Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անակնկալներով լեցուն կեանք մը Եհովայի ծառայութեան մէջ

Անակնկալներով լեցուն կեանք մը Եհովայի ծառայութեան մէջ

Կենսագրութիւն

Անակնկալներով լեցուն կեանք մը Եհովայի ծառայութեան մէջ

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ԷՐԻՔ ԵՒ ՀԷՅԶԸԼ ՊԷՒԸՐԻՃՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ

«Այսուհետեւ, վեց ամիս բանտարկութեան կը դատապարտեմ քեզ»։ Մինչ այս բառերը տակաւին ականջներուս մէջ կը հնչէին, Մէնչէստըրի Սթրէյնճուէյզ Բանտը տարուեցայ (Անգլիա)։ 1950–ի Դեկտեմբերն էր, եւ 19 տարեկան էի։ Երիտասարդութեան տարիքիս ամենամեծ փորձերէն մին դիմագրաւեցի. մերժեցի զինուորագրուիլ։—Բ. Կորնթացիս 10։3-5

ԵՀՈՎԱՅԻ Վկաներու լիաժամ ռահվիրայ քարոզիչ մը ըլլալով, պէտք էր զերծ մնայի զինուորական ծառայութենէն, սակայն անգլիական օրէնքը որպէս ծառայ մեր հանգամանքը չէր ճանչնար։ Ուստի, բանտի խցիկներէն մէկուն մէջ առանձին դրուեցայ։ Հօրս մասին մտածեցի։ Անուղղակիօրէն, իրե՛ն պատճառաւ բանտ նետուած էի։

Հայրս բանտապահ մըն էր, զօրաւոր համոզումներով եւ սկզբունքներով Եորքշայրցի մը։ Բանակին եւ բանտին մէջ իր ունեցած փորձառութիւններուն պատճառաւ, զօրաւոր հակակրանք մը ունէր Կաթողիկէութեան հանդէպ։ Անիկա առաջին անգամ Վկաներուն հետ շփման մէջ եկած էր 1930–ական թուականներուն սկիզբը, երբ դէպի դուռ գնաց Վկաները վռնտելու, սակայն անոնցմէ կարգ մը գրքեր առած վերադարձաւ։ Հետագային անիկա բաժանորդագրուեցաւ Մխիթարութիւն պարբերաթերթին (այժմ՝ Զարթի՛ր)։ Վկաները ամէն տարի իրեն կ’այցելէին, զինք քաջալերելու որ իր բաժանորդագրութիւնը նորոգէր։ Երբ շուրջ 15 տարեկան էի, անոնք հօրս հետ դարձեալ զրոյց մը ունեցան, որու ե՛ս ալ մասնակցեցայ՝ Վկաներուն կողմը դիրք բռնելով։ Ա՛յն ատեն էր որ սկսայ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։

Երբ 17 տարեկան եղայ, Եհովայի ըրած նուիրումս խորհրդանշեցի մկրտութեամբ, 1949–ի Մարտին։ Ետքը, նոյն տարին հանդիպեցայ Մայքըլ եւ Ճոն Չարուքներուն, որոնք Գաղաադու միսիոնարական դպրոցէն տակաւին նոր շրջանաւարտ եղած էին, եւ դէպի Նիկերիա՝ իրենց նշանակումին երթալու վրայ էին։ Մեծապէս տպաւորուեցայ իրենց միսիոնարական հոգիէն։ Թերեւս առանց գիտակցելու, անոնք նոյն հոգին զետեղեցին սրտիս մէջ։

Մինչ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէի, համալսարան երթալու հետաքրքրութիւնս կորսնցուցի։ Մէկ տարի տունէն հեռու՝ Լոնտոնի մէջ Մաքսի եւ Տուրքի գրասենեակը աշխատելէ ետք, զգացի որ Աստուծոյ հանդէպ նուիրումս պիտի չկարենայի իրագործել այս կառավարական պաշտօնին մէջ շարունակելով։ Երբ գրասենեակի գործս ձգեցի, երկար տարիներէ հոն աշխատող պաշտօնակից մը շնորհաւորեց զիս, այս «տրամադրութիւն–քանդող գործը» ձգելուս համար։

