն ունին որ իրենց հաւատակիցները իրենց լաւագոյնը կ’ընեն։—Բ. Կորնթացիս 2։3, 4
20. Ժողովքը ի՞նչ կերպերով կ’օգտուի եթէ բոլորն ալ խաղաղարար անհատներ ըլլան։
20 Հետեւաբար, ընտանիքին, ժողովքին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մեր հաւատքը չբաժնողներուն հետ կը ջանանք խաղաղարար ըլլալ, խաղաղութեան համար աշխատիլ։ Եթէ ժրաջանօրէն խաղաղութիւն մշակենք, ժողովքին ուրախութեան կը նպաստենք։ Միեւնոյն ատեն, բազմաթիւ կերպերով պիտի պաշտպանուինք ու զօրանանք, ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ։
Կը յիշէ՞ք
• Ի՞նչ կը նշանակէ խաղաղարար ըլլալ։
• ի՞նչպէս կրնանք խաղաղարար ըլլալ երբ Վկայ չեղող անհատներուն հետ գործ ունինք։
• Ընտանիքին մէջ խաղաղութիւն մշակելու կերպերէն ոմանք ի՞նչ են։
• Երէցները ի՞նչպէս կրնան ժողովքին մէջ խաղաղութիւն յառաջացնել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 9]
Խաղաղարարները գերակայութեան հովեր առնելէ կը խուսափին
[Նկարներ՝ էջ 10]
Քրիստոնեաները ծառայութեան, տան եւ ժողովքին մէջ խաղաղարար անհատներ են