Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը կրնա՞ք ընել

Աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը կրնա՞ք ընել

Աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը կրնա՞ք ընել

«Քաղաքականութիւնը չի կրնար ընկերութեան ենթակառոյցը վերահաստատել։ Անիկա աւանդական բարոյական համոզումները վերակերտելու անատակ է։ Լաւագոյն գործելակերպերն իսկ չեն կրնար դարպասումի կամ ամուսնութեան նախկին արժէքները վերահաստատել, հայրերը իրենց զաւակներուն պատասխանատու դարձնել, երբեմնի ցասումն ու ամօթխածութիւնը վերահաստատել . . . Մեզ մտահոգող բարոյական խնդիրներուն մեծամասնութիւնը օրէնքի ուժով չի կրնար արմատախիլ ըլլալ»։

ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ կու տա՞ք Մ.Ն. նախկին պետական օգնականի մը վերոյիշեալ խօսքերուն։ Եթէ այո, ներկայիս ի՞նչ է լուծումը այն բազմաթիւ խնդիրներուն, որոնք յառաջ կու գան ագահութենէ, ընտանիքներու մէջ գուրգուրանքի պակասէ, թոյլ բարոյականութենէ, տգիտութենէ եւ այլ քայքայիչ ազդակներէ, որոնք կը մաշեցնեն ընկերութեան ենթակառոյցը։ Ոմանք կը խորհին թէ լուծում մը չկայ, ուստի իրենց առօրեայ գործերով կը զբաղին, լաւագոյնս ընելով։ Ուրիշներ կը խորհին թէ օր մը հրաշաձօն եւ փայլուն առաջնորդ մը, թերեւս նոյնիսկ կրօնական առաջնորդ մը, պիտի ելլէ եւ մարդիկը շիտակ ուղղութեամբ պիտի առաջնորդէ։

Իրականութեան մէջ, երկու հազար տարի առաջ, մարդիկ ուզեցին Յիսուս Քրիստոսը իրենց թագաւորը ընել, քանի որ ըմբռնեցին թէ անիկա Աստուծմէ ղրկուած էր, եւ շատ որակեալ իշխան մը կրնար ըլլալ։ Այսուհանդերձ, երբ Յիսուս հասկցաւ իրենց դիտաւորութիւնները, իրենցմէ արագօրէն հեռացաւ։ (Յովհաննու 6։14, 15) Ան հետագային Հռովմայեցի կառավարիչի մը բացատրեց, ըսելով. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ»։ (Յովհաննու 18։36) Սակայն այս օրերուն, քիչեր՝ նոյնիսկ իր հետեւորդները ըլլալ դաւանող կրօնական առաջնորդներ՝ Յիսուսի բռնած դիրքը կ’որդեգրեն։ Անոնցմէ ոմանք փորձած են այս աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը ընել, կա՛մ ջանալով աշխարհային իշխաններուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնել, եւ կամ անձամբ քաղաքական պաշտօնի մը գլուխը անցնելով։ Ասիկա կրնանք տեսնել 1960–ական եւ 1970–ական թուականներուն վրայ ակնարկ մը նետելով։

Կրօնական Ջանքեր՝ Աշխարհը Բարելաւելու Համար

1960–ական թուականներուն վերջաւորութեան, Լատին Ամերիկեան երկիրներու մէջ կարգ մը աստուածաբաններ պայքար մղեցին ի նպաստ աղքատներուն ու կեղեքուածներուն։ Ասիկա իրագործելու համար, ազատագրութեան աստուածաբանութիւն մը զարգացուցին, ըստ որու Քրիստոս որպէս փրկիչ կը ներկայացուէր ո՛չ միայն սուրբ գրային առումով, այլ նաեւ՝ քաղաքական եւ տնտեսական առումով։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, քանի մը եկեղեցական առաջնորդներ բարոյական արժէքներու չքացումով խորապէս մտահոգուած ըլլալով, կազմակերպութիւն մը մէջտեղ բերին՝ Բարոյական Մեծամասնութիւն անունով։ Անոր նպատակակէտն էր քաղաքական պաշտօնի հասցնել մարդիկ, որոնք ընտանեկան օգտակար արժէքներու նկատմամբ օրէնքներ պիտի դնէին։ Նմանապէս, բազմաթիւ իսլամական երկիրներու մէջ խմբակցութիւններ ջանացած են փտածութիւնն ու շուայտութիւնը զսպել՝ քաջալերելով աւելի սերտօրէն Գուրանին յարիլը։

