Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ պիտի զատէ մեզ Աստուծոյ սէրէն

Ո՞վ պիտի զատէ մեզ Աստուծոյ սէրէն

Ո՞վ պիտի զատէ մեզ Աստուծոյ սէրէն

«Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց»։—Ա. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4։19

1, 2. (ա) Ինչո՞ւ գիտնալը թէ սիրուած ենք, մեզի համար կարեւոր է։ (բ) Որո՞ւ սիրոյն շատ աւելի կարիքը ունինք։

ՁԵԶԻ համար ո՞րքան կարեւոր է գիտնալ թէ սիրուած էք։ Մանկութենէն մինչեւ չափահասութիւն, մարդիկ սիրով կ’ուռճանան։ Իր մօր թեւերուն մէջ սիրալիր կերպով գրկուած երախայ մը դիտա՞ծ էք։ Յաճախ, իր շուրջը ինչ որ ալ անցնի դառնայ, երբ իր մօր ժպտուն աչքերուն նայի, զինք սիրող մօր թեւերուն մէջ երախան հանգիստ ու խաղաղ կը զգայ։ Կամ ալ կը յիշէ՞ք թէ ի՛նչպէս էիք պատանեկութեան փոթորկալից տարիներուն։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8) Երբեմն, չէիք գիտեր թէ ի՛նչ կ’ուզէիք կամ նոյնիսկ ի՛նչ կը զգայիք, սակայն, որքա՛ն կարեւոր էր գիտնալ թէ ձեր հայրն ու մայրը ձեզ կը սիրէին։ Օգտակար չէ՞ր գիտնալ թէ կրնայիք անոնց մօտենալ երբ որեւէ խնդիր կամ հարցում ունենայիք։ Իրապէս, ամբողջ կեանքի ընթացքին, մեր մեծագոյն կարիքներէն մէկը սիրուիլն է։ Այսպիսի սէր մեզ կը վստահեցնէ թէ արժէք ունինք։

2 Ծնողքին յարատեւ սէրը վստահաբար մեծ դեր մը կը խաղայ անհատին բնական աճման եւ հաւասարակշռութեան մէջ։ Սակայն, այն վստահութիւնը ունենալը թէ մեր երկնաւոր Հայրը Եհովան մեզ կը սիրէ, մեր հոգեւոր ու զգացական բարօրութեան համար շատ աւելի կարեւոր է։ Այս պարբերաթերթը ընթերցողներէն ոմանք թերեւս չեն ունեցած իրապէս իրենց հոգ տանող ծնողներ։ Եթէ ձեր պարագան այս է, սիրտ առէ՛ք։ Նոյնիսկ եթէ ծնողական սիրոյ պակասը կար կամ անիկա բաւարար չէր, Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը օգնութեան կը հասնի։

3. Եհովա ի՞նչպէս իր ժողովուրդը հաւաստիացուցած է իրենց հանդէպ իր սիրոյն նկատմամբ։

3 Իր Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա նշեց թէ մայր մը իր կաթնկեր մանուկը կրնար «մոռնալ», բայց ինք իր ժողովուրդը չէր մոռնար։ (Եսայեայ 49։15) Նմանապէս, Դաւիթ վստահութեամբ ըսաւ. «Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն, բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի»։ (Սաղմոս 27։10) Որքա՜ն հաւաստիացուցիչ է։ Ձեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, եթէ Եհովա Աստուծոյ հետ նուիրեալ յարաբերութեան մը մէջ եկած էք, միշտ պէտք է յիշէք թէ ձեզի հանդէպ իր ունեցած սէրը կը գերազանցէ ուրիշ ոեւէ անհատի ունեցած սէրը ձեզի հանդէպ։

