Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճոխ կեանք մը՝ Եհովայի ծառայութեան մէջ

Ճոխ կեանք մը՝ Եհովայի ծառայութեան մէջ

Կենսագրութիւն

Ճոխ կեանք մը՝ Եհովայի ծառայութեան մէջ

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՌԱՍԸԼ ԳԸՐԶԸՆ–Ի ԿՈՂՄԷ

Ծնած եմ 22 Սեպտեմբեր 1907–ին, եօթը տարի առաջ այն յատկանշական դարաշրջանէն, որ սկսաւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմով։ Մեր ընտանիքը շա՛տ կարեւոր կերպով հարուստ էր։ Մեր պատմութեան կարգ մը մանրամասնութիւնները լսելէ ետք, կը խորհիմ որ հետս պիտի համաձայնիք։

ԵՐԲ տակաւին աղջնակ մըն էր, հօրս մայրը արդէն իսկ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը կը փնտռէր։ Պատանեկութեան տարիքի չհասած, ան կարգ մը եկեղեցիներ այցելած էր, իր տեսարժան ծննդավայրին՝ Սփիցի մէջ, Զուիցերիա։ 1887–ին, իր ամուսնութենէն քանի մը տարի ետք, Գըրզըն ընտանիքը Միացեալ Նահանգներ գաղթեց։

Ընտանիքը հաստատուեցաւ Օհայոյի մէջ, ուր շուրջ 1900–ին, մեծ մայրս իր փնտռած գանձը գտաւ։ Անիկա գտնուեցաւ Չարլզ Թէյզ Ռասըլի Ժամանակը Մօտեցած Է խորագրով գրքին էջերուն մէջ, Գերմաներէն լեզուով։ Ան շուտով ըմբռնեց թէ իր կարդացածը Աստուածաշունչի ճշմարտութեան լոյսը կը բովանդակէր։ Թէեւ մեծ մայրս դժուարութեամբ կը կարդար Անգլերէնը, սակայն, Անգլերէն լեզուով Դիտարան պարբերաթերթին բաժանորդագրուեցաւ։ Այս կերպով ան Աստուածաշունչի յաւելեալ ճշմարտութիւններ սորվեցաւ, եւ միեւնոյն ատեն ալ՝ Անգլերէն լեզուն։ Մեծ հայրս հոգեւոր բաներու հանդէպ երբեք իր կնոջ ունեցած հետաքրքրութիւնը չունէր։

Մեծ մօրս 11 զաւակներէն երկու տղաներ՝ Ճոնը եւ Ատոլֆը, իր գտած հոգեւոր գանձը արժեւորեցին։ Ճոնը հայրս էր, եւ մկրտուեցաւ 1904–ին, Սէնթ Լուիսի մէջ (Միսուրի), Աստուածաշունչի Աշակերտներու համաժողովին, ինչպէս Եհովայի Վկաները կը ճանչցուէին այն ատեն։ Քանի որ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն մեծամասնութիւնը համեստ եկամուտի տէր անհատներ էին, համաժողովի թուականը որոշուած էր ճիշդ այն ատեն, երբ Սէնթ Լուիսի մէջ Համաշխարհային Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենար, այնպէս որ անոնք պիտի կարենային աժան գինով շոգեկառքի տոմսակներ գնել։ Հետագային, 1907–ին, հօրեղբայրս՝ Ատոլֆը մկրտուեցաւ համաժողովի մը մէջ, որ տեղի ունեցաւ Նիակարա Ֆոլզի մէջ, Նիւ Եորք։ Հայրս ու հօրեղբայրս եռանդունօրէն քարոզեցին Աստուածաշունչէն իրենց սորված բաները, եւ երկուքն ալ ի վերջոյ լիաժամ քարոզիչներ (կամ՝ ռահվիրաներ) դարձան։

