Իսկական հաւատք՝ տակաւին կարելի՞ է
Իսկական հաւատք՝ տակաւին կարելի՞ է
«Հաւատքը Աստուծոյ շնորհքին հանդէպ կենդանի, յանդուգն վստահութիւն մըն է, ա՛յնքան վստահելի որ հաւատացեալ մը անոր համար իր կեանքը կը վտանգէ հազարաւոր անգամներ»։—ՄԱՐԹԻՆ ԼՈՒՏԵՐ, 1522
«Ընդհանուր առմամբ, արդէն իսկ աշխարհիկ ընկերութիւն մըն ենք, որու մէջ քրիստոնէական հաւատքն ու գործերը գրեթէ գոյութիւն չունին»։—ԼՈՒՏՈՎԻՔ ՔԵՆԵՏԻ, 1999
ՀԱՒԱՏՔԻ մասին տեսակէտները մեծապէս կը տարբերին։ Անցեալին, Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը սովորական բան մըն էր։ Ներկայիս, սկեպտիկութեամբ ու տառապանքով լեցուն աշխարհի մը մէջ, Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին հանդէպ իսկական հաւատքը արագօրէն կ’անհետանայ։
Իսկական Հաւատք
Շատերուն համար, «հաւատքը» պարզապէս կը նշանակէ կրօնական համոզում մը ունենալ կամ պաշտամունքի ձեւի մը հետեւիլ։ Սակայն, Աստուածաշունչի գործածութեան համաձայն, «հաւատքը» հիմնականօրէն կը նշանակէ ամբողջական վստահութիւն. Աստուծոյ ու իր խոստումներուն հանդէպ լման եւ անխախտ վստահութիւն։ Անիկա Յիսուս Քրիստոսի աշակերտը յատկանշող յատկութիւն մըն է։
Առիթով մը, Յիսուս Քրիստոս աղօթելու եւ «չձանձրանալ»ու մասին խօսեցաւ։ Այսպէս ընելով, ան հարցում մը յարուց թէ արդեօք մեր օրերուն իսկական հաւատք գոյութիւն պիտի ունենա՞ր։ Ան հարցուց. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք [այս] հաւատք[ը] պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ Ան ինչո՞ւ այսպիսի հարցում մը յարուց։—Ղուկաս 18։1, 8
Կորսուած Հաւատք
Շատ մը բաներ կրնան պատճառ ըլլալ որ մարդիկ իրենց ունեցած հաւատքը կորսնցնեն։ Անոնք կը պարփակեն առօրեայ կեանքի ճնշումներն ու դժուարութիւնները։ Օրինակ, Ուսուցչապետ Մայքըլ Կուլտըր, Մէնչէստըրի մէջ, Անգլիա, թեմի քահանայ մըն էր, երբ 1958–ին Միւնիխի մէջ օդանաւի արկածով՝ Մէնչէստըր Եունայթըտ կոչուած ոտնագնդակի խումբին անդամներէն շատեր սպաննուեցան։ Պի.Պի.Սի. հեռատեսիլի մէկ յայտագրին մէջ, խօսնակուհի Ճոան Պէյքուէլ բացատրեց թէ Կուլտըր «մարդոց վշտին տարողութեան առջեւ անօգնական զգաց»։ Հետեւանքներէն մէկն էր, որ ան «մարդկային ճակատագրին միջամտող Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը կորսնցուց»։ Կուլտըր համոզում յայտնեց
թէ «Աստուածաշունչը . . . Աստուծոյ անսխալական խօսքը չէ», այլ, ընդհակառակը, «մարդուն սխալական խօսքն է, որուն մէջ թերեւս կարգ մը տեղեր աստուածային ներշնչում կայ»։Երբեմն հաւատքը պարզապէս կ’անհետանայ։ Այս էր որ պատահեցաւ հեղինակ ու հաղորդավար Լուտովիք Քենետիի։ Ան կ’ըսէ թէ իր մանկութենէն ի վեր «[Աստուծոյ մասին] կասկածներ եւ անորոշութիւններ կու գային ու կ’երթային, եւ [իր] անհաւատութիւնը աճեցաւ»։ Այնպէս թուեցաւ թէ չկար մէկը որ կարող ըլլար իր հարցումներուն տրամաբանական պատասխաններ տալ։ Ծովուն մէջ պատահած իր հօր մահը, արդէն իսկ շատ տկար եղող իր հաւատքին լուրջ հարուած մը տուաւ։ «Ծովուն վտանգներէն ու թշնամիին վայրագ յարձակումներէն մեզ պահպանելու» Աստուծոյ մատուցուած աղօթքները, անպատասխան մնացին, երբ այն մարդատար նաւը, որուն մէջ իր հայրը կար, յարձակումի ենթարկուեցաւ ու կործանեցաւ գերմանական մարտանաւերու կողմէ, Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին։—Զուտ Երեւակայութիւն. Ողջերթ Աստուծոյ
Այսպիսի փորձառութիւններ արտասովոր չեն։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ամէնքը հաւատք չունին»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։2) Դուք ի՞նչ կը խորհիք։ Հետզհետէ սկեպտիկ դարձող աշխարհի մը մէջ կարելի՞ է Աստուծոյ ու իր Խօսքին հանդէպ իսկական հաւատք ունենալ։ Նկատի առէք թէ յաջորդ յօդուածը ի՛նչ ըսելիք ունի այս նիւթին մասին։