Դաս մը՝ արմաւենիէն
Դաս մը՝ արմաւենիէն
«ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ գեղեցկութեան շնորհալի ստուերագիծ մը»։ Այս կերպով է որ Աստուածաշունչի համայնագիտարան մը կը նկարագրէ արմաւենին։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն եւ ներկայիս, արմաւենիները Եգիպտոսի մէջ Նեղոսի Հովիտը կը գեղեցկացնեն, եւ Նեկէպ Անապատին ովասիսներուն շուրջ թարմացուցիչ ստուեր կը հայթայթեն։
Սովորաբար, արմաւենիները արտակարգօրէն ուղղաբերձ են։ Ոմանք 30 մեթր հասակ կը նետեն եւ կը շարունակեն 150 տարի պտուղ տալ։ Այո, արմաւենին աչքին շատ հաճելի եւ զարմանալիօրէն պտղաբեր է։ Ամէն տարի անիկա քանի մը ողկոյզ արմաւ կ’արտադրէ։ Իւրաքանչիւր ողկոյզ կրնայ աւելի քան 1,000 արմաւ պարունակել։ Հեղինակ մը արմաւի մասին գրեց. «Անոնք որոնք . . . արմաւին ծանօթացած են համտեսելով անոր ծրարուած ու չորցած տեսակները, որոնք խանութներու ցուցափեղկերուն մէջ կը ծախուին, չեն կրնար երեւակայել թէ թարմ ուտուելու պարագային անիկա որքա՛ն համեղ է»։
Տեղին ըլլալով, Աստուածաշունչը կարգ մը մարդիկ արմաւենիներու կը նմանցնէ։ Պտղաբեր արմաւենիի նման Աստուծոյ աչքին հաճելի ըլլալու համար, անհատ մը պէտք է բարոյապէս ուղիղ ըլլայ եւ շարունակէ լաւ գործեր արտադրել։ (Մատթէոս 7։17-20) Այս պատճառաւ, թէ՛ Սողոմոնի տաճարին եւ թէ Եզեկիէլի տեսլական տաճարին մէջ, որպէս զարդարանք արմաւենիի քանդակուած պատկերներ գործածուեցան։ (Գ. Թագաւորաց 6։29, 32, 35. Եզեկիէլ 40։14-16, 20, 22) Հետեւաբար, որպէսզի անհատի մը պաշտամունքը Աստուծոյ ընդունելի ըլլայ, ան արմաւենիի մը փափաքելի յատկանիշները պէտք է ունենայ։ Աստուծոյ Խօսքը կը բացատրէ. «Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի»։—Սաղմոս 92։12