Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչպէս կրնաք «անառակ» որդիի մը օգնել

Ի՞նչպէս կրնաք «անառակ» որդիի մը օգնել

Ի՞նչպէս կրնաք «անառակ» որդիի մը օգնել

«Պէտք է ուրախ ըլլալ եւ խնդալ, վասն զի . . . կորսուած էր ու գտնուեցաւ»։—ՂՈՒԿԱՍ 15։32

1, 2. (ա) Դեռատիներէն ոմանք ի՞նչպէս հակազդած են քրիստոնէական ճշմարտութեան։ (բ) Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, ծնողներ եւ զաւակներ ի՞նչպէս կրնան զգալ։

«ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ պիտի ձգեմ»։ Իրենց զաւակները քրիստոնէական ճամբուն մէջ մեծցնելու համար ծանր աշխատած աստուածավախ ծնողներու համար, որքա՜ն ցնցիչ է այս խօսքը լսելը։ Ուրիշ պատանիներ պարզապէս «կը հեռանան», առանց իրենց դիտաւորութիւնները յայտնելու։ (Եբրայեցիս 2։1, Անթիլիաս) Անոնցմէ շատեր կը նմանին Յիսուսի առակին մէջի անառակ որդիին, որ իր հօրը տունը ձգեց եւ իր ժառանգութիւնը վատնեց հեռու երկրի մը մէջ։—Ղուկաս 15։11-16

2 Թէեւ Եհովայի Վկաներուն մեծամասնութիւնը իրենց տան մէջ այս պարագան չունին, սակայն, անոնք որոնք կը տառապին ասկէ, մխիթարական ոչ մէկ խօսք կրնայ անոնց վիշտը բոլորովին վանել։ Նաեւ պէտք չէ մոռնանք այն ապերջանկութիւնը, որմէ կամակոր պատանին կրնայ տառապիլ։ Ներքնապէս, իր խղճմտանքը կրնայ զինք տանջել։ Յիսուսի առակին մէջ, անառակ որդին ի վերջոյ ‘ինքնիրեն եկաւ’ եւ ասիկա իր հայրը ուրախացուց։ Ծնողներ եւ ժողովքի ուրիշ անդամներ ի՞նչպէս կրնան մոլորեալ զաւակներուն օգնել որ ‘իրենք իրենց գան’։—Ղուկաս 15։17, Վերանայուած

Ոմանք Ինչո՞ւ կ’Որոշեն Ձգել

3. Ի՞նչ են կարգ մը պատճառներ, որոնց համար պատանիներ քրիստոնէական ժողովքը կը ձգեն։

3 Հարիւր հազարաւոր դեռատիներ ուրախութեամբ Եհովայի կը ծառայեն քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Սակայն, ինչո՞ւ ուրիշներ զայն կը ձգեն։ Թերեւս անոնք կը զգան թէ աշխարհի հրամցուցած բաներէն զրկուած են։ (Բ. Տիմոթէոս 4։10) Կամ ալ Եհովայի պաշտպանիչ հօտին մէջ ըլլալը չափազանց կաշկանդիչ կը նկատեն։ Յանցաւոր խիղճ մը, հակառակ սեռի հանդէպ զօրաւոր հետաքրքրութիւն մը, կամ տարեկիցներէն ընդունուելու փափաք մը, կրնան պատճառ ըլլալ որ պատանի մը Եհովայի հօտէն հեռանայ։ Պատանի մը կրնայ Աստուծոյ ծառայելէ դադրիլ, իր ծնողներուն կամ կարգ մը այլ Քրիստոնեաներու կեղծաւորութեան պատճառաւ։

4. Յաճախ ի՞նչ է բուն պատճառը, որուն համար դեռատիներ կը մոլորին։

4 Զաւկի մը ըմբոստ կեցուածքը եւ վարմունքը սովորաբար հոգեւոր տկարութեան ախտանշան է, անոր սրտին մէջ եղածները արտացոլացնելով։ (Առակաց 15։13. Մատթէոս 12։34) Պատանի մը ի՛նչ պատճառաւ ալ մոլորի, յաճախ խնդրին արմատը՝ «ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութիւն»ը չունենալն է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։7, ՆԱ) Փոխանակ Եհովան մեքենայականօրէն պաշտելու, կարեւոր է որ դեռատիներ իր հետ անձնական սերտ յարաբերութիւն մը մշակեն։ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ ասիկա ընելու։