Հետեւաբար, երբ ես ծնայ 1907–ին, ընտանիքս արդէն իսկ՝ այլաբանօրէն խօսելով՝ հարուստ էր։ (Առակաց 10։22) 1908–ին, տակաւին մանկիկ մըն էի, երբ ծնողքս՝ Ճոնը եւ Իտան, զիս տարին «Դէպի Յաղթանակ» խորագրով համաժողովին, Փութնպէյի մէջ, Օհայօ։ Հոն Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ՝ այն ատեն ճամբորդող քարոզիչ մը՝ համաժողովին ատենապետն էր։ Քանի մը շաբաթ առաջ, ան Տալթըն (Օհայօ) գացած էր, ուր մեր տունը այցելած եւ տեղական Աստուածաշունչի Աշակերտներուն դասախօսութիւններ տուած էր։

Անշուշտ, անձնապէս չեմ յիշեր այդ դէպքերը, սակայն, լաւ կը յիշեմ 1911–ին Մաունթըն Լէյք Փարքին մէջ (Մէրիլէնտ) տեղի ունեցած համաժողովը։ Այդ ժամանակ պզտիկ քոյրս՝ Եսթերը ու ես, Չարլզ Թէյզ Ռասըլին հանդիպեցանք, որ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համաշխարհային քարոզչութեան գործին վերատեսչութիւն կ’ընէր։

28 Յունիս 1914–ին, այն օրը երբ աշխարհ պատերազմի մէջ մխրճուեցաւ, Սարայէվոյի մէջ Արքիդուքս Ֆերտինանտի եւ իր կնոջ սպանութեամբ, ընտանիքիս հետ խաղաղ համաժողովի մը ներկայ գտնուեցայ Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ։ Այս սկիզբի տարիներէն ի վեր, Եհովայի ժողովուրդին բազմաթիւ համաժողովներուն ներկայ գտնուելու առանձնաշնորհումը ունեցած եմ։ Անոնցմէ ոմանք շուրջ հարիւր անհատներէ բաղկացած էին, մինչ ուրիշներ՝ մեծ բազմութիւններէ, աշխարհի մեծագոյն լսարաններէն ոմանց մէջ։

Մեր Տունը՝ Կեդրոնավայր մը

Շուրջ 1908–էն մինչեւ 1918, Աստուածաշունչի Աշակերտներու պզտիկ ժողովքի մը ժողովներուն վայրը մեր տունն էր՝ Տալթընի մէջ, որ Փէնսիլվանիոյ Փիթցպըրկէն եւ Օհայոյի Քլիվլէնտէն նոյն հեռաւորութիւնը ունէր։ Մեր տունը շատ մը ճամբորդող դասախօսներու համար հիւրասիրութեան կեդրոն մը դարձաւ։ Անոնք իրենց ձիերը եւ քառանիւ կառքերը մեր մարագին ետեւը կը կապէին, եւ ժողվուած բազմութեան ոգեւորիչ փորձառութիւններ եւ այլ հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը պատմէին։ Ի՜նչ քաջալերական ժամանակներ էին։

Հայրս ուսուցիչ մըն էր, սակայն, իր սիրտը ուսուցումի մեծագոյն գործին՝ քրիստոնէական քարոզչութեան՝ մէջ դրած էր։ Ան իր ընտանիքին սորվեցուց Եհովայի մասին, եւ ամէն իրիկուն միասնաբար որպէս ընտանիք կ’աղօթէինք։ 1919–ի գարնան, հայրս մեր ձին ու քառանիւ կառքը ծախեց, եւ 175 տոլարով գնեց 1914 տիպի Ֆորտ մը, որպէսզի քարոզչութեան մէջ աւելի շատ մարդոց հասնէր։ 1919–ին եւ 1922–ին, այդ ինքնաշարժով ընտանեօք գացինք Աստուածաշունչի Աշակերտներու ուշագրաւ համաժողովներուն՝ Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ։

