Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր լաւագոյնը կ’ընենք

Մեր լաւագոյնը կ’ընենք

Մեր լաւագոյնը կ’ընենք

«ՁԵՐ լաւագոյնը ըրէ՛ք»։ Անգամ մը այս գործնական խրատը միսիոնարի մը տրուեցաւ, Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի մէկ անդամին կողմէ։ Սակայն, փորձառու քարոզիչի մը ինչո՞ւ այսպիսի հիմնական խրատ մը տրուեցաւ։ Միսիոնարներուն մեծամասնութիւնը քաջասիրտ անհատներ չե՞ն, որոնք ամէն օր գլուխ կ’ելլեն՝ միջատներու, օձերու, տաք օդին, հիւանդութեան, եւ զանազան դժուարութիւններու հետ։

Իրականութեան մէջ, Եհովայի Վկաներու միսիոնարները սովորական տղամարդիկ ու կիներ են, Քրիստոնեաներ՝ որոնց խոր սէրը Եհովայի ու ընկեր արարածներու հանդէպ, զիրենք մղած է որ օտար երկիրներու մէջ քարոզեն։ Անոնք կը ջանան Եհովայի ծառայել իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ լաւագոյնը ընելով, զօրութեան համար իրեն դիմելով։—Եփեսացիս 6։10

Միսիոնարական գործին մասին աւելի գիտնալու համար, երեւակայենք որ օր մը կ’անցընենք՝ այցելելով միսիոնարական տուն մը, Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։

Օր մը՝ Միսիոնարական Գործին Մէջ

Առաւօտեան շուրջ ժամը 7։00 է։ Միսիոնարական տունը ճիշդ ժամանակին հասած ենք, անոնց հետ օրուան համարը նկատի առնելու համար։ Տասը միսիոնարները մեզի հանդէպ ջերմ ընդունելութիւն կը ցուցաբերեն եւ նախաճաշի սեղանին շուրջ մեզի տեղ կու տան։ Մինչ իրարու կը ծանօթանանք, միսիոնարներէն մէկը, որ տարիներէ ի վեր իր նշանակումին մէջ է, կը սկսի ծառայութեան մէջ իրեն հետ պատահած զուարճացուցիչ փորձառութիւն մը պատմել։ Սակայն, մեր խօսակցութիւնը կը դադրի, երբ օրուան ատենապետը այս ուրախ խումբին կը յիշեցնէ թէ ժամանակն է որ օրուան համարը նկատի առնուի։ Քննարկութիւնը Ֆրանսերէնով պիտի ըլլայ։ Թէեւ այս լեզուն չենք խօսիր, սակայն, իրենց արտայայտուած կերպէն յայտնի կ’ըլլայ թէ օտար երկիրներէ եկած այս միսիոնարները, լեզուին տիրապետելու մէջ բաւական յառաջդիմած են։

Սուրբ գրային քննարկումէն ետք, սրտաբուխ աղօթք մը կը ներկայացուի, որմէ ետք նախաճաշի կ’անցնինք։ Մինչ մեր ամաններուն մէջ առատ ընդեղէն կը լեցնենք, մեր քով նստող միսիոնարը կը քաջալերէ որ անոր վրայ պանանի շերտեր աւելցնենք։ Կը բացատրենք թէ պանանին հետ բարեկամ չենք, բայց ան կը խոստանայ թէ անգամ մը որ տեղական պանանը համտեսենք մեր միտքը պիտի փոխենք։ Ուստի մեր պնակին մէջ քանի մը շերտ պանան կ’աւելցնենք։ Իրաւունք ունի։ Այս պանանները շա՜տ համով են, պաղպաղակի մը պէս քաղցր։ Մեզի կ’ըսուի թէ հրամցուած ֆրանսական պակէթ–ը, առտու կանուխ եփուած է, միսիոնարական տան դիմաց գտնուող փոքր կրպակին մէջ։

Նախաճաշէն ետք, բոլոր օրը միսիոնար զոյգի մը հետ պիտի անցընենք. զանոնք պիտի կոչենք Պէն եւ Գերըն։ Արեւմտեան Ափրիկէի այս երկրին արդիւնաբեր թաղամասին մասին լսած էինք, եւ այժմ անհամբեր ենք այս տեղեկագրութիւնները վաւերացնելու։