Աստուծոյ Մօտեցէք

5. Ի՞նչ բան կենսական է որպէսզի պատանի մը Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն մը մշակէ։

5 «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք», գրեց Յակոբոս աշակերտ, «ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ (Յակոբու 4։8) Ասիկա ընելու համար, պատանիի մը օգնութիւն պէտք է տրուի, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ ախորժակ մշակէ։ (Սաղմոս 34։8) Սկիզբը, ան պէտք պիտի ունենայ «կաթի»՝ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն։ Սակայն, երբ ան կը սկսի Աստուծոյ Խօսքէն հաճոյք առնել եւ կամաց–կամաց «հաստատուն կերակուրի»ն՝ խորունկ հոգեւոր նիւթերուն՝ համը սիրել, շատ չանցած հոգեւոր հասունութեան պիտի հասնի։ (Եբրայեցիս 5։11-14. Սաղմոս 1։2) Պատանի մը որ խոստովանեցաւ թէ աշխարհի կենցաղով բոլորովին կլանուած էր, սկսաւ հոգեւոր արժէքները գնահատել։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց որ ետ դառնայ։ Ամբողջ Աստուածաշունչը կարդալու թելադրութեան մը ընդառաջելով, ան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կանոնաւոր յայտագրի մը կառչեցաւ։ Այո, Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալը, Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակելու համար կենսական է։

6, 7. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ խանդաղատանք մշակեն։

6 Որքա՜ն կենսական է որ ծնողներ իրենց զաւակներուն օգնեն որ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ խանդաղատանք մշակեն։ Ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը ունենալով հանդերձ, պատանուհի մը յանցագործ պատանիներու հետ ընկերակցեցաւ։ Իր ընտանեկան ուսումնասիրութեան նկատմամբ, ան կը յիշէ. «Երբ հայրս հարցումներ հարցնէր, պարզապէս պատասխանները կը կարդայի, առանց նոյնիսկ իր դէմքին նայելու»։ Ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին փոխանակ միայն նիւթը ծածկելու, իմաստուն ծնողներ սորվեցնելու արուեստը կը գործածեն։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2, ՆԱ) Որպէսզի պատանի մը ուսումնասիրութենէն հաճոյք առնէ, ան պէտք է զգայ թէ անիկա իր հետ առնչութիւն ունի։ Ինչո՞ւ տեսակէտ յայտնող հարցումներ չհարցնէք եւ թոյլ չտաք որ անոնք արտայայտուին։ Պատանին քաջալերեցէք որ նկատի առնուած նիւթին գործնական կիրարկում ընէ։ *

7 Ասկէ զատ, սուրբ գրային զրոյցը կենսունակ դարձուցէք։ Երբ յարմար է, երախաները Աստուածաշունչէն դէպքեր եւ թատերախաղեր թող խաղարկեն։ Անոնց օգնեցէք մտապատկերացնելու նկատի առնուած դէպքին վայրը եւ այդ երկրին երեսակները։ Քարտէսներ եւ ցուցակներ գործածելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Այո, քիչ մը երեւակայութիւն գործածելով, ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը կրնայ կենսունակ եւ այլազան ըլլալ։ Ծնողներ լաւ կ’ընեն նաեւ եթէ Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը քննեն. քանի որ մինչ Եհովայի աւելի կը մօտենան, կրնան իրենց զաւակներուն օգնել նոյնը ընելու։—Բ. Օրինաց 6։5-7

8. Աղօթքը ի՞նչպէս կ’օգնէ անհատի մը որ Աստուծոյ մօտենայ։

8 Աղօթքն ալ անհատին կ’օգնէ որ Աստուծոյ մօտենայ։ Պատանեկութեան սկիզբի տարիներուն, աղջնակ մը քրիստոնէական ապրելակերպին եւ իր հաւատալիքները չբաժնող բարեկամներու ընկերակցութեան միջեւ բաժնուած զգաց։ (Յակոբու 4։4) Ասոր նկատմամբ ան ի՞նչ ըրաւ։ «Առաջին անգամ ըլլալով», ան խոստովանեցաւ, «իմ զգացումներուս մասին Եհովայի աղօթեցի»։ Ան եզրակացուց թէ իր աղօթքը պատասխանուեցաւ, երբ ի վերջոյ քրիստոնէական ժողովքին մէջ բարեկամուհի մը գտաւ, որու կրնար իր սիրտը բանալ։ Զգալով թէ Եհովա զինք կ’առաջնորդէր, սկսաւ Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն մը կերտել։ Ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, իրենց անձնական աղօթքներուն որակը բարելաւելով։ Երբ ընտանեօք կ’աղօթեն, ծնողներ կրնան իրենց սիրտը պարպել, որպէսզի զաւակները կարենան զգալ իրենց ծնողներուն եւ Եհովայի միջեւ եղած անձնական կապը։

