Անոնք Աստուծոյ անունը կը գործածեն Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ
Անոնք Աստուծոյ անունը կը գործածեն Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ Ափրիկէի մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուծոյ կը հաւատայ։ Անոնք կասկած չունին թէ ան բոլոր բաներու Ստեղծիչն է։ (Յայտնութիւն 4։10բ) Սակայն, ուրիշ վայրերու մէջ գտնուող բազմաթիւ մարդոց նման, անոնք յաճախ կ’անտեսեն անոր անձնական անունը՝ որ է Եհովա։
Թէ՛ Կեդրոնական Ափրիկէի եւ թէ աշխարհի այլ մասերուն մէջ, մարդիկ Աստուծոյ անուան կ’ակնարկեն, երբ Տէրունական Աղօթքին մէջ կ’ըսեն՝ «Քու անունդ սուրբ ըլլայ»։ (Մատթէոս 6։9) Բայց, երկար ժամանակ, քիչերու ծանօթ էր այդ անունը։ Սակայն, տարիներու ընթացքին Եհովայի Վկաներու կատարած եռանդուն քարոզչութիւնը, Աստուծոյ անուան գործածութեան նկատմամբ մարդոց տեսակէտը փոխած է։ Ներկայիս, Աստուծոյ անունը հանրածանօթ եւ ընդունուած է շատ մը Ափրիկեան լեզուներու մէջ, ինչպէս՝ Զուլու (յուՃէհովա), Եօրուպա (Ճէհոֆահ), Խօսա (Եհովա), եւ Սուահիլի (Եհովա) լեզուներուն մէջ։ Այսուհանդերձ, այս լեզուներով եղած Աստուածաշունչի թարգմանութիւններուն մեծամասնութիւնը, տակաւին կը խուսափի Աստուծոյ անունը գործածելէ։
Աստուծոյ անունը գործածող լաւ թարգմանութիւն մըն է Զէնտիերէն Աստուածաշունչը. լեզու մը որ կը խօսուի Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան կարգ մը մասերուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Սուտանի եւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ։ Աշխարհի այդ մասին մէջ, մարդիկ Աստուծոյ անունը կը գործածեն, իրենց մայրենի լեզուին համաձայն զայն Եքովա հնչելով։ Տեղական լեզուի մը մէջ աստուածային անունը ի՛նչ կերպով ալ ներկայացուած ըլլայ, կարեւոր է զայն գործածել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «ով որ Տէրոջը [«Եհովա», ՆԱ] անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։—Հռովմայեցիս 10։13
[Քարտէս/Նկար՝ էջ 32]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
ՍՈՒՏԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
ՔՈՆԿՈՅԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
[Նկարին աղբիւրը]
The Complete Encyclopedia of Illustration/J. G. Heck