Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Ուխտի տապանակը կրելու ձողերը ի՞նչպէս դրուած էին, քանի որ Գ. Թագաւորաց 8։8–ը ցոյց կու տայ թէ անոնք Սրբութիւն բաժինէն կ’երեւնային։
Երբ Եհովա անապատին մէջ տաղաւարին յատակագիծը տուաւ Մովսէսի, անոր գլխաւոր երեսակներէն մէկը ուխտի տապանակն էր։ Այս ուղղանկիւն ոսկեզօծ տուփին մէջ Օրէնքին տախտակները եւ այլ իրեր կային։ Անիկա ամենաներքին բաժանմունքին՝ Սրբութիւն Սրբութեանցին՝ մէջ կը պահուէր։ Տապանակին կափարիչին վրայ տարածուած թեւերով ոսկիէ երկու քերովբէներ կային։ Տապանակին երկու կողմերը օղակներ կային, որպէսզի կարելի ըլլար զայն կրել երկու ձողերով, որոնք Սատիմի փայտէ շինուած ու ոսկիով պատուած էին։ Տրամաբանականօրէն, ձողերը օղակներէն կ’անցնէին ու Տապանակին երկայնքին հետ զուգահեռ էին։ Ուստի, Տապանակը տաղաւարին Սրբութիւն Սրբութեանց բաժինին մէջ գտնուելով, որ դէպի արեւելք կը նայէր, ձողերը հիւսիս–հարաւ դիրքի վրայ էին։ Պարագան նոյնն էր հետագային, երբ Տապանակը Սողոմոնի շինած տաճարին մէջ կը գտնուէր։—Ելից 25։10-22. 37։4-9. 40։17-21 *
Վարագոյր մը Սրբութիւն Սրբութեանցը կը բաժնէր Սրբութենէն (արտաքին սենեակը)։ Սրբութեան մէջ գտնուող քահանաները չէին կրնար Սրբութիւն Սրբութեանցէն ներս նայիլ եւ Տապանակը տեսնել, որուն վրայ Աստուծոյ ներկայութիւնը կար։ (Եբրայեցիս 9։1-7) Հետեւաբար, Գ. Թագաւորաց 8։8–ը կրնայ շփոթեցուցիչ թուիլ. «Ձողերը երկնցուցին [«երկայն էին», ՆԱ], այնպէս որ ձողերուն ծայրերը սրբութենէն կ’երեւնային դաբիրին առջեւ, բայց դուրսէն չէին երեւնար»։ Միեւնոյն գաղափարը կը նշուի Բ. Մնացորդաց 5։9–ին մէջ։ Տաճարին Սրբութեան մէջ գտնուող ոեւէ անհատ ի՞նչպէս կրնար ձողերը տեսնել։
Ոմանք երեւակայած են որ ձողերը վարագոյրին դպած ըլլալու էին, երեւելի ուռեցքներ յառաջ բերելով։ Սակայն, ասիկա կարելի չէ, քանի որ ձողերուն ծայրերը հիւսիս–հարաւ դիրքի մէջ էին, եւ վարագոյրը ձողերուն հետ զուգահեռ էր։ (Թուոց 3։38) Աւելի տրամաբանական բացատրութիւն մը կայ։ Ձողերը տեսանելի կրնային ըլլալ, եթէ՝ վարագոյրին եւ տաճարի պատին միջեւ պզտիկ բացութիւն մը ըլլար, կամ՝ երբ քահանայապետը Սրբութիւն Սրբութեանցը մտնէր։ Վարագոյրը թոյլ չէր տար որ Տապանակը երեւնար, սակայն, երկու կողմերը գտնուող ձողերը թերեւս կ’երեւնային այդ բացութեան մէջէն։ Թէեւ այս բացատրութիւնը տրամաբանական է, սակայն չենք կրնար անոր շուրջ կտրական ըլլալ։
Բացայայտօրէն, բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կան, զորս տակաւին չենք գիտեր։ Պօղոս առաքեալ անոր քանի մը երեսակները յիշեց Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ։ Ապա ըսաւ. «Ուրիշ մանրամասնութիւններու մասին խօսիլ չեմ ուզեր հիմա»։ (Եբրայեցիս 9։5, Անթիլիաս) Հաւատարիմներու ապագայ յարութիւնը ոգեւորիչ պատեհութիւններ պիտի բանայ, որպէսզի սորվինք Մովսէսէ, Ահարոնէ, Բեսելիէլէ եւ այլ տղամարդոցմէ, որոնք անձամբ քաջածանօթ էին տաղաւարին յատակագծին եւ գործընթացին։—Ելից 36։1
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 3 Ձողերը օղակներէն պէտք չէր հանուէին, նոյնիսկ երբ Տապանակը տաղաւարին մէջ իր տեղը կը գտնուէր։ Հետեւաբար, ձողերը ուրիշ ոչ մէկ նպատակի համար կրնային գործածուիլ։ Նաեւ, ոչ ոք Տապանակին պէտք էր դպչէր. եթէ ձողերը օղակներէն դուրս հանուելու ըլլային, իւրաքանչիւր փոխադրութեան ատեն պէտք պիտի ըլլար Տապանակին դպչիլ, որպէսզի ձողերը օղակներուն մէջ վերստին դրուէին։ Թուոց 4։6–ի մէջ, ‘ձողերը անցընել’ արտայայտութիւնը, թերեւս կ’ակնարկէր ձողերը շտկելու արարքին, առ ի պատրաստութիւն այս ծանր արկղը նոր բանակավայր մը փոխադրելու համար։