Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոսի խաղաղութիւնը ի՞նչպէս կրնայ տիրապետել մեր սրտերուն մէջ

Քրիստոսի խաղաղութիւնը ի՞նչպէս կրնայ տիրապետել մեր սրտերուն մէջ

Քրիստոսի խաղաղութիւնը ի՞նչպէս կրնայ տիրապետել մեր սրտերուն մէջ

«Ձեր սրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող տիրապետէ, քանի որ դուք, իրականութեան մէջ, անոր կանչուեցաք մէկ մարմնի մէջ»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։15, ՆԱ

1, 2. «Քրիստոսի խաղաղութիւնը» ի՞նչ կերպով Քրիստոնեային սրտին մէջ կը տիրապետէ։

ՏԻՐԱՊԵՏԵԼ բառը անախորժ է շատերուն համար, քանի որ անիկա բռնադատելու եւ շահագործելու գաղափարները կ’արթնցնէ։ Կողոսայի Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն ուղղած Պօղոսի յորդորը՝ «ձեր սիրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող տիրապետէ»՝ ոմանց համար անտրամաբանական կը հնչէ։ (Կողոսացիս 3։15) Մենք բարոյական ազատ գործակալներ չե՞նք։ Ինչո՞ւ թոյլ պէտք է տանք որ բան մը կամ անհատ մը մեր սրտերուն մէջ տիրապետէ։

2 Պօղոս Կողոսացիներուն ըսել չէր ուզեր որ իրենց ազատ կամքէն հրաժարէին։ Կողոսացիս 3։15–ի մէջ ‘տիրապետել’ թարգմանուած Յունարէն բառը առնչուած է իրաւարար բառին հետ, որ այդ օրերուն մարզական մրցումներուն մէջ մրցանակը կը պարգեւէր։ Մրցորդները խաղին կանոններուն մէջ որոշ ազատութիւն ունէին, սակայն վերջաւորութեան, իրաւարարը ինք կ’որոշէր թէ ո՛վ օրէնքներուն հետեւած եւ հետեւաբար մրցումը շահած էր։ Նմանապէս, կեանքի մէջ շատ որոշումներ կայացնելու ազատութիւնը ունինք, սակայն մինչ ասիկա կ’ընենք, Քրիստոսի խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ միշտ «իրաւարար», կամ՝ ինչպէս թարգմանիչ Էտկար Ճ. Կուտսփիտ կը թարգմանէ՝ «ղեկավարող սկզբունքը»՝ պէտք է ըլլայ։

3. Ի՞նչ է «Քրիստոսի խաղաղութիւնը»։

3 Ի՞նչ է «Քրիստոսի խաղաղութիւնը»։ Անիկա այն անդորրութիւնը, ներքին հանդարտութիւնն է որ ձեռք կը ձգենք, երբ Յիսուսի աշակերտները կ’ըլլանք եւ կը գիտնանք թէ Եհովա Աստուած եւ իր Որդին մեզ կը սիրեն եւ մեզի կը հաճին։ Երբ Յիսուս իր աշակերտներէն բաժնուելու վրայ էր, անոնց ըսաւ. «Ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի։ . . . Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ»։ (Յովհաննու 14։27) Շուրջ 2,000 տարիներէ ի վեր, Քրիստոսի մարմինին հաւատարիմ օծեալ անդամները այդ խաղաղութիւնը կը վայելեն եւ ներկայիս իրենց ընկերակիցները՝ «ուրիշ ոչխարներ»ը՝ անոր մասնակից կ’ըլլան։ (Յովհաննու 10։16) Այդ խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ տիրապետող ազդեցութիւն մը պէտք է ըլլայ։ Երբ խիստ փորձութեան ներքեւ ըլլանք, անիկա մեզի կրնայ օգնել որ խուսափինք վախով անդամալուծուելէ կամ չափազանց խռովելէ։ Տեսնենք թէ ասիկա ի՛նչպէս կ’ըլլայ՝ երբ անիրաւութիւն դիմագրաւենք, երբ մտահոգութեամբ կլանուինք, եւ երբ անարժէք ըլլալու զգացումը ունենանք։

