Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւոր լոյս կը փայլի Միջին Արեւելքի մէջ

Հոգեւոր լոյս կը փայլի Միջին Արեւելքի մէջ

Կենսագրութիւն

Հոգեւոր լոյս կը փայլի Միջին Արեւելքի մէջ

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՆԷԺԻՊ ՍԵԼԸՄ–Ի ԿՈՂՄԷ

Հ.Դ. Առաջին դարուն, Աստուծոյ Խօսքին լոյսը Միջին Արեւելքէն փայլեցաւ եւ հասաւ մինչեւ երկրի հեռաւոր անկիւնները։ 20–րդ դարու ընթացքին, այդ լոյսը ետ դարձաւ, աշխարհի այդ մասը անգամ մը եւս լուսաւորելու համար։ Թոյլ տուէք որ պատմեմ թէ ասիկա ի՛նչպէս տեղի ունեցաւ։

ԾՆԱԾ եմ 1913–ին, հիւսիսային Լիբանանի Էմիուն գիւղաքաղաքին մէջ։ Ասիկա աշխարհի մէջ յարաբերական կայունութեան ու անդորրութեան վերջին տարին էր, քանի որ յաջորդ տարին՝ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը ծագեցաւ։ 1918–ին երբ պատերազմը վերջացաւ, Լիբանանը՝ որ այն ատեն հանրածանօթ էր որպէս Միջին Արեւելքի գոհարը՝ տնտեսական ու քաղաքական գետնի վրայ բոլորովին քայքայուած էր։

1920–ին, երբ թղթատարական սպասարկութիւնները վերսկսան գործել Լիբանանի մէջ, օտարութեան մէջ գտնուող Լիբանանցիները սկսան նամակներ ուղարկել Լիբանան։ Անոնց մէջ կային մօրեղբայրներս՝ Ապտալլա եւ Ճորճ Ղանթուսը։ Անոնք նամակ գրեցին իրենց հօր՝ Հապիպ Ղանթուսին, որ իմ մեծ հայրս էր, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին պատմելով։ (Մատթէոս 24։14) Իր որդիներուն ղրկած նամակներուն բովանդակութիւնը իր գիւղաքաղաքի բնակիչներուն պատմելն իսկ, մեծ հայրս ծաղրանքի առարկայ դարձուց։ Գիւղաքաղաքի բնակիչները տարաձայնութիւն հանեցին թէ Հապիպին տղաքը՝ իրենց հայրը կը քաջալերէին որ իր արտը ծախէր, էշ մը գնէր, եւ քարոզելու երթար։

Լոյսին Սկիզբնական Տարածումը

Յաջորդ տարին՝ 1921–ին, Պրուքլինի մէջ (Նիւ Եորք) ապրող Միշէլ Ապպուտը վերադարձաւ Թրիփոլի, Լիբանան։ Ան Աստուածաշունչի Աշակերտ մը եղած էր, ինչպէս որ Եհովայի Վկաները կը կոչուէին այն ժամանակ։ Թէեւ Եղբայր Ապպուտին բարեկամներէն եւ ազգականներէն շատեր Աստուածաշունչի պատգամին չընդառաջեցին, սակայն երկու հանրածանօթ անհատներ ասիկա ըրին. ուսուցիչ մը՝ Իպրահիմ Աթիէհ եւ ատամնաբոյժ մը՝ Հաննա Շըմմէս։ Իրականութեան մէջ, Տոքթ. Շըմմէսը իր տունն ու դարմանատունը քրիստոնէական ժողովներու համար տրամադրեց։

Տակաւին տղեկ մըն էի երբ Եղբայր Ապպուտը եւ Եղբայրը Շըմմէսը ծննդավայրս՝ Էմիուն՝ այցելեցին։ Անոնց այցելութիւնը խոր տպաւորութիւն ձգեց իմ վրաս, եւ սկսայ ծառայութեան մէջ Եղբայր Ապպուտին ընկերակցիլ։ 40 տարի ծառայութեան մէջ անբաժան ընկերներ մնացինք, մինչեւ Եղբայր Ապպուտի մահը, որ տեղի ունեցաւ 1963–ին։