Մեր ամբողջ ընտանիքը՝ մայրս, հայրս, Եսթերը, կրտսեր եղբայրս Ճոնը, եւ ես, հանրային քարոզչական գործունէութեան մէջ բաժին բերինք։ Շատ լաւ կը յիշեմ այն առաջին անգամը, երբ տանտէր մը Աստուածաշունչէն հարցում մը հարցուց ինծի։ Շուրջ եօթը տարեկան էի։ «Փոքրի՛կ, ի՞նչ է Արմագեդոնը», հարցուց մարդը։ Քիչ մը հօրս օգնութեամբ, կրցայ Աստուածաշունչի պատասխանը տալ անոր։

Լիաժամ Ծառայութեան Ձեռնարկել

1931–ին, ընտանիքս ներկայ գտնուեցաւ Գոլըմպըսի մէջ (Օհայօ) տեղի ունեցող համաժողովին, ուր մեծապէս հրճուեցանք ընդունելով մեր նոր անունը՝ Եհովայի Վկաներ։ Ճոնը ա՛յնքան ոգեւորուեցաւ որ որոշեց թէ ես եւ ինքը ռահվիրայական գործին պէտք է ձեռնարկենք։ * Այդպէս ալ ըրինք. եւ նոյն քայլը առին մայրս, հայրս ու Եսթերը։ Ի՜նչ գանձ մը ունէինք. ընտանիք մը որ միացած էր Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու ուրախ գործին մէջ։ Երբեք չեմ դադրիր Եհովայի շնորհապարտ ըլլալու այս թանկարժէք պարգեւին համար։ Թէեւ շատ ուրախ էինք, սակայն, յաւելեալ ուրախութիւններ կը սպասէին մեզի։

Փետրուար 1934–ին, սկսայ ծառայել Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին մէջ (որ կը կոչուի Պէթէլ), Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք։ Ճոնը ինծի միացաւ քանի մը շաբաթ ետք։ Սենեկակիցներ էինք մինչեւ որ ամուսնացաւ իր սիրելի կնոջ Ճէսսիին հետ, 1953–ին։

Ես ու Ճոնը Պէթէլ մեկնելէն ետք, մեր ծնողքը Միացեալ Նահանգներու զանազան մասերու մէջ ռահվիրայական նշանակումներ ընդունեցին, իսկ Եսթերը ու իր ամուսինը՝ Ճորճ Րիյտը, անոնց ընկերակցեցան։ Մեր ծնողքը շարունակեցին ռահվիրայութիւն ընել մինչեւ որ իրենց երկրային ընթացքը աւարտեցին 1963–ին։ Եսթերը եւ իր ամուսինը հոյակապ ընտանիք մը մեծցուցին, եւ ուրախ եմ ունենալով շատ սիրելի զարմիկներ ու զարմուհիներ։

Պէթէլի Մէջ Աշխատանք եւ Ընկերակցութիւն

Ճոնը իր արուեստագիտական հմտութիւնները ի գործ դրաւ Պէթէլի մէջ եւ աշխատեցաւ այլ Պէթէլականներու հետ՝ դիւրատար ֆոնոկրաֆներ արտադրելու նման ծրագիրներու վրայ։ Հազարաւոր Եհովայի Վկաներ զանոնք գործածեցին իրենց տունէ տուն ծառայութեան մէջ։ Ճոնը նաեւ բաժին բերաւ բաժանորդագրուող անհատներու ղրկուելիք պարբերաթերթերը ծրարելու եւ պիտակաւորելու մեքենաներ ծրագրելու եւ շինելու մէջ։