Ասկէ առաջ ուրիշ փորձութիւն մը դիմագրաւեցի. ի՞նչպէս պիտի ըսէի հօրս, որ ապահով գործս ձգելով՝ կ’ուզէի լիաժամ ծառայ մը ըլլալ։ Իրիկուն մը, երբ տուն եկած էի արձակուրդի համար, ցնցիչ լուրը տուի իրեն։ Սպասեցի հօրս պոռթկումին, սակայն շատ զարմացայ երբ ան պարզապէս ըսաւ. «Ինչ որ ցանես, այն կը հնձես. սակայն երբ ձախորդութեան հանդիպիս, վազելով քովս չգաս»։ 1 Յունուար 1950–ի օրագրութիւնս հետեւեալը կ’ըսէ. «Հօրս ըսի ռահվիրայութեան մասին։ Բոլորովին անակնկալի եկայ իր որոշ չափով օգտակար վերաբերմունքը տեսնելով։ Իր ազնուութիւնը սրտիս դպաւ՝ զիս լացնելու աստիճան»։ Կառավարական գործէս հրաժարեցայ եւ լիաժամ ռահվիրայ մը ըլլալու նշանակումս ընդունեցի։

Նշանակում՝ եւ «Տնակ» մը

Ապա, Աստուծոյ հանդէպ ունեցած նուիրումիս յաջորդ փորձը եկաւ։ Ինծի առաջարկուած էր ռահվիրայական նշանակում մը եւ «տնակ» մը Լէնքըշայրի մէջ, զոր պիտի բաժնէի Կալլէսէն Քրիստոնեայ ընկերակիցի մը՝ Լոյտ Կրիֆիթսի հետ։ Այդ տնակին մասին երեւակայութիւններով ու երազներով լեցուն՝ հասայ միապաղաղ եւ անձրեւոտ Պէքըբ գիւղաքաղաքը։ Շուտով երազներս ցնդեցան, երբ տեսայ որ այդ տնակը պարզապէս ներքնայարկ մըն էր։ Մուկերը եւ ուտիճները մեր գիշերուան հիւրերն էին։ Քիչ մնաց որ բոլորովին հրաժարէի, եւ տուն վերադառնայի։ Ասոր փոխարէն, լռելեայն աղօթքով մը Եհովայէ խնդրեցի որ ինծի պէտք եղած ուժը տար որ դիմանայի այս փորձին։ Յանկարծ՝ ներքին խաղաղութիւն մը զգացի, եւ պարագան աւելի առարկայական կերպով սկսայ տեսնել։ Ասիկա նշանակո՛ւմս էր՝ Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ տրուած։ Եհովայի պիտի վստահէի օգնութեան համար։ Որքա՜ն երախտապարտ եմ որ կառչեցայ նշանակումիս, քանի որ եթէ ձգէի, կեանքս յաւիտեան պիտի փոխուէր։—Եսայեայ 26։3, 4

Այն ատեն տնտեսապէս քայքայուած Ռոզընտէյլ Վէլիին մէջ քարոզեցի շուրջ ինը ամիս, որմէ ետք, քանի որ զինուորական ծառայութիւնը մերժեցի, բանտ դրուեցայ։ Սթրէյնճուէյզ Բանտին մէջ երկու շաբաթ մնալէ ետք, Անգլիոյ հարաւային ափին վրայ գտնուող Լուիս Բանտը փոխադրեցին զիս։ Ի վերջոյ, բանտին մէջ Վկաներուն թիւը հինգի բարձրացաւ եւ կրցանք Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնել բանտի խցիկի մը մէջ։

Հայրս մէկ անգամ եկաւ զիս տեսնելու։ Անիկա իր հպարտութիւնը փորձի ենթարկած ըլլալու էր. լաւ ճանչցուած բանտապահ մը՝ իր բանտարկեալ զաւկին այցելելու եկած էր։ Իր այդ արարքին համար իրեն միշտ երախտապարտ պիտի ըլլամ։ Վերջապէս ազատ արձակուելու օրս հասաւ՝ 1951–ի Ապրիլին։

