Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդիկը իրապէս միացնող բան մը գոյութիւն ունի՞

Մարդիկը իրապէս միացնող բան մը գոյութիւն ունի՞

Մարդիկը իրապէս միացնող բան մը գոյութիւն ունի՞

ՁԵՐ հաւատալիքները ի՛նչ որ ալ ըլլան, հաւանաբար համաձայնիք թէ գրեթէ բոլոր կրօնքներուն մէջ ճշմարտութիւնը սիրողներ պէտք է ըլլան։ Հինտուներու, Կաթողիկէներու, Հրեաներու եւ այլ կրօնքի պատկանողներու մէջ կարելի է գտնել անհատներ, որոնք մեծապէս կ’արժեւորեն ինչ որ ճշմարիտ է եւ պատրաստ են որոնելու զայն։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, կրօնքը մարդկութիւնը բաժան բաժան կ’ընէ։ Ոմանք նոյնիսկ կրօնքը կը գործածեն գէշ նպատակներու համար։ Երբեք կարելի պիտի ըլլա՞յ բարիի ու ճշմարիտի հանդէպ սէր ունեցող բոլոր կրօնքներէ անկեղծ մարդիկ միանան։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք հասարակաց նպատակ մը իրագործելու համար իրարու քով գան։

Որքա՛ն ընդվզեցուցիչ է տեսնել թէ կրօնքը հետզհետէ աւելի պատճառ կը դառնայ բաժանումի։ Նկատի առէք այդ բաժանումներէն ոմանք։ Սրի Լանքայի մէջ, Հինտուները կը կռուին Պուտտայականներուն դէմ։ Բողոքականներ, Կաթողիկէներ ու Հրեաներ զանազան պատերազմներու մէջ արիւն թափած են։ Չեչենիոյ, Ինտոնեզիոյ, եւ Քոսովոյի մէջ «Քրիստոնեաներ» կը կռուին Մահմետականներու դէմ։ Իսկ Մարտ 2000–ին, կրօնքի հետ առնչուած երկու օրուան կռիւը, 300 Նիկերիացիներու մահուան պատճառ եղաւ։ Արդարեւ, այս վայրագ կռիւները հրահրողը կրօնական ատելութիւնը եղած է։

Անկեղծ մարդիկ կրօնքի անունով գործադրուած չարութիւններուն նկատմամբ յաճախ ցասում կը յայտնեն։ Օրինակ, եկեղեցի յաճախողներէն շատեր ապշահար եղած են, որ կարգ մը եկեղեցիներ երախաներ լլկող կղերներուն պաշտօնապէս հանդուրժած են։ Ուրիշ հաւատացեալներ շփոթութեան կը մատնուին, միասեռականութեան ու վիժումի նման հարցերու շուրջ այդպէս կոչուած Քրիստոնեայ բազմաթիւ աղանդներու միջեւ եղած տարակարծութիւններուն համար։ Բացայայտօրէն, կրօնքը մարդկութիւնը չէ միացուցած։ Այսուհանդերձ, բոլոր կրօնքներուն մէջ կա՛ն ճշմարտութիւնը իրապէս սիրող անհատներ, ինչպէս հետեւեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան։

Անոնք Ճշմարտութեան կը Տենչային

Ֆիտելիան, Պոլիվիոյ Լա Փազ քաղաքին Սան Ֆրանսիսգօ կոչուած Կաթողիկէ Եկեղեցիին մէջ անկեղծ ու բարեպաշտ հաւատացեալ մըն էր։ Ան Մարիամի արձանին առջեւ կը ծնրադրէր, եւ խաչելութեան առջեւ զետեղելու համար լաւագոյն մոմերը կը գնէր։ Ամէն շաբաթ, ան մեծ քանակով ուտելիք կը նուիրէր քահանային, աղքատներուն բաժնելու համար։ Սակայն, Ֆիտելիայի հինգ երախաներն ալ կնունք չեղած մահացան։ Երբ քահանան իրեն ըսաւ թէ անոնք բոլորն ալ Լիմպոյի խաւարին մէջ կը չարչարուէին, Ֆիտելիան հարց տուաւ՝ ‘Եթէ Աստուած բարի է, ասիկա ի՞նչպէս կ’ըլլայ’։

Թարա անունով բժշկուհի մը, որպէս Հինտու մեծցած էր Գաթմանտուի մէջ, Նէփալ։ Իր նախահայրերուն դարաւոր սովորութիւններուն հետեւելով, ան պրահմանական տաճարներուն մէջ իր աստուածները կը պաշտէր եւ իր տան մէջ արձաններ ունէր։ Սակայն, հետեւեալ հարցումները զինք կը խռովեցնէին. Ինչո՞ւ այսքան տառապանք կայ։ Մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին։ Ան իր կրօնքին մէջ գոհացուցիչ պատասխաններ չգտաւ։

