Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ բան իսկական արժէք ունի

Ի՞նչ բան իսկական արժէք ունի

Ի՞նչ բան իսկական արժէք ունի

Իսկական արժէք ունեցող բան մը ունենալը կրնայ ցնծութիւն պատճառել։ Սակայն, ի՞նչ կրնայ ըլլալ անիկա։ Մեծ գումա՞ր մը։ Սուղ եւ բացառիկ ոսկեղէ՞ն։ Համբաւ եւ կարկառուն դի՞րք։ Շատեր մեծապէս կ’արժեւորեն այս բաները։ Զանոնք ունենալը կրնայ ապրուստ ապահովել, կեանքը աւելի իմաստալից դարձնել, կամ ուշադրութեան արժանանալու եւ յաջողակ ըլլալու ներքին կարիք մը գոհացնել։ Այսպիսի բաներ ձեռք ձգելու համար ծանր կ’աշխատի՞նք, յուսալով որ անոնք ապագայի նկատմամբ մեր նպատակակէտերն ու ցանկութիւնները կրնան գոհացնել։

ՍՈՎՈՐԱԲԱՐ, մարդիկ կ’արժեւորեն բան մը, որ իրենց կարիքները կը լեցնէ եւ կամ իրենց անձնական ցանկութիւնները կը գոհացնէ։ Կը կառչինք բաներու, որոնք բարօրութեան զգացում մը կու տան եւ ապահով ապագայի մը հեռանկարը կը մատուցանեն։ Կը գուրգուրանք բաներու վրայ, որոնք անմիջական դարման, հանգստութիւն, կամ վարկ կը բերեն։ Սակայն, մեր փոփոխական փափաքներուն կամ հետաքրքրութիւններուն վրայ հիմնուած բան մը արժէքաւոր նկատելը՝ խախուտ է եւ կարճատեսութիւն է։ Իրականութեան մէջ, իսկական արժէքը՝ մեր մեծագոյն կարիքին ինչ ըլլալը հասկնալէն կ’որոշուի։

Ի՞նչ է մեր մեծագոյն կարիքը։ Ո՛չ մէկ բան արժէք ունի առանց էական ազդակի մը, որ է՝ կեանքը։ Առանց կեանքի, գոյութիւն չենք ունենար։ Վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը գրեց. «Մեռելները բան մը չեն գիտեր . . . Գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։ (Ժողովողի 9։5, 10) Երբ մահը մեր վրայ հասնի, կը ստիպուինք մեր բոլոր ստացուածքներէն հրաժարիլ։ Հետեւաբար, մեր մեծագոյն կարիքն է ձեռք ձգել բան մը, որ մեր կեանքը պիտի պահպանէ։ Ի՞նչ բան կրնայ մեր կեանքը պահպանել։

Ի՞նչ Բան Մեր Կեանքը Պիտի Պահպանէ

«Դրամը պաշտպանութեան համար է», ըսաւ Սողոմոն Թագաւոր։ (Ժողովողի 7։12, ՆԱ) Բաւարար դրամ ունենալով, կրնանք ուտելիք եւ հանգստաւէտ տուն մը ձեռք ձգել։ Դրամը մեզի կարելիութիւն կրնայ տալ որ հեռու տեղեր ճամբորդելու հաճոյքը վայելենք։ Անիկա մեր կարիքները կրնայ հայթայթել, երբ յառաջացած տարիքի եւ անկարողութեան պատճառաւ չենք կրնար աշխատիլ։ Դրամ ունենալուն առաւելութիւնները շատ են։ Այսուհանդերձ, դրամը չի կրնար մեր կեանքը պահպանել։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը յորդորեց, ըսելով. «Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17) Աշխարհի ամբողջ դրամը չի կրնար մեզի կեանք գնել։

Նկատի առէք Հիթօշի անունով մարդու մը փորձառութիւնը։ Աղքատութեան մէջ մեծցած ըլլալով, Հիթօշին հարուստ ըլլալու զօրաւոր փափաք մը ունէր։ Ան դրամի զօրութեան վրայ ա՛յնքան հաւատք ունէր, որ կը խորհէր թէ նոյնիսկ մարդիկ կրնան դրամով գնուիլ։ Ապա մարդ մը Հիթօշիի դուռը զարկաւ եւ իրեն հարցուց թէ արդեօք տեղեա՞կ էր որ Յիսուս Քրիստոս իրեն համար մեռած էր։ Այս հարցումը Հիթօշիի հետաքրքրութիւնը արթնցուց, քանի որ խորհեցաւ թէ չկար մէկը որ պիտի ուզէր իրեն նման մէկու մը համար մեռնիլ։ Ան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հանրային դասախօսութեան մը ներկայ գտնուեցաւ եւ անակնկալի եկաւ երբ ‘աչքը պարզ պահելու’ յորդորը լսեց։ Դասախօսը բացատրեց թէ «պարզ» աչքը այն է, որ հեռատես է ու հոգեւոր բաներու վրայ կը կեդրոնանայ։ (Ղուկաս 11։34) Փոխանակ դրամի համար ճգնելու, Հիթօշին սկսաւ հոգեւոր բաները իր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը դնել։