1922-1925–ի միջեւ, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան լոյսը լայն կերպով տարածուեցաւ հիւսիսային Լիբանանի շատ մը գիւղերուն մէջ։ 20–էն 30 անհատներ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար անձնական տուներու մէջ կը հաւաքուէին. մեր տունը անոնցմէ մէկն էր Էմիունի մէջ։ Կղերները մանուկներ կը ղրկէին որպէսզի թիթեղէ տուփերու վրայ զարնեն, պոռան ու ճչան մեր ժողովները խանգարելու համար, ուստի երբեմն սոճիի անտառին մէջ կը հաւաքուէինք։

Երբ պատանի էի, ծառայութեան եւ քրիստոնէական բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուելու հանդէպ նախանձախնդրութիւնս պատճառ եղաւ որ Տիմոթէոս ծածկանունը շահիմ։ Դպրոցի տնօրէնը ինծի հրամայեց որ դադրիմ «այդ ժողովներուն» ներկայ գտնուելէ։ Երբ մերժեցի՝ դպրոցէն վռնտուեցայ։

Սուրբ Գրային Երկիրներուն Մէջ Վկայութիւն Տալ

1933–ին, մկրտութենէս անմիջապէս ետք, ռահվիրայութեան ծառայութեան՝ Եհովայի Վկաներուն կոչած լիաժամ ծառայութեան՝ ձեռնարկեցի։ Թէեւ այն ատեն թիւով քիչ էինք, սակայն ո՛չ միայն հիւսիսային Լիբանանի գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ քարոզեցինք, այլեւ՝ հասանք Պէյրութ եւ անոր արուարձանները եւ մինչեւ Լիբանանի հարաւը։ Այդ սկիզբի տարիներուն, սովորաբար հետիոտն կամ էշով կը ճամբորդէինք, Յիսուս Քրիստոսի եւ իր առաջին դարու աշակերտներուն նման։

1936–ին, տարիներ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակած Լիբանանցի Վկայ մը՝ Եուսուֆ Ռահհալ՝ այցելութեան եկաւ Լիբանան։ Ան իր հետ բերաւ ձայնի գործիքներ եւ երկու ֆոնոկրաֆ։ Գործիքները դրինք 1931 տիպի Ֆորտ ինքնաշարժի մը վրայ եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ լայնքին ու երկայնքին շրջեցանք, Թագաւորութեան պատգամը հեռաւոր վայրեր տանելով։ Բարձրախօսը կը լսուէր աւելի քան 10 քիլոմեթր հեռուէն։ Մարդիկ իրենց երդիքը կը բարձրանային լսելու համար, ըստ իրենց նկարագրութեան՝ երկնքէն եկած ձայնը։ Դաշտին մէջ եղողները իրենց գործը ձգելով կը մօտենային, մտիկ ընելու համար։

Եուսուֆ Ռահհալին հետ կատարած վերջին ճամբորդութիւններէս մէկը դէպի Հալէպ էր, Սուրիա, 1937–ի ձմրան։ Միացեալ Նահանգներ վերադառնալէ առաջ, միասին Պաղեստին ալ գացինք։ Հոն այցելեցինք Հայֆա եւ Երուսաղէմ քաղաքները, ինչպէս նաեւ կարգ մը գիւղեր։ Մեր այցելած անհատներէն մէկը՝ Իպրահիմ Շըհատին էր, որուն նախապէս նամակագրութեամբ ծանօթացած էի։ Իպրահիմը Աստուածաշունչի գիտութեան մէջ այն աստիճան յառաջդիմած էր, որ մեր այցելութեան ընթացքին սկսաւ մեր հետ տունէ տուն ծառայութեան մասնակցիլ։—Գործք 20։20, ՆԱ

Նաեւ անհամբեր էի հանդիպելու Փրոֆէսէօր Խալիլ Ըպըրսիին, թունդ Կաթողիկէ մը, որ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր նամակագրութեամբ։ Ան ի՞նչպէս ձեռք ձգած էր Լիբանանի մէջ գտնուող Վկաներուն հասցէն։ Հայֆայի խանութներէն մէկուն մէջ, խանութպանը Խալիլին գնած ապրանքները ծրարած էր Եհովայի Վկաներու գրականութիւններէն պատռուած էջի մը մէջ։ Այդ թերթին վրայ մեր հասցէն կար։ Հաճելի հանդիպում մը ունեցանք, եւ հետագային՝ 1939–ին, Թրիփոլի եկաւ մկրտուելու համար։

