Եհովայի ախորժելի սիրտ մը ձեռք ձգեցէք
Եհովայի ախորժելի սիրտ մը ձեռք ձգեցէք
«Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ»։—ՍԱՂՄՈՍ 51։10
1, 2. Ինչո՞ւ մեր սրտով հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։
ԱՆ ԵՐԿԱՐԱՀԱՍԱԿ էր ու գրաւիչ տեսք մը ունէր։ Երբ զինք տեսաւ, Սամուէլ մարգարէն ա՛յնքան տպաւորուեցաւ որ եզրակացուց թէ Յեսսէի այս անդրանիկ որդին էր որ Աստուած ընտրած էր, Սաւուղէն ետք թագաւոր ըլլալու համար։ Սակայն, Եհովան ըսաւ. «[Այս որդւոյն] երեւոյթին ու հասակին երկայնութեանը մի՛ նայիր, քանզի ես զանիկա անարգեցի. . . . մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ Եհովա ընտրեց Յեսսէի կրտսերագոյն որդին Դաւիթը՝ «իր սրտին համեմատ մարդ մը»։—Ա. Թագաւորաց 13։14. 16։7
2 Աստուած կրնայ մարդուն սիրտը կարդալ, ինչպէս հետագային պարզեց. «Ես՝ Տէրս՝ միտքը կը քննեմ, սրտերը կը փորձեմ, որպէս զի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ»։ (Երեմեայ 17։10) Այո, «սրտերը փորձողը Տէրն է»։ (Առակաց 17։3) Սակայն, ի՞նչ է մարդուն մէջ եղած սիրտը, զոր Եհովա կը քննէ։ Եւ ի՞նչ կրնանք ընել իրեն ախորժելի սիրտ մը ձեռք ձգելու համար։
«Սրտին Ծածուկ Մարդը»
3, 4. «Սիրտ» բառը Աստուածաշունչին մէջ գլխաւորաբար ի՞նչ առումով գործածուած է։ Օրինակներ տուէք։
3 «Սիրտ» բառը Սուրբ Գրութիւններուն մէջ շուրջ հազար անգամ կը պատահի։ Մեծաւ մասամբ անիկա այլաբանական առումով կը գործածուի։ Օրինակ, Եհովա Մովսէս մարգարէին ըսաւ. «Խօսիր Իսրայէլի որդիների հետ, որ ինձ ընծայ բերեն. ամէն մարդից որ սիրտը յօժար է, առէք իմ ընծան»։ Ընծայ բերողները «յօժարասիրտ եղողներ» էին։ (Ելից 25։2, Արարատ. 35։21) Բացայայտօրէն, այլաբանական սրտին երեսակներէն մէկը շարժառիթն է՝ այն ներքին ոյժը որ մեզ գործի կը մղէ։ Մեր այլաբանական սիրտը նաեւ կ’արտացոլացնէ մեր յուզումներն ու զգացումները, մեր ցանկութիւններն ու խանդաղատանքը։ Սիրտ մը կրնայ բարկութեամբ կամ վախով լեցուիլ, վշտով ընկճուիլ կամ ուրախութեամբ ոգեւորուիլ։ (Սաղմոս 27։3. 39։3. Յովհաննու 16։22. Հռովմայեցիս 9։2) Անիկա կրնայ հպարտ կամ խոնարհ, սիրալիր կամ ատելավառ ըլլալ։—Առակաց 16։5. Մատթէոս 11։29. Ա. Պետրոս 1։22
4 Հետեւաբար, «սիրտը» յաճախ առնչուած է շարժառիթի եւ զգացումներու հետ, մինչ «միտքը» յատկապէս խորհուրդներու հետ կապ ունի։ Այս երկու բառերը այս կերպով պէտք է հասկցուին, երբ Աստուածաշունչին մէջ միեւնոյն բովանդակութեան մէջ հանդիպին։ (Մատթէոս 22։37. Փիլիպպեցիս 4։7) Սակայն, սիրտն ու միտքը իրարու հակառակ բաներ չեն։ Օրինակ, Մովսէս Իսրայելացիները յորդորեց. «Սրտիդ [կամ՝ «մտքիդ», ՆԱ, ստորանիշ] մէջ դիր, թէ . . . Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է»։ (Բ. Օրինաց 4։39) Իրեն դէմ դաւ լարող դպիրներուն խօսելով, Յիսուս ըսաւ. «Ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ չար բաներ կը խորհիք»։ (Մատթէոս 9։4) «Հասկացողութիւնը», ‘գիտութիւնը’ եւ ‘խորհիլն’ ալ սրտին հետ կրնան առնչուիլ։ (Գ. Թագաւորաց 3։12, ՆԱ. Առակաց 15։14. Մարկոս 2։6) Հետեւաբար, այլաբանական սիրտը կրնայ մեր իմացականութեան՝ մեր խորհուրդներուն կամ հասկացողութեան՝ հետ ալ կապ ունենալ։