Դուք Ձեզ Աստուծոյ Սիրոյն Մէջ Պահեցէք

4. Աստուծոյ սիրոյն մասին առաջին դարու Քրիստոնեաներուն ի՞նչ երաշխիք տրուեցաւ։

4 Ե՞րբ էր որ առաջին անգամ Եհովայի սէրը ճանչցաք։ Հաւանաբար, ձեր պարագան ձեւով մը նման է առաջին դարու Քրիստոնեաներուն պարագային։ Հռովմէացիներուն գրած Պօղոսի նամակին 5–րդ գլուխը գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ թէ ի՛նչպէս մեղաւորները, որոնք ատեն մը Աստուծմէ օտարացած էին, Եհովայի սիրոյն ծանօթացան։ 5–րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ»։ 8 եւ 9–րդ համարներուն մէջ, Պօղոս կ’աւելցնէ. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք. Քրիստոս մեզի համար մեռաւ»։

5. Ի՞նչ բան օգնեց որ Աստուծոյ սիրոյն տարողութիւնը հասկնաք ու գնահատէք։

5 Նոյն կերպով, երբ Աստուծոյ Խօսքէն ճշմարտութիւնը ձեզի ներկայացուեցաւ եւ դուք սկսաք հաւատք ընծայել, Եհովայի սուրբ հոգին սկսաւ ձեր սրտերուն մէջ գործել։ Այս կերպով սկսաք հասկնալ ու գնահատել Եհովայի ըրածին տարողութիւնը, ղրկելով իր սիրալիր Որդին որ ձեզի համար մեռնի։ Այսպիսով Եհովա ձեզի օգնեց որ գիտնաք թէ ինք որքա՛ն կը սիրէ մարդկութիւնը։ Երբ անդրադարձաք որ, թէեւ ծնած էիք որպէս իրմէ օտարացած մեղաւոր մը, Եհովա մարդոց առջեւ ճամբան բացած էր որ արդար յայտարարուին՝ անվերջ կեանքի հեռանկարով, ասիկա ձեր սրտին չդպա՞ւ։ Եհովայի հանդէպ սէր չզգացի՞ք։—Հռովմայեցիս 5։10

6. Ինչո՞ւ երբեմն կրնանք ձեւով մը Եհովայէ հեռացած զգալ։

6 Ձեր երկնաւոր Հօր սէրը ձեզ հրապուրած ըլլալով եւ իրեն ընդունելի ըլլալու համար ձեր կեանքին մէջ վերաճշդումներ ընելով, ձեր կեանքը Աստուծոյ նուիրեցիք։ Այժմ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն կը վայելէք։ Սակայն, երբեմն ձեւով մը Եհովայէ հեռացած կը զգա՞ք։ Ասիկա մեզմէ ոեւէ մէկուն կրնայ պատահիլ։ Սակայն, միշտ յիշեցէք թէ Եհովան չի փոխուիր։ Իր սէրը յարատեւ ու հաստատ է արեւին նման, որ երբեք չի դադրիր լոյսի ջերմ ճառագայթները երկիր ղրկելէ։ (Մաղաքեայ 3։6. Յակոբու 1։17) Միւս կողմէ, մենք կրնանք փոխուիլ, նոյնիսկ՝ ժամանակաւորապէս։ Մինչ երկրագունդը կը թաւալի, խաւարը մոլորակին կէսը կը պատէ։ Նմանապէս, եթէ Աստուծմէ հեռանանք, նոյնիսկ որոշ չափով մը, իր հետ մեր յարաբերութեան մէջ կրնանք պաղութիւն մը զգալ։ Ի՞նչ կրնանք ընել այս պարագան շտկելու համար։

7. Անձնաքննութիւն մը ի՞նչպէս կրնայ օգնել որ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնանք։

