Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կենսատու ջուրեր կը հոսին Անտեան Լեռներուն մէջ

Կենսատու ջուրեր կը հոսին Անտեան Լեռներուն մէջ

Կենսատու ջուրեր կը հոսին Անտեան Լեռներուն մէջ

Անտեան Լեռները Փերուն մէջտեղէն երկու մասի կը բաժնեն. արեւմուտքին՝ անջրդի ծովեզերեայ շրջան, իսկ արեւելքին՝ պտղաբեր ու խոնաւ մացառուտ։ Փերուի 27 միլիոն բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդը այս լեռնաշղթային վրայ կը բնակի. կա՛մ բարձրաւանդակներուն եւ լեռնալանջերուն վրայ, եւ կամ խոր կիրճերուն ու բերրի հովիտներուն մէջ։

ԽՈՐՏՈՒԲՈՐՏ Անտեան լեռնաշղթան դիւրին ներխուժումի կը դիմադրէ։ Հետեւաբար, հոն բնակող միլիոնաւոր անհատներ գրեթէ մեկուսացած են եւ չեն ազդուած իրենց շրջանէն դուրս տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ու զարգացումներէն։

Գիւղակներ կառուցուած են գետակներու ափերուն, ջուր ապահովելու համար բերքերուն, ինչպէս նաեւ՝ լամաներու, ալփէքաներու, վիկունաներու եւ ոչխարներու հօտերուն։ Սակայն, ուրիշ տեսակի կենսական ջուր ալ կը հոսի Անտեան Լեռներուն մէջ. թարմացուցիչ հոգեւոր ջուրեր, որոնք Եհովայէն՝ «կեանքի ջուրին աղբիւր»էն՝ կու գան։ (Երեմեայ 2։13) Աստուած իր Վկաները կը գործածէ, Անտեան բարձունքներուն վրայ բնակող մարդոց օգնելու, որ ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգեն իր եւ իր նպատակներուն մասին։—Եսայեայ 12։3. Յովհաննու 17։3

Քանի որ Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան», այս ծառաները ամէն ջանք կը թափեն Աստուածաշունչի կենսատու պատգամը հասցնելու դժուար վայրերու մէջ բնակող համայնքներուն։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Այս սուրբ գրային պատգամը լուսաբանութիւն կու տայ եւ վսեմ է։ Անիկա պարկեշտ սիրտ ունեցող տեղացիներ ազատագրած է նախապաշարումներէ, սովորութիւններէ եւ գաղափարներէ, որոնց պատճառաւ կը վախնային մեռելներէն, չար ոգիներէն եւ բնութեան ուժերէն։ Աւելի կարեւորը՝ այս պատգամը դրախտ երկրի մը վրայ անվերջ կեանքի փառաւոր յոյսը կու տայ իրենց։

Ջանք Թափել

Այս հեռաւոր վայրերը այցելող Թագաւորութեան քարոզիչները բազմաթիւ վերաճշդումներ պէտք է ընեն։ Մարդոց սրտին հասնելու համար, Աստուածաշունչը ուսուցանողները Քէչուա կամ Այմարա պէտք է գիտնան, որոնք երկու տեղական լեզուներ են։

Անտեան Լեռներուն մէջ գտնուած գիւղերուն հասնիլը դիւրին չէ։ Այս շրջաններուն մէջ երկաթուղին մեծ դեր չի խաղար։ Փոխադրութիւնը անորոշ է, եւ գէշ օդի ու անսովոր մակերեւոյթի ենթակայ է։ Արդ, Վկաները Թագաւորութեան պատգամը ի՞նչպէս մարդոց կը հասցնեն։

Բարի լուրի քաջարի քարոզիչներ մարտահրաւէրը ընդունած ու Եսայի մարգարէին պէս ընդառաջած են. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ (Եսայեայ 6։8) Անոնք երեք շարժական տուներ գործածած են՝ հիւսիսային, կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններ ճամբորդելու համար։ Աստուածաշունչի եւ սուրբ գրային գրականութիւններու տասնեակ սնտուկներ իրենց հետ ունենալով, նախանձախնդիր ռահվիրաները՝ կամ լման ժամանակով ծառայողները՝ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան սերմեր ցանած են հոն ապրող բարեացակամ, հիւրասէր եւ պարկեշտ սիրտ ունեցող մարդոց մէջ։

Լեռնային ճամբաներու անկիւնադարձերը յատկապէս վտանգաւոր են։ Անոնցմէ ոմանց հետ գլուխ ելլելու համար, փոխադրամիջոցները կրկին անգամ առջեւ–ետեւ պէտք է երթան։ Այսպիսի ճամբու մը վրայ, միսիոնար մը որ օթոպիւսի մը ետեւի նստարանին վրայ էր, պատուհանէն դուրս նայեցաւ եւ նկատեց որ անիւներէն մէկը աւելի քան 190 մեթր խորութեամբ անդունդի մը ճիշդ ծայրը հասած էր։ Ան իր աչքերը փակեց մինչեւ որ օթոպիւսը դարձուածքը ամբողջացուց։

