Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Ձեր վրայ հագէ՛ք երկայնմտութիւնը’

‘Ձեր վրայ հագէ՛ք երկայնմտութիւնը’

Ձեր վրայ հագէ՛ք երկայնմտութիւնը’

«Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ . . . երկայնմտութիւնը»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։12

1. Երկայնմտութեան գեղեցիկ օրինակ մը տուէք։

ՖՐԱՆՍԱՅԻ հարաւ–արեւմտեան շրջանին մէջ բնակող Ռէժիս անունով անհատ մը 1952–ին մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի Վկայ։ Երկար տարիներ իր կինը ձեռքէն եկածը ըրաւ, Եհովայի ծառայելու մէջ անոր արգելք հանդիսանալու համար։ Ան փորձեց մօթօրսիքլին անիւները ծակծկել, որպէսզի չկարենայ ժողովի երթալ, իսկ անգամ մը, երբ ան տունէ տուն Աստուածաշունչի պատգամը կը քարոզէր, անոր հետեւեցաւ, զինք ծաղրանքի առարկայ դարձնելով, մինչ ան տանտէրներուն հետ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին կը խօսէր։ Հակառակ այս յարատեւ ընդդիմութեան, Ռէժիս շարունակեց երկայնամիտ ըլլալ։ Ուստի, ան գեղեցիկ օրինակ մըն է բոլոր Քրիստոնեաներուն, քանի որ Եհովան իր բոլոր երկրպագուներէն կը պահանջէ որ ուրիշներու հետ իրենց վերաբերմունքին մէջ երկայնամիտ ըլլան։

2. «Երկայնմտութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառին բառացի իմաստը ի՞նչ է, եւ այս բառը ի՞նչ իմաստ կը կրէ։

2 Հայերէնով այս բառը ճիշդ Յունարէնին իմաստը ունի՝ «երկայնմտութիւն»։ Անգլերէն Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը այս բառը տասը անգամ «երկայնմտութիւն», երեք անգամ «համբերութիւն» եւ մէկ անգամ «համբերատարութիւն» կը թարգմանէ։ «Երկայնմտութիւն» թարգմանուած թէ՛ Եբրայերէն եւ թէ Յունարէն արտայայտութիւնները՝ համբերութիւն, ինքնազսպում եւ բարկութեան մէջ դանդաղ գաղափարները կը կրեն։

3. Երկայնմտութեան մասին Քրիստոնեայի մը տեսակէտը ի՞նչպէս տարբեր էր առաջին դարու Յոյներուն տեսակէտէն։

3 Առաջին դարուն ապրող Յոյներուն համար, երկայնմտութիւնը առաքինութիւն մը չէր։ Այս բառը բնաւ չէ գործածուած Ստոյիկեան իմաստասէրներու կողմէ։ Աստուածաշունչի ուսումնական Ուիլիըմ Պարգլէյի համաձայն, երկայնմտութիւնը «բոլորովին հակառակ է յունական առաքինութեան» որ, ի միջի այլոց, կը հպարտանար որ «կը մերժէր հանդուրժել որեւէ նախատինքի կամ վիրաւորանքի»։ Ան կը նշէ. «Յոյնին համար իրական տղամարդը այն մարդն էր, որ ամէ՛ն գնով վրէժ կը լուծէր։ Քրիստոնեային համար իրական տղամարդը այն մարդն է, որ՝ նոյնիսկ երբ կրնայ՝ վրէժ չի լուծեր»։ Յոյներուն համար երկայնմտութիւնը կրնար տկարութիւն սեպուիլ, բայց հոս՝ ինչպէս ուրիշ պարագաներուն՝ «Աստուծոյ յիմարը մարդոցմէ աւելի իմաստուն է եւ Աստուծոյ տկարը մարդոցմէ աւելի զօրաւոր է»։—Ա. Կորնթացիս 1։25

Քրիստոսի Երկայնմտութեան Օրինակը

4, 5. Յիսուս երկայնմտութեան ի՞նչ հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ։

4 Եհովայէ ետք, Քրիստոս Յիսուս էր որ երկայնմտութեան ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ։ Ծանր ճնշումի ներքեւ, Յիսուս ապշեցուցիչ ինքնազսպում գործածեց։ Իր մասին մարգարէացուած էր. «Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ այնպէս իր բերանը չբացաւ»։—Եսայեայ 53։7