7 Եթէ զգանք թէ Աստուծոյ սէրէն քիչ մը զատուած ենք, մենք մեզի պէտք է հարց տանք. ‘Աստուծոյ սէրը թեթեւի առա՞ծ եմ։ Արդեօք կենդանի ու սիրալիր Աստուծմէ աստիճանաբար ձեւով մը հեռացա՞ծ եմ, տարբեր կերպերով հաւատքի տկարութիւն մը ցոյց տալով։ Միտքս «մարմնին բաներ»ուն վրայ կեդրոնացուցա՞ծ եմ, փոխանակ՝ «հոգիին բաներ»ուն վրայ’։ (Հռովմայեցիս 8։5-8. Եբրայեցիս 3։12) Եթէ մենք մեզ Եհովայէ հեռացուցած ենք, հարցը շտկելու համար քայլեր կրնանք առնել, որպէսզի իր հետ սերտ ու ջերմ յարաբերութիւն մը վերահաստատենք։ Յակոբոս կը յորդորէ մեզ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ (Յակոբու 4։8) Յուդայի խօսքերուն անսացէք. «Սի՛րելիներ, անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ եւ Սուրբ Հոգիով աղօթեցէք, անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»։—Յուդա 20, 21

Փոխուող Պարագաներ Աստուծոյ Սիրոյն Չեն Ազդեր

8. Մեր կեանքին մէջ անակնկալ ի՞նչ փոփոխութիւններ կրնան տեղի ունենալ։

8 Իրերու այս դրութեան մէջ մեր կեանքը բազմաթիւ փոփոխութիւններու ենթակայ է։ Սողոմոն Թագաւոր դիտել տուաւ թէ ‘ժամանակ ու դիպուած կը պատահին մեր բոլորին’։ (Ժողովողի 9։11) Մեր կեանքը մէկ օրէն միւսը կրնայ բոլորովին փոխուիլ։ Օր մը կրնանք առողջ ըլլալ, իսկ միւս օրը կրնանք լրջօրէն հիւանդանալ։ Օր մը մեր աշխարհիկ գործը կայուն կրնայ թուիլ, իսկ յաջորդ օրը կրնանք անգործ ըլլալ։ Մահը կրնայ յանկարծ սիրելի մը հարուածել։ Երկրի մը մէջ Քրիստոնեաները որոշ ժամանակ կրնան խաղաղ պայմաններ վայելել, ապա անակնկալօրէն, բիրտ հալածանք մը կրնայ ծայր տալ։ Թերեւս սուտ ամբաստանութեան թիրախը դարձած ենք եւ այս պատճառաւ, անիրաւութենէ կը տառապինք։ Այո, կեանքը անկայուն կամ բոլորովին անապահով է։—Յակոբու 4։13-15

9. Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխէն հատուած մը նկատի առնելը ինչո՞ւ լաւ պիտի ըլլայ։

9 Երբ մեզի տխուր բաներ պատահին, կրնանք լքուած զգալ, նոյնիսկ երեւակայելով թէ մեզի հանդէպ Աստուծոյ սէրը նուազած է։ Քանի որ բոլորս ալ այսպիսի պատահարներու ենթակայ ենք, լաւ կ’ըլլայ որ ուշադրութեամբ նկատի առնենք Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած, Պօղոս առաքեալի մխիթարական խօսքերը։ Այս խօսքերը հոգիով օծուած Քրիստոնեաներուն ուղղուած էին։ Սակայն, սկզբունքով, անոնք նաեւ կը կիրարկուին ուրիշ ոչխարներուն, որոնք արդար յայտարարուած են որպէս Աստուծոյ բարեկամները, Աբրահամի նման՝ նախաքրիստոնէական ժամանակներուն։—Հռովմայեցիս 4։20-22. Յակոբու 2։21-23

10, 11. (ա) Երբեմն թշնամիներ ի՞նչ սուտ ամբաստանութիւններ կ’ընեն Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ։ (բ) Ինչո՞ւ այսպիսի ամբաստանութիւններ իրապէս չեն հետաքրքրեր Քրիստոնեաները։

