Ձեր սիրտը պահպանեցէք
Ձեր սիրտը պահպանեցէք
«Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են»։—ԱՌԱԿԱՑ 4։23
1, 2. Ինչո՞ւ մեր սիրտը պահպանելու կարիքը ունինք։
ՂԱՐԻՊԵԱՆ կղզիի մը վրայ, ծեր մարդ մը իր պատսպարանէն դուրս ելաւ ոլորամրրիկէ մը ետք։ Մինչ իր շուրջը եղած վնասը աչքէ կ’անցընէր, նկատեց որ տասնամեակներէ ի վեր իր տան մօտ կանգնած հսկայ ծառը, գետին ինկած էր։ ‘Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է’, ան հարց տուաւ, ‘երբ շրջակայքը եղող աւելի փոքր ծառերը տակաւին կանգնած են’։ Ինկած ծառին կոճղարմատին վրայ ակնարկ մը նետելը, պատասխանը հայթայթեց։ Երեւութապէս անխախտ թուող ծառը ներսէն փտած էր, եւ մրրիկը պարզապէս երեւան հանած էր այդ անտեսանելի փտութիւնը։
2 Ի՜նչ ողբերգութիւն է երբ քրիստոնէական ապրելակերպին մէջ երեւութապէս զօրաւոր արմատ կապած ճշմարիտ երկրպագու մը, հաւատքի փորձի մը տեղի տայ։ Աստուածաշունչը իրաւացիօրէն կ’ըսէ թէ «մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է»։ (Ծննդոց 8։21) Ասիկա կը նշանակէ թէ առանց յարատեւ ջանքերու, նոյնիսկ լաւ սրտերը կրնան հրապուրուիլ չար բաներ ընելու։ Քանի որ չկայ անկատար մարդկային սիրտ մը որ ապականութենէ զերծ է, պէտք է լուրջի առնենք հետեւեալ խրատը. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ»։ (Առակաց 4։23) Ուստի, ի՞նչպէս կրնանք մեր այլաբանական սիրտը պահպանել։
Կանոնաւոր Քննութիւնը Կենսական Է
3, 4. (ա) Բառացի սրտի մը նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ կարելի է հարցնել։ (բ) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ մեր այլաբանական սիրտը քննելու։
3 Եթէ ֆիզիքական քննութեան մը համար բժիշկի մը քով երթաք, հաւանաբար ան ձեր սիրտը քննէ։ Ձեր ընդհանուր առողջութիւնը, ի ներառեալ ձեր սիրտը, ցոյց կու տա՞յ թէ բաւարար սնուցիչներ կը ստանաք։ Ձեր արեան ճնշումը ի՞նչպէս է։ Ձեր սրտազարկը կանոնաւոր ու զօրաւո՞ր է։ Բաւարար մարզանք կ’ընէ՞ք։ Ձեր սիրտը անտեղի սթրէս–ի կ’ենթարկուի՞։
4 Եթէ բառացի սիրտը կանոնաւոր քննութեան կարիքը ունի, ի՞նչ կարելի է ըսել ձեր այլաբանական սրտին մասին։ Եհովա զայն կը քննէ։ (Ա. Մնացորդաց 29։17) Մենք ալ պէտք է քննենք զայն։ Ի՞նչպէս։ Հարցնելով հետեւեալին նման հարցումներ. Սիրտս բաւարար հոգեւոր ուտելիք կը ստանա՞յ, կանոնաւորաբար անձնական ուսումնասիրութիւն ընելով եւ ժողովներուն ներկայ գտնուելով։ (Սաղմոս 1։1, 2. Եբրայեցիս 10։24, 25) Եհովայի պատգամը սրտիս մէ՞ջ է, ‘ոսկորներուս մէջ վառող կրակի մը’ նման, զիս մղելով Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին մէջ բաժին բերելու։ (Երեմեայ 20։9. Մատթէոս 28։19, 20. Հռովմայեցիս 1։15, 16) Կը մղուի՞մ ջանք թափելու, որ լիաժամ ծառայութեան մէկ երեսակին մէջ բաժին բերեմ, երբ կարելի ըլլայ։ (Ղուկաս 13։24) Այլաբանական սիրտս ի՞նչպիսի միջավայրի մը կ’ենթարկեմ։ Կ’ընկերակցի՞մ անհատներու հետ, որոնց սրտերը ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացած են։ (Առակաց 13։20. Ա. Կորնթացիս 15։33) Թող որ շուտով նկատենք որեւէ թերութիւն եւ անմիջապէս զայն սրբագրելու համար քայլեր առնենք։