5 Իր երկրային ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան Յիսուս ո՛րքան համբերատար գտնուեցաւ։ Ան իր թշնամիներուն նենգ հարցումներուն եւ իր հակառակորդներուն նախատինքներուն հանդուրժեց։ (Մատթէոս 22։15-46. Ա. Պետրոս 2։23) Ան համբերեց իր աշակերտներուն, նոյնիսկ երբ անոնք անդադար կը վիճէին թէ իրենցմէ ո՛վ էր մեծը։ (Մարկոս 9։32-36. 10։35-45. Ղուկաս 22։24-27) Իսկ իր մատնուած գիշերը, Յիսուս ի՜նչ հիանալի ինքնազսպում ցոյց տուաւ, երբ՝ իրենց ըսելով հանդերձ որ ‘արթուն կենան’՝ Պետրոս ու Յովհաննէս քնացան։—Մատթէոս 26։36-41

6. Պօղոս ի՞նչպէս օգտուեցաւ Յիսուսի երկայնմտութենէն, եւ ասկէ ի՛նչ կը սորվինք։

6 Իր մահուընէ ու յարութենէն ետք, Յիսուս շարունակեց երկայնամիտ ըլլալ։ Պօղոս առաքեալ մասնաւորաբար ասոր գիտակից էր, քանի որ ինք նախապէս Քրիստոնեաները հալածող մը եղած էր։ Պօղոս գրեց. «Այս խօսքը հաւատարիմ է ու բոլորովին ընդունելութեան արժանի, որ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու, որոնց գլուխը ես եմ. բայց անոր համար ողորմութիւն գտայ, որ ամենէն առաջ Յիսուս Քրիստոս իմ վրաս ցուցնէ երկայնմտութիւնը՝ օրինակ ըլլալու անոնց, որոնք պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար»։ (Ա. Տիմոթէոս 1։15, 16) Ինչ որ ալ ըլլայ մեր անցեալը, եթէ Յիսուսի վրայ հաւատք ունենանք, ան երկայնամիտ պիտի ըլլայ մեզի հանդէպ. անշուշտ մեզմէ ակնկալելով որ «ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր» ունենանք։ (Գործք 26։20. Հռովմայեցիս 2։4) Փոքր Ասիոյ եօթը ժողովքներուն Քրիստոսի ղրկած պատգամները ցոյց կու տան որ թէեւ ինք երկայնամիտ է, բայց մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեր վարքը բարելաւենք։—Յայտնութիւն, գլուխներ՝ 2 եւ 3

Հոգիին Պտուղներէն Մէկը

7. Երկայնմտութեան ու սուրբ հոգիին միջեւ ի՞նչ յարակցութիւն կայ։

7 Գաղատացիներուն գրած իր նամակին 5–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս մարմնի գործերը կը հակադրէ հոգիին պտուղներուն հետ։ (Գաղատացիս 5։19-23) Քանի որ երկայնմտութիւնը Եհովայի բարեմասնութիւններէն մէկն է, այս յատկութիւնը իրմէ ծագում կ’առնէ եւ իր հոգիին պտուղներէն մէկն է։ (Ելից 34։6, 7) Արդարեւ, երկայնմտութիւնը չորրորդ տեղը կը գրաւէ Պօղոսի թուած հոգիին այլազան պտուղներուն ցանկին մէջ, որ է՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, . . . քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ուստի, երբ Աստուծոյ ծառաները աստուածային համբերութիւն՝ կամ երկայնմտութիւն՝ կը յայտնաբերեն, ասիկա սուրբ հոգիին ներգործութեան ներքեւ կ’ընեն։

8. Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ հոգիին պտուղները մշակենք, մէջը ըլլալով երկայնմտութիւնը։