10 Կարդացէք Հռովմայեցիս 8։31-34–ը։ Պօղոս կը հարցնէ. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ»։ Ճիշդ է որ Սատանան ու իր ամբարիշտ աշխարհը մեզի դէմ են։ Թշնամիները կրնան մեզի դէմ սուտ ամբաստանութիւններ ընել, նոյնիսկ երկրի մը ատեաններուն մէջ։ Քրիստոնեայ ծնողներէն ոմանք ամբաստանուած են որպէս իրենց զաւակները ատողներ, քանի որ անոնց չեն արտօնած Աստուծոյ օրէնքը բռնաբարող բժշկական դարմաններ ընդունիլ, կամ ալ թոյլ չեն տուած որ անոնք հեթանոսական տօնակատարութիւններու մասնակցին։ (Գործք 15։28, 29. Բ. Կորնթացիս 6։14-16) Ուրիշ հաւատարիմ Քրիստոնեաներ ամբաստանուած են որպէս ըմբոստներ, քանի որ պատերազմի մէջ իրենց ընկեր արարածները չեն սպաններ կամ քաղաքականութեան միջամուխ չեն ըլլար։ (Յովհաննու 17։16) Կարգ մը հակառակորդներ մամուլի միջոցաւ զրպարտութիւններ տարածած են, նոյնիսկ ամբաստանելով Եհովայի Վկաները որպէս վտանգաւոր աղանդ մը։

11 Սակայն, մի՛ մոռնաք թէ առաքեալներուն օրով ըսուած էր. «Այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։ (Գործք 28։22) Սուտ ամբաստանութիւնները արժէք ունի՞ն։ Աստուած է որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները արդար կը յայտարարէ, հիմնուելով Քրիստոսի զոհագործութեան հանդէպ անոնց հաւատքին վրայ։ Եհովա ինչո՞ւ պիտի դադրի իր երկրպագուները սիրելէ, իր ամենաթանկագին պարգեւը անոնց տալէ ետք, որ է՝ իր իսկ սիրելի Որդին։ (Ա. Յովհաննու 4։10) Հիմա որ Քրիստոս մեռելներէն յարուցանուած եւ Աստուծոյ աջ կողմը նստած է, ան Քրիստոնեաներուն ի նպաստ կը բարեխօսէ։ Ո՞վ կրնայ իրաւացիօրէն հերքել իր հետեւորդներուն համար Քրիստոսի ըրած պաշտպանութիւնը, կամ ո՞վ կրնայ յաջողութեամբ ասպարէզ կարդալ Իր հաւատարիմներուն առնչութեամբ Աստուծոյ նպաստաւոր դատաստանին։ Ո՛չ ոք։—Եսայեայ 50։8, 9. Եբրայեցիս 4։15, 16

12, 13. (ա) Ի՞նչ պայմաններ կամ պարագաներ մեզ Աստուծոյ սէրէն չեն կրնար զատել։ (բ) Մեզի նեղութիւններ պատճառելով Բանսարկուն ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ։ (գ) Ինչո՞ւ Քրիստոնեաները բոլորովին յաղթական դուրս կու գան։

12 Կարդացէք Հռովմայեցիս 8։35-37–ն։ Մեզմէ զատ, կա՞յ մէկը կամ բան մը որ կրնայ մեզ զատել Եհովայի ու իր Որդւոյն՝ Քրիստոս Յիսուսի՝ սէրէն։ Սատանան իր երկրային գործակալները կրնայ գործածել, Քրիստոնեաներուն շատ նեղութիւն պատճառելու համար։ Անցեալ դարուն, մեր Քրիստոնեայ եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր բիրտ հալածանքի թիրախ դարձան շատ մը երկիրներու մէջ։ Ներկայիս կարգ մը շրջաններու մէջ, մեր եղբայրները ամէն օր տնտեսական նեղութիւններ կը դիմագրաւեն։ Ոմանք անօթութեան կրծող ցաւէն կը տառապին կամ բաւարար հագուստ չունին։ Այս նեղացուցիչ պայմանները ստեղծելով, Բանսարկուն ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ։ Առնուազն, իր նպատակներէն մէկն է՝ Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուները յուսահատեցնել։ Սատանան կ’ուզէ մեզի հաւատացնել տալ որ Աստուծոյ սէրը պաղած է։ Սակայն, ա՞յս է պարագան։