5. Այլաբանական սիրտը ի՞նչ կը ներկայացնէ։
5 Աշխատասիրութեան մը համաձայն, այլաբանական սիրտը կը ներկայացնէ «ընդհանուր կեդրոնական մասը՝ ներքինը, եւ հետեւաբար, ներքին մարդը որ ինքզինք կը յայտնաբերէ իր տարբեր գործունէութիւններով, իր ցանկութիւններով, խանդաղատանքներով, յուզումներով, սէրերով, նպատակներով, իր խորհուրդներով, ըմբռնումներով, երեւակայութիւններով, իր իմաստութիւնով, գիտութիւնով, հմտութիւնով, իր հաւատալիքներով եւ իր տրամաբանութիւններով, իր յիշողութիւնով եւ իր գիտակցութիւնով»։ Անիկա կը ներկայացնէ ներքնապէս ինչպէս որ ենք, «սրտին ծածուկ մարդը»։ (Ա. Պետրոս 3։4) Եհովան այդ է որ կը տեսնէ ու կը քննէ։ Ուստի, Դաւիթ կրնար աղօթել. «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ»։ (Սաղմոս 51։10) Ի՞նչպէս կրնանք մաքուր սիրտ մը ձեռք ձգել։
Աստուծոյ Խօսքը «Ձեր Սրտին Մէջ Դրէք»
6. Մինչ Իսրայելացիները Մովաբի դաշտերուն մէջ բանակած էին, Մովսէս ի՞նչ յորդոր տուաւ անոնց։
6 Խոստացեալ Երկիրը մտնելէ առաջ, Մովաբի դաշտերուն մէջ հաւաքուած Իսրայէլի որդիները յորդորելով, Մովսէս ըսաւ. «Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը, որ այսօր ձեզի իբր վկայութիւն բերի, որպէս զի ձեր տղոց պատուիրէք, որ այս օրէնքին ամէն խօսքերը պահեն ու կատարեն»։ (Բ. Օրինաց 32։46) Իսրայելացիները «լաւ ուշադրութիւն ընծայել»ու էին։ (Նոգս թարգմանութիւն) Միայն Աստուծոյ պատուիրաններուն լիովին ծանօթ ըլլալով էր որ անոնք կրնային իրենց զաւակներուն մէջ զանոնք քանդակել։—Բ. Օրինաց 6։6-8
7. Աստուծոյ Խօսքը ‘մեր սրտին մէջ դնելը’ ի՞նչ բանի հետ առնչուած է։
7 Աստուծոյ կամքին ու նպատակներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալը, գլխաւոր պահանջ մըն է մաքուր սիրտ ձեռք ձգելու համար։ Այդ գիտութեան համար միայն մէկ աղբիւր կայ՝ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Սակայն, գիտութիւն ամբարելը ինքնին մեզի պիտի չօգնէ որ Եհովան հաճեցնող սիրտ մը ձեռք ձգենք։ Որպէսզի գիտութիւնը մեր ներքին մարդուն ազդէ, պէտք է մեր սորվածները ‘մեր սրտին մէջ դնենք’, կամ անոնց «սրտանց անսանք»։ (Բ. Օրինաց 32։46, Ամերիկեան Թարգմանութիւն մը) Ասիկա ի՞նչպէս կ’ըլլայ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ կը բացատրէ. «Նախկին օրերը կը յիշեմ, քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ, քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ»։—Սաղմոս 143։5
8. Մինչ կ’ուսումնասիրենք, ո՞ր հարցումներուն մասին կրնանք խոկալ։