8 Սակայն ասիկա չի նշանակեր որ Եհովա իր հոգին կը պարտադրէ մեր վրայ։ Սիրայօժարօրէն պէտք է ենթարկուինք անոր ազդեցութեան։ (Բ. Կորնթացիս 3։17. Եփեսացիս 4։30) Երբ մեր ըրած ամէն բանին մէջ սուրբ հոգիին պտուղները մշակենք, թոյլ կու տանք որ անիկա մեր կեանքին մէջ ներգործէ։ Մարմնին գործերը եւ հոգիին պտուղները թուելէ ետք, Պօղոս աւելցուց. «Եթէ Հոգիով կ’ապրինք, Հոգիին համեմատ ալ ընթանանք։ Չխաբուիք. Աստուած չի ծաղրուիր. մարդս ինչ որ սերմանէ՝ նոյնն ալ կը հնձէ. ով որ կը սերմանէ իր մարմնին համար՝ այդ մարմինէն ալ պիտի հնձէ ապականութիւն. իսկ ով որ կը սերմանէ Հոգիին համար՝ այդ Հոգիէն ալ պիտի հնձէ յաւիտենական կեանք»։ (Գաղատացիս 5։25. 6։7, 8, Երուսաղէմ) Եթէ երկայնմտութիւն մշակելու մէջ կ’ուզենք յաջողիլ, սուրբ հոգիին միջոցաւ Քրիստոնեաներուն մէջ արտադրուած մնացեալ պտուղներն ալ պէտք է մշակենք։

«Սէրը Երկայնամիտ Է»

9. Հաւանաբար Պօղոս ինչո՞ւ ըսաւ Կորնթացիներուն թէ «սէրը երկայնամիտ է»։

9 Պօղոս ցոյց տուաւ որ մասնաւոր յարակցութիւն մը կայ սիրոյ եւ երկայնմտութեան մէջ, երբ ըսաւ՝ «Սէրը երկայնամիտ է»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) Աստուածաշունչի ուսումնական մը, Ալպերթ Պարնզ, այն կարծիքին է թէ Պօղոս ասիկա շեշտեց, նկատի ունենալով Կորնթոսի քրիստոնէական ժողովքին մէջ գոյութիւն ունեցող վէճերն ու կռիւները։ (Ա. Կորնթացիս 1։11, 12) Պարնզ կը նշէ. «Հոս գործածուած [երկայնամիտ] բառը՝ շտապելու, ցասկոտ արտայայտութիւններու ու խորհուրդներու, եւ բարկութեան հակառակ է։ Անիկա կը նշէ մտավիճակի մը, որ ԵՐԿԱՐ ԿԸ ՀԱՆԴՈՒՐԺԷ հակառակութեան ու գրգռումի դիմաց»։ Սէրը եւ երկայնմտութիւնը տակաւին մեծապէս կը նպաստեն քրիստոնէական ժողովքին խաղաղութեան։

10. (ա) Սէրը ի՞նչ կերպով մեզի կ’օգնէ որ երկայնամիտ ըլլանք, եւ Պօղոս առաքեալ ի՞նչ խրատ կու տայ այս ուղղութեամբ։ (բ) Աստուածաշունչի ուսումնական մը ի՞նչ մեկնաբանութիւն կ’ընէ Աստուծոյ երկայնմտութեան եւ քաղցրութեան մասին։ (Տես ստորանիշը։)

10 «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը . . . իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր»։ Ուստի, սէրը շատ կերպերով մեզի կ’օգնէ որ երկայնամիտ ըլլանք։ * (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5) Սէրը մեզի կ’օգնէ որ համբերութեամբ իրարու ներենք եւ յիշենք որ բոլորս ալ անկատար ենք եւ սխալներ ու թերութիւններ ունինք։ Անիկա մեզի կ’օգնէ որ նկատառու եւ ներող ըլլանք։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը քաջալերէ որ քալենք «լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, երկայնմտութեամբ, սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալով. ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել»։—Եփեսացիս 4։1-3

11. Ինչո՞ւ մասնաւորաբար կարեւոր է երկայնամիտ ըլլալ քրիստոնէական հաւաքականութիւններու մէջ։

11 Իրենց անդամներուն ցուցաբերած երկայնմտութիւնը խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը յառաջացնէ քրիստոնէական հաւաքականութիւններուն մէջ, անոնք ըլլան ժողովքներ, Պէթէլի տուներ, միսիոնարական տուներ, շինարարական խումբեր կամ քրիստոնէական դպրոցներ։ Անձնաւորութեան, ճաշակի, տան կրթութեան, քաղաքավարական չափանիշներու, նոյնիսկ առողջապահութեան նկատմամբ տարբեր տեսակէտներու պատճառաւ, երբեմն խնդիրներ կրնան ծագիլ։ Ընտանիքներու մէջ ալ պարագան նոյնն է։ Բարկութեան մէջ դանդաղ ըլլալը կենսական է։ (Առակաց 14։29. 15։18. 19։11) Երկայնմտութիւնը՝ համբերութեամբ բարելաւում ակնկալելը՝ բոլորիս համար անհրաժեշտութիւն մըն է։—Հռովմայեցիս 15։1-6