13 Պօղոսի նման, որ Սաղմոս 44։22–ը մէջբերեց, մենք ալ ուսումնասիրած ենք Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը։ Կը հասկնանք թէ Աստուծոյ անուան սիրոյն այս բաները մեզի՝ իր «ոչխար»ներուն՝ կը պատահին։ Աստուծոյ անուան սրբացումը եւ իր տիեզերական գերիշխանութեան ջատագովումը ասոր հետ առնչուած են։ Այսպիսի կարեւոր հարցերու պատճառաւ է որ Աստուած փորձութիւններ թոյլատրած է, եւ ոչ թէ այլեւս մեզ չսիրելուն համար։ Ճնշիչ պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, մեզի երաշխիք տրուած է թէ իր ժողովուրդին՝ ի ներառեալ իւրաքանչիւրիս՝ հանդէպ Աստուծոյ սէրը չէ փոխուած։ Մեր կրած որեւէ երեւութական պարտութիւն, յաղթութեան պիտի վերածուի, եթէ մեր ուղղամտութիւնը պահենք։ Աստուծոյ անխախտ սիրոյն երաշխիքը, մեզ կը զօրացնէ եւ կը կազդուրէ։

14. Պօղոս ինչո՞ւ համոզուած էր թէ ո՛չ մէկ դժուարութիւն կրնայ Քրիստոնեաները Աստուծոյ սէրէն զատել։

14 Կարդացէք Հռովմայեցիս 8։38, 39–ն։ Ի՞նչ բան Պօղոսը համոզեց որ ոչինչ կրնայ Քրիստոնեաները Աստուծոյ սէրէն զատել։ Անկասկած, ծառայութեան մէջ Պօղոսի ունեցած անձնական փորձառութիւնները ամրապնդեցին իր համոզումը թէ՝ դժուարութիւնները չեն կրնար մեզի հանդէպ Աստուծոյ ունեցած սիրոյն ազդել։ (Բ. Կորնթացիս 11։23-27. Փիլիպպեցիս 4։13) Պօղոս Եհովայի յաւիտենական նպատակին եւ Իր ժողովուրդին հետ Աստուծոյ անցեալի գործառնութեանց մասին ալ գիտութիւն ունէր։ Արդեօք մահը կրնա՞յ նուաճել այն սէրը, զոր Աստուած ունի հաւատարմօրէն իրեն ծառայողներուն հանդէպ։ Բնա՛ւ երբեք։ Այսպիսի հաւատարիմներ որոնք կը մեռնին, պիտի շարունակեն Աստուծոյ կատարեալ յիշողութեան մէջ ապրիլ, եւ ան որոշուած ժամանակին յարութիւն պիտի տայ անոնց։—Ղուկաս 20։37, 38. Ա. Կորնթացիս 15։22-26

15, 16. Թուեցէք կարգ մը բաներ, որոնք երբեք չեն կրնար պատճառ ըլլալ որ Աստուած իր հաւատարիմ ծառաները սիրելէ դադրի։

15 Ներկայիս կեանքը ի՛նչ դժբախտութիւն ալ բերելու ըլլայ՝ ֆիզիքապէս տկարացնող արկած մը, մահացու հիւանդութիւն մը կամ տնտեսական աղէտ մը՝ ոչինչ կրնայ իր ժողովուրդին հանդէպ Աստուծոյ ունեցած սէրը կործանել։ Զօրաւոր հրեշտակներ, ինչպէս այն անհնազանդ հրեշտակը որ Սատանայ եղաւ, չեն կրնար Եհովայի վրայ ազդեցութիւն բանեցնել որ իր նուիրեալ ծառաները սիրելէ դադրի։ (Յոբայ 2։3) Կառավարութիւններ կրնան արգիլել, բանտարկել կամ գէշ կերպով վարուիլ Աստուծոյ ծառաներուն հետ, եւ կրնան զանոնք «անփափաքելի անձեր» պիտակել։ (Ա. Կորնթացիս 4։13) Ազգերու ցուցաբերած այս անիրաւ ատելութիւնը կրնայ անհատներ մղել որ մեզի հակառակին, սակայն, պատճառ չ’ըլլար որ տիեզերքի Գերիշխանը մեզ լքէ։

