Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր զաւակները մարզելու ատեն Եհովան ընդօրինակեցէք

Ձեր զաւակները մարզելու ատեն Եհովան ընդօրինակեցէք

Ձեր զաւակները մարզելու ատեն Եհովան ընդօրինակեցէք

«Բոլոր ծնողներն ալ իրենց զաւակները չե՞ն սրբագրեր»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12։7, Քընթէմփըրէրի Ինկլիշ Վըրժըն

1, 2. Ծնողներ ներկայիս ինչո՞ւ դժուարութիւն ունին իրենց զաւակները մեծցնելու մէջ։

ՔԱՆԻ մը տարի առաջ Ճափոնի մէջ կատարուած փորձագիտանք մը երեւան հանեց թէ հարցազրոյցին մասնակցող չափահասներուն շուրջ կէսը, կը խորհէին թէ ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ շատ քիչ հաղորդակցութիւն կար, եւ թէ ծնողները իրենց զաւակները շատ կը շփացնէին։ Նոյն երկրին մէջ կատարուած ուրիշ փորձագիտանքի մը մէջ, մասնակցողներուն շուրջ քառորդը ընդունեցին թէ չէին գիտեր իրենց զաւակներուն հետ վարուիլ։ Այս հոսանքը Արեւելքին յատուկ բան մը չէ։ «Քանատացի ծնողներէն շատեր ըսին թէ վստահ չեն թէ ի՛նչպէս լաւ ծնողներ կրնան ըլլալ», տեղեկագրեց Տը Թորոնթօ Սթար–ը։ Ամէնուրեք, ծնողներ իրենց զաւակները մեծցնելը դժուար կը գտնեն։

2 Ծնողներ իրենց զաւակները մեծցնելու մէջ ինչո՞ւ դժուարութիւն կ’ունենան։ Գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է որ «վերջին օրերուն» մէջ կ’ապրինք, եւ «դժուար ժամանակներ» կը դիմագրաւենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, Անթիլիաս) Ասկէ զատ, «մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ծննդոց 8։21) Իսկ դեռատիները յատկապէս անպաշտպան են Սատանայի յարձակումներուն դիմաց, որ «մռնչող առիւծի պէս» անփորձառու անհատները կ’որսայ։ (Ա. Պետրոս 5։8) Վստահաբար, իրենց զաւակները ‘Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը մեծցնելու’ միտումով գործի լծուող Քրիստոնեայ ծնողները, բազմաթիւ խոչընդոտներու կը հանդիպին։ (Եփեսացիս 6։4) Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ Եհովայի չափահաս երկրպագուները դառնան, «բարին ու չարը» զանազանելու կարող։—Եբրայեցիս 5։14

3. Զաւակները յաջողութեամբ մեծցնելու համար, ծնողական մարզումն ու առաջնորդութիւնը ինչո՞ւ կենսական են։

3 «Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է», դիտել տուաւ իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր։ (Առակաց 13։1. 22։15) Անոնց սրտէն այս յիմարութիւնը հանելու համար, դեռատիներ կարիքը ունին իրենց ծնողներուն կողմէ տրուած սիրալիր սրբագրութեան։ Սակայն, դեռատիները միշտ ալ դիւրաւ չեն ընդունիր այսպիսի սրբագրութիւն։ Իրականութեան մէջ, անոնք յաճախ կ’ընդվզին խրատէ, ո՛վ ալ ըլլայ զայն տուողը։ Հետեւաբար, ծնողներ պէտք է սորվին ‘մանուկը կրթել իր ճամբուն համեմատ’։ (Առակաց 22։6, ՆԱ) Երբ զաւակներ այսպիսի դաստիարակութեան կառչած մնան, անիկա իրենց համար կեանք կրնայ նշանակել։ (Առակաց 4։13) Որքա՜ն կենսական է որ ծնողներ գիտնան թէ իրենց զաւակները մարզելու մէջ ի՛նչ բան պարփակուած է։