Երբ Անիրաւութիւն Դիմագրաւենք

4. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս անիրաւութիւն կրեց։ (բ) Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ընդառաջած են երբ անիրաւութեան զոհ դարձած են։

4 Սողոմոն Թագաւոր հետեւցուց. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ (Ժողովողի 8։9) Յիսուս գիտէր այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը։ Երբ երկինքն էր, ինք տեսաւ իրարու հանդէպ մարդոց գործած լուրջ անիրաւութիւնները։ Երբ երկրի վրայ էր, անձնապէս մեծագոյն անիրաւութենէն տառապեցաւ, երբ անմեղ ըլլալով հանդերձ, հայհոյութեամբ ամբաստանուեցաւ ու որպէս չարագործ մահուան դատապարտուեցաւ։ (Մատթէոս 26։63-66. Մարկոս 15։27) Ներկայիս, անիրաւութիւնը տակաւին համատարած է եւ ճշմարիտ Քրիստոնեաները չափազանց տառապած են անկէ՝ «բոլոր ազգերուն ատելի» ըլլալով։ (Մատթէոս 24։9) Այսուհանդերձ, հակառակ նացիական մահուան ճամբարներուն եւ սովետական Կուլակին մէջ անոնց ունեցած սարսափելի փորձառութիւններուն, հակառակ խուժանային վայրագութեան, սուտ ամբաստանութիւններու եւ յարձակումներու զոհ դարձած ըլլալու, Քրիստոսի խաղաղութիւնը զանոնք հաստատ պահած է։ Անոնք Յիսուսը ընդօրինակած են, որուն մասին կը կարդանք. «Կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր»։—Ա. Պետրոս 2։23

5. Երբ ժողովքին մէջ երեւութական անիրաւութեան մը մասին լսենք, նախ ի՞նչ բան նկատի պէտք է առնենք։

5 Ասոնցմէ շատ աւելի փոքր պարագայ մը նկատի առնենք։ Թերեւս խորհինք թէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ անհատի մը անիրաւութիւն եղած է։ Այսպիսի պարագայի մը, կրնանք Պօղոսի նման զգալ, որ ըսաւ. «Ո՞վ կը գայթակղի ու իմ սիրտս չայրիր»։ (Բ. Կորնթացիս 11։29) Ի՞նչ կրնանք ընել։ Պէտք է մենք մեզի հարցնենք, ‘Եղածը իրապէ՞ս անիրաւութիւն է’։ Յաճախ, մենք բոլոր իրողութիւններէն տեղեակ չենք։ Թերեւս զօրաւոր կերպով հակազդենք, մտիկ ընելէ ետք անհատի մը որ կը դաւանի բոլոր իրողութիւններէն տեղեակ ըլլալ։ Աստուածաշունչը իրաւունք ունի, երբ կ’ըսէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ»։ (Առակաց 14։15) Ուստի պէտք է զգոյշ ըլլանք։

6. Ի՞նչպէս կրնանք հակազդել երբ ժողովքին մէջ կարծեցեալ անիրաւութիւններ ըլլան։

6 Ենթադրենք որ ըստ մեր կարծիքին, անիրաւութեան զոհ գացած ենք։ Քրիստոսի խաղաղութիւնը իր սրտին մէջ ունեցող անհատ մը ի՞նչպէս կը հակազդէ։ Թերեւս կարիքը տեսնենք խօսելու այն անհատին հետ, որ ըստ մեզի մեր դէմ յանցանք գործած է։ Անկէ ետք, փոխանակ այդ հարցին մասին խօսելու ոեւէ անհատի հետ որ մեզի մտիկ պիտի ընէ, ինչո՞ւ պարագան աղօթքով Եհովայի չներկայացնենք եւ ձգենք որ ինք արդարութիւնը մէջտեղ հանէ։ (Սաղմոս 9։10. Առակաց 3։5) Լաւ կ’ըլլայ որ ասիկա ընելէ ետք հարցը մեր սրտին մէջ լուծելով եւ ‘լռելով’ գոհանանք։ (Սաղմոս 4։4) Շատ մը պարագաներու, Պօղոսի խրատը պէտք է կիրարկել. ‘Իրարու համբերեցէք եւ իրարու ներեցէք՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք’։—Կողոսացիս 3։13