Երկայնմտութիւնը կ’Օգնէ որ Համբերենք

12. Դժուար կացութիւններու մէջ երկայնմտութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։

12 Երկայնմտութիւնը կ’օգնէ որ համբերենք դժուար կացութիւններու, որոնք անվերջ կը թուին, կամ անմիջական լուծում չունին։ Բացման մէջ յիշուած Ռէժիսին պարագան այս էր։ Երկար տարիներ անոր կինը հակառակեցաւ Եհովայի ծառայելու իր ջանքերուն։ Բայց օր մը, ան արտասուալից աչքերով իր ամուսնոյն մօտեցաւ ու ըսաւ. «Գիտեմ որ ասիկա ճշմարտութիւնն է։ Ինծի օգնէ՛։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կ’ուզեմ»։ Ան վերջապէս մկրտուեցաւ որպէս Վկայ։ Ռէժիսը կ’ըսէ. «Ասիկա կը փաստէր որ Եհովա այդ տարիներու պայքարը, համբերութիւնը եւ ինքնազսպումը օրհնեց»։ Անոր երկայնմտութիւնը վարձատրուեցաւ։

13. Ի՞նչ բան օգնեց Պօղոսի որ համբերէ, իսկ իր օրինակը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ համբերենք։

13 Հ.Դ. առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ երկայնմտութեան ընտիր օրինակ մըն էր։ (Բ. Կորնթացիս 6։3-10. Ա. Տիմոթէոս 1։16) Իր կեանքի վերջաւորութեան, երբ իր երիտասարդ ընկերակիցին՝ Տիմոթէոսի՝ խրատ կու տար, Պօղոս նախազգուշացուց զինք թէ բոլոր Քրիստոնեաները հալածանք պիտի դիմագրաւէին։ Պօղոս իր անձնական օրինակը յիշեց եւ յանձնարարեց քրիստոնէական հիմնական յատկութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են համբերելու համար։ Ան գրեց. «Իսկ դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնմտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս, հալածանքներուս, չարչարանքներուս, որոնք ինծի պատահեցան Անտիոքի եւ Իկոնիոնի ու Լիւստրայի մէջ, գիտես թէ ի՛նչպէս հալածանքներու համբերեցի։ Եւ Տէրը ազատեց զիս այս ամենէն։ Եւ ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։10-12. Գործք 13։49-51. 14։18-21) Համբերելու համար, բոլորս ալ հաւատքի, սիրոյ եւ երկայնմտութեան պէտք ունինք։

Երկայնմտութիւն Հագնինք

14. Պօղոս՝ երկայնմտութեան նման աստուածային յատկութիւնները ի՞նչ բանի նմանցուց, եւ Կողոսացի Քրիստոնեաներուն ի՞նչ խրատ տուաւ։

14 Պօղոս առաքեալ երկայնմտութիւնը եւ ուրիշ բարեպաշտ յատկութիւնները նմանցուց հագուստի, զոր Քրիստոնեան պէտք է հագնի, «հին անձնաւորութիւնը» յատկորոշող սովորութիւնները իր վրայէն հանելէ ետք։ (Կողոսացիս 3։5-10, ՆԱ) Ան գրեց. «Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։—Կողոսացիս 3։12-14

15. Երբ Քրիստոնեաները երկայնմտութիւն եւ ուրիշ բարեպաշտ յատկութիւններ ‘հագնին’, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

15 Երբ ժողովքի մը անդամները ‘իրենց վրայ հագնին’ գութը, քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը եւ սէրը, անոնք կրնան խնդիրները լուծել եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ միակամօրէն յառաջանալ։ Մասնաւորաբար Քրիստոնեայ տեսուչները պէտք է երկայնամիտ ըլլան։ Երբեմն անոնք հարկ կը տեսնեն յանդիմանել Քրիստոնեայ մը, բայց ասիկա ընելու տարբեր կերպեր կան։ Պօղոս լաւագոյն կերպը բացատրեց, երբ Տիմոթէոսի կը գրէր. «Յանդիմանէ՛, սաստէ՛, յորդորէ՛ ամենայն երկայնմտութեամբ ու վարդապետութեամբ»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Այո, Եհովայի ոչխարներուն հետ միշտ երկայնմտութեամբ, յարգանքով եւ քնքշութեամբ պէտք է վարուիլ։—Մատթէոս 7։12. 11։28. Գործք 20։28, 29. Հռովմայեցիս 12։10