Ի տես այսպիսի ջանքերու, կը խորհի՞ք որ աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը եղած է։ Իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ ընդհանուր առմամբ բարոյական արժէքները կը շարունակեն անկում կրել, եւ հարուստին ու աղքատին միջեւ գոյութիւն ունեցող խրամատը կը մեծնայ, ի ներառեալ այն երկիրներուն մէջ, ուր ազատագրութեան աստուածաբանութիւնը աչքառու էր։

Քանի որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ Բարոյական Մեծամասնութիւնը իր գլխաւոր նպատակակէտերուն մէջ ձախողեցաւ, անոր հիմնադիրը՝ Ճէրի Ֆալուէլ՝ սոյն կազմակերպութիւնը լուծեց 1989–ին։ Այլ կազմակերպութիւններ առած են անոր տեղը։ Այսուհանդերձ, Բօլ Ուէյրիչ՝ «բարոյական մեծամասնութիւն» արտայայտութիւնը յօրինողը՝ Քրիստոնէութիւնը Այսօր (Անգլերէն) պարբերաթերթին մէջ գրեց. «Եթէ նոյնիսկ քաղաքական ընտրութիւններուն մէջ շահինք, մեր յաղթանակները տակաւին կը ձախողին մէջտեղ բերելու ա՛յն գործընթացները, զորս կարեւոր կը նկատենք»։ Ան նաեւ գրեց. «Քաղաքակրթութիւնը հետզհետէ լայնցող կոյուղիի մը կը վերածուի։ Մշակութային այնպիսի արտակարգ անկումի մը մէջ ենք, որ քաղաքականութիւնը իսկապէս շփոթութեան կը մատնէ»։

Սիւնակագիր եւ հեղինակ Գալ Թոմաս յայտնեց որ ըստ իր կարծիքին, հիմնական թերութիւն մըն էր ընկերութիւնը բարձունքի մը հասցնել քաղաքականութեան միջոցաւ, ըսելով. «Իսկական փոփոխութիւնը յառաջ կու գայ անհատական գետնի վրայ, եւ ո՛չ թէ քաղաքական ընտրութիւններու մէջ յաղթանակներ տանելով, քանի որ մեր գլխաւոր խնդիրները տնտեսական ու քաղաքական չեն, այլ՝ բարոյական ու հոգեւոր»։

Սակայն, ի՞նչպէս կրնաք բարոյական եւ հոգեւոր դժուարութիւններ լուծել աշխարհի մը մէջ, ուր չափանիշ գոյութիւն չունի, ուր մարդիկ իրե՛նք կ’որոշեն թէ ի՛նչ բան շիտակ եւ ի՛նչ բան սխալ է։ Եթէ հեղինակաւոր եւ լաւ դիտաւորութիւն ունեցող մարդիկ, ըլլան կրօնական թէ ոչ, անկարող են այս աշխարհը իրապէս աւելի լաւ տեղ մը ընելու, ուրեմն ո՞վ կրնայ։ Ինչպէս յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, պատասխան մը կայ։ Իրականութեան մէջ, պատասխանը գլխաւոր պատճառն է թէ Յիսուս ինչո՛ւ ըսաւ որ իր Թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէր։

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 2]

COVER։ Dirty water։ WHO/UNICEF photo; globe։ Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 3]

Children։ UN photo; globe։ Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.