16 Որպէս Քրիստոնեաներ, պէտք չէ վախնանք որ Պօղոսի յիշած «ներկայ բաներ»էն որեւէ մէկը՝ իրերու ներկայ դրութեան մէջի դէպքերը, կացութիւններն ու պարագաները՝ կամ ալ «գալու բաները», իր ժողովուրդին հետ Աստուծոյ ունեցած մտերիմ կապը կրնան խզել։ Թէեւ երկրային ու երկնային ուժեր մեզի դէմ պատերազմ կը մղեն, սակայն Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը մեզի թիկունք կը կանգնի։ Ինչպէս Պօղոս կը շեշտէ, ‘ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ ալ խորունկութիւնը’ արգելք կը հանդիսանան Աստուծոյ սիրոյն։ Այո, ո՛չ մէկ բան որ կրնայ մեզ ընկճել, կամ՝ մեր վրայ գերազդեցութիւն բանեցնել, կրնայ մեզ Աստուծոյ սէրէն զատել. ո՛չ ալ ոեւէ արարած կրնայ խզել Ստեղծիչին յարաբերութիւնը իր հաւատարիմ ծառաներուն հետ։ Աստուծոյ սէրը երբեք չի ձախողիր. անիկա յաւիտենական է։—Ա. Կորնթացիս 13։8

Աստուծոյ Ողորմութիւնը Յաւիտեան Արժեւորեցէք

17. (ա) Ինչո՞ւ Աստուծոյ սէրը ունենալը «կեանքէն աղէկ է»։ (բ) Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը կ’արժեւորենք։

17 Աստուծոյ սէրը ձեզի համար ո՞րքան կարեւոր է։ Դուք ալ Դաւիթի նման կը զգա՞ք, որ գրեց. «Քու ողորմութիւնդ կեանքէն աղէկ է։ Իմ շրթունքներս քեզ պիտի գովեն։ Այսպէս պիտի օրհնեմ քեզ իմ կեանքիս ընթացքին, քու անունովդ ձեռքերս վեր պիտի վերցնեմ»։ (Սաղմոս 63։3, 4) Իրապէս, այս աշխարհին մէջ կեանքը կրնա՞յ հրամցնել բան մը, որ Աստուծոյ սէրն ու հաւատարիմ բարեկամութիւնը վայելելէն աւելի լաւ է։ Օրինակ, շահաբեր աշխարհիկ ասպարէզ մը հետապնդելը, Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը ունենալէն յառաջ եկած մտքի խաղաղութենէն եւ ուրախութենէն աւելի լա՞ւ է։ (Ղուկաս 12։15) Կարգ մը Քրիստոնեաներ Եհովան ուրանալու կամ մահը դիմագրաւելու ընտրութեան առջեւ գտնուած են։ Ասիկա պատահած է Եհովայի Վկաներէն շատերուն, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, նացիական կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ։ Ի բացառեալ քանի մը հոգիէ, մեր Քրիստոնեայ եղբայրները ընտրեցին Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ, յօժար ըլլալով մահը դիմագրաւել։ Անոնք որոնք հաւատարմօրէն իր սիրոյն մէջ կը մնան, կրնան վստահ ըլլալ որ Աստուծմէ յաւիտենական ապագայ մը պիտի ստանան, զոր այս աշխարհը չի կրնար մեզի տալ։ (Մարկոս 8։34-36) Սակայն, յաւիտենական կեանքէն աւելին պարփակուած է։