‘Ամենուն Հանդէպ Երկայնամիտ’

16. Երբ ‘ամենուն հանդէպ երկայնամիտ ըլլանք’, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

16 Մարդկութեան հանդէպ Եհովայի երկայնմտութիւնը՝ ‘ամենուն հանդէպ երկայնամիտ ըլլալու’ բարոյական պարտաւորութեան մը դիմաց կը դնէ մեզ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Ասիկա կը նշանակէ Վկայ չեղող ընտանիքի անդամներու, դրացիներու, գործակիցներու, եւ դասընկերներու հանդէպ համբերատար գտնուիլ։ Շատ մը կանխադատութիւններ յաղթահարուած են Վկաներու կողմէ, որոնք երբեմն երկար տարիներ գործին կամ դպրոցին մէջ իրենց ընկերներուն ծաղրանքներուն եւ հակառակութեան հանդուրժած են։ (Կողոսացիս 4։5, 6) Պետրոս առաքեալ գրեց. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը»։—Ա. Պետրոս 2։12

17. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի սէրը եւ երկայնմտութիւնը ընդօրինակել, եւ ասիկա ինչո՞ւ պէտք է ընենք։

17 Եհովայի երկայնմտութիւնը միլիոնաւոր մարդոց փրկութիւն պիտի նշանակէ։ (Բ. Պետրոս 3։9, 15) Եթէ Եհովայի սէրը եւ երկայնմտութիւնը ընդօրինակենք, համբերութեամբ պիտի շարունակենք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել եւ ուրիշներուն սորվեցնել որ Քրիստոսի Թագաւորութեան իշխանութեան ենթարկուին։ (Մատթէոս 28։18-20. Մարկոս 13։10) Եթէ քարոզելը դադրեցնենք, որպէս թէ Եհովայի երկայնմտութիւնը սահմանափակել փափաքած կ’ըլլանք եւ իր նպատակին կարեւորութիւն տուած չենք ըլլար, որ է՝ մարդիկը զղջումի առաջնորդել։—Հռովմայեցիս 2։4

18. Պօղոս Կողոսացիներուն համար ի՞նչ աղօթք մատուցանեց։

18 Փոքր Ասիոյ Կողոսա քաղաքի Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս գրեց. «Անոր համար մենք ալ, այն օրուընէ երբ լսեցինք, չենք դադրիր ձեզի համար աղօթելէ ու աղաչանքներ մատուցանելէ, որպէսզի լեցուիք անոր կամքին գիտութեամբը՝ ամենայն իմաստութեամբ եւ հոգեւոր հանճարով, ընթանալու համար Տիրոջ արժանի եւ ամէն բանի մէջ անոր հաճելի ձեւով, որպէսզի բոլոր բարի գործերու մէջ ըլլաք պտղաբեր եւ աճիք Աստուծոյ գիտութեամբ՝ զօրացած անոր բովանդակ զօրութեամբ, ըստ անոր փառքի զօրութեան՝ կատարեալ համբերութեամբ եւ կատարեալ ճշմարտութեամբ [«ուրախութեամբ», ՆԱ]»։—Կողոսացիս 1։9-11, Երուսաղէմ

19, 20. (ա) Մինչեւ հիմա Եհովայի երկայնամիտ գտնուիլը ի՞նչպէս կրնանք հաւատքի փորձութիւն չնկատել։ (բ) Երկայնամիտ ըլլալով ի՞նչ օգուտներ ձեռք պիտի ձգենք։