8 Մենք ալ պէտք է երախտագիտութեամբ խոկանք Եհովայի գործունէութիւններուն մասին։ Երբ Աստուածաշունչը կամ անոր վրայ հիմնուած գրականութիւնները ընթերցենք, պէտք է հետեւեալին նման հարցումներու մասին մտածենք. ‘Ասիկա ինծի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի մասին։ Եհովայի ո՞ր յատկութիւնները հոս ցուցաբերուած են։ Այս հատուածը ինծի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի սիրած եւ չսիրած բաներուն մասին։ Եհովայի սիրած ընթացքին հետեւելուն արդիւնքները եւ իր ատած ընթացքին հետեւելուն հետեւանքները ի՞նչ են։ Այս տեղեկութիւնը ի՞նչպէս կապ ունի իմ գիտցած բաներուս հետ’։
9. Անձնական ուսումնասիրութիւնն ու խոկալը ի՞նչպէս արժէքաւոր են։
9 Երեսուն երկու տարեկան Լիզան * կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս սկսաւ գնահատել նպատակալից ուսումնասիրութեան եւ խոկալուն արժէքը. «1994–ին մկրտուելէս ետք, շուրջ երկու տարի ճշմարտութեան մէջ շատ գործունեայ էի։ Քրիստոնէական բոլոր ժողովներուն ներկայ կը գտնուէի, ամէն ամիս 30-40 ժամ կը տրամադրէի դաշտի ծառայութեան, եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուս հետ կ’ընկերակցէի։ Ապա սկսայ ճշմարտութենէն հեռանալ։ Ա՛յնքան նուաստացած վիճակի մը հասայ որ նոյնիսկ Աստուծոյ օրէնքը բեկանեցի։ Սակայն, զգաստացայ եւ որոշեցի կեանքս մաքրել։ Որքա՜ն ուրախ եմ որ Եհովա զղջումս նկատելով զիս ետ ընդունեց։ Յաճախ հարց տուած եմ. ‘Ինչո՞ւ հեռացայ’։ Պատասխանը որ միշտ միտքս կու գայ այն է թէ նպատակալից ուսումնասիրութիւնն ու խոկալը անտեսած էի։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սրտիս չէր հասած։ Ասկէ ետք, անձնական ուսումնասիրութիւնն ու խոկալը կեանքիս անբաժան մէկ մասը պիտի ըլլան»։ Մինչ Եհովայի, իր Որդւոյն եւ իր Խօսքին մասին մեր գիտութեան մէջ կ’աճինք, որքա՜ն կենսական է որ իմաստալից կերպով խոկալու համար ժամանակ տրամադրենք։
10. Անձնական ուսումնասիրութեան եւ խոկալու համար ժամանակ տրամադրելը ինչո՞ւ ստիպողական է։
10 Այս զբաղած աշխարհին մէջ, ուսումնասիրութեան եւ խոկալու համար ժամանակ գտնելը արդարեւ դժուար բան մըն է։ Սակայն, ներկայիս Քրիստոնեաները կանգնած են հոյակապ Խոստացեալ Երկրի մը՝ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին՝ սեմին։ (Բ. Պետրոս 3։13) Ապշեցուցիչ դէպքեր, ինչպէս՝ «Մեծ Բաբելոն»ի կործանումը եւ Եհովայի ժողովուրդին վրայ «Մագոգի երկրին Գոգ»ին յարձակումը, մօտ ապագային տեղի պիտի ունենան։ (Յայտնութիւն 17։1, 2, 5, 15-17. Եզեկիէլ 38։1-4, 14-16. 39։2) Մեր դիմաց եղած դէպքերը Եհովայի հանդէպ մեր ունեցած սէրը կրնան փորձի ենթարկել։ Ստիպողական է որ հիմա իսկ բարեպատեհ ժամանակը ծախու առնենք եւ Աստուծոյ Խօսքը մեր սրտին մէջ դնենք։—Եփեսացիս 5։15, 16
‘Ձեր Սիրտը Պատրաստեցէք՝ Որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը Փնտռէք’
11. Մեր սիրտը ի՞նչպէս կրնայ հողի նմանցուիլ։
