Ի՞նչ կը նշանակէ հաւատարիմ ըլլալ
Ի՞նչ կը նշանակէ հաւատարիմ ըլլալ
ՀԱՍԱՐԱԿ Դարաշրջանէ Առաջ երկրորդ դարու Հասիտիմները, իրենք զիրենք կը նկատէին իսկական հաւատարիմներ։ Իրենց անունը կու գայ խա·սիտ բառէն, որ հիմնականօրէն Եբրայերէնով «հաւատարիմ» կը նշանակէ։ Անիկա առնուած է խէ՛սէտ գոյականէն, որ յաճախ «շնորհք», «քաղցրութիւն», «բարութիւն» եւ «ողորմութիւն» կը թարգմանուի։ Ըստ Հին Կտակարանի Աստուածաբանական Բառարան–ին, խէ՛սէտ–ը՝ «ներգործող, հաղորդական եւ տեւական է, եւ կ’ակնարկէ ոչ միայն մարդկային վարուելակերպի մը, այլ այս վարուելակերպէն յառաջ եկող արարքին։ Անիկա կեանք պահպանող կամ անոր նպաստող արարք մըն է։ Անիկա դժբախտութիւն մը կամ տառապանք դիմագրաւող անհատի մը ի նպաստ եղած միջամտութիւն է։ Անիկա բարեկամութեան արտայայտութիւն է»։
Ակներեւաբար, Աստուածաշունչին մէջ գործածուած այս Եբրայերէն բառին լման նշանակութիւնը, շատ լեզուներու մէջ մէկ բառով չ’արտայայտուիր։ Ամէն պարագայի, սուրբ գրային առումով՝ հաւատարմութիւնը յանձնառութիւններու կառչելէն աւելին կը նշանակէ։ Անիկա կը պարփակէ սիրալիր կերպով յարելու, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն օգտին համար դրական արարք մը կատարելու գաղափարը։ Հասկնալու համար թէ իսկական հաւատարմութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ, նկատի առէք թէ Եհովան ի՛նչպէս ցոյց տուաւ զայն Աբրահամի, Մովսէսի, Դաւիթի, Իսրայէլ ազգին, եւ ընդհանուր մարդկութեան հանդէպ։
Եհովա Հաւատարմութիւն Ցուցադրեց
Եհովա իր բարեկամին՝ Աբրահամի՝ ըսաւ. «Ես քեզի վահան եմ»։ (Ծննդոց 15։1. Եսայեայ 41։8) Ասոնք պարզապէս բառեր չէին։ Եհովա Աբրահամը եւ իր ընտանիքը պաշտպանեց եւ ազատեց Փարաւոնէն ու Աբիմելէքէն։ Ան օգնեց Աբրահամի, Ղովտը չորս դաշնակից թագաւորներէ ազատելու։ Եհովա 100 տարեկան Աբրահամին եւ 90 տարեկան Սառային սերնդագործական զօրութիւնը վերահաստատեց, որպէսզի իրենց միջոցաւ խոստացեալ Սերունդը գար։ Եհովա կանոնաւորապէս հաղորդակցեցաւ Աբրահամի հետ տեսիլքներու, երազներու եւ հրեշտակային պատգամաւորներու միջոցաւ։ Իրականութեան մէջ, Եհովա Աբրահամի հաւատարմութիւն ցոյց տուաւ ո՛չ միայն անոր ողջ եղած ժամանակը, այլ նաեւ՝ անոր մահանալէն շատ ժամանակ ետք։ Դարեր շարունակ, Եհովա պահեց Աբրահամի սերունդներուն՝, Իսրայէլ ազգին՝ տուած իր խոստումները հակառակ իրենց կամակորութեան։ Աբրահամի հետ Եհովայի յարաբերութիւնը իսկական հաւատարմութեան ի՛նչ ըլլալուն ցուցադրութիւնն էր, այսինքն՝ անիկա գործնականապէս արտայայտուած սէր մըն է։—Ծննդոց գլուխ՝ 12-25
Ըսուած է թէ «Տէրը կը խօսէր Մովսէսին հետ դէմ առ դէմ, ինչպէս մարդ մը իր բարեկամին հետ կը խօսի»։ (Ելից 33։11) Արդարեւ Մովսէս, Յիսուս Քրիստոսէ առաջ ուրիշ ոեւէ մարգարէէ աւելի, Եհովայի հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը ունէր։ Եհովան ի՞նչպէս հաւատարմութիւն ցոյց տուաւ Մովսէսի հանդէպ։