Լուիսի Բանտէն արձակուելով՝ շոգեկառքով գացի Քարտիֆ, Կալլէս, ուր հայրս իբրեւ բանտապետ կը ծառայէր։ Անոր չորս զաւակներուն մէջ՝ երեք տղայ եւ աղջիկ մը՝ ամենէն մեծն էի։ Պէտք էր մասնակի ժամանակով գործ մը ապահովէի, որ կարենայի ծախսերս հոգալ, եւ տակաւին որպէս ռահվիրայ ծառայել։ Հագուստեղէնի վաճառատան մը մէջ սկսայ աշխատիլ, սակայն կեանքիս գլխաւոր նպատակը քրիստոնէական ծառայութիւնն էր։ Այս ժամանակներուն, մեր մայրը մեզ ձգեց։ Ասիկա ծանր հարուած մըն էր հօրս եւ մեզի՝ 8–էն 19 տարեկան զաւակներուն։ Դժբախտաբար՝ ծնողքս ամուսնալուծուեցան։

Առաքինի Կին Գտնողը . . .

Ժողովքին մէջ քանի մը ռահվիրաներ կային։ Անոնց մէջ քոյր մը կար, որ ածխահանքով նշանաւոր Ռոնտա Վէլիէն ամէն օր կու գար աշխատելու եւ քարոզելու համար։ Իր անունը Հէյզըլ Կրիյն էր. անիկա սքանչելի ռահվիրայ մըն էր։ Հէյզըլը ինծմէ տարիներ առաջ ծանօթ էր ճշմարտութեան, քանի որ իր ծնողքը Աստուածաշունչի Աշակերտներուն (այժմ կը ճանչցուին որպէս Եհովայի Վկաներ) ժողովներուն կը յաճախէին 1920–ական թուականներուն։ Սակայն, թոյլ տանք որ ի՛նք պատմէ իր պատմութիւնը։

«Մինչեւ Կրօնքը Փոթորիկ կը Հնձէ գրքոյկը կարդալս՝ 1944–ին, Աստուածաշունչը լուրջի չէի առած։ Մայրս յորդորեց զիս որ Քարտիֆի մէջ շրջանային համաժողովի մը երթայի։ Աստուածաշունչի մասին չնչին գիտութիւն ունենալով հանդերձ՝ ինքզինքս առեւտրական մեծ կեդրոնի մը մէջ գտայ, վզէս հանրային դասախօսութիւնը յայտարարող ծանուցագիր մը կախած։ Այդ փորձառութեան կրցայ դիմանալ, հակառակ անոր որ կրօնականներ եւ ուրիշներ դժուարութիւններ յարուցանեցին։ 1946–ին մկրտուեցայ, եւ նոյն տարուան Դեկտեմբերին սկսայ ռահվիրայութիւն ընել։ Ապա՝ 1951–ին, բանտէն նոր արձակուած երիտասարդ ռահվիրայ մը եկաւ Քարտիֆ, անիկա Էրիքն էր։

«Միասին քարոզելու գացինք։ Իրարու հետ լաւ կ’ընթանայինք։ Նոյն նպատակակէտերը ունէինք կեանքի մէջ՝ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանիլ։ Ուստի՝ 1952–ի Դեկտեմբերին ամուսնացանք։ Թէեւ երկուքս ալ լման ժամանակով ռահվիրայական ծառայութեան մէջ էինք եւ սահմանափակ եկամուտ ունէինք, մեր հիմնական կարիքներէն երբեք չզրկուեցանք։ Երբեմն, նուէր կը ստանայինք Վկայէ մը, որ պատահմամբ՝ իր նպարեղէնը գնելու ատեն պէտք ունեցածէն աւելի անուշ կամ օճառ գնած կ’ըլլար, ճիշդ երբ մե՛նք պէտք կ’ունենայինք անոնց։ Այսպիսի օժանդակութիւններ շատ կը գնահատէինք։ Սակայն, աւելի մեծ անակնկալներ կը սպասէին մեզի»։