5. Հաւատքի փորձութիւնները ի՞նչ օգտակար նպատակի կրնան ծառայել։
5 Յաճախ հաւատքի փորձութիւններու կը հանդիպինք։ Ասոնք մեզի պատեհութիւններ կը հայթայթեն մեր սրտին վիճակը նկատելու։ Խոստացեալ Երկրին սեմին գտնուող Իսրայելացիներուն խօսելով, Մովսէս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ քառասուն տարի քեզ անապատին մէջ պտըտցուց, քեզ խոնարհեցնելու, փորձելու ու սրտիդ մէջինը իմանալու համար, թէ արդեօք դուն իր պատուիրանքները պիտի պահե՞ս՝ թէ ոչ»։ (Բ. Օրինաց 8։2) Յաճախ չե՞նք զարմանար այն զգացումներուն, ցանկութիւններուն կամ հակազդեցութիւններուն նկատմամբ, որոնք երեւան կ’ելլեն երբ անակնկալ պարագաներ կամ փորձութիւններ դիմագրաւենք։ Եհովայի արտօնած փորձութիւնները վստահաբար մեզի կը գիտցնեն մեր թերութիւնները, պատեհութիւն տալով բարելաւումներ ընելու։ (Յակոբու 1։2-4) Թող որ խոկանք փորձութիւններու նկատմամբ մեր հակազդեցութեան վրայ եւ աղօթենք անոր մասին։
Մեր Խօսքերը Ի՞նչ կը Յայտնեն
6. Այդ նիւթերը որոնց մասին կը սիրենք խօսիլ, ի՞նչ կը յայտնեն մեր սրտին մասին։
6 Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ թէ մեր սրտին մէջ ի՛նչ պահած ենք։ Յիսուս ըսաւ. «Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխեցնէ. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ (Ղուկաս 6։45) Այն նիւթը որուն մասին սովորաբար կը խօսինք, կ’ապացուցանէ թէ մեր սիրտը ի՛նչ վճռած է ընել։ Յաճախ կը խօսի՞նք նիւթական բաներու եւ աշխարհային իրագործումներու մասին։ Թէ ոչ մեր խօսակցութիւնը շատ յաճախ կը կեդրոնանայ հոգեւոր բաներու եւ աստուածպետական նպատակակէտերու շուրջ։ Փոխանակ ուրիշներու սխալները ծանուցանելու, հակումը ունի՞նք սիրալիր կերպով զանոնք ծածկելու։ (Առակաց 10։11, 12) Հակումը ունի՞նք մարդոց եւ անոնց կեանքի անցուդարձերուն մասին շատ խօսելու, սակայն, սկզբունքներու եւ գաղափարներու մասին՝ քիչ խօսելու։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ասիկա նշան մըն է թէ մենք ուրիշներու անձնական հարցերով անտեղիօրէն հետաքրքրուած ենք։—Ա. Պետրոս 4։15
7. Յովսէփի տասը եղբայրներուն պատմութենէն, մեր սիրտը պահպանելու մասին ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։
