Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Կրօնական հանդուրժողութեան օր»

«Կրօնական հանդուրժողութեան օր»

«Կրօնական հանդուրժողութեան օր»

ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ մէջ, Եհովայի Վկաներուն հետ իր ունեցած զեկոյցներէն մեծապէս հետաքրքրուած, դպրոցի մը տնօրինուհին իր դպրոցին մէջ «Կրօնական Հանդուրժողութեան Օր» մը յատկացուց։ Ան յանձնարարեց որ աշակերտներուն մէջէն կամաւորներ՝ Կաթողիկէներ, Պուտտայականներ եւ Եհովայի Վկաներ՝ կարճ ելոյթներ պատրաստեն, իրենց հաւատալիքներն ու սովորութիւնները մնացեալ աշակերտներուն ծանօթացնելու համար։ Երեք պատանի Եհովայի Վկաներ անմիջապէս պատրաստակամութիւն յայտնեցին։

Երբ օրը հասաւ, առաջին խօսողը եղաւ 15 տարեկան Մալվինան։ Ի միջի այլոց, ան ըսաւ. «Այս դպրոցը յաճախելէ առաջ, ձեզմէ շատեր կը ճանչնային մեզ, քանի որ ձեր տուները այցելած ենք։ Հաւանաբար հարց կու տաք թէ ինչո՛ւ կը շարունակենք ասիկա ընել։ Քանի որ մենք Քրիստոնէութեան Հիմնադիրին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ օրինակին կը հետեւինք։ Ան Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեց, ո՛ւր որ մարդոց հանդիպեցաւ։ Առաքեալներն ու նախկին Քրիստոնեաներն ալ նոյնը ըրին։ Շատ մը շրջաններու մէջ, Եհովայի Վկաները հաւատքի ծանր փորձութիւններ կը կրեն, բայց մենք ուրախ ենք որ մեր դպրոցին մէջ խաղաղութիւն կը վայելենք, եւ բոլո՛րդ ասոր կը նպաստէք։ Ասոր համար շնորհակա՛լ ենք ձեզի»։

Իր ելոյթին վերջաւորութեան, Մալվինան ըսաւ. «Մենք ուրիշ պատճառով մըն ալ կ’այցելենք ձեր տուները։ Մենք հետաքրքրուած ենք ձեզմով։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ մարդկութիւնը մօտ ատենէն աշխարհացունց դէպքերու դիմաց պիտի գտնուի։ Ուստի, երբ յաջորդ անգամ ձեր դուռը զարնենք, բարեհաճեցէք մտիկ ընել։ Կ’ուզենք ձեզի ըսել թէ ի՛նչպէս կրնանք միասնաբար ապրիլ յաւիտեան երկրային դրախտի մը մէջ»։

Յաջորդ խօսողը եղաւ Մաթէյուշը, դարձեալ 15 տարեկան։ Ան իր ունկնդիրներուն ըսաւ որ Եհովայի Վկաները տարիներու ընթացքին բարի լուրը տարածելու այլազան կերպեր գործածած են։ Օրինակ, 1914–ին՝ անխօսուն շարժապատկերներու ժամանակաշրջանին, Վկաները կը ցուցադրէին «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամը», շարժապատկեր մը եւ սահիկներու ներկայացում մը՝ ձայնի համադրութեամբ։

Մաթէյուշը խօսեցաւ Թագաւորութեան պատգամը ցրուելու մէջ ձայնասփիւռին խաղցած դերին մասին, ապա բացատրութիւն տուաւ Եհովայի Վկաներու կողմէ պատրաստուած անզուգական համակարգչային՝ բազմալեզու ելեկտրոնիկ լուսագրաշարութեան դրութեան (ՄԵՓՍ) մասին։ Ան նաեւ պատմեց թէ ի՛նչպէս Եհովայի Վկաները օգնած են բժիշկներուն, որ անարիւն բուժումի արուեստագիտութեան մասին տեղեկութիւն ունենան։ «Ներկայիս, նշանաւոր Լեհ բժիշկներ ի նպաստ մեզի կ’արտայայտուին եւ կը շեշտեն թէ ամէն տարի երթալով աւելի Վկայ–չեղող հիւանդներ, առանց արիւնի գործողութիւններու կ’ենթարկուին», ըսաւ ան։

Մաթէյուշը եզրափակեց, խօսելով Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութեան մասին, եւ ըսաւ. «Կը փափաքի՞ք մեր Թագաւորութեան Սրահը այցելել։ Մուտքը ազատ է եւ հանգանակութիւն չկայ»։ Սոսնովիէցի համաժողովի վայրին մասին խօսելով, ան ըսաւ. «Կ’արժէ տեսնել այս ընդարձակ եւ նպատակայարմար շինարարութիւնը։ Ինչո՞ւ միասնաբար չերթանք հոն։ Ձեզի թելադրութիւն մը ունինք եւ մեր բարեկամը Գաթարզէնան ձեզի պիտի խօսի այս մասին»։

Յաջորդիւ, 15 ամեայ Գաթարզէնան խանդավառութեամբ ըսաւ. «Բոլորդ հրաւիրուած էք Սոսնովիէց, Եհովայի Վկաներուն նահանգային համաժողովին։ Հոն՝ պատանիները հետաքրքրող նիւթերու մասին պիտի խօսուի»։ Ան խօսեցաւ Քրիստոնեաներուն գլխաւոր տօնակատարութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին՝ մասին։ Հետեւեալ քաջալերութիւնը տուաւ իր ունկնդիրներուն. «Անցեալ տարի համայն աշխարհի մէջ աւելի քան 14 միլիոն անհատներ ներկայ գտնուեցան այս տօնակատարութեան։ Կ’ուզէ՞ք յաջորդ անգամ դուք ալ մեզի միանալ»։

Իրենց ելոյթէն ետք Մալվինան, Մաթէյուշը եւ Գաթարզէնան ուսուցիչներուն ներկայացուցին Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ գիրքը եւ երկու պատկերիզներ, որոնք կը խօսին Եհովայի Վկաներուն հաւատալիքներուն եւ գործունէութիւններուն մասին։ * Ուսուցիչները ուրախութեամբ ընդունեցին եւ խոստացան զանոնք գործածել պատմութեան դասընթացքներու ընթացքին։

Նիստին աւարտին, 12 տարեկան Մարդինան բոլոր հանդիսականներուն լսել տուաւ «Շնորհակալ Ենք Եհովա» խորագրով Երգեցողութիւնը։ Այս պատանի Վկաները ‘համարձակութիւն ունեցան Աստուծմով’ եւ գեղեցիկ վկայութիւն մը տուին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։2) Համայն աշխարհի պատանի Վկաներուն համար ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներու կողմէ։

[Նկար՝ էջ 26]

Գաթարզէնան՝ համարներ կ’ընտրէ իր ելոյթին համար

[Նկար՝ էջ 26]

Մալվինան՝ իր ելոյթը կը պատրաստէ դպրոցին մէջ զայն ներկայացնելէ քանի մը օր առաջ