11 Այլաբանական սիրտը կրնայ նմանցուիլ հողի մը, որու մէջ ճշմարտութեան սերմը կրնայ ցանուիլ։ (Մատթէոս 13։18-23) Բառացի հողը սովորաբար կը մշակուի, բերքին առողջ աճումը երաշխաւորելու համար։ Նմանապէս, սիրտը պէտք է մշակուի կամ պատրաստուի, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին աւելի ընդունակ ըլլայ։ Եզրաս քահանան «իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ ու կատարէ»։ (Եզրասայ 7։10) Մենք ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտը պատրաստել։
12. Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ սիրտը պատրաստենք ուսումնասիրութեան համար։
12 Երբ Աստուծոյ Խօսքին պիտի դիմենք, սիրտը պատրաստելու լաւագոյն կերպը սրտանց աղօթելն է։ Ճշմարիտ երկրպագուներու քրիստոնէական ժողովները աղօթքով կը սկսին ու կը վերջանան։ Որքա՛ն պատշաճ է որ անձնական ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր նիստ անկեղծ աղօթքով մը սկսինք, եւ պահպանենք այդ աղօթարար կեցուածքը ուսումնասիրութեան ընթացքին։
13. Եհովայի ախորժելի սիրտ մը ձեռք ձգելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։
13 Այլաբանական սիրտը պէտք է պատրաստել որ կանխայղացուած գաղափարներ մէկ կողմ դնէ։ Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդները ասիկա ընելու յօժար չէին։ (Մատթէոս 13։15) Միւս կողմէ, Յիսուսի մայրը՝ Մարիամ, «իր սրտին մէջ» եզրակացութիւններու յանգեցաւ, հիմնուելով իր լսած ճշմարտութիւններուն վրայ։ (Ղուկաս 2։19, 51) Ան Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտ մը եղաւ։ Թիւատիրի Լիտիան Պօղոսի մտիկ ըրաւ, «որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ»։ Ան ալ հաւատացեալ մը եղաւ։ (Գործք 16։14, 15) Թող որ երբեք անձնական գաղափարներու կամ մեզի սիրելի եղող վարդապետական կարծիքներու յամառօրէն չկառչինք։ Փոխարէն, «Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ»։—Հռովմայեցիս 3։4
14. Ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտը պատրաստել որ քրիստոնէական ժողովներուն մտիկ ընէ։
14 Յատկապէս կարեւոր է սիրտը պատրաստել որ քրիստոնէական ժողովներուն մտիկ ընէ։ Խանգարումներ կրնան մեր ուշադրութիւնը ըսուած բաներէն հեռացնել։ Խօսուած խօսքերը քիչ ազդեցութիւն կրնան բանեցնել մեր վրայ, եթէ մտազբաղ ըլլանք օրուան ընթացքին պատահած բաներով, կամ՝ մտահոգ ըլլանք թէ վաղը ի՛նչ կը սպասէ մեզի։ Եթէ ըսուածէն պիտի օգտուինք, պէտք է հաստատօրէն վճռած ըլլանք մտիկ ընել եւ սորվիլ։ Ի՜նչ օգուտներ կրնանք ստանալ եթէ վճռած ըլլանք հասկնալ ընթերցուած համարները եւ անոնց մեկնութիւնը։—Նէեմեայ 8։5-8, 12
15. Խոնարհութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ ուսուցանուելու աւելի ընդունակ ըլլանք։