7. Մեր եղբայրներուն հետ մեր գործառնութեանց մէջ մի՛շտ ի՞նչ պէտք է յիշենք։

7 Սակայն, ի՞նչ որ ալ ընենք, պէտք է յիշենք որ թէեւ չենք կրնար պատահածը հակակշռի տակ առնել, սակայն մեր հակազդեցութեան վրայ կրնանք հսկել։ Եթէ կարծեցեալ անիրաւութեան անհաւասարակշռուած կերպով հակազդենք, անիկա ա՛լ աւելի վնասակար ազդեցութիւն կ’ունենայ մեր խաղաղութեան վրայ, քան՝ անիրաւութիւնը ինքնին։ (Առակաց 18։14) Նոյնիսկ կրնանք գայթակղիլ եւ ժողովքին հետ ընկերակցելէ դադրիլ, մինչեւ որ զգանք թէ արդարութիւն գործադրուած է։ Սաղմոսերգուն գրեց թէ Եհովայի օրէնքները սիրողներուն «գայթակղութիւն չկայ»։ (Սաղմոս 119։165) Իրականութիւնը այն է թէ բոլորս ալ ժամանակ առ ժամանակ անիրաւութիւն կը կրենք։ Երբեք թոյլ մի՛ տաք որ այսպիսի բացասական փորձառութիւններ Եհովայի ծառայութենէն ետ կեցնեն ձեզ։ Հապա՝ թոյլ տուէք որ Քրիստոսի խաղաղութիւնը ձեր սրտին մէջ տիրապետէ։

Երբ Մտահոգութիւնով Կլանուած Ենք

8. Մտահոգութիւն պատճառող բաներէն ոմանք ի՞նչ են, եւ մտահոգութեան հետեւանքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

8 Այս «վերջին օրեր»ուն, մտահոգութիւնը կեանքի անբաժան մէկ մասը եղած է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Յիսուս ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի հագնիք»։ (Ղուկաս 12։22) Բայց բոլոր մտահոգութիւններուն աղբիւրը նիւթական բաները չեն։ Ղովտ «մեծապէս զզուած» էր, Սոդոմի անառակութեան պատճառաւ։ (Բ. Պետրոս 2։7, ՆԱ) Պօղոս «բոլոր եկեղեցիներուն հոգը» առած էր։ (Բ. Կորնթացիս 11։28) Յիսուս իր մահուան նախորդող գիշերը այնպիսի ճգնաժամային վիճակի մը մէջ էր, որ «իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս էր, որ գետինը կը թափուէր»։ (Ղուկաս 22։44) Բացայայտօրէն, բոլոր մտահոգութիւններն ալ տկար հաւատքի մը ապացոյցը չեն։ Սակայն, ինչ որ ալ ըլլայ անոր պատճառը, եթէ մտահոգութիւնը խոր եւ երկարատեւ ըլլայ, անիկա մեր խաղաղութիւնը կրնայ խլել։ Մտահոգութիւնը ոմանց ծանրաբեռնած է, անոնց այն զգացումը տալով որ Եհովայի ծառայութեան հետ առնչուած պատասխանատուութիւնները կրելու կարող չեն այլեւս։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ»։ (Առակաց 12։25) Ուստի, ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մտահոգութենէ կը տառապինք։