19 Եհովայի մինչեւ հիմա երկայնամիտ ու համբերատար գտնուիլը մեզի համար հաւատքի փորձութիւն մը պիտի չըլլայ, եթէ «լեցուի[ն]ք անոր կամքին գիտութեամբը», որ է թէ՝ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Մենք պիտի շարունակենք ‘բարի գործերու մէջ պտղաբեր ըլլալ’, մանաւանդ՝ «թագաւորութեան բարի լուր»ի քարոզչութեան մէջ։ (Մատթէոս 24։14, ՆԱ) Եթէ շարունակենք հաւատարմաբար ասիկա ընել, Եհովա մեզ ‘պիտի զօրացնէ բովանդակ զօրութեամբ’, մեզի օգնելով որ կարենանք ‘կատարեալ համբերութիւն եւ ուրախութիւն’ ունենալ։ Այսպէս ընելով, Եհովայի ‘արժանի կերպով պիտի ընթանանք’, եւ խաղաղութիւն պիտի ունենանք, գիտնալով որ ‘ամէն բանի մէջ զինք կը հաճեցնենք’։

20 Թող որ լիովին համոզուած ըլլանք, թէ Եհովայի երկայնմտութեան մէջ իմաստութիւն կայ։ Անիկա կը նպաստէ մեր փրկութեան եւ անոնց փրկութեան, որոնք մեր քարոզչութեան եւ ուսուցումին ականջ կու տան։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Հոգիին պտուղները մշակելը՝ սէրը, քաղցրութիւնը, բարութիւնը, հեզութիւնը եւ ժուժկալութիւնը՝ մեզի պիտի օգնէ որ ուրախութեամբ երկայնամիտ ըլլանք։ Մեր ընտանիքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ ժողովքին մէջ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ շատ աւելի խաղաղ յարաբերութիւն մը պիտի կարենանք ունենալ։ Երկայնմտութիւնը պիտի օգնէ որ մեր գործակիցներուն կամ դասընկերներուն հանդէպ ալ համբերատար գտնուինք։ Իսկ մեր երկայնմտութիւնը ուրիշ նպատակի մըն ալ պիտի ծառայէ, որ է՝ յանցագործները փրկել եւ երկայնամիտ Աստուածը՝ Եհովան փառաբանել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Մեկնաբանելով Պօղոսի խօսքը, թէ «սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է», Աստուածաշունչի ուսումնական Կորտըն Տ. Ֆի կը գրէ. «Պօղոսի աստուածաբանութեան մէջ անոնք [երկայնմտութիւնն ու քաղցրութիւնը] կը ներկայացնեն մարդկութեան հանդէպ աստուածային վերաբերմունքին երկու կողմերը (համեմատել՝ Հռովմ. 2։4)։ Մէկ կողմէ, ցոյց կը տրուի Աստուծոյ սիրալիր ինքնազսպումը՝ ըմբոստ մարդոց հանդէպ իր բարկութիւնը ետ պահելով. իսկ միւս կողմէ, իր քաղցրութիւնը, իր ողորմութեան հազարապատիկ արտայայտութիւններու մէջ կը տեսնուի։ Ուստի, Պօղոսի սիրոյ նկարագրութիւնը կը սկսի Աստուծոյ այս երկկողմանի նկարագրութեամբ, որ Քրիստոսի միջոցաւ ինքնազսպում եւ քաղցրութիւն ցոյց տուած է աստուածային դատավճիռին արժանի եղողներուն հանդէպ»։

Կրնա՞ք բացատրել

• Ի՞նչ կերպերով Քրիստոս երկայնմտութեան հոյակապ օրինակ մըն է։

• Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ երկայնմտութիւն մշակենք։

• Երկայնմտութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ ընտանիքներուն, քրիստոնէական հաւաքականութիւններուն եւ երէցներուն։

• Մեր երկայնամիտ ըլլալը ի՞նչպէս օգտակար պիտի ըլլայ մեզի եւ ուրիշներուն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Ծանր ճնշումի ներքեւ իսկ Յիսուս համբերատար էր իր աշակերտներուն հետ

[Նկար՝ էջ 16]

Քրիստոնեայ տեսուչներէն կը պահանջուի որ երկայնմտութեան լաւ օրինակ հանդիսանան, եղբայրներուն հետ իրենց վերաբերմունքին մէջ

[Նկար՝ էջ 17]

Եթէ Եհովայի սէրը եւ երկայնմտութիւնը ընդօրինակենք, պիտի շարունակենք բարի լուրը քարոզել

[Նկար՝ էջ 18]

Պօղոս աղօթեց որ Քրիստոնեաները ‘ուրախութեամբ երկայնամիտ ըլլան’