15 Ճիշդ ինչպէս որ պարարտացուցիչ նիւթեր դնելը բառացի հողը կրնայ բարելաւել, նոյնպէս ալ խոնարհութիւն, հոգեւոր բաներու հանդէպ անօթութիւն, վստահութիւն, բարեպաշտութիւն եւ Աստուծոյ հանդէպ սէր մշակելը, կրնայ մեր այլաբանական սիրտը ճոխացնել։ Խոնարհութիւնը սիրտը կը կակուղցնէ, մեզի օգնելով որ ուսուցանուելու աւելի ընդունակ ըլլանք։ Եհովա Յուդայի Յովսիա Թագաւորին ըսաւ. «Որովհետեւ քու սիրտդ կակղացաւ ու Տէրոջը առջեւ խոնարհեցար, երբ լսեցիր իմ խօսքերս, . . . ու իմ առջեւս լացիր, ես ալ լսեցի»։ (Դ. Թագաւորաց 22։19) Յովսիայի սիրտը խոնարհ եւ ընդունակ էր։ Խոնարհութիւնն էր որ Յիսուսի «տգէտ ու առանց ուսման» աշակերտները կարող դարձուց ըմբռնելու եւ կիրարկելու այն հոգեւոր ճշմարտութիւնները, որոնք ‘իմաստուններն ու գիտունները’ չկրցան հասկնալ։ (Գործք 4։13. Ղուկաս 10։21) Թող որ «խոնարհինք մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ», մինչ կը ջանանք Եհովայի ախորժելի սիրտ մը ձեռք ձգել։—Եզրասայ 8։21
16. Ինչո՞ւ հոգեւոր սնունդի հանդէպ անօթութիւն մշակելը ջանք կը պահանջէ։
16 Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքերուն»։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Թէեւ հոգեւորականութեան կարողութեամբ մը օժտուած ենք, սակայն, այս ամբարիշտ աշխարհէն եկած ճնշումները կամ ծուլութեան նման նկարագրի գիծեր, կրնան մեր այս կարիքին նկատմամբ մեր գիտակցութիւնը բթացնել։ (Մատթէոս 4։4) Հոգեւոր սնունդի հանդէպ ախորժակ պէտք է զարգացնենք։ Նոյնիսկ եթէ սկիզբը Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն եւ անձնական ուսումնասիրութենէն հաճոյք չառնենք, յարատեւութեամբ պիտի տեսնենք թէ գիտութիւնը ‘մեր հոգիին ախորժելի պիտի ըլլայ’, այնպէս որ անհամբեր պիտի սպասենք ուսումնասիրութեան պահերուն։—Առակաց 2։10, 11
17. (ա) Ինչո՞ւ Եհովան մեր լման վստահութեան արժանի է։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն կերտել։
17 «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր», յորդորեց Սողոմոն Թագաւոր։ (Առակաց 3։5) Եհովայի վստահող սիրտ մը գիտէ թէ Ան իր Խօսքին միջոցաւ ի՛նչ որ ալ խնդրէ կամ ի՛նչ ուղղութիւն ալ տայ, մի՛շտ շիտակ է։ (Եսայեայ 48։17) Վստահաբար, Եհովան մեր լման վստահութեան արժանի է։ Ան կարող է կատարել իր նպատակադրած բոլոր բաները։ (Եսայեայ 40։26, 29) Իր անուան բառացի նշանակութիւնն է՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ», որ իր խոստացածը կատարելու իր կարողութեան հանդէպ վստահութիւն կը կերտէ։ Ան «արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ»։ (Սաղմոս 145։17) Անշուշտ, իրեն հանդէպ վստահութիւն մշակելու համար, պէտք է ‘ճաշակենք ու տեսնենք թէ Տէրը բարի է’, կիրարկելով Աստուածաշունչէն մեր սորված բաները մեր անձնական կեանքին մէջ եւ խոկալով ասոր յառաջ բերած օգուտին մասին։—Սաղմոս 34։8
18. Աստուածային վախը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ առաջնորդութեան ընդունակ ըլլանք։