Երբ օթոպիւսի կանգառը կը հասնինք, շուրջ տասը սպասող անհատներ կը գտնենք։ Շատ չանցած, մեզի ընկերակցող միսիոնարները սուրբ գրային նիւթի մը մասին վառ խօսակցութիւն մը կը սկսին՝ կնոջ մը ու անոր տղուն հետ։ Քանի որ Ֆրանսերէն չենք գիտեր, միայն կը կայնինք ու կը ժպտանք։ Երբ կինը Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը կ’ընդունի, օթոպիւսը կը հասնի եւ ամէն ոք կը փորձէ միաժամանակ անոր մէջ ելլել։ Մինչ կը ջանանք օթոպիւսը բարձրանալ, ամբոխը ետեւէն մեզ կը հրէ։ Մեր հաւասարակշռութիւնը պահելը մարտահրաւէր մըն է, մինչ կը փորձենք օթոպիւսին ետեւի կողմը ուղղուիլ։ Երբ վարիչը օթոպիւսը կ’աշխատցնէ, կը պատրաստուինք արկածախնդիր ճամբորդութեան մը։ Ժամանակ առ ժամանակ, օթոպիւսը կանգ կ’առնէ եւ մարդիկ կը շարունակեն անոր մէջ խռնուիլ։ Մեր քովիններուն կը ժպտանք, անոնք ալ կը փոխադարձեն։ Որքա՜ն կը փափաքինք անոնց հետ հաղորդակցիլ։

Մինչ մեր օթոպիւսը կը սուրայ, պատուհանէն դուրս կը նայինք, փողոցը տեղի ունեցող աղմկարար անցուդարձը դիտելու համար։ Երկու կիներ քով քովի կը քալեն, իրենց գլխուն վրայ ծանր բեռներ կրած։ Անոնցմէ մէկը ջուրի մեծ տաշտ մը դրած է իր գլխուն վրայ։ Արկածախնդիր մարդ մը մայթին վրայ գորգ մը փռած եւ անոր վրայ քանի մը փոքր առարկաներ շարած է, ծախելու ակնկալութեամբ։ Ամէն տեղ մարդիկ գրեթէ ամէն ինչ կը գնեն ու կը ծախեն։

Յանկարծ, Պէնը, որ քովս կանգնած է, կը զգայ թէ բան մը իր ոտքը կը կտցահարէ։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Օթոպիւսը բերնէ բերան լեցուն է, բայց ահաւասիկ կտցահարումը կը կրկնուի։ Ան կը յաջողի գետին նայիլ։ Իր ոտքին քով, պարկի մը մէջ բադ մը կայ, որ երբեմն իր գլուխը դուրս կը հանէ պարկէն եւ Պէնին ոտքը կը կտցահարէ։ Պէն ինծի կը բացատրէ թէ բադին տէրը հաւանաբար զայն շուկայ կը տանի ծախելու համար։

Երբ մեր թաղամասը կը հասնինք, կ’ուրախանանք գիտնալով թէ Ափրիկեան թաղ մը պիտի այցելենք։ Առաջին տան մօտենալով, Պէն ուժգնօրէն կը ծափահարէ, տանտէրը տեղեկացնելու համար։ Աշխարհի այս մասին մէջ, մարդիկ այս կերպով «դուռը կը զարնեն»։ Երիտասարդ մը կու գայ եւ կը բացատրէ թէ զբաղած է, բայց կը խնդրէ որ քիչ ետք նորէն գանք։