Դաստիարակութիւն՝ Ի՛նչ կը Նշանակէ

4. Աստուածաշունչին մէջ գործածուած «սրբագրութիւն» բառին գլխաւոր իմաստը ի՞նչ է։

4 Կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակները սրբագրելէ ետ կը կենան, վախնալով որ կրնան ամբաստանուիլ որպէս ֆիզիքական, բերանացի կամ զգացական գետնի վրայ գէշ վերաբերմունք ունեցող անհատներ։ Պէտք չէ այսպիսի վախեր ունենանք։ Աստուածաշունչին մէջ գործածուած «սրբագրութիւն» բառը, որեւէ գէշ վերաբերմունքի կամ անգթութեան չ’ակնարկեր։ Յունարէն «սրբագրութիւն» բառը գլխաւորաբար առնչութիւն ունի հրահանգի, ուսումի, սրբագրութեան եւ երբեմն ալ՝ հաստատ բայց սիրալիր պատիժի հետ։

5. Իր ժողովուրդին հետ Եհովայի վարուելակերպը նկատի առնելը ինչո՞ւ օգտակար է։

5 Այսպիսի դաստիարակութիւն մատակարարելու մէջ, Եհովա Աստուած կատարեալ օրինակ կը հանդիսանայ։ Եհովան մարդկային հօր մը հետ բաղդատելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր ծնողներն ալ իրենց զաւակները չե՞ն սրբագրեր։ . . . Մեր մարդկային հայրերը մեզ կը սրբագրեն միայն կարճ ժամանակ մը, իրենց ճիշդ դատած ձեւով։ Բայց Աստուած մեր օգտին համար կը սրբագրէ, քանի որ կ’ուզէ որ սուրբ ըլլանք»։ (Եբրայեցիս 12։7-10, Քընթէմփըրէրի Ինկլիշ Վըրժըն) Այո, Եհովա իր ժողովուրդը կը դաստիարակէ, որպէսզի անոնք սուրբ կամ մաքուր ըլլան։ Վստահաբար, զաւակներ դաստիարակելու մասին շատ բան կրնանք սորվիլ, նկատի առնելով թէ Եհովա իր ժողովուրդը ի՛նչպէս մարզած է։—Բ. Օրինաց 32։4. Մատթէոս 7։11. Եփեսացիս 5։1

Սէրը՝ Մղիչ Ոյժը

6. Ինչո՞ւ ծնողներու համար Եհովայի սէրը ընդօրինակելը կրնայ դժուար ըլլալ։

6 «Աստուած սէր է», կ’ըսէ Յովհաննէս առաքեալ։ Ուստի, Եհովայի հայթայթած մարզումը մի՛շտ սէրէ մղուած է։ (Ա. Յովհաննու 4։8. Առակաց 3։11, 12) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ծնողներ, որոնք իրենց զաւակներուն հանդէպ բնական խանդաղատանք ունին, այս մարզին մէջ Եհովան ընդօրինակելը դիւրին պիտի գտնեն։ Պայման չէ։ Աստուծոյ սէրը սկզբունքի վրայ հիմնուած սէր է։ Իսկ Յունարէն Գրութիւններու ուսումնական մը կը նշէ թէ սկզբունքային սէրը «միշտ ալ բնական հակումներու մաս չի կազմեր»։ Աստուած զգացումներով չի տարուիր։ Ան միշտ նկատի կ’առնէ թէ իր ժողովուրդին համար լաւագոյնը ի՛նչ է։—Եսայեայ 30։20. 48։17

7, 8. (ա) Իր ժողովուրդին հետ իր ունեցած գործառնութեան մէջ, Եհովա սկզբունքային սիրոյ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։ (բ) Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան Եհովան ընդօրինակել, իրենց զաւակներուն օգնելով որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւելու կարողութիւնը մշակեն։