1937–ին, Փեթրոս Լակագոսը եւ իր կինը Թրիփոլի եկան։ Յաջորդ քանի մը տարիներու ընթացքին, երեքս միասին Լիբանանի եւ Սուրիոյ մեծ մասը ծածկեցինք, Թագաւորութեան պատգամը մարդոց տուները տանելով։ Մինչեւ Եղբայր Լակագոսի մահը՝ 1943–ին, Վկաները արդէն իսկ հոգեւոր լոյսը տարած էին Լիբանանի, Սուրիոյ ու Պաղեստինի գրեթէ բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը։ Երբեմն, շուրջ 30 հոգիով ինքնաշարժով կամ օթոպիւսով ճամբայ կ’ելլէինք առաւօտեան ժամը 3։00–ին, հեռաւոր վայրեր երթալու համար։

1940–ական թուականներուն, Իպրահիմ Աթիէհն Դիտարան–ը Արաբերէնի թարգմանեց։ Անկէ ետք, այս պարբերաթերթէն չորս օրինակ ձեռքով կ’ընդօրինակէի եւ զանոնք Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ գտնուող Վկաներուն կը ղրկէի։ Այդ օրերուն, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, մեր քարոզչութեան դէմ բուռն հակառակութիւն կար, սակայն, շարունակեցինք կապի մէջ մնալ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սիրող բոլոր անհատներուն հետ։ Անձնապէս քաղաքներու եւ անոնց շրջակայքը եղող գիւղերուն քարտէսները գծեցի, եւ ջանացինք բարի լուրը անոնց հասցնել։

1944–ին, մինչ Բ. Աշխարհամարտը գործընթացի մէջ էր, ամուսնացայ՝ ռահվիրայ ընկերակիցիս՝ Միշէլ Ապպուտի աղջկան՝ Էվլինին հետ։ Ժամանակի ընթացքին, երեք զաւակ ունեցանք, աղջիկ մը եւ երկու մանչ։

Միսիոնարներուն Հետ Գործակցութիւն

Պատերազմը լրանալէն քիչ ետք, Գաղաադու միսիոնարական Դպրոցէն շրջանաւարտներ, առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան եկան։ Որպէս արդիւնք՝ Լիբանանի առաջին ժողովքը հաստատուեցաւ եւ ես խումբի ծառայ նշանակուեցայ։ Ապա, 1947–ին, Նաթան Հ. Նորը եւ իր քարտուղարը՝ Միլթըն Կ. Հէնչըլը Լիբանան այցելեցին եւ մեծ քաջալերութիւն եղան եղբայրներուն։ Շատ չանցած, յաւելեալ միսիոնարներ հասան, եւ անոնք մեծապէս օգնեցին որ մեր ծառայութիւնն ու ժողովքային հանդիպումները կազմակերպուին։

Սուրիոյ հեռաւոր մէկ շրջանը կատարած մեր ճամբորդութիւններէն մէկուն ընթացքին, տեղւոյն եպիսկոպոսներէն մէկը մեզի հակառակեցաւ։ Ան մեզ ամբաստանեց թէ այդպէս կոչուած սիօնական գրականութիւններ կը ցրուէինք։ Ծիծաղելին այն էր որ 1948–էն առաջ, կղերները մեզ «Համայնավար» կը պիտակէին։ Այդ առիթով ձերբակալուեցանք եւ երկու ժամի չափ հարցաքննուեցանք, որուն ընթացքին հոյակապ վկայութիւն մը տրուեցաւ։

Վերջաւորութեան, դատը մտիկ ընող դատաւորը ըսաւ. «Թէեւ կ’անիծեմ այն մօրուքաւորը [եպիսկոպոսին ակնարկող արտայայտութիւն մը] որ ձեզի դէմ այս ամբաստանութիւնները ըրած է, սակայն, անոր շնորհակալ եմ որ ինծի պատեհութիւն տուաւ որ ձեզի ծանօթանամ եւ ձեր ուսուցումներուն մասին տեղեկանամ»։ Ապա մեզմէ ներողութիւն խնդրեց պատճառած նեղութեան համար։