Կարգ մը ճամբաներ դարուփոս եւ շատ նեղ են։ Այսպիսի անհարթ շրջանի մը մէջ, շարժական տուներէն մէկը նեղ ճամբէ մը վար կ’իջնէր, երբ դիմացը բեռնակառք մը ելաւ։ Շարժական տունը ստիպուեցաւ դէպի ետեւ բարձրանալ մինչեւ տեղ մը, ուր բեռնակառքը կրնար հազիւ անցնիլ։

Այսուհանդերձ, այս յարատեւ ջանքերուն արդիւնքը յատկանշական եղած է։ Անոնց մասին կ’ուզէ՞ք յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալ։

Թիթիքաքա Լիճը «Ջրել»

Անտեան Լեռներու մէջ՝ 3,800 մեթր բարձունքի վրայ գտնուելով, Թիթիքաքա Լիճը աշխարհի ամենէն բարձր միջերկրեայ նաւարկելի ջրակոյտն է։ Լեռներու ձիւնածածկ գագաթները, որոնցմէ ոմանք աւելի քան 6,400 մեթր բարձրութեամբ, Թիթիքաքա Լիճի ջուրերը հայթայթող 25 գետերուն մեծամասնութեան ակունքը կը կազմեն։ Բարձրութեան պատճառաւ, օդը ցուրտ է, եւ բնիկ չեղողները բարձրութեան ախտը կը դիմագրաւեն։

Ժամանակ մը առաջ, Քէչուա եւ Այմարա խօսող ռահվիրաներու խումբ մը դէպի Թիթիքաքա Լիճի Ամանդանի եւ Դաքիլ կղզիները ճամբորդեց։ Անոնք ցուցադրեցին՝ «Աւելի Մօտէն Ակնարկ մը՝ Եկեղեցիներուն Վրայ» խորագրով լուսապատկերի ներկայացումը, որ անկեղծօրէն քննութեան կ’ենթարկէ Քրիստոնեայ Աշխարհի ստութիւնները։ Ասիկա լաւ ընդունելութիւն գտաւ։ Մարդ մը եղբայրները հիւրասիրեց եւ անոնց մեծ սենեակ մը տրամադրեց իր տան մէջ, ուր կրնային մնալ եւ Աստուածաշունչը ուսուցանել։

Ամանդանի կղզիին մէջ տեղի ունեցած առաջին ժողովին 100 հոգի ներկայ գտնուեցաւ, իսկ Դաքիլի մէջ՝ 140 հոգի։ Ներկայացումը Քէչուա լեզուով էր։ Զոյգ մը որ նախապէս կղզիէն դուրս կ’ապրէին, ըսին. «Ալ ժամանակն էր որ Եհովայի Վկաները մեզ յիշէին։ Կ’աղօթէինք որ գայիք»։

Այս երկու մեծ կղզիներուն կողքին, Թիթիքաքա Լիճի մօտաւորապէս 40 «ծփացող» կղզիներէն ոմանց ալ բարի լուրը հասած է։ Ծփացող կղզինե՞ր։ Այո՛, ասոնք դօդօրա–ներէ՝ լիճին ծանծաղ մասերուն մէջ բուսնող եղէգներէ՝ շինուած են։ Դօդօրա–ները ջուրէն դուրս՝ մակերեսին վրայ կ’երկարին։ Կղզի մը կառուցանելու համար, տեղացիները կը ծռեն ու կը հիւսեն եղէգները, որոնք տակաւին լիճին հունին մէջ արմատացած են, կազմելով յատակամած մը։ Ապա յատակամածը ցեխով կը ծեփեն, եւ յաւելեալ եղէգի կտորներով կ’ամրապնդեն։ Մարդիկ անոր վրայ շինուած եղէգէ հիւղակներու մէջ կ’ապրին։

Եհովայի Վկաները նաւակ մը ձեռք ձգեցին, Թիթիքաքա Լիճի կղզիներուն մէջ գտնուող մարդոց քարոզելու համար։ Նաւակը 16 հոգի կրնայ կրել։ Երբ ծփացող կղզիներուն կը հասնի, Վկաները եղէգէ յատակամածին վրայ քալելով՝ հիւղակէ հիւղակ կ’երթան։ Անոնք կ’ըսեն որ ընդհանրապէս իրենց ոտքին տակ յատակամածին թեթեւօրէն շարժիլը կը զգան։ Ասիկա ծովախտ ունեցողներուն տեղը չէ։