Յաջորդ դրան առջեւ կը հանդիպինք կնոջ մը, որ բարբառ մը կը խօսի զոր Պէն չի հասկնար։ Կինը իր տղուն կը կանչէ եւ իրմէ կը խնդրէ որ Պէնին ըսելիքները թարգմանէ։ Երբ Պէնը իր խօսքը կը վերջացնէ, կինը սուրբ գրային նիւթեր պարունակող գրքոյկ մը կ’ընդունի, իսկ տղան կը խոստանայ զայն իր մօր բացատրել։ Երրորդ տան առջեւ, քանի մը պատանիներ բակին մէջ նստած են։ Անոնցմէ երկուքը արագօրէն իրենց աթոռներէն կ’ելլեն, որպէսզի այցելուները կարենան նստիլ։ Վառ խօսակցութիւն մը կը յաջորդէ, պաշտամունքի մէջ խաչին գործածութեան մասին։ Կարգադրութիւններ կ’ընենք որ յաջորդ շաբաթ մեր խօսակցութիւնը շարունակենք։ Այժմ ժամանակն է որ վերայցելենք առաջին տան մէջ մեր հանդիպած զբաղած երիտասարդին։ Ձեւով մը, ան արդէն լսեր է փողոցին ծայրը պատանիներուն հետ մեր ունեցած խօսակցութեան մասին։ Ան Աստուածաշունչէն բազմաթիւ հարցումներ ունի եւ կը խնդրէ Աստուածաշունչի ուսումասիրութիւն մը ունենալ։ Իր յայտագիրը աչքէ անցընելէ ետք, Պէն կը համաձայնի յաջորդ շաբաթ նոյն ժամուն վերադառնալ։ Ճաշելու համար դէպի միսիոնարական տուն մեր վերադարձի ճամբուն վրայ, Պէնը եւ Գերընը կը բացատրեն թէ ստիպուած են Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան իրենց գործունէութիւնը շատ զգուշութեամբ յայտագրելու, քանի որ դիւրաւ կրնան Աստուածաշունչի յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ սկսիլ, զորս չեն կրնար վարել։

Զիրենք կը գովենք իրենց սահուն Ֆրանսերէնին համար։ Պէնը կը բացատրէ թէ ինք ու Գերընը վեց տարիէ ի վեր կը ծառայեն որպէս միսիոնարներ, սակայն հիմա՛ է որ սկսած են Ֆրանսերէն լեզուով դիւրաւ արտայայտուիլ։ Անոնք կը վստահեցնեն մեզ, թէ նոր լեզու մը սորվիլը դիւրին չէր, բայց յարատեւութիւնը արդիւնք տուած է։

Կէսօրէ ետք ժամը 12։30–ին, բոլոր միսիոնարները ճաշի սեղանին շուրջ կը հաւաքուին։ Կը տեղեկանանք թէ ամէն օր, տարբեր միսիոնար մը կը նշանակուի նախաճաշն ու կէսօրուան ճաշը պատրաստելու, եւ անկէ ետք պնակները լուալու համար։ Այսօր, միսիոնարներէն մէկը համադամ ճաշ մը պատրաստած է. տապկուած հաւ եւ գետնախնձոր, անոնց կողքին՝ իր նախասիրած լոլիկի աղցանը։

Յետմիջօրէին համար Պէնի ու Գերընի ծրագիրները ի՞նչ են։ Անոնք կը բացատրեն թէ ամէն ոք կ.ե. ժամը 1։00–էն մինչեւ 3։00, արեւէն պաշտպանուելու համար դուրս չ’ելլեր, ուստի միսիոնարները ընդհանրապէս այս ժամանակէն մաս մը կը գործածեն ուսումնասիրելու կամ մրափելու համար։ Չենք զարմանար երբ Գերընը մեզի կ’ըսէ թէ նոր միսիոնարները շատ դիւրաւ կը վարժուին այս սովորութեան։

Մրափելէ ետք, դաշտի ծառայութեան կը վերադառնանք։ Հետաքրքրուած մարդ մը, որու հետ Պէնը որոշ ժամանակ մը փորձած է շփման մէջ գալ, դարձեալ տունը չենք գտներ, բայց երկու երիտասարդներ դուռը կը բանան երբ Պէնը կը ծափահարէ։ Անոնք մեզի կ’ըսեն թէ տանտէրը իրենց խօսած է Պէնին այցելութիւններուն մասին, եւ իրենց շատ յանձնարարած է որ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ խորագրով՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող՝ գիրքը ձեռք ձգեն։ Ուրախութեամբ անոնց կու տանք այս գիրքէն օրինակ մը։ Ապա, օթոպիւս մը կ’առնենք որ մեզ պիտի տանի շրջան մը, ուր Գերընը հետաքրքրուած կնոջ մը հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը պիտի վարէ։