Տասը տարի ետք, երբ Պէյրութ գացող օթոպիւսի մը մէջ էի, քովս նստող մարդուն հետ սկսայ խօսիլ. ան երկրագործական ճարտարապետ մըն էր։ Մեր հաւատալիքներուն մասին քանի մը վայրկեան մտիկ ընելէ ետք, ան ըսաւ թէ ասոր նման խօսակցութիւն մը լսած էր Սուրիոյ մէջ բնակող բարեկամէ մը։ Ո՞վ էր այդ բարեկամը։ Ա՛յն դատաւորը, որ մեր դատը ունկնդրած էր տասը տարի առաջ։

1950–ական թուականներուն, Իրաքի մէջ գտնուող Վկաներուն այցելեցի, եւ անոնց հետ դռնէ դուռ վկայութեան մասնակցեցայ։ Նաեւ ճամբորդութիւններ կատարեցի դէպի Յորդանան եւ Այսր Յորդանան։ 1951–ին, Բեթլէհէմ գացող չորս Վկաներէն մէկն էի։ Հոն Տէրունական Ընթրիքը տօնակատարեցինք։ Այդ առիթին ներկայ գտնուող բոլոր անհատները, նոյն առաւօտուն օթոպիւսով Յորդանան Գետ գացին, ուր 22 հոգի մկրտուեցաւ, Եհովայի հանդէպ իրենց նուիրումը խորհրդանշելով։ Ամէն անգամ որ այդ շրջանին մէջ հակառակութիւն դիմագրաւէինք, կ’ըսէինք. «Եկած ենք ձեզի ըսելու թէ ձեր ազգակիցներէն մէկը համայն երկրի վրայ Թագաւոր պիտի ըլլայ։ Ինչո՞ւ կը նեղուիք։ Ուրա՛խ պէտք է ըլլաք»։

Քարոզել՝ Դժուարին Պայմաններու Ներքեւ

Միջին Արեւելքի մէջ մարդիկ ընդհանուր առմամբ բարեացակամ, հեզ եւ հիւրասէր են։ Շատեր Աստուծոյ Թագաւորութեան պատգամը հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընեն։ Իրականութեան մէջ, ուրիշ ո՛չ մէկ բան կրնայ աւելի թարմացուցիչ ըլլալ, քան՝ գիտնալը թէ Աստուածաշունչի հետեւեալ խոստումը շուտով պիտի կատարուի. «Աստուած ինք [իր ժողովուրդին] հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։—Յայտնութիւն 21։3, 4

Անդրադարձած եմ թէ մեր գործունէութեան հակառակողներէն շատեր, խորքին մէջ չեն հասկնար մեր գործը եւ մեր կրած պատգամը։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները շատ ջանք թափած են որ մեզ սխալ կերպով ներկայացնեն։ Հետեւաբար, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, որ սկսաւ 1975–ին եւ տեւեց աւելի քան 15 տարիներ, Վկաները շատ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին։

Անգամ մը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէի ընտանիքի մը հետ, որու անդամները մոլեռանդ եկեղեցասէրներ էին։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվելու մէջ անոնց հոյակապ յառաջդիմութիւնը, կղերները զայրացուց։ Այդ պատճառով, գիշեր մը տեղական կրօնական խումբ մը իր անդամները գրգռեց որ այս ընտանիքին պատկանող խանութին վրայ յարձակում գործեն. անոնք 10,000 Ամերիկեան տոլար արժող ապրանք այրեցին։ Նոյն գիշերը, անոնք եկան ու զիս բռնի տարին։ Սակայն, անոնց ղեկավարին հետ կրցայ պատճառաբանել, բացատրելով որ, եթէ իրենք իսկապէս Քրիստոնեաներ ըլլային, բարբարոսաբար չէին վարուէր։ Ասոր վրայ, ան պատուիրեց որ ինքնաշարժը կեցնեն եւ ինծի հրամայեց որ երթամ։