9. Ի՞նչ կարգ մը գործնական քայլեր կրնանք առնել մտահոգութիւնը թեթեւցնելու համար, սակայն, մտահոգութեան ո՞ր պատճառները կարելի չէ վերացնել։

9 Կարգ մը պարագաներուն, կրնանք գործնական քայլեր առնել։ Եթէ մեր մտահոգ վիճակին պատճառը առողջական խնդիր մըն է, խոհեմութիւն է հոգ տանիլ անոր, թէեւ ասիկա անձնական որոշում մըն է։ * (Մատթէոս 9։12) Եթէ բազմաթիւ պատասխանատուութիւններով ծանրաբեռնուած ենք, կարելի է անոնցմէ ոմանք ուրիշներու յանձնել։ (Ելից 18։13-23) Սակայն, ի՞նչ կրնան ընել անոնք որ ծանր պատասխանատուութիւններ ունին, բայց չեն կրնար զանոնք ուրիշներու յանձնել, ինչպէս է ծնողներու պարագան։ Ի՞նչ կրնայ ընել Քրիստոնեայ մը որ հակառակող կողակից մը ունի։ Ի՞նչ կրնայ ընել տնտեսական շատ վատ պայմաններու, կամ պատերազմական գօտիի մը մէջ ապրող ընտանիք մը։ Բացայայտ է որ իրերու այս դրութեան մէջ մտահոգութեան բոլոր աղբիւրները չենք կրնար չէզոքացնել։ Այսուհանդերձ, մեր սրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը կրնա՛նք պահպանել։ Ի՞նչպէս։

10. Ո՞ր երկու կերպերով Քրիստոնեան կրնայ իր մտահոգութիւնը թեթեւցնել։

10 Կերպերէն մէկը Աստուծոյ Խօսքին մէջ մխիթարութիւն փնտռելն է։ Դաւիթ Թագաւոր գրեց. «Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին»։ (Սաղմոս 94։19) Եհովայի «մխիթարութիւններ»ը Աստուածաշունչին մէջ կրնանք գտնել։ Այս ներշնչեալ Գրքին կանոնաւորաբար դիմելը պիտի օգնէ որ Քրիստոսի խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ մնայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։ (Սաղմոս 55։22) Նոյն գծով, Պօղոս գրեց. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Սրտանց ու կանոնաւորաբար աղօթելը պիտի օգնէ որ մեր խաղաղութիւնը պահպանենք։

11. (ա) Աղօթելու հարցին մէջ Յիսուս ի՞նչպէս հոյակապ օրինակ մըն էր։ (բ) Աղօթքը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

11 Յիսուս այս առնչութեամբ հոյակապ օրինակ մըն էր։ Կարգ մը առիթներով, ան ժամերով իր երկնաւոր Հօրը հետ խօսեցաւ։ (Մատթէոս 14։23. Ղուկաս 6։12) Աղօթքը իրեն օգնեց որ ամենէն դժուար փորձութիւններուն տոկար։ Իր մահուան նախորդող գիշերը, իր վիշտը չափազանց մեծ էր։ Ի՞նչ եղաւ իր հակազդեցութիւնը։ Ան «աւելի ջերմեռանդութեամբ» աղօթք ըրաւ։ (Ղուկաս 22։43) Այո, Աստուծոյ կատարեալ Որդին աղօթասէր մէկն էր։ Ուստի, իր անկատար հետեւորդները ո՛րքան աւելի աղօթելու սովորութիւնը պէտք է մշակեն։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ ‘ամէն ատեն աղօթք ընեն ու չձանձրանան’։ (Ղուկաս 18։1) Աղօթքը իսկական եւ կենսական հաղորդակցութիւն մըն է Անոր հետ, որ մեզ աւելի լաւ կը ճանչնայ, քան՝ մենք մեզ։ (Սաղմոս 103։14) Եթէ Քրիստոսի խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ կ’ուզենք պահել, պէտք է ‘անդադար աղօթենք’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17