Համբերատար Բայց՝ Հաստատ Եղէք

9, 10. Կամակոր Իսրայելացիներուն հետ երկայնամիտ գտնուելով, Եհովա ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

9 Երբ պատանի մը կը սկսի հեռանալ, թերեւս ան փորձէ մեկուսանալ եւ դէմ դնել իր հետ հոգեւոր խօսակցութիւն ունենալու ծնողքին ջանքին։ Այսպիսի դժուար պարագայի մը մէջ ծնողքը ի՞նչ կրնայ ընել։ Նկատի առէք թէ Եհովա ի՛նչ ըրաւ վաղեմի Իսրայէլին հետ։ Ան «խստապարանոց» Իսրայելացիներուն հանդուրժեց աւելի քան 900 տարի, ապա զանոնք լքեց որ շարունակեն իրենց կամակոր ճամբան։ (Ելից 34։9. Բ. Մնացորդաց 36։17-21. Հռովմայեցիս 10։21) Զինք կրկին անգամ ‘փորձելով’ հանդերձ, Եհովա անոնց հանդէպ «ողորմած» էր։ «Շատ անգամ կը զսպէր իր բարկութիւնը ու չէր բորբոքեցներ իր բոլոր սրտմտութիւնը»։ (Սաղմոս 78։38-42) Անոնց հետ իր գործառնութեանց մէջ Աստուած անթերի էր։ Սիրալիր ծնողներ Եհովան կ’ընդօրինակեն եւ համբերատար են, երբ զաւակը անմիջապէս չ’ընդառաջեր իրեն օգնելու իրենց ջանքերուն։

10 Երկայնամիտ կամ համբերատար ըլլալը չի նշանակեր «երկար ժամանակ տառապիլ». անիկա կը նշանակէ՝ խանգարուած յարաբերութեան մը մէջ բարելաւման ամէն յոյս կտրելը մերժել։ Եհովա ի՛նչպէս երկայնամիտ ըլլալու օրինակ հանդիսացաւ։ Ան նախաձեռնութիւնը առաւ, իր պատգամաւորները «կրկին ու կրկին» ղրկելով Իսրայելացիներուն։ Եհովա «իր ժողովուրդին կը կարեկցէր», հակառակ որ «անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները ծաղր կ’ընէին»։ (Բ. Մնացորդաց 36։15, ՆԱ, 16) Ան Իսրայելացիներէն խնդրեց, ըսելով. «Ամէն մէկդ ձեր չար ճամբայէն . . . դարձէք»։ (Երեմեայ 25։4, 5) Այսուհանդերձ, Եհովա իր արդար սկզբունքներուն մէջ զիջումներ չըրաւ։ Իսրայելացիներուն պատուէր տրուեցաւ որ Աստուծոյ ու իր ճամբաներուն ‘դառնան’։

11. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան երկայնամիտ բայց հաստատ ըլլալ, իրենց խոտորած զաւկին հետ վարուելու ատեն։

11 Ծնողներ կրնան Եհովան ընդօրինակել երկայնամիտ ըլլալով, խոտորած զաւկին նկատմամբ իրենց յոյսը շուտով չկտրելով։ Առանց յուսահատելու, անոնք կրնան նախաձեռնութիւնը առնել հաղորդակցութեան գիծերը բաց պահելով կամ վերահաստատելով։ Արդար սկզբունքներուն կառչած մնալով հանդերձ, անոնք կրնան «կրկին ու կրկին» իրենց զաւկէն խնդրել որ ճշմարտութեան ճամբուն վերադառնայ։

Երբ Անչափահաս մը Վտարուի

12. Իրենց տան մէջ բնակող բայց ժողովքէն վտարուած անչափահաս զաւկի մը հանդէպ, ծնողներ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։