Մինչ խճողուած փողոցներէն կ’անցնինք, Գերընը մեզի կը պատմէ թէ այս կնոջ ծանօթացաւ, երբ օր մը երկուքն ալ նոյն թէքսի–ին մէջ նստած էին, քանի մը այլ յաճախորդներու հետ։ Գերընը կնոջ թերթիկ մը տուաւ, ճամբու ընթացքին կարդալու համար։ Կինը թերթիկը կարդաց եւ ապա տարբեր հատ մը ուզեց։ Անիկա ալ կարդաց, աւելի մեծ հետաքրքրութեամբ։ Երբ իրարմէ բաժնուելու ժամանակը հասաւ, Գերընը կարգադրութիւն ըրաւ որ կնոջ այցելէ իր տան մէջ, եւ անոր հետ Աստուածաշունչի արդիւնաբեր ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ, Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկով։ Այսօր, Գերընը այս գրքոյկին հինգերորդ դասը նկատի պիտի առնէ կնոջ հետ։

Դաշտի ծառայութեան մէջ մեր անցուցած օրը մեծապէս հաճելի էր, սակայն, տակաւին մեր մտքին մէջ մի քանի հարցումներ կան միսիոնարական գործին մասին։ Մեր հիւրընկալները մեզ կը վստահեցնեն թէ երբ տուն վերադառնանք, մեզի համար թեթեւ ընթրիք մը պիտի պատրաստեն եւ մեր հարցումներուն պատասխանեն։

Անոնք Ի՛նչպէս Քայլ կը Պահեն

Մինչ տապկուած հաւկիթ, ֆրանսական պակէթ, եւ պանիր կ’ուտենք, միսիոնարական կեանքին մասին յաւելեալ բաներ կը սորվինք։ Երկուշաբթի օրը ընդհանրապէս միսիոնարներուն հանգիստի կամ անձնական հարցերու հոգ տանելու օրն է։ Միսիոնարներէն շատեր, այդ օր որոշ ժամանակ կը տրամադրեն նամակ գրելու իրենց ընտանիքին ու բարեկամներուն։ Ընտանիքէն եկած լուրերը իրենց համար շատ կարեւոր են, եւ միսիոնարները կ’ուրախանան նամակներ ղրկելով ու ստանալով։

Քանի որ միսիոնարները նոյն յարկին տակ կ’ապրին ու կը գործեն, կենսական է որ անոնք հաղորդակցութեան գիծերը բաց պահեն՝ իրարու հետ ընկերակցելով եւ հոգեւոր նիւթեր քննարկելով։ Այդ նպատակով ալ, Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան կանոնաւոր յայտագրի մը կառչելու կողքին, ամէն Երկուշաբթի երեկոյեան, բոլոր միսիոնարները Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն, Դիտարան պարբերաթերթը գործածելով։ Պէնը կը նշէ թէ, երբ տարբեր ենթահողերէ միսիոնարներ միասնաբար ապրին, չնչին տարակարծութիւններ անխուսափելի են, սակայն, ընտանեկան ուսումնասիրութեան հոգեւոր կարգադրութիւնը, անոնց կ’օգնէ խաղաղ ու համերաշխ մթնոլորտ մը պահպանելու։ Ան կը շեշտէ թէ ասիկա նաեւ կ’օգնէ որ անհատը ինքզինք շատ կարեւոր մէկը չնկատէ։

Խոնարհութիւնն ալ կենսական է։ Միսիոնարները կը ղրկուին, ոչ թէ ծառայուելու, այլ՝ ծառայելու համար։ Մեր բարեկամները դիտել կու տան թէ որեւէ լեզուի մէջ, ամենադժուար բաներէն մէկը՝ «կը ներես» ըսելն է, յատկապէս երբ անհատը ներողութիւն կը խնդրէ բանի մը համար, որ անգիտակցաբար ըսած կամ ըրած է։ Պէնը մեզի կը յիշեցնէ Աստուածաշունչի օրինակներէն մէկը՝ Աբիգիան, որ իր ամուսնոյն կոշտ վարմունքին համար ներողութիւն խնդրեց, եւ այսպիսով հանդարտեցուց կացութիւն մը որ կրնար աղէտի մը առաջնորդել։ (Ա. Թագաւորաց 25։23-28) ‘Խաղաղութեամբ’ ապրելու կարողութիւնը, լաւ միսիոնար մը ըլլալուն կարեւոր մէկ մասն է։—Բ. Կորնթացիս 13։11

Ամիսը անգամ մը միսիոնարները ժողով մը կը գումարեն, ընտանիքին ազդող հարցեր քննարկելու, ինչպէս նաեւ յայտագրին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու համար։ Անկէ ետք, բոլորն ալ աղանդեր կը ճաշակեն։ Ասիկա շատ գործնական՝ եւ համով՝ կարգադրութիւն մը կը թուի ըլլալ։