Ինչ կը վերաբերի այմարախօս անհատներու, անոնք լիճի ափին ու թերակղզիներուն վրայ գտնուող գիւղերուն մէջ կը բնակին։ Ասոնք աւելի հասանելի են նաւով քան՝ ցամաքի ճամբով։ Ընդամէնը՝ շուրջ 400,000 մարդիկ կ’ապրին այն շրջանին մէջ, ուր այսպիսի նաւակներ կը գործածուին Թագաւորութեան պատգամը հասցնելու համար։ Նաւակները տակաւին բաւական ժամանակ զբաղած պիտի ըլլան։

Հոգեւոր Ծարաւը Յագեցնել

Ֆլաւիոն Անտեան Լեռներու մէջ, Հուլեաքայի մօտ, Սանթա Լուշիա անունով գիւղի մը մէջ կը բնակէր։ Իր Աւետարանչական Եկեղեցին դժոխքի կրակի վարդապետութիւնը սորվեցուցած էր իրեն։ Տարիներ շարունակ ան այսպիսի յաւիտենական կրակոտ պատիժի մը վախով կ’ապրէր։ Ան յաճախ հարց կու տար թէ սիրոյ Աստուած մը ի՛նչպէս կրնայ մարդիկը առյաւէտ կրակին մէջ տանջել։ Երբ Դիդոն՝ Եհովայի Վկայ լիաժամ ծառայ մը՝ այդ գիւղը այցելեց, Ֆլաւիոյին այցելութիւն մը տուաւ։

Ֆլաւիոյի առաջին հարցումներէն մին հետեւեալն էր. «Ձեր կրօնքը կը սորվեցնէ՞ որ մարդիկ դժոխքի կրակին մէջ պիտի տանջուին»։ Դիդոն պատասխանեց որ այսպիսի գաղափար մը Ստեղծիչին համար նողկալի է, եւ Եհովայի՝ սիրալիր Աստուծոյն՝ անուան նախատինք կը բերէ։ Ֆլաւիոյի ունեցած Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը գործածելով, Դիդոն ցոյց տուաւ որ մեռելները բան մը չեն զգար, եւ թէ անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ երկրային յարութեան կը սպասեն։ (Ժողովողի 9։5. Յովհաննու 5։28, 29) Ասիկա Ֆլաւիոյի աչքը բացաւ։ Անիկա անմիջապէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց, եւ մկրտուած Քրիստոնեայ մը եղաւ։

Գնահատող Գիւղ մը

Երեւակայեցէք որքան խայտալի է Աստուածաշունչը բերել գիւղացիներու, որոնք երբեք զայն տեսած չեն, կամ քարոզել գիւղերու մէջ, ուր մարդիկ բնաւ Եհովայի Վկաներուն կամ անոնց քարոզած բարի լուրին մասին լսած չեն։ Ասիկա Ռոզա, Ալիսիա, եւ Սէսիլիա ռահվիրայ քոյրերու փորձառութիւնն էր, որոնք կեդրոնական Փերուի մէջ, աւելի քան 3,600 մեթր բարձրութիւն ունեցող Իզցուչէքա եւ Քոնայքա գիւղերուն մէջ քարոզեցին։

Երբ առաջին գիւղը հասան, անոնք մնալու տեղ մը չունէին։ Անոնք տեղական ոստիկանապետին հետ խօսեցան, բացատրելով իրենց այցելութեան պատճառը։ Արդի՞ւնքը։ Անիկա թոյլատրեց որ այդ գիշեր ոստիկանատան մէջ մնային։ Յաջորդ օրը, ռահվիրաները կարողացան աւելի մնայուն տուն մը գտնել, որ իրենց գործունէութեանց կեդրոնը եղաւ։

Շուտով Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնի ժամանակը եկաւ։ Ռահվիրաները Իզցուչէքա գիւղի բոլոր տուները այցելած, բազմաթիւ Աստուածաշունչեր տեղաւորած, եւ կարգ մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսած էին։ Յիշատակատօնէն առաջ, անոնք այս առիթին համար հրաւիրագիրներ ցրուեցին, բացատրելով այս տօնակատարութեան նպատակը եւ անոր մէջ գործածուած խորհրդանիշերուն նշանակութիւնը։ Այս առթիւ խումբ մը եղբայրներ եկած էին օգնելու համար, եւ անոնցմէ մէկը դասախօսութիւնը տուաւ։ Ի՜նչ ուրախութիւն էր այդ գիւղակէն 50 հոգի տեսնել, որոնք այս մասնայատուկ առիթին ներկայ գտնուեցան։ Առաջին անգամ ըլլալով, անոնք կրցան հասկնալ Տիրոջը Ընթրիքին իսկական իմաստը։ Անոնց համար որքա՜ն թանկագին էր նաեւ Աստուածաշունչը ունենալ իրենց ձեռքին մէջ։