7 Նկատի առէք Իսրայելացիներուն հետ իր ունեցած գործառնութեան մէջ Եհովայի ցուցաբերած սէրը։ Մովսէս, նորակազմ Իսրայէլ ազգին հանդէպ Եհովայի սէրը նկարագրելու համար, գեղեցիկ նմանութիւն մը գործածեց։ Կը կարդանք. «Ինչպէս արծիւը իր բոյնը կը խառնէ, կը շարժի իր ձագերուն վրայ, իր թեւերը կը տարածէ, զանոնք վրան կ’առնէ ու թեւերովը կը վերցնէ, այնպէս ալ Տէրը միայն զանիկա պտըտցուց»։ (Բ. Օրինաց 32։9, 11, 12) Իր ձագերուն թռչիլ սորվեցնելու համար, մայր արծիւը թափահարելով ու թեւածելով «իր բոյնը կը խառնէ», զանոնք քաջալերելու համար որ թռչին։ Երբ ձագ մը ի վերջոյ դուրս նետուի բոյնէն, որ յաճախ կը գտնուի բարձր ժայռի մը վրայ, մայրը ձագին ‘վրայ կը շարժի’։ Եթէ թուի թէ ձագը գետին պիտի իյնայ, մայրը սուրալով վար կ’իջնէ եւ զայն ‘իր թեւերով կը վերցնէ’։ Սիրալիրօրէն, Եհովա նորածին Իսրայէլ ազգին նոյն կերպով հոգ տարաւ։ Ան ժողովուրդին Մովսիսական Օրէնքը տուաւ։ (Սաղմոս 78։5-7) Ապա Աստուած ուշադրութեամբ հսկեց ազգին վրայ, պատրաստ ըլլալով զանոնք ազատելու, երբ դժուարութեան հանդիպէին։

8 Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչպէս կրնան Եհովայի սէրը ընդօրինակել։ Նախ, անոնք պէտք է իրենց զաւակներուն սորվեցնեն Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած սկզբունքներն ու չափանիշները։ (Բ. Օրինաց 6։4-9) Նպատակակէտն է զաւակներուն օգնել որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն որոշումներ տալ սորվին։ Ասիկա ընելով, սիրալիր ծնողներ, այլաբանական կերպով, իրենց զաւակներուն վերեւը կը թռչին, տեսնելու համար թէ անոնք իրենց սորված սկզբունքները ի՛նչպէս կը կիրարկեն։ Մինչ զաւակները կը մեծնան եւ հետզհետէ աւելի ազատութիւն կը տրուի անոնց, հոգածու ծնողները վտանգ մը սպառնալու պարագային պատրաստ կ’ըլլան «վար սուրալու» եւ ‘իրենց ձագերը իրենց թեւերովը վերցնելու’։ Ի՞նչ տեսակի վտանգ։

9. Սիրալիր ծնողներ յատկապէս ո՞ր վտանգին նկատմամբ արթուն պէտք է ըլլան։ Բացատրեցէք։

9 Եհովա Աստուած Իսրայելացիները զգուշացուց չար ընկերակցութեան հետեւանքներէն։ (Թուոց 25։1-18. Եզրասայ 10։10-14) Սխալ անհատներու հետ ընկերակցիլը ներկայիս ալ սովորական վտանգ մըն է։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Քրիստոնեայ ծնողներ լաւ կ’ընեն այս մարզին մէջ Եհովան ընդօրինակելով։ Լիզա անունով 15 տարեկան աղջիկ մը հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց պատանիի մը հանդէպ, որ իր ընտանիքին բարոյական ու հոգեւոր արժէքները չէր բաժներ։ «Ծնողքս անմիջապէս վերաբերմունքիս մէջ փոփոխութիւն մը նկատեցին եւ մտահոգուեցան», կը պատմէ Լիզան։ «Երբեմն զիս սրբագրեցին եւ երբեմն ալ ազնուութեամբ քաջալերեցին»։ Անոնք Լիզային հետ նստան ու համբերութեամբ մտիկ ըրին իրեն, այս կերպով իրեն օգնելով որ գլուխ ելլէ բուն խնդրին հետ, որ իրենց կարծիքով՝ իր տարեկիցներէն ընդունելի ըլլալու փափաքն էր։ *