Պէթէլի մէջ ծառայութիւնս սկսայ գրքակազմութեան բաժնին մէջ։ Այդ ժամանակ գործարանին մէջ այլ երիտասարդներ կային, որոնք տակաւին հաւատարմութեամբ կը ծառայեն Պէթէլի մէջ։ Անոնց մէջ կան՝ Գէրի Պարպըրը եւ Ռապըրթ Հացֆէլտը։ Ուրիշներ ալ խանդաղատանքով կը յիշեմ, որոնք այժմ մահացած են. Նաթան Նոր, Գարլ Գլայն, Լայմըն Սուինկըլ, Գլաուս Ճէնսըն, Կրանդ Սութըր, Ճորճ Կանկըս, Օրըն Հիպըրտ, Ճոն Սիորաս, Ռապըրթ Փէյն, Չարլզ Ֆէքըլ, Պէնօ Պուրչիք, եւ Ճոն Փէրի։ Անոնք իրենց նշանակումին կառչեցան տարուէ տարի, երբեք չգանգատելով կամ «պաշտօնի բարձրացում» չակնկալելով։ Այս հաւատարիմ, հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներէն ոմանց, աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ տրուեցան մինչ կազմակերպութիւնը կ’աճէր։ Ոմանք նոյնիսկ ծառայեցին որպէս Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի անդամներ։

Այս անձնուրաց եղբայրներուն հետ ծառայելը, կարեւոր դաս մը սորվեցուց ինծի։ Աշխարհային գործերու մէջ, գործաւորները իրենց աշխատանքին համար ամսավճար կը ստանան։ Ասիկա անոնց վարձատրութիւնն է։ Պէթէլի մէջ ծառայելը ճոխ հոգեւոր օրհնութիւններ կը բերէ, եւ միայն հոգեւոր տղամարդիկն ու կիներն են որ կ’արժեւորեն այսպիսի վարձատրութիւններ։—Ա. Կորնթացիս 2։6-16

Նաթան Նոր, որ 1923–ին Պէթէլ եկած էր որպէս պատանի մը, 1930–ական թուականներուն գործարանին տեսուչն էր։ Ան ամէն օր գործարան կու գար եւ իւրաքանչիւր աշխատողի բարեւ կու տար։ Անոնք որոնք Պէթէլի մէջ ինծի պէս նորեկներ էին, կը գնահատէին ցուցաբերուած այս անձնական հետաքրքրութիւնը։ 1936–ին, Գերմանիայէն նոր տպագրամեքենայ մը ստացանք, եւ երիտասարդ եղբայրներէն ոմանք զայն կազմելու մէջ դժուարութիւն ունեցան։ Ուստի Եղբայր Նոր արտազգեստ մը հագաւ եւ անոնց հետ շուրջ ամիս մը աշխատեցաւ, մինչեւ որ մեքենան սկսաւ գործել։

Եղբայր Նոր ա՛յնքան ծանր աշխատող մըն էր որ մեզմէ շատեր չէին կրնար իրեն հետ քայլ պահել։ Սակայն, ան նաեւ գիտէր ի՛նչպէս զբօսանքի համար ժամանակ տրամադրել։ Յունուար 1942–ին, Եհովայի Վկաներու համաշխարհային քարոզչութեան գործունէութեան վերատեսչութիւնը յանձն առնելէ ետք, ան երբեմն պէյսպօլ կը խաղար Պէթէլի ընտանիքի անդամներուն եւ Գաղաադու միսիոնարական դպրոցի աշակերտներուն հետ, բակի մը մէջ՝ Սաութհ Լէնսինկի մօտ, Նիւ Եորք։

Ապրիլ 1950–ին, Պէթէլի ընտանիքը փոխադրուեցաւ նորակառոյց տասը յարկանի մեր բնակարանը, որ կը գտնուի 124 Գոլոմպիա Հայթց, Պրուքլին, Նիւ Եորքի մէջ։ Նոր ճաշասրահը թոյլ կու տար որ բոլորս ալ միասնաբար նստինք ու մեր ճաշը ուտենք։ Շուրջ երեք տարուան ընթացքին, երբ այս շէնքը կը շինուէր, չկրցանք առաւօտեան պաշտամունքի մեր յայտագիրը ունենալ։ Ի՜նչ ուրախ ժամանակ մըն էր, երբ այդ յայտագիրը վերսկսուեցաւ։ Եղբայր Նոր զիս նշանակեց որ իր հետ ատենապետի սեղանին վրայ նստիմ, որպէսզի իրեն յիշեցնեմ մեր ընտանիքի նոր անդամներուն անունները։ Մօտ 50 տարի նոյն աթոռին վրայ նստայ առաւօտեան պաշտամունքի եւ նախաճաշի համար։ Ապա, 4 Օգոստոս 2000–ին, այդ ճաշասրահը փակուեցաւ, եւ ես նշանակուեցայ նախկին Թաուըրզ Հօթէլ–ին վերանորոգուած ճաշասրահներէն մէկուն մէջ։