12 Երբ իր ծնողքին հետ ապրող անչափահաս մը լուրջ յանցագործութիւն մը ընէ եւ իր անզեղջ կեցուածքին համար ժողովքէն վտարուի, այն ատեն ի՞նչ. . . ։ Քանի որ զաւակը իր ծնողքին հետ կ’ապրի, անոնք տակաւին պատասխանատու են զինք Աստուծոյ Խօսքին համաձայն կրթելու եւ դաստիարակելու։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է ընել։—Առակաց 6։20-22. 29։17

13. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան փորձել իրենց յանցագործ զաւկին սրտին հասնիլ։

13 Թերեւս կարելի է, արդարեւ, լաւագոյն կերպն է, այս զաւկին կրթութիւն ու դաստիարակութիւն տալ Աստուածաշունչի առանձին ուսումնասիրութեան մը ընթացքին։ Ծնող մը պէտք է զաւկին պնդագլուխ կեցուածքէն անդին նայի եւ փորձէ անոր սրտին մէջ եղածը տեսնել։ Անոր հոգեւոր հիւանդութեան տարողութիւնը ի՞նչ է։ (Առակաց 20։5) Կարելի՞ է անոր սրտին կակուղ մասին հասնիլ։ Ո՞ր համարները կարելի է ազդու կերպով գործածել։ Պօղոս առաքեալ կը վստահեցնէ մեզ. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ (Եբրայեցիս 4։12) Այո, ծնողներ կրնան աւելին ընել, քան՝ իրենց զաւակներուն անգամ մը եւս յանցագործութիւն չընելու մասին խօսիլ։ Անոնք կրնան փորձել բուժման գործընթացին զարկ տալ եւ զայն յառաջ տանիլ։

14. Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը վերահաստատելու համար, յանցագործ պատանի մը ո՞ր նախաքայլը պէտք է առնէ, իսկ ծնողներ ի՞նչպէս կրնան զաւկին օգնել այս ուղղութեամբ։

14 Յանցագործ պատանին պէտք ունի Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը վերահաստատելու։ Ասիկա ընելու առաջին քայլն է ‘ապաշխարել ու դարձի գալ’։ (Գործք 3։19. Եսայեայ 55։6, 7) Տան մէջ գտնուող պատանիի մը օգնելու համար որ զղջայ, ծնողներ պէտք է ‘ոխ չպահեն. քաղցրութեամբ խրատեն’ հակառակ կեցող զաւակը։ (Բ. Տիմոթէոս 2։24-26) Անոնք սուրբ գրային առումով պէտք է ‘յանդիմանեն’ զինք։ «Յանդիմանել» թարգմանուած Յունարէն բառը կարելի է նաեւ թարգմանել՝ «համոզիչ ապացոյց տալ»։ (Յայտնութիւն 3։19. Յովհաննու 16։8, ՆԱ) Հետեւաբար, յանդիմանել կը պարփակէ բաւարար ապացոյց ներկայացնել, զաւակը համոզելու համար թէ իր ընթացքը մեղաւոր է։ Արդարեւ, ասիկա ընելը դիւրին չէ։ Երբ կարելի է, ծնողներ կրնան անոր սրտին խօսիլ, զինք համոզելու համար սուրբ գրայինօրէն պատշաճ եղող ամէն միջոց գործածելով։ Անոնք պէտք է ջանան անոր օգնել որ ըմբռնէ ‘չարութիւնը ատելու ու բարութիւնը սիրելու’ կարիքը։ (Ամովսայ 5։15) Թերեւս ան ‘Սատանային որոգայթէն զգաստանայ, որմէ բռնուած է’։

15. Աղօթքը ի՞նչ դեր կը խաղայ Եհովայի ու յանցագործին միջեւ յարաբերութիւնը վերահաստատելու մէջ։

15 Եհովայի հետ անհատին յարաբերութիւնը վերահաստատելու համար, աղօթքը պայման է։ Անշուշտ, ոչ ոք պէտք է «խնդրանք մատուցանէ» բացայայտ մեղքի մը նկատմամբ, որ անզեղջօրէն կը գործուի անհատի մը կողմէ, որ ատեն մը քրիստոնէական ժողովքին հետ կ’ընկերակցէր։ (Ա. Յովհաննու 5։16, 17. Երեմեայ 7։16-20. Եբրայեցիս 10։26, 27) Սակայն, ծնողներ կրնան Եհովայէ խնդրել որ իրենց իմաստութիւն տայ, պարագային հետ գլուխ ելլելու համար։ (Յակոբու 1։5) Եթէ վտարուած պատանի մը զղջումի ապացոյց տայ, սակայն ‘Աստուծոյ առջեւ կենալու համարձակութիւն չունենայ’, ծնողքը կրնայ աղօթել որ՝ եթէ Աստուած զաւկին յանցանքը ներելու հիմ մը գտնէ, թող որ Իր կամքը ըլլայ։ (Ա. Յովհաննու 3։21) Այս աղօթքները լսելը պէտք է պատանիին օգնէ որ Եհովան նկատէ որպէս ողորմած Աստուած մը։ *Ելից 34։6, 7. Յակոբու 5։16