Նիւթական բաները որոշ չափով կայունութիւն ու ապահովութիւն ալ կրնան տալ մեզի։ Նիւթական առատութիւն ունենալը կրնայ մեզ զերծ պահել մեր առօրեայ կարիքներուն մասին մտահոգուելէ։ Լաւ շրջապատի մը մէջ գեղեցիկ տուն մը ունենալը, յաջողութեան զգացում մը կրնայ տալ մեզի։ Պերճաշուք հագնիլը ու գեղեցիկ ինքնաշարժ մը ունենալը, կրնան մեզ ուրիշներու հիացմունքին առարկան դարձնել։

‘Ուտելն ու խմելը եւ մեր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը’ օրհնութիւն մըն է։ (Ժողովողի 3։13) Իսկ նիւթական լաւ վիճակ մը ունենալը, կարող կը դարձնէ մեր սիրելիներուն որ ‘հանգչին, ուտեն, խմեն եւ ուրախ ըլլան’։ Սակայն, նիւթական բաները միայն վաղանցուկ արժէք մը ունին։ Ագահութեան դէմ ազդարարելով, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ (Ղուկաս 12։15-21) Ստացուածքներուն քանակը կամ արժէքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, անոնք չեն կրնար մեզի կեանք երաշխաւորել։

Օրինակի համար, Լիզը ամուսնացած էր մարդու մը հետ որ դրամական գետնի վրայ յաջողակ էր։ Ան կ’ըսէ. «Գեղեցիկ տուն մը եւ երկու ինքնաշարժ ունէինք, եւ մեր նիւթական վիճակը մեզի կ’արտօնէր որ աշխարհի հրամցուցած որեւէ նիւթական բան վայելենք։ . . . Այսուհանդերձ, տակաւի՛ն դրամի համար հոգ կ’ընէի»։ Ան կը բացատրէ. «Կորսնցնելիք շատ բան ունէինք։ Կը թուի թէ ո՛րքան շատ ունենաս, ա՛յնքան նուազ ապահով կը զգաս»։

Շատեր՝ համբաւն ու կարկառուն դիրքն ալ մեծապէս կ’արժեւորեն, քանի որ անոնք կրնան գովաբանութիւն եւ պատիւ բերել։ Ներկայ աշխարհին մէջ, յաջող ասպարէզ մը ունենալը իրագործում մըն է որ ուրիշներու նախանձը կը գրգռէ։ Անզուգական տաղանդներ կամ հմտութիւններ մշակելը կրնայ մեր անձին համար անուն մը շինելու նպաստել։ Թերեւս ուրիշներ մեզ գովաբանեն, մեծ արժէք տան մեր կարծիքներուն, եւ ջանան մեր հաճութիւնը շահիլ։ Այս բոլորը կրնան ոգեւորիչ ու գոհացուցիչ ըլլալ։ Սակայն ի վերջոյ, այս բոլորը կ’ոչնչանան։ Սողոմոն ունէր այն բոլոր փառքն ու զօրութիւնը, զոր թագաւոր մը կրնայ ունենալ, սակայն, ան ողբաց. «Անմիտին՝ նմանապէս իմաստունին մնայուն յիշատակը չկայ։ . . . Բոլոր բաները ապագային պիտի մոռցուին»։ (Ժողովողի 2։16) Համբաւն ու կարկառուն դիրքը անհատին կեանք չեն տար։

Չէլօ անունով քանդակագործ մը, սորվեցաւ թէ համբաւէն շատ աւելի արժէքաւոր բան մը կար։ Տաղանդաւոր ըլլալով, ան որակելի եղաւ երթալու դպրոց մը, ուր իր հմտութիւնները զարգացուց։ Շատ չանցած, մամուլը եւ արուեստի քննադատները իր գործը գովաբանեցին։ Իր քանդակներէն շատերը Եւրոպայի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ ցուցադրուեցան։ Չէլոն կ’ըսէ. «Պէտք է խոստովանիմ թէ կար ժամանակ մը երբ արուեստը կեանքիս ամենակարեւոր բանն էր։ Սակայն, սկսայ անդրադառնալ որ ասպարէզս շարունակելը, նման էր երկու տիրոջ ծառայելու։ (Մատթէոս 6։24) Համոզուած էի թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը ամենակարեւոր բանն է զոր կրնայի ընել։ Ուստի, որոշեցի քանդակագործութենէ հրաժարիլ»։