Որպէս զօրութիւն եւ կարողութիւն ունեցող 40 տարեկան մարդ մը, Մովսէս յաւակնոտութեամբ ստանձնեց իր ժողովուրդը ազատագրելու պատասխանատուութիւնը։ Սակայն տակաւին ժամանակը եկած չէր։ Իր Գործք 7։23-30) Այսուհանդերձ՝ Եհովա չլքեց զինք։ Երբ յարմար ժամանակը եկաւ, Մովսէս ետ բերուեցաւ, Իսրայէլը Եգիպտոսէն դուրս հանելու համար։
կեանքը ազատելու համար ստիպուեցաւ փախչիլ։ Անիկա 40 տարի Մադիամի մէջ խաշնարած եղաւ։ (Նմանապէս, Եհովա հաւատարմութիւն ցուցադրեց Դաւիթի՝ Իսրայէլի նշանաւոր երկրորդ թագաւորին հանդէպ։ Երբ Դաւիթ տակաւին պատանի մըն էր, Եհովա Սամուէլ մարգարէին ըսաւ. «Ելի՛ր, ասիկա օծէ՛, քանզի ասիկա է»։ Այնուհետեւ, Եհովա հաւատարմօրէն պաշտպանեց եւ առաջնորդեց Դաւիթը մինչ ան հասուն անհատ մը կը դառնար որպէս ամբողջ Իսրայէլի ապագայ թագաւորը։ Եհովա ազատեց զինք «առիւծին ու արջին ձեռքէն» եւ Փղշտացի հսկայ Գողիաթէն։ Ան Դաւիթի բազմաթիւ յաղթանակներ տուաւ Իսրայէլի թշնամիներուն դէմ, եւ ազատեց զինք նախանձոտ ու ատելավառ Սաւուղի նիզակէն։—Ա. Թագաւորաց 16։12. 17։37. 18։11. 19։10
Անշուշտ Դաւիթ կատարեալ մարդ մը չէր։ Իրականութեան մէջ ան լուրջ մեղքեր գործեց։ Այսուհանդերձ՝ Եհովա հաւատարիմ սէր ցուցադրեց խորապէս զղջացած Դաւիթի հանդէպ, փոխանակ զինք երեսի վրայ ձգելու։ Դաւիթի ամբողջ կեանքի ընթացքին, Եհովա կրկին անգամ գործի անցաւ կեանք պահպանելու եւ անոր նպաստելու համար։ Ան միջամտեց նեղութենէ տառապողներուն ի նպաստ։ Ասիկա արդարեւ ողորմութեան արտայայտութիւն մըն էր։—Բ. Թագաւորաց 11։1–12։25. 24։1-17
Իսրայէլի ազգը որպէս ամբողջութիւն մասնայատուկ նուիրեալ յարաբերութեան մը մէջ մտաւ Եհովայի հետ, երբ համաձայնեցաւ Մովսիսական Օրէնքի ուխտի պայմաններուն՝ Սինա Լերան ստորոտին։ (Ելից 19։3-8) Ուստի՝ Իսրայէլ կը պատկերացուի որպէս թէ ամուսնական յարաբերութեան մը մէջ ըլլար Եհովայի հետ։ Իսրայէլի ըսուած էր. ‘Տէրը քեզ կնոջ պէս կանչեց’։ Իսկ Եհովա իրեն ըսաւ. «Յաւիտենական ողորմութիւնով քեզի պիտի ողորմիմ»։ (Եսայեայ 54։6, 8) Եհովա ի՞նչպէս հաւատարմութիւն ցուցաբերեց այս մասնայատուկ յարաբերութեան մէջ։
Եհովա նախաքայլը առաւ Իսրայելացիներու կարիքները հոգալու, եւ իրենց կապերը իրեն հետ ամրապնդելու։ Անիկա զանոնք Եգիպտոսէն ազատագրեց, զանոնք կազմակերպեց որպէս ազգ մը, եւ զանոնք «կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը» բերաւ։ (Ելից 3։8) Քահանաներուն եւ Ղեւտացիներուն միջոցաւ, եւ յաջորդաբար մարգարէներ ու պատգամաւորներ ղրկելով՝ անոնց կանոնաւորաբար հոգեւոր դաստիարակութիւն մատակարարեց։ (Բ. Մնացորդաց 17։7-9. Նէեմեայ 8։7-9. Երեմեայ 7։25) Երբ ազգը դարձաւ ուրիշ աստուածներ պաշտելու, Եհովա պատժեց զանոնք։ Երբ անոնք զղջացին, անիկա ներեց իրենց։ Անուրանալիօրէն, Իսրայէլ ազգը կամակոր ‘կին’ մըն էր։ Սակայն Եհովա շուտով զինք չլքեց։ Աբրահամի տուած իր խոստումներուն համար, Ան հաւատարմօրէն կառչեցաւ Իսրայելացիներուն, մինչեւ որ իրենց առնչութեամբ իր նպատակները իրագործուէին։ (Բ. Օրինաց 7։7-9) Ի՜նչ ընտիր օրինակ մը ամոլներուն համար ներկայիս։