16. Վտարուած անչափահասներու ընտանիքի անդամներուն ի՞նչպէս կրնանք օգնել։

16 Եթէ մկրտուած պատանի մը վտարուի, ժողովքի անդամներէն կ’ակնկալուի անոր հետ «չխառնուիլ»։ (Ա. Կորնթացիս 5։11. Բ. Յովհաննու 10, 11) Ասիկա ի վերջոյ անոր կրնայ օգնել որ ‘ինքնիրեն գայ’ եւ Աստուծոյ պաշտպանիչ հօտին վերադառնայ։ (Ղուկաս 15։17) Սակայն, ան վերադառնայ կամ ոչ, ժողովքի անդամները կրնան վտարուած պատանիին ընտանիքը քաջալերել։ Բոլորս ալ կրնանք անոնց հանդէպ «կարեկից» ու «ողորմած» ըլլալու պատեհութիւններ փնտռել։—Ա. Պետրոս 3։8, 9

Ուրիշներ Ի՛նչպէս Կրնան Օգնել

17. Ժողովքի անդամները ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենան երբ կը ջանան մոլորած պատանիի մը օգնել։

17 Ի՞նչ կրնանք ըսել պատանիի մը մասին որ քրիստոնէական ժողովքէն վտարուած չէ, սակայն հաւատքի մէջ տկարացած է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ»։ (Ա. Կորնթացիս 12։26) Ուրիշներ կրնան այսպիսի պատանիի մը հանդէպ գործօն հետաքրքրութիւն ցոյց տալ։ Անշուշտ, որոշ չափով զգուշութեան կարիքը կայ, քանի որ հոգեւորապէս հիւանդ պատանի մը կրնայ ուրիշ պատանիներու վրայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ։ (Գաղատացիս 5։7-9) Ժողովքի մը մէջ, ուր բարենպատակ չափահասներ ուզեցին կարգ մը հոգեւորապէս տկար պատանիներու օգնել, զանոնք հաւաքոյթներու հրաւիրեցին, որպէսզի միասնաբար ժողովրդական երաժշտութիւններ նուագեն։ Թէեւ պատանիները շուտով ընդառաջեցին եւ այս նիստերէն հաճոյք քաղեցին, սակայն, իրարու վրայ անոնց ունեցած գէշ ազդեցութիւնը ի վերջոյ պատճառ եղաւ որ ժողովքին հետ իրենց ընկերակցութիւնը դադրեցնեն։ (Ա. Կորնթացիս 15։33. Յուդա 22, 23) Հոգեւորապէս հիւանդ զաւակը կրնայ բուժուիլ, ոչ թէ հոգեւոր ուղղութիւն չունեցող ընկերային հաւաքոյթներով, այլ՝ հոգեւոր բաներու հանդէպ ախորժակ մշակելու նպաստող ընկերակցութեամբ։ *

18. Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի առակին մէջի անառակ որդիին հօր կեցուածքը ընդօրինակել։

18 Երբ ժողովքը ձգած պատանի մը Թագաւորութեան Սրահ գայ կամ համաժողովի մը ներկայ գտնուի, խորհեցէք թէ անիկա ի՛նչպէս կրնայ զգալ։ Պէտք չէ՞ որ Յիսուսի առակին մէջի անառակ որդիին հօր բարի գալուստի կեցուածքը ցուցաբերենք։ (Ղուկաս 15։18-20, 25-32) Պատանի մը որ քրիստոնէական ժողովքը ձգած եւ հետագային նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուած էր, ըսաւ. «Խորհեցայ թէ ամէն ոք ինծի պէս մէկը պիտի անտեսէր, սակայն, եղբայրներն ու քոյրերը ինծի մօտեցան եւ բարի գալուստ մաղթեցին։ Խորապէս ազդուեցայ»։ Ան սկսաւ դարձեալ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ հետագային մկրտուեցաւ։