Ծանր Բեռներէն Ազատուիլ

Միշտ ուրախութիւն է բերել Աստուածաշունչի ճշմարտութեան թարմացուցիչ ջուրը սուտ կրօնքի գերիներուն։ Փիսաքը վաղեմի Ինքա Կայսրութեան ամրոցներէն մին էր։ Ներկայիս հոն ապրող մարդոց մեծամասնութիւնը սորված է ոչ–սուրբ գրային դժոխքի կրակի վարդապետութիւնը։ Անոնց քահանաները իրենց կ’ըսեն որ միայն քահանային միջնորդութեամբ կրնան երկինք երթալ։

Յստակ է որ այսպիսի մարդիկ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան թարմացուցիչ ջուրերուն ծարաւը ունին։ Մինչ տունէ տուն կը քարոզէր, Սանթիակոն՝ Եհովայի Վկայ լիաժամ ծառայ մը, առիթը ունեցաւ մարդու մը բացատրելու որ արդար մարդոց վիճակուած է դրախտ երկրի մը վրայ ապրիլ։ (Սաղմոս 37։11) Սանթիակոն Աստուածաշունչէն ցոյց տուաւ որ մեռելները պիտի յարուցանուին եւ մարդկութիւնը Եհովայի կատարեալ ճամբաներուն մէջ պիտի դաստիարակուի յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։ (Եսայեայ 11։9) Այս մարդը բարեպաշտ Կաթողիկէ մըն էր, ոգեհարցութեան միջամուխ եղած էր, եւ գինեմոլ էր։ Այժմ, ան Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած յոյս մը եւ նպատակակէտ մը ունի. Դրախտին մէջ ապրիլ։ Ան իր ոգեհարցական բոլոր ինչքերը այրեց եւ գինեմոլութիւնը ձգեց։ Ան իր ընտանիքը հաւաքեց եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Ժամանակի ընթացքին, այդ ընտանիքին բոլոր անդամները Եհովա Աստուծոյ նուիրուեցան եւ մկրտուեցան։

Հիւրասիրութիւնը Գնահատուած

Լեռնաբնակները շատ հիւրասէր կ’ըլլան։ Թէեւ իրենց տուները համեստ են եւ իրենք աղքատ են, բայց այցելուներուն կը հրամցնեն ի՛նչ որ ունին։ Աստուածաշունչի բարձր չափանիշները չսորված, հիւրընկալը այցելուին թերեւս կոկայի տերեւներ հրամցնէ, խօսակցութեան ընթացքին ծամելու համար։ Բայց Վկայ մը ըլլալէ ետք, ան կրնայ դգալ մը շաքարաւազ հրամցնել, ինչ որ նոյն արժէքը ունի մեկուսացած շրջաններու մէջ։

Եղբայր մը միսիոնարէ մը խնդրեց որ իրեն ընկերակցի վերայցելութիւն մը ընելու համար։ Լեռնային զառիվեր արահետ մը կտրելէ ետք, անոնք ծափ զարկին իրենց ներկայութիւնը տանտիրոջ յայտարարելու համար։ Ապա յարդէ երդիք ունեցող տան ցած մուտքէն ծռելով ներս մտան։ Անոնք ուշադրութեամբ կոխեցին չսալարկուած գետնին մէջ փորուած փոսին շուրջ, ուր մայրը թխմուած ծածկոցի մը վրայ իր մանուկը զետեղած էր։ Չկարենալով դուրս գալ, մանուկը կը գոհանար ուրախ–զուարթ կարկաջելով, մինչ չափահասները կը խօսակցէին։ Թագաւորութեան օրհնութիւններուն մասին վառ զրոյցէ մը ետք, տանտիկինը երկար սափորի մը մէջէն տեղական խմիչք հրամցուց։ Շատ չանցած, եղբայրները լեռն ի վար, իրենց ճամբան շարունակեցին, ուրիշ այցելութիւններ տալու։

Առատ Հունձք մը

Ներկայիս, այս շրջանին մէջ շուրջ հարիւր մեկուսացած խումբեր կան, որոնց մէջ աւելի քան հազար հոգիներ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն Եհովայի Վկաներուն հետ։ Լիմայի մէջ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցի շրջանաւարտները հոն կը ղրկուին, այդ խումբերը ժողովքներու վերածելու համար։ Բարեացակամ անհատներ, որոնք երկար ատենէ սուտ կրօնքի եւ նախապաշարումներու գերի եղած էին, ազատութիւն գտած են Թագաւորութեան բարի լուրին շնորհիւ։ (Յովհաննու 8։32) Ճշմարտութեան ջուրերուն հանդէպ իրենց ունեցած ծարաւը կը գոհացուի։

[Նկար՝ էջ 10]

Վկայել՝ Թիթիքաքա Լիճի «ծփացող» կղզիներուն վրայ