7 Նկատի առէք թէ ի՛նչ պատահեցաւ մեծ ընտանիքի մը մէջ։ Յակոբի տասը մեծ զաւակները «խաղաղութեամբ չէին կրնար խօսիլ» իրենց պզտիկ եղբօր՝ Յովսէփին հետ։ Ինչո՞ւ։ Անոնք կը նախանձէին իրմէ, քանի որ իրենց հօր նախասիրած զաւակն էր։ Հետագային, երբ Աստուած Յովսէփը օրհնեց անոր երազներ տալով, որոնք ապացոյց մըն էին թէ Եհովայի հաճութիւնը ունէր, անոնք «աւելի ատեցին զանիկա»։ (Ծննդոց 37։4, 5, 11) Անգթօրէն, անոնք իրենց եղբայրը ստրկութեան ծախեցին։ Ապա, փորձելով իրենց յանցագործութիւնը ծածկել, իրենց հայրը խաբեցին, ձեւացնելով թէ Յովսէփ գազանի մը կողմէ սպաննուած էր։ Այդ ատեն, Յովսէփի տասը եղբայրները իրենց սիրտը պահպանելու մէջ թերացան։ Եթէ ուրիշները քննադատելու հակումը ունինք, ասիկա կրնա՞յ ապացոյց մը ըլլալ թէ մեր սրտին մէջ նախանձ կայ։ Պէտք է արթուն ըլլանք մեր բերնէն ելած բաները քննելու, եւ արագ ըլլանք անպատշաճ հակումները մեր սրտէն պոկելու։
8. Եթէ սուտ խօսինք, ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի մեր սիրտը քննելու։
8 Թէեւ «անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի», Եբրայեցիս 6։18) «Ամէն մարդ սուտ է», ողբաց սաղմոսերգուն։ (Սաղմոս 116։11) Նոյնիսկ Պետրոս առաքեալ սուտ խօսելով երեք անգամ Յիսուսը ուրացաւ։ (Մատթէոս 26։69-75) Բացայայտօրէն, պէտք է զգուշանանք ստելէ, քանի որ Եհովա կ’ատէ ‘ստախօս լեզուն’։ (Առակաց 6։16-19) Եթէ սուտ խօսելու տեղի տանք, լաւ կ’ըլլայ որ պատճառը վերլուծենք։ Արդեօք պատճառը մարդու վա՞խն էր։ Պատժուելէ վախնա՞լն էր։ Թերեւս բուն խնդիրը երես ճերմկցնել կամ բացայայտ անձնասիրութի՞ւնն էր։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, որքա՜ն պատշաճ է հարցին մասին մտածել, խոնարհութեամբ մեր թերացումը ընդունիլ, եւ Եհովայի ներողամտութիւնը հայցել, տկարութիւնը յաղթահարելու համար իր օգնութիւնը խնդրելով։ «Ժողովքին երէցները» այդ օգնութիւնը հայթայթող լաւագոյն անհատները կրնան ըլլալ։—Յակոբու 5։14, ՆԱ
սակայն, անկատար մարդիկ սուտ խօսելու հակամէտ են։ (9. Մեր աղօթքները մեր սրտին մասին ի՞նչ կրնան յայտնել։
9 Իմաստութեան եւ գիտութեան համար երիտասարդ Սողոմոն Թագաւորին խնդրանքին ընդառաջելով, Եհովա ըսաւ. «Որովհետեւ քու սրտիդ մէջ այս փափաքը ունեցար ու հարստութիւն, ստացուածք, փառք . . . չխնդրեցիր, . . . իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի տրուի քեզի եւ հարստութիւն, ստացուածք ու փառք ալ պիտի տամ քեզի»։ (Բ. Մնացորդաց 1։11, 12) Սողոմոնի խնդրած ու չխնդրած բաներէն, Եհովա գիտցաւ թէ ի՛նչ բան Սողոմոնի սրտին սիրելի էր։ Աստուծոյ հետ մեր հաղորդակցութիւնները մեր սրտին մասին ի՞նչ ցոյց կու տան։ Մեր աղօթքները կը յայտնե՞ն թէ գիտութեան, իմաստութեան եւ ներատեսութեան ծարաւը ունինք։ (Առակաց 2։1-6. Մատթէոս 5։3) Թագաւորութեան շահերը մեր սրտին սիրելի՞ են։ (Մատթէոս 6։9, 10) Եթէ մեր աղօթքները մեքենայական դարձած են, ասիկա կրնայ ցոյց տալ թէ կարիքը կայ ժամանակ յատկացնելու որ Եհովայի արարքներու մասին խոկանք։ (Սաղմոս 103։2) Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ արթուն պէտք է ըլլան նկատելու թէ իրենց աղօթքները ի՛նչ կը յայտնեն։