Ընթրիքէն ետք, հակիրճ շրջապտոյտ մը կ’ընենք միսիոնարական տան մէջ։ Կը նշմարենք թէ, տունը համեստ ըլլալով հանդերձ, միսիոնարները կը համագործակցին զայն բծախնդրօրէն մաքուր պահելու համար։ Կայ սառնարան, լուացքի մեքենայ եւ փուռ մը։ Գերընը մեզի կը պատմէ թէ արեւադարձային երկիրներու մէջ, ինչպէս Արեւմտեան Ափրիկէի այս երկրին մէջ, պայմանադրուած օդն ալ մատչելի կրնայ ըլլալ։ Յարմար բնակավայրը, օգտակար ուտելիքը եւ առողջապահական պարզ կանխազգուշութիւնները, միսիոնարներուն կ’օգնեն որ առողջ եւ արդիւնաբեր մնան։

Դրական Բաներուն Վրայ Կեդրոնանալ

Մեր բոլոր տեսածները խոր տպաւորութիւն ձգեցին մեր վրայ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ միսիոնարական գործը մեզի համար է։ Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ։ Մեր հիւրընկալները մի քանի բան կ’ըսեն, որպէսզի անոնց մասին խորհինք։

Նախ, անոնք կ’ըսեն թէ Քրիստոնեայ միսիոնարները արկածախնդրութիւն չեն փնտռեր։ Անոնք պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ կը փնտռեն, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ հոյակապ խոստումներուն մասին սորվիլ։ Միսիոնարները ամէն ամիս առնուազն 140 ժամ կը տրամադրեն դաշտի ծառայութեան, ուստի ծառայութեան հանդէպ սէր ունենալը անհրաժեշտ է։

‘Սակայն, օձերու, մողէզներու, եւ ուտիճներու նկատմամբ ի՞նչ. . .’, հարց կու տանք։ Թէեւ ասոնք կարելի է գտնել միսիոնարներու ծառայած շատ մը շրջաններուն մէջ, սակայն, Պէնը մեզի կ’ըսէ թէ միսիոնարներուն համար սովորական կը դառնան։ Ան կ’աւելցնէ թէ միսիոնարական իւրաքանչիւր նշանակում իր յատուկ գեղեցկութիւնը ունի, եւ ժամանակի ընթացքին, միսիոնարներ իրենց նշանակումին դրական երեսակներուն վրայ կը կեդրոնանան։ Նախապէս «տարբեր» թուող պարագաներ, շուտով սովորական կը դառնան, եւ երբեմն նոյնիսկ՝ հաճելի։ Միսիոնարուհի մը որ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ տարիներ ծառայելէ ետք, անձնական պարտաւորութիւններու համար ստիպուեցաւ իր երկիրը վերադառնալ, ըսաւ թէ իր նշանակումը ձգելը աւելի դժուար էր, քան՝ տարիներ առաջ իր երկրէն հեռանալը։ Իր միսիոնարական նշանակումը իր տունը եղած էր։

Պատրա՞ստ Էք

Պէնը եւ Գերընը խորհրդածելու շատ բան տուին մեզի։ Ի՞նչ կ’ըսէք ձեր մասին։ Երբեք խորհա՞ծ էք օտար դաշտի մը մէջ որպէս միսիոնար ծառայելու մասին։ Եթէ այո, ձեր երեւակայածէն աւելի մօտ էք այդ նպատակակէտին։ Պահանջուած գլխաւոր բաներէն մէկը՝ լիաժամ ծառայութեան հանդէպ սէր ունենալը եւ մարդոց օգնելու գործէն հաճոյք առնելն է։ Յիշեցէք, միսիոնարները գերբնական հերոսներ չեն, այլ՝ սովորական տղամարդիկ ու կիներ։ Շատ կարեւոր գործ մը կատարելու համար, անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն։

[Նկարներ՝ էջ 27]

Իւրաքանչիւր օր կը սկսի Աստուածաշունչէն համար մը նկատի առնելով

[Նկարներ՝ էջ 28, 29]

Տեսարաններ Ափրիկէէն

[Նկար՝ էջ 29]

Միսիոնարական կեանքը կրնայ շատ գոհացուցիչ ըլլալ