Հաղորդակցութեան Գիծերը Բաց Պահեցէք

10. Եհովա Իսրայելացիներուն հետ հաղորդակցելու մէջ ի՞նչ կերպերով լաւ օրինակ հանդիսացաւ։

10 Զաւակներ մարզելու մէջ յաջող ըլլալու համար, ծնողներ պէտք է ջանան հաղորդակցութեան գիծերը բաց պահել իրենց զաւակներուն հետ։ Թէեւ Եհովան լիովին տեղեակ է մեր սրտին մէջ եղածներէն, բայց կը քաջալերէ որ իր հետ հաղորդակցինք։ (Ա. Մնացորդաց 28։9) Օրէնքը Իսրայելացիներուն տալէ ետք, Եհովա Ղեւտացիները նշանակեց որ անոնց հրահանգներ տան, եւ մարգարէներ ղրկեց անոնց հետ տրամաբանելու եւ զանոնք սրբագրելու համար։ Ան անոնց աղօթքները մտիկ ընելու յօժարակամութիւն ալ ցուցաբերեց։—Բ. Մնացորդաց 17։7-9. Սաղմոս 65։2. Եսայեայ 1։1-3, 18-20. Երեմեայ 25։4. Գաղատացիս 3։22-24

11. (ա) Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն հետ լաւ հաղորդակցութիւն քաջալերել։ (բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ծնողներ լաւ մտիկ ընողներ ըլլան, երբ իրենց զաւակներուն հետ կը հաղորդակցին։

11 Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան Եհովան ընդօրինակել, երբ իրենց զաւակներուն հետ կը հաղորդակցին։ Նախ եւ առաջ, անոնք իրենց զաւակներուն համար ժամանակ պէտք է տրամադրեն։ Ծնողներ նաեւ լաւ կ’ընեն եթէ ծաղր ընող՝ անխոհեմ խօսքերէ խուսափին, ինչպէս՝ «Միայն ա՞յսքան։ Կարծեցի որ կարեւոր բան մը ունիս». «Այդ ըսածդ անիմաստ է». «Ի՞նչ կը սպասես, վերջապէս երախայ մըն ես»։ (Առակաց 12։18) Որպէսզի զաւակները հաղորդակցելու քաջալերեն, իմաստուն ծնողներ կը ջանան լաւ ունկնդրողներ ըլլալ։ Ծնողներ որոնք իրենց փոքր զաւակները կ’անտեսեն, երբ անոնք մեծնան, թերեւս անոնց կողմէ անտեսուին։ Եհովա միշտ պատրաստ եղած է իր ժողովուրդին մտիկ ընելու։ Ան մտիկ կ’ընէ խոնարհութեամբ իրեն աղօթողներուն։—Սաղմոս 91։15. Երեմեայ 29։12. Ղուկաս 11։9-13

12. Ծնողներու ո՞ր յատկութիւնները զաւակներուն կը դիւրացնեն որ իրենց մօտենան։

12 Նկատի առէք նաեւ թէ Աստուծոյ անձնաւորութեան կարգ մը երեսակները ի՛նչպէս դիւրացուցած են որ իր ժողովուրդը ազատօրէն իրեն մօտենայ։ Օրինակ, վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը լուրջ մեղք գործեց, Բերսաբէի հետ շնութիւն ընելով։ Անկատար մարդ մը ըլլալով, Դաւիթ իր կեանքին մէջ ուրիշ լուրջ մեղքեր ալ գործեց։ Այսուհանդերձ, ան երբեք չթերացաւ Եհովայի մօտենալու եւ իրմէ ներողութիւն եւ սրբագրութիւն խնդրելու։ Անկասկած, Աստուծոյ քաղցրութիւնը եւ ողորմութիւնը Դաւիթի դիւրացուցին որ Եհովայի դառնար։ (Սաղմոս 103։8) Կարեկցութեան եւ ողորմութեան նման աստուածային յատկութիւններ ցուցաբերելով, ծնողներ կրնան հաղորդակցութեան գիծերը բաց պահել, նոյնիսկ երբ զաւակները սխալին։—Սաղմոս 103։13. Մաղաքեայ 3։17