Անակնկալ մը որ Մեր Կեանքը Փոխեց

1954–ի Նոյեմբերին, Հէյզըլը եւ ես անակնկալ մը ունեցանք. Եհովայի Վկաներու Լոնտոնի մասնաճիւղէն եկած դիմումնագիր մը՝ շրջուն տեսուչ ըլլալու, ամէն շաբաթ տարբեր ժողովք մը այցելելով։ Համոզուած էինք որ սխալ մը ըլլալու էր, ուստի ժողովքէն մէկո՛ւ մը չըսինք ասոր մասին։ Այսուհանդերձ՝ դիմումնագիրը լեցուցի ու ղրկեցի, ակնկառոյց սպասելով պատասխանին։ Քանի մը օր ետք՝ պատասխանը ստացայ. «Լոնտոն եկո՛ւր մարզումի համար»։

Լոնտոնի գրասենեակը հասնելով՝ չկրցայ հաւատալ որ 23 տարեկանիս՝ այնպիսի եղբայրներու հետ էի, որոնք ինծի համար հոգեւոր հսկաներ կը թուէին ըլլալ. անոնց մէջ էին Փրայս Հիյուզ, Էմլին Ուինզ, Ըրնի Պիվըր, Ըրնի Կայվըր, Պապ Կոկ, Կլին Բար, Սթէն եւ Մարթին Ուուտպըրն, եւ շատ ուրիշներ, որոնցմէ շատեր այժմ մահացած են։ Անոնք, նախանձախնդրութեան եւ ուղղամտութեան հաստատուն հիմ մը դրին Բրիտանիոյ մէջ՝ 1940–ական եւ 1950–ական թուականներուն։

Անգլիոյ Մէջ Շրջանային Գործ՝ Խիստ Հաճելի

Մեր ուղեւորութեան գործը սկսաւ 1954/1955–ի ձիւնոտ ձմրան։ Արեւելեան Անկլիա՝ Անգլիոյ տափարակ շրջանին մէջ՝ նշանակուեցանք, որ անպաշտպան է Հիւսիսային Ծովու պաղ հովերուն դէմ։ Այդ ժամանակ Բրիտանիոյ մէջ միայն 31,000 Վկաներ կային։ Այդ առաջին շրջանը մեզի համար սորվելու խիստ փորձառութիւն մըն էր. մեր այցելած եղբայրներուն համար ալ միշտ դիւրին չէր։ Անփորձութեանս, եւ Եորքշայրցիներու յատուկ անկեղծութեանս պատճառաւ, երբեմն կարգ մը անհատներ վիրաւորեցի։ Ժամանակի ընթացքին սորվեցայ որ ազնուութիւնը ատակութենէն՝ եւ մարդիկը գործելակերպերէն շատ աւելի կարեւոր են։ Տակաւին կը փորձեմ, եւ միշտ ալ չեմ յաջողիր, ուրիշները հանգստացնելու Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։—Մատթէոս 11։28-30

Արեւելեան Անկլիայի մէջ 18 ամիս մնալէ ետք, ուրիշ շրջանի մը մէջ ծառայելու նշանակուեցանք. Անգլիոյ հիւսիս–արեւելքը՝ Նիուքէսըլ ըփան Թայն եւ Նորթհամպըրլէնտ։ Այդ տեսարժան շրջանին մէջ գտնուող ջերմ մարդիկը սիրեցի։ Այցելու նահանգային տեսուչը՝ Տօն Ուորտ՝ Սիէթըլէն, Ուաշինկթըն, շատ օգտակար եղաւ ինծի։ Ան Գաղաադու 20–րդ դասարանի շրջանաւարտներէն էր։ Որպէս դասախօս, կը լփռտայի։ Անիկա ինծի սորվեցուց դանդաղօրէն խօսիլ, դադար գործածել եւ՝ սորվեցնել։