Ի՞նչ Բան Մեծապէս Արժէքաւոր Է

Քանի որ առանց կեանքի ո՛չ մէկ բան իմաստ կամ արժէք ունի, ի՞նչ կրնանք ձեռք ձգել որ մեզի կեանք երաշխաւորէ։ Ամէն տեսակ կեանք Եհովայէ ծագում կ’առնէ։ (Սաղմոս 36։9) Արդարեւ, «անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք»։ (Գործք 17։28) Ան իրեն սիրելի եղողներուն յաւիտենական կեանք կը պարգեւէ։ (Հռովմայեցիս 6։23) Ի՞նչ պէտք է ընենք այդ պարգեւին արժանանալու համար։

Յաւիտենական կեանքի պարգեւը ստանալը, Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը ունենալէն կախեալ է։ Հետեւաբար, իր հաճութիւնը ունենալը շա՛տ աւելի արժէքաւոր է, քան՝ մեր որեւէ ունեցածը։ Երբ զայն ունինք, իսկական եւ յաւիտենական ուրախութեան հեռանկարը կ’ունենանք։ Սակայն, առանց Աստուծոյ հաճութեան, յաւիտենական կորուստ կը դիմագրաւենք։ Բացայայտ է ուրեմն, որ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենալու նպաստող որեւէ բան մեծապէս արժէքաւոր է։

Ի՛նչ Պէտք Է Ընենք

Մեր յաջողութիւնը գիտութիւն ստանալէն կախեալ է։ Ճշգրիտ գիտութեան աղբիւրը Եհովայի Խօսքը՝ Աստուածաշունչն է։ Միայն անիկա մեզի կ’ըսէ թէ Աստուած հաճեցնելու համար ի՛նչ պէտք է ընենք։ Հետեւաբար, կարիքը ունինք ուշադրութեամբ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելու։ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին սորվելու նպատակաւ մեր թափած ժրաջան ջանքերուն արդիւնքը պիտի ըլլայ՝ ‘գիտութիւն մը որ յաւիտենական կեանք կը նշանակէ’։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Այսպիսի գիտութիւն գանձ մըն է, զոր պէտք է մեծապէս արժեւորենք։—Առակաց 2։1-5

Աստուծոյ Խօսքէն ձեռք ձգած մեր գիտութիւնը կը պատրաստէ մեզ որ յաջորդ քայլը առնենք, որ է՝ Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայել։ Եհովա վճռած է որ բոլոր իրեն մօտեցողները Յիսուսի միջոցաւ պէտք է ընեն ասիկա։ (Յովհաննու 14։6) Իրականութեան մէջ, «ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ»։ (Գործք 4։12) Մեր վերջնական փրկութիւնը կախեալ է, ո՛չ թէ ‘արծաթէն կամ ոսկիէն, . . . հապա՝ Քրիստոսին պատուական արիւնէն’։ (Ա. Պետրոս 1։18, 19) Մեր հաւատքը ցոյց պէտք է տանք Յիսուսի ուսուցումներուն հաւատալով եւ իր օրինակին հետեւելով։ (Եբրայեցիս 12։1-3. Ա. Պետրոս 2։21) Իսկ իր զոհագործութիւնը որքա՜ն արժէքաւոր է։ Ամբողջ մարդկութեան յաւիտենական ապագան անոր օգուտներուն կիրարկումէն կախեալ է։ Երբ անիկա մեզի ի նպաստ լիովին կիրարկուի, պիտի ստանանք ի՛րապէս արժէքաւոր յաւիտենական կեանքի պարգեւը։—Յովհաննու 3։16

Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ (Մատթէոս 22։37) Եհովան սիրել կը նշանակէ ‘անոր պատուիրանքները պահել’։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Իր պատուիրանքները կը պահանջեն որ աշխարհէն անջատ մնանք, բարոյապէս մաքուր վարք մը պահպանենք, եւ հաւատարմօրէն իր Թագաւորութեան թիկունք կանգնինք։ Այս կերպով է որ ‘կեանքը կ’ընտրենք’, փոխանակ՝ մահը ընտրելու։ (Բ. Օրինաց 30։19) Եթէ ‘Աստուծոյ մօտենանք, անիկա մեզի պիտի մօտենայ’։—Յակոբու 4։8

Աստուծոյ հաճութեան երաշխիքը ունենալը, աշխարհի բոլոր գանձերէն շա՛տ աւելի արժէքաւոր է։ Զայն ունեցողները, աշխարհի ամենէն հարուստ մարդիկն են։ Հետեւաբար, ջանանք իսկական արժէք ունեցող գանձը՝ Եհովայի հաճութիւնը ձեռք ձգել։ Ամէն գնով, հնազանդինք Պօղոս առաքեալի յորդորին. «Գնա՛ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն։ Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը»։—Ա. Տիմոթէոս 6։11, 12

[Նկարներ՝ էջ 21]

Ի՞նչ բան մեծապէս կ’արժեւորէք։ Դրա՞մը, նիւթական ստացուածքնե՞րը, համբա՞ւը, թէ ուրիշ բան մը

[Նկար՝ էջ 23]

Պէտք է Սուրբ Գրութիւնները ուշադիր կերպով ուսումնասիրենք