Բանաւոր Եղէք

13. Բանաւոր ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։

13 Իրենց զաւակներուն մտիկ ըրած ժամանակ, ծնողներ պէտք է բանաւոր ըլլան եւ «վերին իմաստութիւնը» արտացոլացնեն։ (Յակոբու 3։17) «Ձեր քաղցրութիւնը [«բանաւորութիւնը», ՆԱ] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Փիլիպպեցիս 4։5) Ի՞նչ կը նշանակէ բանաւոր ըլլալ։ «Բանաւոր» թարգմանուած Յունարէն բառին մէկ սահմանումն է՝ «օրէնքին տառը չպնդել»։ Մինչ ծնողներ բարոյական ու հոգեւոր չափանիշները բարձր կը բռնեն, անոնք ի՞նչպէս կրնան բանաւոր ըլլալ։

14. Եհովա Ղովտի հետ իր գործառնութեան մէջ ի՞նչպէս բանաւորութիւն ցոյց տուաւ։

14 Եհովա բանաւորութեան մէջ արտակարգ օրինակ մը կը հանդիսանայ։ (Սաղմոս 10։17) Երբ ան Ղովտն ու իր ընտանիքը յորդորեց որ դատապարտուած Սոդոմ քաղաքէն հեռանան, Ղովտ շարունակեց ‘տնտնալ’։ Ետքը, երբ Եհովայի հրեշտակը իրմէ խնդրեց որ լեռնային շրջանը փախչի, Ղովտ ըսաւ. «Ես չեմ կրնար լեռը փախչիլ, . . . ահա այս քաղաքը [Սեգովր]՝ որ հոն մօտ է ու պզտիկ է. շնորհք ըրէ, հոն փախչիմ, (չէ՞ որ անիկա պզտիկ է)»։ Եհովա ի՞նչպէս հակազդեց ասոր։ Ան ըսաւ. «Ահա այդ բանին մէջ ալ քու աղաչանքդ ընդունեցի, որ այդ քաղաքը չկորսնցնեմ՝ որուն համար խօսեցար»։ (Ծննդոց 19։16-21, 30) Եհովա յօժար էր Ղովտի խնդրանքը կատարելու։ Այո, ծնողներ պէտք է որ Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ Եհովա Աստուծոյ դրած չափանիշներուն կառչին։ Բայց եւ այնպէս, կարելի է զաւկին փափաքները նկատի առնել, երբ Աստուածաշունչի սկզբունքներ խնդրոյ առարկայ չեն։

15, 16. Եսայեայ 28։24, 25–ի մէջ գտնուած օրինակէն ծնողներ ի՞նչ դաս կրնան սորվիլ։

15 Բանաւոր ըլլալը կը պարփակէ զաւկին սիրտը պատրաստել, որպէսզի ան խրատ ընդունելու պատրաստ ըլլայ։ Այլաբանօրէն խօսելով, Եսայի Եհովան նմանցուց հողագործի մը եւ ըսաւ. «Միթէ հերկողը ցանելու համար շարունակ կը հերկէ՞. միշտ իր երկիրը կը բանայ ու անոր կոշտերը կը տափանէ՞. անոր երեսը շտկելէն ետքը միթէ արջնդեղն ու չամանը չի՞ ցաներ եւ ցորենը՝ կարգով ու գարին՝ որոշուած տեղը եւ հաճարը իր սահմանին մէջ չի՞ դներ»։—Եսայեայ 28։24, 25