18. Յաւիտենական կեանքը ինչո՞ւ այսքան փափաքելի է։

18 Թէեւ անկարելի է յաւիտեան ապրիլ առանց Եհովայի, սակայն, փորձեցէք երեւակայել թէ չափազանց երկար կեանք մը առանց մեր Ստեղծիչին ի՛նչպէս պիտի ըլլար։ Անիկա պարապ, առանց իսկական նպատակի պիտի ըլլար։ Եհովա իր ժողովուրդին գոհացուցիչ գործ մը տուած է այս վերջին օրերուն մէջ։ Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ թէ երբ Եհովա՝ Մեծ Նպատակադրողը՝ յաւիտենական կեանք տայ, անիկա լեցուն պիտի ըլլայ մեզի համար գրաւիչ ու արժէքաւոր եղող՝ սորվելիք ու ընելիք բաներով։ (Ժողովողի 3։11) Գալիք հազարամեակներու ընթացքին որքա՛ն ալ սորվինք, երբեք պիտի չկարենանք ամբողջովին ըմբռնել «Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը»։—Հռովմայեցիս 11։33

Հայրը՝ Ձեզ կը Սիրէ

19. Յիսուս Քրիստոս իր հրաժեշտի խօսքին մէջ իր աշակերտներուն ի՞նչ երաշխիք տուաւ։

19 Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին, իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ ունեցած վերջին ընթրիքին ընթացքին, Յիսուս բազմաթիւ բաներ ըսաւ գալիքին նկատմամբ զիրենք զօրացնելու համար։ Բոլորը Յիսուսի կառչած մնացած էին իր փորձութիւններուն մէջ, եւ իրենց հանդէպ անոր ունեցած սէրը անձամբ զգացած էին։ (Ղուկաս 22։28, 30. Յովհաննու 1։16. 13։1) Ետքը, Յիսուս զանոնք վստահեցուց. «Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ»։ (Յովհաննու 16։27) Այս խօսքը որքա՜ն օգնած ըլլալու էր աշակերտներուն, որ ըմբռնեն այն քնքուշ զգացումները, զորս իրենց սիրելի երկնաւոր Հայրը ունէր իրենց հանդէպ։

20. Ի՞նչ վճռած էք ընել, եւ ի՞նչ բանէ կրնաք վստահ ըլլալ։

20 Ներկայիս ապրողներէն շատեր տասնամեակներէ ի վեր հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայած են։ Անկասկած, իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վերջը չեկած, յաւելեալ փորձութիւններ պիտի դիմագրաւենք։ Բնաւ թոյլ մի տաք որ այսպիսի փորձութիւններ կամ նեղութիւններ պատճառ ըլլան որ ձեզի հանդէպ Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյն նկատմամբ կասկած ունենաք։ Դժուար է այս իրողութիւնը ասկէ աւելի շեշտել, թէ՝ Եհովա ձեզ կը սիրէ՛։ (Յակոբու 5։11) Թող որ մեզմէ իւրաքանչիւրը շարունակէ իրեն ինկած բաժինը կատարել, հաւատարմօրէն Աստուծոյ պատուիրանները պահելով։ (Յովհաննու 15։8-10) Թող որ ամէն պատեհութիւն գործածենք իր անունը փառաբանելու համար։ Եհովայի աղօթքով մօտենալու եւ իր Խօսքը ուսումնասիրելու մէջ յարատեւելու մեր վճռակամութիւնը պէտք է զօրացնենք։ Վաղը ի՛նչ որ ալ բերէ, եթէ Եհովան հաճեցնելու համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք, խաղաղութեան մէջ պիտի մնանք, լիովին վստահ՝ Անոր անխախտ սէրէն։—Բ. Պետրոս 3։14

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Մեր հոգեւոր ու զգացական հաւասարակշռութիւնը պահելու համար, յատկապէս որո՞ւ սիրոյն կարիքը ունինք։

• Ո՞ր բաները բնաւ պատճառ չեն կրնար ըլլալ որ Եհովա դադրի իր ծառաները սիրելէ։

• Եհովայի սէրը վայելելը ինչո՞ւ «կեանքէն աղէկ է»։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 13]

Եթէ Աստուծոյ սէրէն զատուած կը զգանք, կրնանք հարցերը շտկելու համար քայլեր առնել

[Նկար՝ էջ 15]

Պօղոս հասկցաւ թէ ինք ինչո՛ւ կը հալածուէր