Մի՛ Յանձնուիք

19, 20. Մոլորած զաւկի մը նկատմամբ ինչո՞ւ դրական տեսակէտ մը պէտք է պահպանենք։

19 «Անառակ» որդիի մը օգնելը որ ‘ինքնիրեն գայ’, համբերութիւն կը պահանջէ, ու ծնողներուն եւ ուրիշներուն մարտահրաւէր մը կրնայ ըլլալ։ Սակայն մի՛ հեղգանաք։ «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Սուրբ գրային երաշխիքը ունինք թէ Եհովա կ’ուզէ որ մարդիկ զղջան ու ապրին։ Իրականութեան մէջ, ան նախաձեռնութիւնը առած է կարգադրութիւն մը ընելու, մարդիկը իր հետ հաշտեցնելու համար։ (Բ. Կորնթացիս 5։18, 19) Իր համբերութիւնը կարելի դարձուցած է որ միլիոնաւորներ ‘իրենք իրենց գան’։—Եսայեայ 2։2, 3

20 Հետեւաբար, ծնողներ պէտք չէ՞ սուրբ գրային ամէն կարելի մեթոտ գործածեն, իրենց մոլորած զաւակներուն օգնելու որ ‘իրենք իրենց գան’։ Եհովան ընդօրինակեցէ՛ք, երկայնամիտ եղէ՛ք, մինչ դրական քայլեր կ’առնէք ձեր զաւկին օգնելու որ Եհովայի վերադառնայ։ Ամուր կերպով Աստուածաշունչի չափանիշներուն կառչեցէք, եւ ջանացէք Եհովայի յատկութիւնները՝ սէրը, արդարութիւնը եւ իմաստութիւնը՝ արտացոլացնել, մինչ իրեն կ’աղօթէք իր օգնութեան համար։ Ճիշդ ինչպէս որ բազմաթիւ պնդագլուխ ըմբոստներ ետ դառնալու Եհովայի սիրալիր հրաւէրին ընդառաջած են, թերեւս ձեր մոլորած որդին կամ աղջիկն ալ Աստուծոյ պաշտպանիչ հօտին վերադառնայ։—Ղուկաս 15։6, 7

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 Պատանիներուն ի՛նչպէս ազդու կերպով սորվեցնելուն մասին յաւելեալ թելադրութեանց համար, տես՝ Դիտարան 1 Յուլիս 1999, էջ 23-27։

^ պարբ. 15 Վտարուած անչափահասի մը ի նպաստ եղած այսպիսի աղօթքներ հանրապէս պիտի չմատուցանուին ժողովքային հանդիպումներուն, քանի որ ուրիշներ կրնան վտարուած անհատին վիճակէն տեղեակ չըլլալ։—Տես՝ Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 1979, էջ 31 (Անգլերէն)։

^ պարբ. 17 Մասնայատուկ թելադրութեանց համար, տես՝ Զարթի՛ր 22 Յունիս 1972, էջ 13-16. 22 Սեպտեմբեր 1996, էջ 21-23։

Կը յիշէ՞ք

• Երբ պատանիներ ժողովքը ձգեն, բուն խնդիրը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

• Ի՞նչպէս կարելի է պատանիներուն օգնել որ Եհովայի հետ անձնական յարաբերութիւն մը մշակեն։

• Ծնողներ մոլորած զաւկի մը օգնելու մէջ, ինչո՞ւ երկայնամիտ բայց հաստատ պէտք է ըլլան։

• Ժողովքի անդամները ի՞նչպէս կրնան մոլորած պատանիի մը օգնել որ վերադառնայ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Ծնողներուն սրտանց աղօթքը կրնայ իրենց զաւակներուն օգնել որ ծնողքին ու Եհովայի միջեւ եղած անձնական կապը զգան

[Նկար՝ էջ 15]

Աստուծոյ Խօսքը կարդալը, Եհովայի հետ սերտ կապ մը մշակելու համար կենսական է

[Նկար՝ էջ 17]

Երբ մոլորած զաւակ մը ‘ինքնիրեն գայ’, անոր բարի գալուստ մաղթեցէք

[Նկար՝ էջ 18]

Դրական քայլեր առէք ձեր զաւկին օգնելու համար որ Եհովայի վերադառնայ