Ուրիշ Անակնկալ մը որ Մեր Կեանքը Փոխեց

1958–ին նամակ մը ստացանք, որ մեր կեանքը փոխեց։ Հրաւէր ստացանք Գաղաադու Դպրոցը յաճախելու Սաութհ Լէնսինկի մէջ, Նիւ Եորք (Ա.Մ.Ն.)։ Մեր 1935 տիպի պզտիկ Օսթին Սէվըն–ը ծախեցինք, եւ դէպի Նիւ Եորք մեր ճամբորդութեան տոմսերը գնեցինք։ Նախ՝ Նիւ Եորք Սիթիի մէջ Եհովայի Վկաներու միջազգային համաժողովին ներկայ գտնուեցանք։ Ապա Բիթըրպօրօ (Օնդէրիօ) անցանք, վեց ամիս ռահվիրայութիւն ընելու համար, դէպի հարաւ Գաղաադու Դպրոցը երթալէն առաջ։

Դպրոցի ուսուցիչներէն էին՝ Ալպերթ Շրոտըր, որ այժմ Կառավարիչ Մարմինէն է, ինչպէս նաեւ Մէքսուէլ Ֆրէնտ ու Ճէք Ռէտֆօրտ, որոնք այժմ մահացած են։ 14 երկիրներէ եկող 82 աշակերտներուն ընկերակցութիւնը շատ շինիչ էր։ Սկսանք քիչ թէ շատ իրարու մշակոյթէն հասկնալ։ Շատ քիչ Անգլերէն խօսող օտար աշակերտներու հետ շփման մէջ գալը, մեզի նախահամը տուաւ այն դժուարութիւններուն, որոնց պիտի հանդիպէինք նոր լեզու մը սորվելու ատեն։ Հինգ ամսուան մէջ մեր մարզումը ամբողջացուցինք, եւ 27 երկիրներու մէջ նշանակուեցանք։ Ապա՝ շրջանաւարտութեան ժամանակը հասաւ, եւ քանի մը օր ետք, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ Քուիյն Էլիզապէթ նաւը կը սպասէինք մեզ Եւրոպա վերադարձնելու համար։

Մեր Առաջին Նշանակումը Օտար Երկրի Մէջ

Ո՞ւր նշանակուած էինք. Փորթուկալ։ 1959–ի Նոյեմբերին Լիզպոն հասանք։ Ահաւասիկ մեր փորձը նոր լեզուի եւ նոր մշակոյթի մը յարմարելու։ 1959–ին 643 գործունեայ Վկաներ կային Փորթուկալի շուրջ 9 միլիոն բնակչութեան մէջ։ Սակայն մեր քարոզչութեան գործը օրինական ճանաչում չունէր։ Թէեւ Թագաւորութեան Սրահներ ունէինք, սակայն դուրսը ցուցատախտակներ չկային։

Միսիոնար Էլսա Բիքոնին մեզի Փորթուկալերէն սորվեցնելէն ետք, Հէյզըլը եւ ես ժողովքներ եւ խումբեր այցելեցինք Լիզպոնի, Ֆարոյի, Էվորայի եւ Պէյժայի շուրջ։ Ապա՝ 1961–ին, իրերը սկսան փոխուիլ։ Ժուան Կոնսալվիշ Մաթէուս անունով երիտասարդի մը հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէի։ Անիկա զինուորական ծառայութեան հարցին մէջ որոշեց քրիստոնէական չէզոք դիրք մը բռնել։ Շատ չանցած՝ ոստիկանատուն կանչուեցայ հարցուփորձի համար։ Ահաւասիկ ուրիշ անակնկալ մը։ Քանի մը օր ետք մեզի ազդարարութիւն տրուեցաւ երկիրը ձգելու՝ 30 օրուան մէջ։ Նոյնը պատահեցաւ մեր միսիոնար ընկերակիցներուն՝ Էրիք ու Քրիսթինա Պրիթըններուն եւ Տոմընիք ու Էլսա Բիքոնիներուն։