Ուրիշ առիթով մը, չորս զինեալներ զիս առեւանգեցին։ Բազմաթիւ սպառնալիքներէ ետք, անոնց առաջնորդը՝ որ ըսած էր թէ զիս պիտի գնդակահարէր, յանկարծ իր միտքը փոխեց եւ զիս ազատ արձակեց։ Այս մարդոցմէ երկուքը մարդասպանութեան եւ գողութեան համար այժմ բանտարկուած են, իսկ միւս երկուքը՝ սպաննուած են։

Վկայելու Այլ Պատեհութիւններ

Յաճախ պատեհութիւնը ունեցած եմ մէկ երկրէն միւսը օդանաւով ճամբորդելու։ Անգամ մը, երբ Պէյրութէն Միացեալ Նահանգներ կը ճամբորդէի, Շարլ Մելըքի՝ Լիբանանի նախկին արտաքին գործոց նախարարին՝ քով նստեցայ։ Ան ուշի ուշով մտիկ ըրաւ, եւ Աստուածաշունչէն ընթերցած իւրաքանչիւր համարին համար գնահատութիւն յայտնեց։ Վերջաւորութեան, ան ըսաւ թէ Թրիփոլիի մէջ իր յաճախած դպրոցին դասատուն Իպրահիմ Աթիէհն էր, այն մարդը, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ծանօթացած էր իմ աներոջս միջոցաւ։ Պրն. Մելըք ըսաւ թէ Իպրահիմը իրեն սորվեցուցած էր յարգել Աստուածաշունչը։

Ուրիշ թռիչքի մը ընթացքին, Միացեալ Ազգերու մէջ Պաղեստինցի ներկայացուցիչի մը քով նստայ։ Պատեհութիւնը ունեցայ անոր Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին խօսելու։ Հետագային, ան Նիւ Եորքի մէջ բնակող իր եղբօր ընտանիքին ծանօթացուց զիս, որոնց յաճախ այցելեցի։ Ազգականներէս մէկն ալ Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Ազգերու շէնքին մէջ կ’աշխատէր։ Անգամ մը իր գրասենեակը այցելեցի եւ երեք ժամ մնացի, որու ընթացքին կրցայ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին վկայութիւն մը տալ։

Այժմ 88 տարեկան եմ, եւ տակաւին կարող եմ ժողովքային պատասխանատուութիւններու հոգ տանելու մէջ գործօն մասնակցութիւն բերելու։ Կինս՝ Էվլինը, տակաւին Եհովայի կը ծառայէ իմ կողքիս։ Մեր աղջիկը ամուսնացաւ Եհովայի Վկաներու ճամբորդող տեսուչի մը հետ, որ այժմ որպէս երէց՝ կը ծառայէ Պէյրութի ժողովքներէն մէկուն մէջ։ Անոնց դուստրն ալ Վկայ մըն է։ Մեր կրտսեր տղան ու իր կինը Վկաներ են, անոնց աղջիկն ալ ճշմարտութեան մէջ է։ Իսկ մեր անդրանիկ տղուն սրտին մէջ քրիստոնէական հաւատքը զետեղուած է, եւ կը յուսամ որ յարմար ժամանակին պիտի յարի անոր։

1933–ին, ռահվիրայ նշանակուեցայ. Միջին Արեւելքի մէջ առաջին ռահվիրան։ Անցեալ 68 տարիներու ընթացքին, որպէս ռահվիրայ Եհովայի ծառայելէն լաւ բան մը չեմ գտած կեանքիս մէջ։ Այո, վճռած եմ շարունակաբար քալել անոր հայթայթած հոգեւոր լոյսին մէջ։

[Նկար՝ էջ 23]

Նէժիպը՝ 1935–ին

[Նկար՝ էջ 24]

1940–ին, Լիբանանի Լեռներուն վրայ՝ ձայնի սարք ունեցող ինքնաշարժով մը

[Նկարներ՝ էջ 25]

Վերը. սլաքի ուղղութեամբ, ձախէն աջ՝ Նէժիպը, Էվլինը, իրենց աղջիկը, Եղբայր Ապպուտը եւ Նէժիպին անդրանիկ տղան, 1952–ին

Վարը (առաջին շարքին վրայ). Շըմմէս, Նոր, Ապպուտ եւ Հէնչըլ եղբայրները, Նէժիպին տան մէջ, Թրիփոլի, 1952–ին

[Նկար՝ էջ 26]

Նէժիպը եւ իր կինը՝ Էվլինը