Մեր Արարքները Ի՞նչ կ’Ըսեն
10, 11. (ա) Շնութիւնն ու պոռնկութիւնը ուրկէ՞ ծագում կ’առնեն։ (բ) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ ‘սրտին մէջ շնութիւն չընելու’։
10 Ըսուած է թէ արարքները խօսքերէն բարձր կը խօսին։ Մեր արարքները վստահաբար շատ բան կ’ըսեն մեր ներսի մարդուն մասին։ Օրինակ, բարոյական հարցերու մէջ, սիրտը պահպանելը պոռնկութենէ կամ շնութենէ խուսափելէն աւելին կը պարփակէ։ Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։ (Մատթէոս 5։28) Ի՞նչպէս կրնանք նոյնիսկ մեր սրտին մէջ շնութիւն ընելէ խուսափիլ։
11 Հաւատարիմ Յոբ նահապետը ամուսնացած Քրիստոնեայ այրերուն ու կիներուն համար օրինակ մը հանդիսացաւ։ Անկասկած, Յոբ երիտասարդուհիներու հետ սովորական գործառնութիւններ ունէր եւ նոյնիսկ ազնուօրէն անոնց օգնեց, երբ օժանդակութեան կարիքը ունեցան։ Սակայն, անոնց հանդէպ վիպական մօտեցում մը ունենալը, այս ուղղամիտ մարդուն մտքէն իսկ չէր անցներ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան հաստատօրէն որոշած էր ցանկութեամբ չնայիլ կիներու։ «Աչքերուս հետ ուխտ ըրի», ըսաւ ան։ «Ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ»։ (Յոբայ 31։1) Թող որ մենք ալ նման ուխտ մը ընենք մեր աչքերուն հետ եւ մեր սիրտը պահպանենք։
12. Ձեր սիրտը պահպանելու նկատմամբ, Ղուկաս 16։10–ն ի՞նչպէս կը կիրարկէք։
12 «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ», ըսաւ Աստուծոյ Որդին, «եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ»։ (Ղուկաս 16։10) Այո, մեր վարքը պէտք է քննենք՝ առօրեայ կեանքի չնչին թուող բաներուն մէջ, նոյնիսկ մեր տան առանձնութեան մէջ տեղի ունեցած բաներուն մէջ։ (Սաղմոս 101։2) Մինչ տան մէջ հեռատեսիլ կը դիտենք, կամ Ինթըրնէթը կը գործածենք, ուշադիր կ’ըլլա՞նք որ սուրբ գրային հետեւեալ խրատին ենթարկուինք. «Պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, (ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն,) եւ գարշելի բաներ կամ յիմարական խօսքեր կամ խեղկատակութիւն, որ չի վայլեր»։ (Եփեսացիս 5։3, 4) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել հեռատեսիլի յայտագիրներուն կամ պատկերիզի խաղերուն մէջ եղող բռնութեան մասին։ «Տէրը կը քննէ արդարը», կ’ըսէ սաղմոսերգուն, «բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը»։—Սաղմոս 11։5
13. Ո՞ր զգուշացումը տեղին է, երբ մեր սրտէն ելած բաներուն մասին կը խորհինք։