1950–ական թուականներուն, որոշ ժամանակ մը աշխատեցայ գործարանին մէջ, տողաշար մեքենայի մը վրայ, պատրաստելով տպատառերով տողեր, զորս իրարու քով հաւաքելով էջեր կը կազմէինք, որպէս տպագրական մետաղեայ տախտակներ շինելու գործընթացին մէկ մասը։ Ասիկա նախասիրած մէկ գործս չէր, սակայն, մեքենաներու պատասխանատուն՝ Ուիլիըմ Փիթըրսըն, ա՛յնքան ազնուօրէն վարուեցաւ հետս, որ հոն հաճելի ժամանակ անցուցի։ Ապա, 1960–ին, 107 Գոլոմպիա Հայթցի մէջ նորակառոյց շէնքը ներկելու համար կամաւորներու կարիքը կար։ Ուրախութեամբ ինքզինքս մատչելի դարձուցի, որպէսզի այս նոր բնակարանը մեր աճող Պէթէլի ընտանիքին համար պատրաստելու մէջ բաժին բերեմ։

Շէնքը ներկելը ամբողջացնելէ քիչ ետք, ուրախ անակնկալի մը առջեւ գտնուեցայ. Պէթէլի այցելուներուն բարի գալուստ մաղթելու նշանակումը տրուեցաւ ինծի։ Անցեալ 40 տարիները, որոնց ընթացքին որպէս հիւրընկալ ծառայեցի, հոյակապ տարիներ էին։ Պէթէլի դռներէն ներս մտնողները ըլլային այցելուներ թէ Պէթէլի ընտանիքին նոր անդամներ, Թագաւորութեան շահերուն յաւելման ի նպաստ տարած մեր հաւաքական ջանքերուն արդիւնքներուն մասին խոկալը ուրախութիւն կը պատճառէր։

Աստուածաշունչի Ժրաջան Աշակերտներ

Մեր Պէթէլի ընտանիքը հոգեւորապէս բարգաւաճ է, քանի որ անոր անդամները Աստուածաշունչը կը սիրեն։ Երբ առաջին անգամ Պէթէլ եկայ, որպէս սրբագրիչ աշխատող Էմա Հէմիլթընի հարցուցի թէ Աստուածաշունչը քանի՛ անգամ կարդացած է։ «Երեսունհինգ անգամ», պատասխանեց ան, «ապա սկսայ չհաշուել»։ Էնթըն Գոէրպըր, միեւնոյն ժամանակաշրջանին մէջ Պէթէլի մէջ ծառայած քաջարի Քրիստոնեայ մը, յաճախ կ’ըսէր. «Աստուածաշունչը միշտ ձեռքի տակ ունեցէք»։

1916–ին, Եղբայր Ռասըլի մահուընէ ետք, Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ անոր կրած կազմակերպչական պատասխանատուութիւնները ստանձնեց։ Ռատըրֆորտ ազդեցիկ եւ հմուտ հանրային դասախօս մըն էր, եւ որպէս փաստաբան՝ Միացեալ Նահանգներու Բարձրագոյն Ատեանին առջեւ Եհովայի Վկաներու դատերը կը պաշտպանէր։ 1942–ին, Ռատըրֆորտի մահուընէ ետք, Եղբայր Նոր անոր տեղը անցաւ եւ որպէս հանրային դասախօս իր հմտութիւնը զարգացնելու համար ծանր աշխատեցաւ։ Քանի որ իր սենեակին մօտ կը բնակէի, յաճախ կը լսէի ինչպէս կրկին անգամ իր դասախօսութիւնները փորձ կ’ընէր։ Ժամանակի ընթացքին, այս ժրաջան ջանքերուն միջոցաւ, ան հմուտ դասախօս մը եղաւ։

