Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Վե՜րջապէս գիտեմ թէ ի՛նչ հիւանդութիւն ունիմ»

«Վե՜րջապէս գիտեմ թէ ի՛նչ հիւանդութիւն ունիմ»

«Վե՜րջապէս գիտեմ թէ ի՛նչ հիւանդութիւն ունիմ»

ԱՅՍՊԷՍ արտայայտուեցաւ Թոքիոյէն մարդ մը, երբ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 2000–ի թիւին մէջ հրատարակուած կենսագրութիւնը կարդաց։ Յօդուածին խորագիրն էր՝ «Չէք Գիտեր թէ Վաղը Ի՞նչ Պիտի Ըլլայ Ձեր Կեանքը», եւ անիկա նախկին միսիոնարի մը փորձառութիւնը կը պատմէր, որ մէյնիք տիփրէսիվ սայքոսիս կոչուած հիւանդութենէն կը տառապէր։

Վերոյիշեալ մարդը այս պարբերաթերթի հրատարակիչներուն ուղղուած նամակի մը մէջ ըսաւ. «Նկարագրուած ախտանշանները ճիշդ ինծի կը կիրարկուին։ Ուստի, հոգեբուժական հիւանդանոց մը գացի, եւ իմացայ թէ մէյնիք տիփրէշըն ունէի։ Զիս քննող բժիշկը զարմացաւ։ Ան ըսաւ. ‘Այս հիւանդութիւնը ունեցող մարդիկը հազուադէպօրէն կը խորհին թէ հիւանդ են’։ Ախտաճանաչման մէջ օգնութիւն ստացայ, հիւանդութիւնը վատթարանալէ առաջ»։

Աշխարհի չորս կողմը միլիոնաւոր մարդիկ այլազան կերպերով կ’օգտուին Դիտարան–ի եւ անոր ընկերակից Զարթի՛ր–ի իւրաքանչիւր թիւը կարդալով։ Անոնք յօդուածները տեղեկատու եւ գոհացուցիչ կը գտնեն։ Այժմ Դիտարան պարբերաթերթը 141 լեզուներով կը տպուի, իսկ Զարթի՛ր–ը՝ 86 լեզուներով։ Դո՛ւք ալ Դիտարան–ը եւ Զարթի՛ր–ը կանոնաւորաբար կարդալէն հաճոյք պիտի առնէք։