13 «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է», զգուշացուց Երեմիան։ (Երեմեայ 17։9) Սրտին այս խաբեբայութիւնը կրնայ յայտնուիլ, երբ մեր սխալները կը չքմեղացնենք, յանցանքներ կը նսեմացնենք, նկարագրի լուրջ թերութիւններ կ’արդարացնենք, կամ իրագործումներ կը չափազանցենք։ Չար սիրտ մը երկերես ըլլալու ալ կարող է. շողոքորթող շրթներ բան մը կ’ըսեն, մինչ արարքները՝ ուրիշ բան։ (Սաղմոս 12։2. Առակաց 23։7) Որքա՜ն կենսական է որ պարկեշտ ըլլանք, մինչ կը քննենք մեր սրտէն ելած բաները։
Մեր Աչքը Պա՞րզ Է
14, 15. (ա) Ի՞նչ է «պարզ» աչքը։ (բ) Աչքը պարզ պահելը մեզի ի՞նչպէս կ’օգնէ որ մեր սիրտը պահպանենք։
14 «Մարմնին ճրագը աչքն է», ըսաւ Յիսուս։ Ապա աւելցուց. «Ուրեմն եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ»։ (Մատթէոս 6։22) Պարզ աչքը կը կեդրոնանայ մէկ նպատակակէտի կամ նպատակի վրայ, եւ անկէ աջ կամ ձախ չի խոտորիր։ Արդարեւ, մեր աչքը պէտք է կեդրոնացած ըլլայ ‘թագաւորութիւնը եւ Աստուծոյ արդարութիւնը առաջ խնդրելու’ վրայ։ (Մատթէոս 6։33) Եթէ մեր աչքը պարզ չպահենք, մեր այլաբանական սրտին ի՞նչ կրնայ պատահիլ։
15 Նկատի առէք ապրուստ ճարելու հարցը։ Մեր ընտանիքին կարիքները հոգալը քրիստոնէական պահանջ մըն է։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Սակայն, եթէ ուտելիքի, հագուելիքի, բնակավայրի եւ այլ բաներու առնչութեամբ՝ նորագոյնը, լաւագոյնը եւ ամենէն աւելի փնտռուածը ունենալու ցանկութեամբ մը փորձուինք, այն ատեն ի՞նչ. . . ։ Ասիկա իրապէս միտքն ու սիրտը գերի չի՞ դարձներ, պատճառ ըլլալով որ մեր պաշտամունքին մէջ կէս–սրտով ըլլանք։ (Սաղմոս 119։113, ՆԱ. Հռովմայեցիս 16։18) Ինչո՞ւ ֆիզիքական կարիքները հոգալու մէջ ա՛յնքան կլանուինք, որ մեր կեանքը միայն ընտանիքի, գործի եւ նիւթական բաներու շուրջ դառնայ։ Յիշեցէք ներշնչեալ խրատը. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի»։—Ղուկաս 21։34, 35
16. Աչքի նկատմամբ Յիսուս ի՞նչ խրատ տուաւ, եւ ինչո՛ւ։
Մատթէոս 5։29) Աչքը պէտք է արգիլուի անպատշաճ տեսարաններու վրայ կեդրոնանալէ։ Օրինակ, անոր թոյլ պէտք չէ տրուի որ դիտէ նիւթեր, որոնք ծրագրուած են ապօրինի զգացումներ եւ ցանկութիւններ գրգռելու համար։
16 Աչքը, մտքին ու սրտին համար հաղորդակցութեան կարեւոր խողովակ մըն է։ Այդ բանը, որուն վրայ անիկա կը կեդրոնանայ, կրնայ զօրաւոր ազդեցութիւն բանեցնել մեր խորհուրդներուն, զգացումներուն եւ արարքներուն վրայ։ Այլաբանական լեզու գործածելով, Յիսուս աչքերու փորձութեան զօրութեան ակնարկեց եւ ըսաւ. «Եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի»։ (17. Կողոսացիս 3։5–ը կիրարկելը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ սիրտը պահպանելու։