Փետրուար 1942–ին, Եղբայր Նոր յայտագիր մը հաստատելու նպաստեց, Պէթէլի մէջ գտնուող բոլոր եղբայրներուն օգնելու որ սորվեցնելու եւ խօսելու իրենց կարողութիւնը բարելաւեն։ Դպրոցը կեդրոնացաւ Աստուածաշունչի հետազօտութիւններ ընելու եւ հանրային դասախօսութիւններ տալու վրայ։ Սկիզբը, իւրաքանչիւրս նշանակում ստացաւ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններուն մասին հակիրճ դասախօսութիւններ ներկայացնելու։ Առաջին դասախօսութիւնս Մովսէսի մասին էր։ 1943–ին, նման դպրոց մը սկսուեցաւ Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ, եւ անիկա մինչեւ օրս կը շարունակուի։ Պէթէլի մէջ տակաւին շեշտը կը դրուի Աստուածաշունչի գիտութիւն ձեռք ձգելու եւ ուսուցանելու ազդու մեթոտներ զարգացնելու վրայ։

Փետրուար 1943–ին, Գաղաադու միսիոնարական դպրոցին առաջին դասարանը սկսաւ։ Այժմ, Գաղաադու 111–րդ դասարանը շրջանաւարտ եղաւ։ Շուրջ 58 տարիներու ընթացքին, դպրոցը մարզում հայթայթած է աւելի քան 7,000 անհատներու, աշխարհի չորս կողմը որպէս միսիոնարներ ծառայելու համար։ Յատկանշականօրէն, երբ 1943–ին դպրոցը սկսաւ, համայն աշխարհի մէջ շուրջ 100,000 Եհովայի Վկաներ կային։ Ներկայիս, աւելի քան 6,000,000 հոգի Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն։

Երախտապարտ՝ Հոգեւոր Ժառանգութեանս Համար

Գաղաադու դպրոցը հաստատուելէն քիչ մը առաջ, Պէթէլէն ես եւ երկու հոգի նշանակուեցանք Միացեալ Նահանգներու ժողովքները այցելելու համար։ Կը մնայինք օր մը, քանի մը օր, կամ նոյնիսկ շաբաթ մը, ջանալով այս ժողովքները հոգեւորապէս զօրացնել։ Կը կոչուէինք եղբայրներուն ծառաները, իսկ հետագային անուանումը եղաւ՝ շրջանային ծառայ, կամ շրջանային տեսուչ։ Սակայն, Գաղաադու Դպրոցին բացումէն քիչ ետք, ինծմէ խնդրուեցաւ վերադառնալ եւ քանի մը դասընթացքներ դասաւանդել։ 2-5–րդ դասարաններուն համար որպէս կանոնաւոր ուսուցիչ ծառայեցի. նաեւ 14–րդ դասարանին դասաւանդեցի՝ կանոնաւոր ուսուցիչներէն մէկը փոխարինելով։ Քանի որ կարող էի աշակերտներուն հետ վերաքաղ ընել Եհովայի կազմակերպութեան արդի պատմութեան սկզբնական աչքառու դէպքերը, որոնցմէ շատերը անձնական փորձառութենէս կրնայի պատմել, ասիկա ձգեց որ ա՛լ աւելի գնահատեմ հոգեւոր ճոխ ժառանգութիւնս։