Ինչ կը վերաբերի Բանիային, ան որպէս Պուտտայական մը, Պանքոկի մէջ, Թայլանտ, ջրանցքի մը ափին գտնուող տան մը մէջ մեծցած էր։ Ան սորված էր թէ տառապանքը հետեւանքն է նախկին կեանքերու մէջ գործուած արարքներու, եւ թէ այդ տառապանքէն ազատելու համար անհատը բոլոր ցանկութիւններէ պէտք է ձերբազատուի։ Ուրիշ անկեղծ Պուտտայականներու նման, ան սորված էր խոր յարգանք ունենալ դեղին–պատմուճանաւոր վանականներուն իմաստութեան հանդէպ, որոնք ամէն արշալոյսին իր տունը կու գային ողորմութիւն ստանալու համար։ Ան խոկալու սովորութեան կը հետեւէր եւ Պուտտայի արձաններու հաւաքածոյ մը ունէր, այն համոզումով թէ անոնք կը պաշտպանեն։ Լուրջ արկածի մը հետեւանքով մէջքէն վար անդամալուծուելէ ետք, Բանիան՝ Պուտտայական վանքեր այցելեց, անկեղծօրէն յուսալով հրաշքով բուժուիլ։ Ան ո՛չ բուժում ո՛չ ալ հոգեւոր լուսաւորութիւն գտաւ։ Փոխարէն, ան ոգեհարցութեան հետ շփման մէջ եկաւ եւ սկսաւ անով հետաքրքրուիլ։

Վըրճըլ ծնած էր Միացեալ Նահանգներ, եւ քոլէճին մէջ միացաւ Սեւամորթ Մահմետականներուն։ Ան եռանդով անոնց գրականութիւնները կը ցրուէր, որոնց մէջ կ’ըսուէր թէ ճերմակամորթ մարդը Սատանան է։ Անոնք կը խորհէին թէ այս պատճառաւ է որ ճերմակամորթները սեւամորթներուն դէմ ա՛յսքան գազանային արարքներ գործած էին։ Թէեւ իր հաւատալիքներուն մէջ անկեղծ էր, սակայն հետեւեալ հարցումները կ’անհանգստացնէին զինք. Բոլոր ճերմակամորթներն ալ ի՞նչպէս կրնան չար ըլլալ։ Իսկ ինչո՞ւ քարոզներուն մեծ մասը դրամի շուրջ կը դառնայ։

Թէեւ Չարոն մեծցած էր գլխաւորաբար Կաթողիկէ եղող Հարաւային Ամերիկայի մէջ, սակայն ան Բողոքական մըն էր։ Ան ուրախ էր որ զինք շրջապատող կուռքերու պաշտամունքին չէր մասնակցեր։ Չարոն ամէն Կիրակի առաւօտ, յոյզեր գրգռող արարողութիւններու մասնակցելէն հաճոյք կ’առնէր, ուր ան կը բացագանչէր՝ «Ալէլուի՛ա», եւ կ’ընկերակցէր անոր յաջորդող կրօնական երգեցողութեան եւ պարերուն։ Չարոն անկեղծօրէն կը հաւատար թէ ինք փրկուած եւ վերստին ծնած էր։ Ան իր եկամուտին տասանորդը եկեղեցիին կը վճարէր, եւ երբ իր նախասիրած հեռատեսիլի աւետարանիչը նուիրատուութիւններ կը հայցէր, անոր դրամ կը ղրկէր Ափրիկէի երախաներուն համար։ Բայց երբ իր հովիւին հարցուց թէ սիրոյ Աստուած մը ինչո՞ւ դժոխքին մէջ հոգիները կը չարչարէ, անդրադարձաւ թէ ան իմաստալից պատասխան մը չտուաւ։ Հետագային, ան նաեւ տեսաւ թէ իր նուիրատուութիւնները Ափրիկէի երախաներուն օգնելու համար չէին գործածուեր։

Այս հինգ անհատները տարբեր ենթահողերէ ըլլալով հանդերձ, հասարակաց բան մը ունէին։ Անոնք ճշմարտութիւնը կը սիրէին եւ անկեղծօրէն ճշգրիտ պատասխաններ կ’որոնէին իրենց հարցումներուն։ Սակայն, կրնա՞ր ըլլալ որ անոնք ճշմարիտ կրօնքի մը մէջ իրապէս միանային։ Յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ այս հարցումին։

[Նկար՝ էջ 4]

Կարելի՞ է որ տարբեր ենթահողերէ մարդիկ իրապէս միանան

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

G.P.O., Jerusalem