Եհովա նաեւ ընդհանուր մարդկութեան հանդէպ հաւատարմութիւն կը ցուցաբերէ, այն առումով, որ անիկա կեանքի հիմնական կարիքները կը հայթայթէ բոլոր մարդոց, ըլլան արդար թէ՝ մեղաւոր։ (Մատթէոս 5։45. Գործք 17։25) Ասկէ աւելին, անիկա իր Որդւոյն փրկանքի զոհը հայթայթած է, որպէսզի ամբողջ մարդկութիւնը առիթը ունենայ մեղքի եւ մահուան գերութենէն ազատագրուելով՝ կատարեալ, յաւիտենական կեանքի փառաւոր ակնկալութիւնները վայելելու Դրախտին մէջ։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16) Փրկանքի հայթայթումը կեանք պահպանելու եւ անոր նպաստելու գերագոյն արարքն էր։ Արդարեւ անիկա «դժբախտութիւն մը կամ տառապանք դիմագրաւող անհատի մը ի նպաստ եղած միջամտութիւն» էր։
Ձեր Հաւատարմութիւնը Փաստեցէք Դրական Արարքներով
Ողորմութեան հոմանիշ ըլլալով, հաւատարմութիւնը նաեւ կը պարփակէ փոխադարձելու զօրաւոր զգացում մը։ Երբ ողորմութիւն կը ցուցադրուի ձեզի հանդէպ, անոր փոխարէն նոյնը կ’ակնկալուի։ Հաւատարմութիւնն ալ նմանով կը հատուցանուի։ Այն իրողութիւնը թէ Դաւիթ հասկցած էր խէ՛սէտ բառին յարակից իմաստները, բացայայտ է իր խօսքերուն մէջ. «Երկրպագութիւն պիտի ընեմ դէպի քու սուրբ տաճարդ եւ քու անուանդ գոհութիւն պիտի մատուցանեմ»։ Ինչո՞ւ։ «Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար»։ (Սաղմոս 138։2) Եհովայի ողորմութիւնը ստացող մը ըլլալով, բացայայտօրէն Դաւիթ մղուեցաւ զինք պաշտելու եւ փառաբանելու։ Ուստի, երբ կը խորհրդածենք մեզի հանդէպ ցուցաբերուած Եհովայի ողորմութեան մասին, կը մղուի՞նք փոխադարձելու։ Զոր օրինակ, երբ Եհովայի անունը կը վարկաբեկուի, իր վարկին հանդէպ ձեր մտահոգութիւնը կը մղէ՞ ձեզ որ խօսիք զինք պաշտպանելու համար։
Ա՛յս էր որ պատահեցաւ յարաբերաբար նորեկ Քրիստոնեայ մարդու մը եւ իր կնոջ հետ, երբ մօթօրսիքլ–ի արկածով սպաննուած ազգականի մը յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան։ Անիկա կրօնական արարողութիւն մը չէր, եւ ներկայ եղողներուն արտօնութիւն տրուեցաւ երկու խօսք խօսելու հանգուցեալին մասին։ Խօսողներէն մէկը սկսաւ Աստուած մեղադրել այս երիտասարդին կանխահաս մահուան համար, ըսելով. ‘Աստուած զինք երկինք տանիլ ուզեց, ուստի՝ զինք առաւ’։ Մեր Քրիստոնեայ եղբայրը չկրցաւ լուռ մնալ։ Անիկա ամպիոն բարձրացաւ, հակառակ անոր որ ո՛չ Աստուածաշունչ ունէր, ոչ ալ նոթագրութիւններ։ «Կը խորհի՞ք որ ողորմած եւ կարեկից ամենակալ Աստուած մը այսպիսի վիճակներու հաւանութիւն կու տայ», հարցուց ան։ Ապա ան սկսաւ 10 վայրկեաննոց յանպատրաստից դասախօսութիւն մը տալ՝ համարներ մէջբերելով, բացատրելով թէ ինչո՛ւ կը մեռնինք, Աստուած ի՛նչ ըրած է մարդկութիւնը մահէն ազատելու համար, եւ դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու համար յարուցանուելու սքանչելի հեռանկարին մասին։ Հոն գտնուող աւելի քան 100 ներկաները երկար ծափահարութիւն մը թնդացուցին։ Եղբայրը հետագային վերյիշեց. «Ներքին ուրախութիւն մը զգացի, զոր երբեք նախապէս զգացած չէի։ Շնորհակալութիւն յայտնեցի Եհովայի, զիս իր իմաստութեան մէջ դաստիարակելուն, եւ ինծի առիթը տուած ըլլալուն համար, որ իր սուրբ անունը պաշտպանեմ»։
Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւնը կը պարփակէ նաեւ հաւատարմութիւն իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հանդէպ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն Եհովա մեզի կը սորվեցնէ թէ ի՛նչպէս պէտք է ապրինք։ Հոն արձանագրուած օրէնքներն ու սկզբունքները արդարեւ կեանքի համար լաւագոյն եւ ամենէն օգտակար պատուէրներն են։ (Եսայեայ 48։17) Թոյլ մի՛ տաք որ ուրիշներու կողմէ ճնշումը կամ ձեր անձնական տկարութիւնները ձեզ շեղեցնեն Եհովայի օրէնքներուն կառչելէն։ Հաւատարիմ մնացէք Աստուծոյ Խօսքին։
Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը նաեւ կը պարփակէ հաւատարմութիւն իր կազմակերպութեան հանդէպ։ Անխուսափելիօրէն, տարիներու ընթացքին սրբագրութիւններ եւ բարեփոխութիւններ եղած են սուրբ գրային որոշ համարներու մեր հասկացողութեան մէջ։ Իրողութիւնը այն է թէ ուրիշ ո՛չ մէկը մեզի նման հոգեւորապէս լաւ կը կերակրուի։ (Մատթէոս 24։45-47) Կասկած չկայ որ Եհովա հաւատարմօրէն թիկունք կանգնած է իր արդի կազմակերպութեան։ Մենք ալ նոյնը չե՞նք կրնար ընել։ Ա. Հ. Մէգմիլըն ասիկա ըրաւ։ Իր մահուընէ քիչ ժամանակ առաջ ան ըսաւ. «Տեսած եմ Եհովայի կազմակերպութեան աճիլը պզտիկ սկիզբէ մը, երբ ինքզինքս Աստուծոյ նուիրեցի քսանըերեք տարեկանիս՝ 1900–ի Սեպտեմբերին, մինչեւ ուրախ ժողովուրդէ մը բաղկացած համաշխարհային ընկերակցութեան մը դառնալը, որ նախանձախնդրութեամբ Իր ճշմարտութիւնները կը ծանուցանէ։ . . . Մինչ կը տեսնեմ որ Աստուծոյ մատուցած երկրային ծառայութիւնս իր աւարտին կը հասնի, որեւէ ժամանակէ աւելի համոզուած եմ թէ Եհովա իր ժողովուրդը առաջնորդած է, եւ ճիշդ իրենց պէտք ունեցածը յարմար ատենին տուած է»։ Եղբայր Մէգմիլըն հաւատարմօրէն ծառայեց շուրջ 66 տարի, մինչեւ իր մահը՝ 26 Օգոստոս 1966–ին։ Ան Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան հանդէպ հաւատարմութեան գեղեցիկ օրինակ մըն էր։
Կազմակերպութեան հանդէպ հաւատարիմ ըլլալէ զատ, իրարու հանդէպ ալ հաւատարիմ պիտի ըլլա՞նք։ Երբ վայրագ հալածանքի սպառնալիքին տակ գտնուինք, մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ հաւատարիմ պիտի մնա՞նք։ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, մեր եղբայրները Հոլանտայի մէջ հաւատարմութեան լաւ օրինակ մը հանդիսացան։ Կրոնինկըն Ժողովքէն Քլաս տը Վրիս անունով երէց մը, Նացի Կեսթափոյին կողմէ անգութ եւ անողորմ հարցուփորձի ենթարկուեցաւ, 12 օր շարունակ մենակեաց բանտարկութեան ընթացքին միայն