Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Կողոսացիս 1։16–ը Աստուծոյ Որդիին մասին կ’ըսէ թէ «բոլոր բաները անով ու անոր համար ստեղծուեցան»։ Ի՞նչ առումով ամէն բան Աստուծոյ Որդիին «համար» ստեղծուեցան։

Եհովա իր միածին Որդին որպէս ճարտարապետ գործածեց, միւս բոլոր բաները ստեղծելու ատեն, այսինքն, Յիսուսէն զատ՝ ամէն բան։ (Առակաց 8։27-30. Յովհաննու 1։3) Տեղին ըլլալով, այս գործերը հաճոյք կը պատճառեն Որդիին, եւ այս առումով անոնք ‘իրեն’ համար են։

Գիտենք թէ մարդկային ծնողներ կ’ակնկալեն մեծապէս հրճուիլ իրենց յառաջ բերած զաւակներով։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչի Առակաց գիրքը կ’ըսէ. «Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ»։ (Առակաց 10։1. 29։17) Իսրայէլն ալ հաճոյալի էր Եհովա Աստուծոյ, երբ իր ժողովուրդը հաւատարիմ էր իրեն։ (Սաղմոս 44։3. 119։108. 147։11) Աստուած հիմա ալ կ’ուրախանայ իր ուղղամիտ ծառաներուն հաւատարմութեամբ։—Առակաց 12։22. Եբրայեցիս 10։38

Ուստի, տեղին էր որ Աստուած թոյլ տար որ իր գործակիցը՝ Յիսուս՝ իր իրագործումներէն հաճոյք քաղէր։ Իրականութեան մէջ, Առակաց 8։31-ը կ’ըսէ թէ Որդին ‘բնակելի երկրի վրայ կ’ուրախանար ու իր զուարճութիւնը մարդոց որդիներուն հետ էր’։ Այս իմաստով է որ Կողոսացիս 1։16–ը կ’ըսէ. «Բոլոր բաները անով ու անոր համար ստեղծուեցան»։