18 Ուրիշ յատկութեան մը ակնարկելով, որ մեր սիրտը աստուածային առաջնորդութեան ընդունակ կը դարձնէ, Սողոմոն ըսաւ. «Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ»։ (Առակաց 3։7) Եհովա վաղեմի Իսրայէլին ակնարկելով ըսաւ. «Երանի՜ թէ անոնց սիրտն ալ այնպէս ըլլար, որ ինծմէ վախնալով միշտ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահէին, որպէս զի իրենց աղէկ ըլլար ու իրենց որդիներուն ալ յաւիտեան»։ (Բ. Օրինաց 5։29) Այո, Աստուծմէ վախցողները իրեն կը հնազանդին։ Եհովա կարողութիւն ունի ‘իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնելու’ եւ իրեն անհնազանդ եղողները պատժելու։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Թող որ մեր բոլոր արարքները, մտածումները եւ զգացումները ղեկավարուին Աստուած տհաճեցնելու յարգալից վախով։
‘Եհովան Սիրեցէք Ձեր Բոլոր Սրտով’
19. Մեր սիրտը Եհովայի առաջնորդութեան ընդունակ դարձնելու մէջ, սէրը ի՞նչ դեր կը խաղայ։
19 Միւս բոլոր յատկութիւններէն աւելի, սէրն է որ մեր սիրտը ընդունակ կը դարձնէ Եհովայի առաջնորդութեան։ Աստուծոյ հանդէպ սիրով լեցուն սիրտ մը, անհատը կը մղէ սորվելու թէ ի՛նչ բան Եհովան կը հաճեցնէ եւ ի՛նչ բան՝ կը տհաճեցնէ։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ (Մատթէոս 22։37) Թող որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը խորացնենք՝ իր բարութեան մասին խոկալը սովորութիւն մը դարձնելով, իր հետ կանոնաւորաբար խօսելով որպէս թէ մտերիմ բարեկամ մը ըլլար, եւ անձկալից իր մասին ուրիշներուն խօսելով։
20. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի ախորժելի սիրտ մը ձեռք ձգել։
20 Առ ի վերաքաղ. Եհովայի ախորժելի սիրտ մը ձեռք ձգելը կը պարփակէ թոյլ տալ որ Աստուծոյ Խօսքը ազդէ մեր անձնաւորութեան՝ սրտին ծածուկ մարդուն։ Աստուածաշունչի անձնական իմաստալից ուսումնասիրութիւնը եւ երախտագիտութեամբ խոկալը անհրաժեշտ են։ Ասիկա պատրաստուած սրտով ընելը լաւագոյն կերպն է. սիրտ մը՝ որ զերծ է կանխայղացուած գաղափարներէ, եւ լեցուն է յատկութիւններով որոնք մեզ ուսուցանուելու ընդունակ կը դարձնեն։ Այո, Եհովայի օգնութեամբ, կարելի է Աստուծոյ ախորժելի սիրտ մը ձեռք ձգել։ Սակայն, մեր սիրտը պահպանելու համար ի՞նչ քայլեր կրնանք առնել։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 9 Անունը փոխուած է։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Եհովայի քննած այլաբանական սիրտը ի՞նչ է։
• Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ Խօսքը ‘մեր սրտին մէջ դնել’։
• Մեր սիրտը ի՞նչպէս պէտք է պատրաստենք Աստուծոյ Խօսքը փնտռելու համար։
• Այս նիւթը նկատի առնելէ ետք, ի՞նչ բան ընելու մղուած կը զգաք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 17]
Դաւիթ երախտագիտութեամբ խոկաց հոգեւոր բաներու մասին։ Դուք ալ նոյնը կ’ընէ՞ք
[Նկարներ՝ էջ 18]
Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելէ առաջ ձեր սիրտը պատրաստեցէք