Մեր Սահմանափակումները Յաղթահարենք

12. Ի՞նչ պատճառներով ոմանք կրնան զգալ թէ իրենց ծառայութիւնը անարժէք է։

12 Եհովա իր ծառաներէն իւրաքանչիւրը թանկագին կը նկատէ։ (Անգեայ 2։7) Այսուհանդերձ, շատեր ասիկա դժուար կ’ընդունին։ Ոմանք կրնան յուսահատիլ յառաջացած տարիքի, ընտանեկան յաւելեալ պարտաւորութիւններու, կամ վատթարացող առողջութեան պատաճառաւ։ Ուրիշներ իրենք զիրենք զրկուած կը զգան, քանի որ թշուառ մանկութիւն մը ունեցած են։ Տակաւին ուրիշներ իրենց անցեալի սխալներուն համար կրնան տառապիլ, բնաւ չհաւատալով որ Եհովա կրնայ ներել իրենց։ (Սաղմոս 51։3) Ի՞նչ ընել, երբ այսպիսի զգացումներ ունինք։

13. Սուրբ գրային ի՞նչ մխիթարութիւն կայ անոնց համար՝ որոնք իրենք զիրենք անարժէք կը զգան։

13 Քրիստոսի խաղաղութիւնը մեզ պիտի վստահեցնէ որ Եհովա կը սիրէ մեզ։ Կրնանք այդ խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ վերահաստատել, երբ խոկանք այն իրողութեան վրայ թէ Յիսուս երբեք չըսաւ որ մեր արժէքը կը չափուի՝ մեր ըրածը ուրիշներու ըրածին հետ համեմատելով։ (Մատթէոս 25։14, 15. Մարկոս 12։41-44) Ան շեշտը հաւատարմութեան վրայ դրաւ։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Յիսուս ինք մարդոց կողմէ «անարգուեցաւ», սակայն ան կասկած չունէր որ իր Հայրը զինք կը սիրէր։ (Եսայեայ 53։3. Յովհաննու 10։17) Ան իր աշակերտներուն ըսաւ որ իրենք ալ սիրուած էին։ (Յովհաննու 14։21) Ասիկա շեշտելու համար, Յիսուս ըսաւ. «Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չիյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ (Մատթէոս 10։29-31) Եհովայի սիրոյն ի՜նչ ջերմ երաշխիք մը։

14. Ի՞նչ երաշխիք ունինք թէ Եհովա իւրաքանչիւրս կ’արժեւորէ։

14 Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ (Յովհաննու 6։44) Քանի որ Եհովա մեզ իրեն քաշած է որպէսզի Յիսուսի հետեւինք, ուրեմն կ’ուզէ որ փրկուինք։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի»։ (Մատթէոս 18։14) Հետեւաբար, եթէ լման սրտով կը ծառայէք, կրնաք ձեր լաւ գործերով ուրախանալ։ (Գաղատացիս 6։4) Եթէ անցեալին ձեր գործած յանցանքներուն համար կը չարչարուիք, վստահ եղէք որ Եհովա «առատապէս» կը ներէ իսկապէս զղջացողներուն։ (Եսայեայ 43։25. 55։7) Եթէ որեւէ ուրիշ պատճառի համար յուսահատ կը զգաք, յիշեցէք թէ «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ»։—Սաղմոս 34։18

15. (ա) Սատանան ի՞նչպէս կը փորձէ մեր խաղաղութիւնը մեզմէ խլել։ (բ) Եհովայի հանդէպ ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ։