Տարիներու ընթացքին, Եհովայի ժողովուրդին միջազգային համաժողովներուն ներկայ գտնուելու առանձնաշնորհումն ալ վայելած եմ։ 1963–ին, աւելի քան 500 պատուիրակներու հետ աշխարհի չորս կողմը ճամբորդեցի՝ «Յաւիտենական Բարի Լուր» խորագրով նահանգային համաժողովներուն ներկայ գտնուելու համար։ Յատկանշական այլ համաժողովներու ալ ներկայ գտնուած եմ, ինչպէս՝ Վարշաւիոյ մէջ, Լեհաստան, 1989–ին. Պերլինի մէջ, Գերմանիա, 1990–ին. եւ Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստան, 1993–ին։ Իւրաքանչիւր համաժողովին, պատեհութիւնը ունեցայ ծանօթանալու մեր սիրելի եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանց, որոնք Նացի վարչաձեւին, Համայնավար վարչաձեւին եւ կամ երկուքին ներքեւ տասնեակ տարիներ հալածանքի տոկացած են։

Եհովայի ծառայութեան մէջ անցուցած կեանքս արդարեւ ճոխ եղած է։ Հոգեւոր օրհնութիւնները երբեք չեն վերջանար։ Եւ նիւթական հարստութեան հակառակը, այս թանկարժէք բաները ո՛րքան աւելի բաժնենք, ա՛յնքան մեր հարստութիւնը կ’աւելնայ։ Երբեմն ոմանք կ’ըսեն թէ երանի՜ որպէս Եհովայի Վկայ մը մեծցած չըլլային։ Անոնք կ’ըսեն թէ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ա՛լ աւելի պիտի գնահատէին, եթէ նախ Աստուծոյ կազմակերպութենէն դուրս կեանքը փորձէին։

Միշտ նեղութիւն կը զգամ, երբ երիտասարդներէն այսպիսի բաներ լսեմ, քանի որ անոնք իրապէս ըսել կ’ուզեն թէ աւելի լաւ է մեծնալ առանց Եհովայի ճամբաներուն մասին գիտութիւն ունենալու։ Սակայն, պահ մը խորհեցէք այն գէշ սովորութիւններուն եւ ապականած մտածելակերպին մասին, որոնցմէ մարդիկ կը ստիպուին ձերբազատուիլ, երբ հետագային Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը գտնեն։ Միշտ խորապէս երախտապարտ եղած եմ որ ծնողքս իրենց երեք զաւակները արդարութեան ճամբուն մէջ մեծցուցին։ Ճոնը հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայեց մինչեւ իր մահը՝ Յուլիս 1980–ին, իսկ Եսթերը մինչեւ օրս հաւատարիմ Վկայ մըն է։

Խանդաղատանքով յետադարձ ակնարկ մը կը նետեմ այն բազմաթիւ ընտիր բարեկամութիւններուն վրայ, զորս վայելած եմ հաւատարիմ Քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ։ Այժմ, աւելի քան 67 հոյակապ տարիներ անցուցած եմ Պէթէլի մէջ։ Թէեւ երբեք չամուսնացայ, սակայն, բազմաթիւ հոգեւոր տղաքներ ու աղջիկներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր թոռներ ունիմ։ Եւ կ’ուրախանամ երբ կը խորհիմ մեր համաշխարհային հոգեւոր ընտանիքին այն բոլոր սիրելի նոր անդամներուն մասին, որոնց տակաւին պիտի ծանօթանամ. իւրաքանչիւրը թանկագին է։ Որքա՜ն շիտակ է այս խօսքը. «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ»։—Առակաց 10։22

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 16 Մկրտուեցայ 8 Մարտ 1932–ին, ռահվիրայ ըլլալու որոշումս տալէն ետք։

[Նկար՝ էջ 20]

Ձախէն՝ աջ. եղբայրս Ճոնը հօրս գրկին մէջ, Եսթերը, ես, եւ մայրս

[Նկարներ՝ էջ 23]

Գաղաադու դասարանի մը կը դասաւանդեմ՝ 1945–ին

Վերը աջին. Գաղաադու Դպրոցի ուսուցիչներ՝ Էտուարտօ Քէլըր, Ֆրէտ Ֆրանզ, ես, եւ Ալպերթ Շրոտըր

[Նկար՝ էջ 24]

Եհովայի ծառայութեան մէջ անցուցած ճոխ կեանքիս վրայ կը մտածեմ