Մեր դատը վերաքննելու դիմում ներկայացուցի, եւ մեզի արտօնուեցաւ գաղտնի ոստիկանութեան մեծաւորին հետ տեսակցիլ։ Անիկա մեզի յստակ կերպով բացատրեց թէ ինչո՛ւ մեզմէ կը պահանջուէր երկիրը ձգել, եւ Աստուածաշունչի աշակերտիս՝ Ժուան Կոնսալվիշ Մաթէուսի՝ անունը տուաւ։ Ան ըսաւ որ Փորթուկալ Բրիտանիոյ պէս չէր որ խղճմտանքի առարկութեան պերճանքը շնորհէր։ Ուստի՝ ստիպուեցանք ձգել Փորթուկալը, եւ Ժուանին հետքը կորսնցուցի։ Ապա՝ 26 տարի ետք, ի՜նչ անակնկալ էր տեսնել Ժուանը իր կնոջ եւ երեք աղջիկներուն հետ՝ Փորթուկալի նոր Պէթէլի բացումին։ Փորթուկալի մէջ մեր ծառայութիւնը ի դերեւ չէր ելած։—Ա. Կորնթացիս 3։6-9

Մեր յաջորդ նշանակումը ո՞ւր էր։ Անակնկալ։ Դրացի Սպանիան։ Արտասուալից աչքերով, 1962–ի Փետրուարին՝ շոգեկառքով Լիզպոնը ձգելով՝ դէպի Մատրիտ ճամբորդեցինք։

Նոր Մշակոյթի Յարմարիլ

Սպանիոյ մէջ գաղտնաբար քարոզելու եւ ժողովներ գումարելու կերպերուն պէտք էր վարժուէինք։ Քարոզելու ատեն սովորաբար երբեք քով քովի դռներ չէինք զարներ։ Դրան մը առջեւ քարոզելէ ետք, ուրիշ փողոցի մը մէջ ուրիշ շէնք մը կ’ուղղուէինք։ Ասիկա ոստիկաններուն կամ կրօնականներուն համար մեզ բռնելու գործը կը դժուարացնէր։ Չմոռնաք որ Ֆաշիստ, Կաթողիկէ բռնատիրութեան մը ներքեւ կ’ապրէինք, եւ մեր քարոզչութեան գործը արգիլուած էր։ Որպէս օտարներ, սպանական անուններ առինք մեր ինքնութիւնը ծածկելու համար։ Իմ անունս Բապլօ եղաւ՝ իսկ Հէյզըլին անունը՝ Ուանա։

Մատրիտի մէջ քանի մը ամիս մնալէ ետք, շրջանային գործի նշանակուեցանք Պարչելոնայի մէջ։ Քաղաքին մէջ զանազան ժողովքներ այցելեցինք, իւրաքանչիւրին հետ յաճախ երկու կամ երեք շաբաթ անցընելով։ Այցելութիւնները այսքան երկար կը տեւէին, քանի որ իւրաքանչիւր գրքի ուսումնասիրութեան խումբ կ’այցելէինք, որպէս թէ ժողովք մը ըլլար, եւ սովորաբար շաբաթը երկու խումբ կ’այցելէինք։

Անակնկալ Մարտահրաւէր մը

1963–ին հրաւէր ստացանք նահանգային գործը ստանձնելու Սպանիոյ մէջ։ Շուրջ 3,000 գործունեայ Վկաներուն ծառայելու համար, ամբողջ երկիրը պէտք էր ծածկէինք, այցելելով՝ այն ատեն գոյութիւն ունեցող ինը շրջանները։ Մեր ամենէն յիշատակելի գաղտնի շրջանային համաժողովներէն ոմանք ունեցանք Սեւիլի մօտակայքը գտնուող անտառներուն մէջ, Կիհոնի մօտ ագարակի մը մէջ, եւ Մատրիտի, Պարչելոնայի եւ Լոկրոնյոյի մօտերը՝ գետերուն քով։