15 Սատանայի բուռն փափաքն է ձեր խաղաղութիւնը խլել։ Անիկա գլխաւոր պատասխանատուն է մեր ժառանգած մեղքին, որուն հետ բոլորս կը պայքարինք։ (Հռովմայեցիս 7։21-24) Վստահաբար ան կ’ուզէ որ խորհիք թէ ձեր անկատարութիւնը ձեր ծառայութիւնը Աստուծոյ աչքին անընդունելի կը դարձնէ։ Երբե՛ք թոյլ մի տաք որ Բանսարկուն ձեզ բարոյալքէ։ Իր ծրագիրներէն տեղեակ եղէք, եւ այս տեղեկութիւնը թող ձեզի վճռակամութիւն տայ որ համբերէք։ (Բ. Կորնթացիս 2։11. Եփեսացիս 6։11-13) Յիշեցէք թէ «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ»։ (Ա. Յովհաննու 3։20) Եհովա միայն մեր թերութիւնները չի տեսներ։ Ան կը տեսնէ նաեւ մեր մղումներն ու դիտաւորութիւնները։ Ուստի, սաղմոսերգուին խօսքերով մխիթարուեցէք. «Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ ու իր ժառանգութիւնը պիտի չլքէ»։—Սաղմոս 94։14

Քրիստոսի Խաղաղութեամբ Միացած

16. Ի՞նչ առումով առանձին չենք, մինչ կը ջանանք տոկալ։

16 Պօղոս գրեց թէ պէտք է թոյլ տանք որ Քրիստոսի խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ տիրապետէ, քանի որ ‘անոր կանչուեցանք մէկ մարմնի մէջ’։ Օծեալ Քրիստոնեաները, որոնց Պօղոս գրեց, կանչուած էին Քրիստոսի մարմինին մաս կազմելու, ինչ որ է պարագան ներկայ օծեալ մնացորդին։ Անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ը անոնց հետ միացած են որպէս «մէկ հօտ», «մէկ հովիւ»ի՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ առաջնորդութեան ներքեւ։ (Յովհաննու 10։16) Միասնաբար, միլիոնաւորներէ բաղկացած համաշխարհային «հօտ» մը, թոյլ կու տան որ Քրիստոսի խաղաղութիւնը իրենց սրտերուն մէջ տիրապետէ։ Երբ կը գիտակցինք թէ առանձին չենք, անիկա կ’օգնէ որ տոկանք։ Պետրոս գրեց. «Անոր [Սատանայի] դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն»։—Ա. Պետրոս 5։9

17. Ի՞նչ դրդապատճառ ունինք թոյլ տալու որ Քրիստոսի խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ տիրապետէ։

17 Հետեւաբար, թող որ բոլորս շարունակենք Աստուծոյ սուրբ հոգիին կենսական պտուղը եղող այս խաղաղութիւնը մշակել։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Եհովայի կողմէ անբիծ, անարատ ու խաղաղութեան մէջ գտնուողները, ի վերջոյ պիտի օրհնուին դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքով, ուր արդարութիւն պիտի բնակի։ (Բ. Պետրոս 3։13, 14) Ամէն պատճառ ունինք թոյլ տալու որ Քրիստոսի խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ տիրապետէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Երբեմն, առողջապահական վիճակները կրնան մտահոգութեան պատճառ ըլլալ կամ զայն աւելցնել, ինչպէս՝ բժշկականօրէն ստուգուած ընկճուածութիւնը։

Կը յիշէ՞ք

• Ի՞նչ է Քրիստոսի խաղաղութիւնը։

• Երբ անիրաւութիւն դիմագրաւենք, Քրիստոսի խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ ի՞նչպէս կրնայ տիրապետել։

• Քրիստոսի խաղաղութիւնը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու։

• Քրիստոսի խաղաղութիւնը ի՞նչպէս կը մխիթարէ մեզ, երբ անարժէք ըլլալու զգացումը ունենանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Զինք ամբաստանողներուն առջեւ, Յիսուս Եհովայի վստահեցաւ

[Նկար՝ էջ 16]

Սիրալիր հօր մը ջերմ ողջագուրումին նման, Եհովայի մխիթարութիւնները կրնան մեր մտահոգութիւնը թեթեւցնել

[Նկար՝ էջ 18]

Աստուած մեծապէս կ’արժեւորէ համբերատարութիւնը