16 Եհովա ‘ցանելու համար կը հերկէ’ եւ «իր երկիրը կը բանայ ու անոր կոշտերը կը տափանէ»։ Այսպիսով ան իր ժողովուրդին սիրտը կը պատրաստէ, զիրենք դաստիարակելէ առաջ։ Իրենց զաւակները սրբագրելու ժամանակ, ծնողներ ի՞նչպէս կրնան անոնց սիրտը ‘հերկել’։ Հայր մը իր չորս տարեկան մանչը խրատելու ժամանակ Եհովան ընդօրինակեց։ Երբ իր տղան դրացիին տղուն զարկաւ, հայրը նախ համբերութեամբ անոր չքմեղանքներուն մտիկ ըրաւ։ Ապա, իր տղուն սիրտը ‘հերկելու’ համար, ան տղեկի մը պատմութիւնը պատմեց, որ կռուազան տղու մը ձեռքէն շատ կը տառապէր։ Պատմութիւնը լսելէն ետք, տղան մղուեցաւ ըսելու թէ կռուազան տղան պէտք էր պատժուէր։ Այս ‘հերկելը’ տղուն սիրտը պատրաստեց եւ անոր դիւրացուց որ դրացիին տղուն զարնելը նկատէ կռուազանի մը արարքը, որ սխալ էր։—Բ. Թագաւորաց 12։1-14

17. Եսայեայ 28։26-29–ին մէջ, ծնողական սրբագրութեան ի՞նչ օրինակ մը հայթայթուած է։

17 Եսայի շարունակեց Եհովայի սրբագրութիւնը նմանցնել երկրագործական գործընթացի մը, որ է՝ կամնելը։ Հողագործ մը կամնելու զանազան գործիքներ կը գործածէ, հատիկին թեփին կարծրութեան համեմատ։ Նուրբ արջնդեղին համար գաւազան՝ իսկ չամանին համար՝ ցուպ կը գործածուի, սակայն, աւելի կարծր թեփ ունեցող հունտերուն համար կամնասայլ մը կը գործածուի։ Այսուհանդերձ, ան կարծր հունտերուն վրայ զօրաւոր կերպով պիտի չկոխկրտէ, զանոնք փշրելու աստիճան։ Նոյնպէս, երբ Եհովան ուզէ իր ժողովուրդին մէջէն անփափաքելի բան մը վերցնել, զանազան կերպեր կը գործածէ, ընթացիկ կարիքներուն ու պարագաներուն համաձայն։ Ան երբեք կամայական կամ բռնակալական չէ։ (Եսայեայ 28։26-29) Ծնողքին մէկ նայուածքը կարգ մը երախաներուն համար բաւարար է որ ընդառաջեն, եւ անկէ աւելիին պէտք չունին։ Ոմանք կրկին վերյիշեցումներու կարիքը ունին, մինչ ուրիշներ պէտք է սաստուին։ Բանաւոր ծնողներ սրբագրութիւն պիտի կիրարկեն, իւրաքանչիւր զաւկի կարիքներուն համաձայն։

Ընտանեկան Զրոյցները Հաճելի Դարձուցէք

18. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան Աստուածաշունչի ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութեան համար ժամանակ յատկացնել։

18 Ձեր զաւակները դաստիարակելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է՝ Աստուածաշունչի ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը եւ ամէն օր Աստուածաշունչէն համար մը նկատի առնելը։ Ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը լաւագոյն ազդեցութիւնը կ’ունենայ, երբ կանոնաւոր է։ Եթէ անիկա դիպուածի ձգուի, կամ անսպասելի որոշումի մը արդիւնքը ըլլայ, շատ հաւանական է որ հազուադէպ բան մը ըլլայ, ամենանպաստաւոր պայմաններուն ներքեւ իսկ։ Ուստի ծնողներ ուսումնասիրութեան համար ‘ժամանակը ծախու պէտք է առնեն’։ (Եփեսացիս 5։15-17) Բոլորին յարմարող հաստատ ժամանակ մը ընտրելը, մարտահրաւէր մը կրնայ ըլլալ։ Ընտանիքի հայր մը նկատեց որ մինչ զաւակները կը մեծնային, անոնց տարբեր յայտագիրները կը դժուարացնէին ամբողջ ընտանիքին միասնաբար հաւաքուիլը։ Սակայն, ընտանիքը միշտ միասին էր ժողովքային հանդիպումներուն գիշերները։ Հետեւաբար հայրը կարգադրեց որ ընտանիքը իր ուսումնասիրութիւնը ունենայ այդ գիշերներէն մէկուն ընթացքին։ Այս կարգադրութիւնը յաջողեցաւ։ Այժմ այս եղբօր երեք զաւակներն ալ Եհովայի մկրտուած ծառաներ են։

19. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան Եհովան ընդօրինակել, երբ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը կը վարեն։

19 Սակայն, ուսումնասիրութեան ընթացքին բաւարար չէ պարզապէս սուրբ գրային նիւթ մը նկատի առնել։ Եհովա վերահաստատուած Իսրայելացիներուն սորվեցուց քահանաներու միջոցաւ, որոնք Օրէնքը «մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին»։ (Նէեմեայ 8։8) Հայր մը որ յաջողեցաւ իր եօթը զաւակներուն օգնել որ Եհովան սիրեն, ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը չսկսած իր սենեակը կը քաշուէր պատրաստութիւն տեսնելու համար, նիւթը իւրաքանչիւր զաւկին կարիքներուն յարմարցնելով։ Ան ուսումնասիրութիւնը հաճելի կը դարձնէր իր զաւակներուն։ «Ուսումնասիրութիւնը մի՛շտ հաճելի էր», կը մտաբերէ իր մեծցած զաւակներէն մէկը։ «Եթէ պատահէր որ բակին մէջ կը խաղայինք եւ մեզ կանչէին ընտանեկան ուսումնասիրութեան համար, անմիջապէս գնդակը մէկ կողմ կը դնէինք եւ վազելով ներս կը մտնէինք ուսումնասիրութեան համար։ Անիկա շաբթուան ամենէն հաճելի երեկոներէն մէկն էր»։

20. Զաւակներ մեծցնելու մէջ տակաւին ի՞նչ հաւանական դժուարութիւն մը կայ, զոր նկատի պիտի առնենք։

20 Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է»։ (Սաղմոս 127։3) Մեր զաւակները մարզելը ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ, սակայն ասիկա պատշաճօրէն ընելը անոնց համար յաւիտենական կեանք կրնայ նշանակել։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ վարձատրութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Ուստի, թող որ ջանադրութեամբ Եհովան ընդօրինակենք, երբ մեր զաւակները կը մարզենք։ Սակայն, մինչ ծնողներու վստահուած է իրենց զաւակները ‘Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը մեծցնելու’ պատասխանատուութիւնը, երաշխիք չկայ թէ անոնք պիտի յաջողին։ (Եփեսացիս 6։4) Նոյնիսկ լաւագոյն հոգատարութիւնը տալէ ետք, զաւակ մը կրնայ ըմբոստանալ եւ Եհովայի ծառայելէ դադրիլ։ Այն ատեն ի՞նչ. . . ։ Ասիկա մեր յաջորդ յօդուածին նիւթը պիտի ըլլայ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ գտնուող փորձառութիւնները, ձեր մշակոյթէն տարբեր մշակոյթ ունեցող երկիրներէ կրնան ըլլալ։ Ջանացէք խնդրոյ առարկայ սկզբունքները ըմբռնել, եւ զանոնք կիրարկեցէք ձեր մշակոյթին համաձայն։

Ի՞նչ է ձեր պատասխանը

• Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան Բ. Օրինաց 32։11, 12–ի մէջ նկարագրուած Եհովայի սէրը ընդօրինակել։

• Իսրայելացիներուն հետ Եհովայի հաղորդակցած կերպէն ի՞նչ սորվեցաք։

• Ղովտի խնդրանքին Եհովայի ականջ տալը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։

• Զաւակներ սրբագրելու մասին ի՞նչ դաս սորվեցաք Եսայեայ 28։24-29–էն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 8, 9]

Մովսէս, Իր ժողովուրդին տուած Եհովայի մարզումը նմանցուց իր ձագերուն հետ գործածած արծիւի մը կերպերուն

[Նկարներ՝ էջ 10]

Ծնողներ պէտք է իրենց զաւակներուն հետ ժամանակ անցընեն

[Նկար՝ էջ 12]

«Անիկա շաբթուան ամենէն հաճելի երեկոներէն մէկն էր»