Որպէս նախազգուշութիւն, երբ տունէ տուն կը քարոզէինք, մօտակայ փողոցներուն քարտէսը աչքէ կ’անցընէի, փախուստի ճամբայ մը ապահովելու համար, եթէ պէտք ըլլար։ Անգամ մը երբ Մատրիտի մէջ կը ծառայէինք, Վկայ մը եւ ես շէնքի մը վերի յարկը կը գտնուէինք, երբ վարէն յանկարծ պոռչտուք մը լսեցինք։ Երբ վար իջանք, պատանուհիներու խումբ մը տեսանք, որոնք Իքաս տը Մարիա կոչուող (Մարիամի Դուստրները) Կաթողիկէ խմբակցութեան մը անդամներն էին։ Անոնք դրացիները կ’ազդարարէին։ Չկրցանք անոնց հետ տրամաբանել, եւ զգացի որ անմիջապէս պէտք էր հեռանայինք, ապա թէ ոչ՝ ոստիկանները պիտի բռնէին մեզ։ Ուստի, փախանք, եւ շատ արագ։

Հրճուալի տարիներ անցուցինք Սպանիոյ մէջ։ Հոն, կը ջանայինք քաջալերել մեր հոյակապ եղբայրներն ու քոյրերը, ի ներառեալ՝ մասնաւոր ռահվիրայ ծառաները։ Անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ ժողովքներ հաստատելու եւ կերտելու համար բանտը աչք առած էին, եւ յաճախ զրկանքներու համբերութեամբ տոկացած էին։

Այս ժամանակաշրջանին գէշ լուրեր ալ առինք։ Հէյզըլ կը բացատրէ. «1964–ին մայրս, որ հաւատարիմ Վկայ մըն էր, մահացաւ։ Ցաւալի հարուած մըն էր զինք կորսնցնել նոյնիսկ՝ առանց հրաժեշտի։ Ասիկա միսիոնարական ծառայութեան գիներէն մէկն է, զոր բազմաթիւ ուրիշներ ալ վճարած են»։

Վերջապէս Ազատութիւն

Տարիներ տեւող հալածանքէ ետք, 1970–ի Յուլիսին ի վերջոյ մեր գործը օրինաւոր ճանաչում ստացաւ Ֆրանգոյի կառավարութեան կողմէ։ Հէյզըլը եւ ես հրճուեցանք, երբ Թագաւորութեան Սրահներ սկսան բացուիլ. առաջինը՝ Մատրիտի, իսկ երկրորդը՝ Լեսեբսի մէջ, Պարչելոնա։ Անոնք միշտ մեծ ցուցատախտակներ կ’ունենային, յաճախ՝ լուսազարդ։ Ուզեցինք որ մարդիկը գիտնային որ օրինաւոր էինք, եւ հոս պիտի մնայի՛նք։ Այն ատեն, 1972–ին, շուրջ 17,000 Վկաներ կային Սպանիոյ մէջ։

Այս ատենները Անգլիայէն շատ քաջալերական լուր մը ստացայ։ Հայրս Սպանիոյ մէջ մեզի այցելած էր 1969–ին։ Անիկա իրեն հանդէպ Սպանացի Վկաներուն ցուցաբերած լաւ վարմունքով ա՛յնքան տպաւորուած էր, որ Անգլիա իր վերադարձին սկսած էր Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Հետագային՝ 1971–ին, իմացայ որ հայրս մկրտուած էր։ Յուզիչ պահ մըն էր երբ տուն այցելեցինք եւ ինք, որպէս Քրիստոնեայ եղբայրս՝ ճաշին համար աղօթք մատուցանեց։ Աւելի քան 20 տարիներ սպասած էի այդ օրուան։ Եղբայրս Պոպ եւ իր կինը Այրիս, Վկաներ եղած էին 1958–ին։ Իրենց տղան Ֆիլիբը, այժմ որպէս շրջանային տեսուչ կը ծառայէ Սպանիոյ մէջ, իր կնոջ՝ Ճինի հետ։ Շատ ուրախ ենք որ անոնք այդ սքանչելի երկրին մէջ կը ծառայեն։