17 Անշուշտ, տեսողութիւնը արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցելու մեր միակ զգայարանքը չէ։ Այլ զգայարանքներ, ինչպէս շօշափելն ու լսելը, իրենց դերը կը խաղան, եւ նախազգուշացումներ պէտք է ձեռք առնենք ասոնց համապատասխանող մարմնի անդամներուն նկատմամբ ալ։ Պօղոս առաքեալ խրատեց. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է»։—Կողոսացիս 3։5
18. Անպատշաճ խորհուրդներու նկատմամբ ի՞նչ քայլեր պէտք է առնենք։
18 Անպատշաճ ցանկութիւն մը ծագում կրնայ առնել մեր մտքին ծածուկ մէկ մասին մէջ։ Անոր մասին մտածելը սխալ ցանկութիւնը կը զօրացնէ, սրտին ազդելով։ «Անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի»։ (Յակոբու 1։14, 15) Շատեր կը խոստովանին թէ յաճախ այսպէս է որ գիջութիւնը տեղի կ’ունենայ։ Որքա՜ն կարեւոր է որ շարունակենք մեր միտքը հոգեւոր խորհուրդներով լեցնել։ (Փիլիպպեցիս 4։8) Իսկ եթէ անպատշաճ գաղափար մը մեր միտքը գայ, պէտք է ջանանք զայն մեր մտքէն վանել։
‘Եհովայի Ծառայենք Կատարեալ Սրտով’
19, 20. Ի՞նչպէս կրնանք կատարեալ սրտով Եհովայի ծառայել։
19 Երբ յառաջացած տարիքի մէջ էր, Դաւիթ Թագաւոր իր որդւոյն ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Սողոմոն, քու հօրդ Աստուածը ճանչցի՛ր ու անոր կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ըրէ՛. քանզի Տէրը սրտերը կը քննէ ու ամէն մտքերու խորհուրդները կը ճանչնայ»։ (Ա. Մնացորդաց 28։9) Սողոմոն աղօթեց որ «հնազանդ սիրտ մը» տրուի իրեն։ (Գ. Թագաւորաց 3։9, ՆԱ) Այսուհանդերձ, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին այսպիսի սիրտ մը պահպանելու մարտահրաւէրը դիմագրաւեց։
20 Եթէ այս ուղղութեամբ կ’ուզենք յաջողիլ, ոչ միայն պէտք է Եհովայի ախորժելի սիրտ մը ձեռք ձգենք, այլ նաեւ՝ զայն պահպանենք։ Ասիկա իրագործելու համար, պէտք է Աստուծոյ Խօսքին վերյիշեցումները ‘մեր սրտին մէջ պահենք’։ (Առակաց 4։20-22) Նաեւ մեր սիրտը քննելը սովորութիւն դարձնենք, աղօթքով խորհրդածելով թէ մեր խօսքերն ու արարքները ի՛նչ կը յայտնեն։ Այսպիսի խորհրդածութիւն մը արժէք կ’ունենայ, եթէ անկեղծօրէն Եհովայի օգնութիւնը խնդրենք, մեր նկատած որեւէ տկարութիւն սրբագրելու համար։ Իսկ որքա՜ն կենսական է որ շարունակենք հսկել, թէ մեր զգայարանքներուն միջոցաւ ի՛նչ կ’ընկալենք։ Ասիկա ընելով, երաշխիք ունինք թէ՝ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, [մեր] սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Այո, թող որ վճռենք ամէն բանէ աւելի մեր սիրտը պահպանել եւ կատարեալ սրտով Եհովայի ծառայել։
Կը յիշէ՞ք
• Ինչո՞ւ կարեւոր է սիրտը պահպանել։
• Մեր ըսածը վերլուծելը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեր սիրտը պահպանելու։
• Մեր աչքը ինչո՞ւ «պարզ» պէտք է պահենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 23]
Դաշտի ծառայութեան, ժողովներուն եւ տան մէջ սովորաբար ի՞նչ բանի մասին կը խօսինք
[Նկարներ՝ էջ 25]
Պարզ աչքը չի խոտորիր