հաց եւ ջուր տրուեցաւ իրեն, ապա դարձեալ հարցաքննուեցաւ։ Ատրճանակ մը դէպի իրեն ուղղուած եւ մահուան սպառնալիքի ներքեւ, իրեն երկու վայրկեան տրուեցաւ որ պատասխանատու եղբայրներուն ո՛ւր գտնուելուն մասին, ինչպէս նաեւ այլ կարեւոր տեղեկութիւններ յայտնէր։ Միակ բանը որ Քլաս կ’ըսէր այս էր. «Ինծմէ ուրիշ բա՛ն մը պիտի չլսէք։ . . . Մատնիչ մը պիտի չըլլամ»։ Անիկա երեք անգամ ատրճանակի սպառնալիքի տակ եկաւ։ Ի վերջոյ, Կեսթափոն տեղի տուաւ, եւ Քլասը ուրիշ բանտ մը ղրկուեցաւ։ Ան երբեք իր եղբայրները չմատնեց։
Մեր հաւատարմութիւնը պիտի պարփակէ՞ մեր ամենէն մօտիկ ազգականը՝ մեր կողակիցը։ Ճիշդ ինչպէս որ Եհովա յարգեց իր ուխտեալ յարաբերութիւնը Իսրայէլ ազգին հետ, մենք ալ մեր ամուսնական ուխտին հաւատարի՞մ ենք։ Ոչ թէ միայն անսասան հաւատարմութիւն ունեցէք ձեր կողակիցին հանդէպ, այլ նաեւ անոր հետ ձեր յարաբերութիւնը զօրացուցէք։ Նախաքայլը առէք ձեր ամուսնութիւնը ամրապնդելու։ Իրարու հետ ժամանակ անցուցէք, իրարու հետ ազատօրէն եւ անկեղծօրէն հաղորդակցեցէք, իրարու նեցուկ կանգնեցէք եւ զիրար քաջալերեցէք, իրարու մտիկ ըրէք, միասին խնդացէք, միասին լացէք, միասին խաղցէք, միասին աշխատեցէք հասարակաց նպատակակէտեր իրագործելու համար, զիրար հաճեցուցէք, բարեկամ եղէք։ Մասնաւորաբար զգուշացէք ուրիշներու հանդէպ վիպական զգացումներ սնուցանելէ։ Մինչ շիտակ եւ յարմար է ծանօթութիւններ զարգացնել, եւ նոյնիսկ սերտ բարեկամութիւններ մշակել ուրիշ անհատներու հետ, սակայն վիպական զգացումները վերապահուած պէտք է ըլլան միայն ձեր կողակիցին։ Թոյլ մի՛ տար որ ոեւէ մէկը քեզ քու կողակիցէդ հեռացնէ։—Առակաց 5։15-20
Հաւատարիմ մնացէք ձեր հաւատակիցներուն եւ ընտանիքին հանդէպ։ Մինչ տարիները կ’անցնին, մի՛ մոռնաք զանոնք։ Անոնց հետ կապ պահեցէք, անոնց գրեցէք, անոնց հեռաձայնեցէք, եւ այցելեցէք։ Ինչ պարագայի մէջ ալ ըլլաք, ջանացէք զանոնք յուսախաբ չընել։ Ուրա՛խ թող ըլլան ըսելու որ ձեզ կը ճանչնան կամ ձեզի ազգական են։ Իրենց հանդէպ հաւատարմութիւնը ձեր վճռակամութիւնը պիտի աւելցնէ շիտակը ընելու, եւ ձեզի քաջալերութեան աղբիւր մը պիտի ըլլայ։—Եսթերայ 4։6-16
Այո, ճշմարիտ հաւատարմութիւնը դրական արարքներ կը պարփակէ, արժէքաւոր յարաբերութիւններ պահպանելու համար։ Ձեր կարելին ըրէք Եհովայի ողորմութիւնը փոխադարձելու համար։ Քրիստոնեայ ժողովքին, ձեր կողակիցին, ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ ձեր գործառնութեանց մէջ Եհովայի հաւատարմութիւնը ընդօրինակեցէք։ Հաւատարմօրէն Եհովայի առաքինութիւնները ծանուցանեցէք ձեր դրացիներուն։ Սաղմոսերգուն ճշգրտօրէն ըսաւ. «Տէրոջը ողորմութիւնները յաւիտեան պիտի երգեմ. քու հաւատարմութիւնդ իմ բերնովս ազգէ ազգ պիտի պատմեմ»։ (Սաղմոս 89։1) Չե՞նք մղուիր այսպիսի Աստուծոյ մը մօտենալ։ Արդարեւ, «անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։—Սաղմոս 100։5
[Նկար՝ էջ 23]
Ա. Հ. Մէգմիլըն