Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Եբրայեցիս 4։9-11–ի մէջ ակնարկուած «հանգիստը» ի՞նչ է, եւ անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ «այն հանգիստը մտնել»։
Պօղոս առաքեալ առաջին դարու Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ։ Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն։ Ուրեմն ջանանք այն հանգիստը մտնել»։—Եբրայեցիս 4։9-11
Երբ Պօղոս կը խօսէր Իր գործերէն Աստուծոյ հանգչելուն մասին, ակներեւաբար կ’ակնարկէր Ծննդոց 2։2–ին, ուր կը կարդանք. «Եւ Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը լմնցուց ու եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն»։ Եհովա ինչո՞ւ «եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն»։ Վստահօրէն, ո՛չ թէ քանի որ պէտք ունէր կազդուրուելու՝ «իր բոլոր գործերէն» ետք։ Յաջորդ համարը բանալին կը հայթայթէ. «Աստուած եօթներորդ օրը օրհնեց ու սրբեց զանիկա. վասն զի անոր մէջ հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն՝ որոնք ստեղծագործութեան մէջ կատարած էր»։—Ծննդոց 2։3. Եսայեայ 40։26, 28
«Եօթներորդ օրը» նախորդ վեց օրերէն տարբեր էր այն առումով, որ Աստուած օրհնեց եւ սրբեց զայն, այսինքն՝ մասնաւոր նպատակի մը համար մէկ կողմ դրուած կամ նուիրագործուած օր մըն էր։ Ի՞նչ էր այդ նպատակը։ Նախապէս՝ մարդկութեան եւ երկրին նկատմամբ Աստուած իր նպատակը յայտնած էր։ Առաջին մարդուն եւ իր կնոջ ըսաւ Աստուած. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Թէեւ Աստուած մարդկութեան եւ երկրին կատարեալ սկիզբ մը տուած էր, սակայն ժամանակի կը կարօտէր որ ամբողջ երկիրը տիրապետուէր եւ դրախտի մը վերածուէր՝ կատարեալ մարդկային ընտանիքով լեցուած, ինչ որ Աստուծոյ նպատակն էր։ Ուստի, «եօթներորդ օրը» Աստուած հանգստացաւ, կամ դադրեցաւ, երկրային յաւելեալ ստեղծագործութիւններ ընելէ, որպէսզի թոյլատրէր որ ինչ որ արդէն ստեղծած էր, Իր կամքին հետ ներդաշնակ կերպով զարգանար։ Այդ «օր»ուան վերջաւորութեան, ինչ որ Աստուած նպատակադրած էր, իրականութիւն մը պիտի ըլլար։ Այդ հանգիստը ո՞րքան պիտի տեւէ։
Եբրայեցիս նամակին մէջ Պօղոսի խօսքին վերադառնալով՝ կը նշմարենք որ ան մատնանշեց թէ «Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ», եւ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց որ իրենց լաւագոյնը ընէին «այն հանգիստը մտնել»ու համար։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ երբ Պօղոս այս խօսքերը գրեց, Աստուծոյ հանգիստի «եօթներորդ օրը»՝ որ սկսած էր շուրջ 4,000 տարիներ առաջ, տակաւին կը շարունակուէր։ Անիկա պիտի չվերջանայ մինչեւ որ Աստուծոյ նպատակը մարդկութեան եւ երկրի նկատմամբ կատարելապէս չիրագործուի Յիսուս Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութեան, որ «շաբաթին տէրն է»։—Մատթէոս 12։8. Յայտնութիւն 20։1-6. 21։1-4
Այդ սքանչելի հեռանկարը ի մտի ունենալով, Պօղոս բացատրեց թէ անհատ մը ի՛նչպէս կրնար Աստուծոյ հանգիստը մտնել։ Ան գրեց. «Ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն»։ Ասիկա մեզի կը հասկցնէ թէ մարդկութիւնը, թէեւ կատարեալ սկիզբ մը ունեցած էր, սակայն որպէս ամբողջութիւն՝ Աստուծոյ հանգիստը մտած չէր։ Ասոր պատճառը այն էր, թէ Ադամն ու Եւան երկար ժամանակ չպահեցին Աստուծոյ «եօթներորդ օր»ուան հանգիստը, իրենց ի նպաստ անոր կատարած կարգադրութիւնը ընդունելով։ Փոխարէն, անոնք ապստամբեցան, եւ Աստուծմէ անկախ ըլլալ ուզեցին։ Իրականութեան մէջ, անոնք Սատանայի ծրագրին համաձայն վարուեցան, փոխանակ Աստուծոյ սիրալիր առաջնորդութիւնը ընդունելու։ (Ծննդոց 2։15-17) Որպէս արդիւնք, անոնք կորսնցուցին դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը։ Անկէ ի վեր ամբողջ մարդկութիւնը մեղքին ու մահուան գերի դարձաւ։—Հռովմայեցիս 5։12, 14
Մարդկութեան ըմբոստութիւնը ի դերեւ չհանեց Աստուծոյ նպատակը։ Իր հանգստեան օրը կը շարունակուի։ Սակայն Եհովա փրկանքի սիրալիր հայթայթումը ըրաւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք հաւատքի հիման վրայ կ’ընդունին զայն, կարենան ազատագրութիւն մը եւ հանգիստ մը ակնկալել մեղքի եւ մահուան ծանր բեռէն։ (Հռովմայեցիս 6։23) Ասոր համար էր որ Պօղոս իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց որ ‘հանգչին իրենց գործերէն’։ Անոնք պէտք էր ընդունէին Աստուծոյ փրկութեան հայթայթումը, եւ չփորձէին իրենց ապագան իրենց կերպով կերտել, ինչպէս Ադամն ու Եւան ըրած էին։ Անոնք նաեւ պէտք էր խուսափէին ինքնարդարացումի գործեր հետապնդելէ։
Աստուծոյ կամքը ընելու համար անձնասէր եւ աշխարհային հետապնդումները մէկդի դնելը արդարեւ թարմացուցիչ եւ հանգստացուցիչ է։ Յիսուս հետեւեալ հրաւէրը տուաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։—Մատթէոս 11։28-30
Աստուծոյ հանգիստին եւ անոր մէջ ի՛նչպէս մտնելուն վրայով Պօղոսի քննարկութիւնը, վստահօրէն քաջալերութեան աղբիւր մըն էր Երուսաղէմի մէջ գտնուող Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն, որոնք իրենց հաւատքին համար շատ հալածանքի եւ ծաղրանքի ենթարկուած էին։ (Գործք 8։1. 12։1-5) Նմանապէս, Պօղոսի խօսքերը ներկայիս քաջալերութիւն մը կրնան ըլլալ Քրիստոնեաներուն։ Գիտակցելով որ իր արդար Թագաւորութեան ներքեւ երկրային դրախտ մը բերելու Աստուծոյ խոստումին կատարումը շատ մօտ է, մե՛նք ալ պէտք է հանգստանանք մեր գործերէն, եւ մեր լաւագոյնը ընենք այդ հանգիստը մտնելու համար։—Մատթէոս 6։10, 33. Բ. Պետրոս 3։13
[Նկարներ՝ էջ 31]
Երկրային դրախտի մը նկատմամբ Աստուծոյ խոստումը պիտի իրագործուի իր հանգստեան օրուան վերջաւորութեան