Մեր Ամենէն Նոր Անակնկալը

1980–ի Փետրուարին, Կառավարիչ Մարմինի անդամներէն մէկը Սպանիա այցելեց որպէս գօտիի տեսուչ։ Անակնկալի եկայ, երբ ուզեց ինծի ընկերակցիլ ծառայութեան մէջ։ Տեղեակ չէի որ այս կերպով զիս մօտէն կը քննէր։ Ապա, Սեպտեմբերին, հրաւէր ստացանք համաշխարհային կեդրոնատեղին փոխադրուելու՝ Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք։ Շշմեցանք։ Հրաւէրը ընդունեցինք, հակառակ անոր որ մեր Սպանացի եղբայրներէն հեռանալը սրտաբեկիչ էր։ Այն ատեն Սպանիոյ մէջ 48,000 Վկայ կար։

Երբ ձգեցինք, եղբայր մը ինծի գրպանի ժամացոյց մը նուիրեց։ Անոր վրայ երկու սուրբ գրային համարներ փորագրած էր. «Ղուկաս 16։10. Ղուկաս 17։10»։ Ան ըսաւ որ ասոնք յաճախ գործածած համարներս էին։ Ղուկաս 16։10–ն կը շեշտէ քիչ բանի մէջ մեր հաւատարիմ ըլլալը, իսկ Ղուկաս 17։10–ն՝ թէ մենք «անպիտան ծառաներ» ենք, ուստի պատճառ չունինք հպարտանալու։ Միշտ գիտակցած եմ որ Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՛նչ որ ալ ընենք, անիկա որպէս նուիրուած Քրիստոնեաներ պարզապէս մեր պարտականութիւնն է։

Առողջապահական Անակնկալ մը

1990–ին, սկսայ սրտի խնդիրներ ունենալ։ Ի վերջոյ, ստիպուեցան սդենդ մը զետեղել գոցուած շնչերակ մը բանալու համար։ Ֆիզիքական տկարութեան այս դժուարին ժամանակին, Հէյզըլը տարբեր կերպերով նեցուկ կանգնած է ինծի, յաճախ ի՛նք կրելով պարկեր ու պայուսակներ, զորս տկարութեանս պատճառաւ չէի կրնար կրել։ Ապա՝ 2000–ի Մայիսին փէյսմէյքըր մը զետեղեցին սրտիս զարկերը համընթաց պահելու համար։ Ի՜նչ տարբերութիւն։

Վերջին 50 տարիներու ընթացքին, Հէյզըլը եւ ես ըմբռնած ենք որ Եհովայի ձեռքը կարճ չէ, եւ իր նպատակները կ’իրագործուին ի՛ր յարմար ժամանակին, եւ ո՛չ թէ՝ մեր։ (Եսայեայ 59։1. Ամբակումայ 2։3) Բազմաթիւ խայտալի, ինչպէս նաեւ՝ քանի մը տխուր անակնկալներ ունեցած ենք մեր կեանքին մէջ սակայն Եհովա մեզի նեցուկ կանգնած է այդ բոլորին ընթացքին։ Հոս՝ Եհովայի Վկաներուն համաշխարհային կեդրոնատեղիին մէջ, ամէն օր օրհնուած ենք շփման մէջ գալով Կառավարիչ Մարմինի անդամներուն հետ։ Երբեմն ինքզինքիս հարց կու տամ. ‘Ի՞րապէս հոս ենք’։ Ասիկա անարժան ողորմութիւն մըն է։ (Բ. Կորնթացիս 12։9) Վստահ ենք որ Եհովան պիտի շարունակէ մեզ պաշտպանել Սատանայի հնարքներուն դէմ ու մեզ պահպանել, որպէսզի վայելենք իր արդար իշխանութեան օրը երկրի վրայ։—Եփեսացիս 6։11-18. Յայտնութիւն 21։1-4

[Նկար՝ էջ 26]

Սթրէյնճուէյզ Բանտ, Մէնչէստըր, ուր սկիզբը բանտարկուեցայ

[Նկար՝ էջ 27]

Մեր «Օսթին Սէվըն»ին հետ, շրջանային գործի ընթացքին, Անգլիոյ մէջ

[Նկար՝ էջ 28]

Գաղտնի համաժողով մը 1962–ին, Թերսետիլիայի մէջ, Մատրիտ, Սպանիա

[Նկար՝ էջ 29]

Մեր վկայութեան սեղանին քով՝ Պրուքլինի մէջ