Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ»

«Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ»

«Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ»

ԲՈԼՈՐՍ ալ կ’ուզենք օրհնուիլ։ Օրհնութիւնը՝ ուրախութիւն, բարօրութիւն կամ առատութիւն կը յառաջացնէ։ Քանի որ Եհովա է «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողը, ուրեմն ամէն իրական ու մնայուն օրհնութիւն կը բխի մեր սիրալիր Ստեղծիչէն։ (Յակոբու 1։17) Ան օրհնութիւններ կը տեղացնէ ամբողջ մարդկութեան, նոյնիսկ զինք չճանչցողներուն վրայ։ Յիսուս իր Հօրը մասին ըսաւ. «Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ»։ (Մատթէոս 5։45) Սակայն, Եհովա մասնայատուկ կերպով կը հետաքրքրուի անոնցմով, որոնք զինք կը սիրեն։—Բ. Օրինաց 28։1-14. Յոբայ 1։1. 42։12

Սաղմոսերգուն գրեց. «[Եհովան] բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն»։ (Սաղմոս 84։11) Այո, անոնք որ Եհովայի կը ծառայեն, ճոխ եւ իմաստալից կեանքեր ունին։ Անոնք գիտեն որ «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ. «[Եհովայի] օրհնածները պիտի ժառանգեն երկիրը»։ (Առակաց 10։22. Սաղմոս 37։22, 29) Ասիկա ի՜նչ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։

Եհովայի օրհնութիւնը ի՞նչպէս կրնանք ստանալ։ Ամէն բանէ առաջ, պէտք է իրեն հաճելի եղող յատկութիւններ մշակենք։ (Բ. Օրինաց 30։16, 19, 20. Միքիայ 6։8) Ասիկա կը տեսնենք վաղեմի ժամանակներուն Եհովայի երեք ծառաներու օրինակով։

Եհովա Իր Ծառաները կ’Օրհնէ

Նոյ Աստուծոյ ուշագրաւ մէկ ծառան էր։ Ծննդոց 6։8–ին մէջ կը կարդանք. «Նոյ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Նոյ հնազանդ էր։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց»։ Նոյ Եհովայի արդար սկզբունքները պահեց եւ անոր հրամաններուն հնազանդեցաւ։ Երբ աշխարհը բռնութեան եւ ապականութեան մէջ մխրճուած էր, Նոյ մղուեցաւ ‘Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ընել’։ (Ծննդոց 6։9, 22) Որպէս արդիւնք, Եհովա զինք առաջնորդեց որ ‘տապան մը շինէ իր տունը փրկելու համար’։ (Եբրայեցիս 11։7) Այս կերպով, Նոյ եւ իր ընտանիքը, եւ իրենց միջոցաւ մարդկային ցեղը, այդ սերունդին կործանումէն վերապրեցան։ Եւ Նոյ մեռաւ, յուսալով յարուցանուիլ դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարով։ Ան ի՜նչ ճոխ օրհնութիւններ ստացաւ։

Աբրահամ ալ Եհովան հաճեցնող յատկութիւններ ունէր։ Ասոնց մէջէն ամենէն յատկանշականը հաւատքն էր։ (Եբրայեցիս 11։8-10) Աբրահամ Ուրի ու ետքը Խառանի մէջ հանգստաւէտ կեանք մը իր ետին ձգեց, քանի որ Եհովայի խոստումին հանդէպ հաւատք ունէր, թէ իր սերունդը պիտի բազմանար եւ բոլոր ազգերուն օրհնութիւն մը պիտի ըլլար։ (Ծննդոց 12։2, 3) Երկար տարիներ փորձութիւններէ անցնելով հանդերձ, իր հաւատքը վարձատրուեցաւ, երբ իր որդին Իսահակը ծնաւ։ Անոր միջոցաւ, Աբրահամ Աստուծոյ ընտրեալ ազգին՝ Իսրայէլի, եւ Մեսիային նախահայրը եղաւ։ (Հռովմայեցիս 4։19-21) Ասկէ զատ, ան ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրն’ է, եւ «Աստուծոյ բարեկամ» կոչուեցաւ։ (Հռովմայեցիս 4։11. Յակոբու 2։23. Գաղատացիս 3։7, 29) Ի՜նչ իմաստալից կեանք մը ապրեցաւ ան, եւ ի՜նչ ճոխ օրհնութիւն ստացաւ։

Նկատի առէք նաեւ հաւատարիմ մարդը՝ Մովսէս։ Անոր ուշագրաւ յատկութիւններէն մէկը՝ հոգեւոր բաներու հանդէպ իր գնահատութիւնն էր։ Մովսէս Եգիպտոսի ամբողջ հարստութիւնը մերժեց եւ «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ (Եբրայեցիս 11։27) Մադիամի մէջ 40 տարի անցընելէ ետք, ան Եգիպտոս վերադարձաւ որպէս ծեր մարդ եւ խիզախօրէն այն ատենուան մեծագոյն ոյժին՝ Փարաւոնին՝ դէմ կանգնեցաւ, իր եղբայրներուն ազատագրութիւնը պահանջելով։ (Ելից 7։1-7) Ան տասը պատուհասները, Կարմիր Ծովուն բաժնուիլը եւ Փարաւոնի զօրքերուն կործանումը տեսաւ։ Եհովա զինք գործածեց Օրէնքը Իսրայէլի տալու եւ այս նորակազմ ազգին հետ Իր ուխտին միջնորդը ըլլալու համար։ 40 տարի, Մովսէս անապատին մէջ Իսրայէլ ազգը առաջնորդեց։ Անոր կեանքը իսկական նպատակ մը ունէր, եւ ան ծառայութեան բազմաթիւ օրհնութիւններ վայելեց։

Այժմու Օրհնութիւններ

Այս արձանագրութիւնները ցոյց կու տան թէ Աստուծոյ ծառայողներուն կեանքը իրապէս իմաստալից է։ Երբ Եհովայի ծառաները հնազանդութեան, հաւատքի եւ հոգեւոր բաներու հանդէպ գնահատութեան նման յատկութիւններ կը մշակեն, անոնք ճոխ կերպով կ’օրհնուին։

Մենք ի՞նչպէս օրհնուած ենք։ Մինչ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ հոգեւոր անօթութենէ կը տառապին, մենք կրնանք ‘Եհովայի բարիքներուն դիմել’։ (Երեմեայ 31։12) Յիսուս Քրիստոսի եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ, Եհովա ճոխ հոգեւոր սնունդ հայթայթած է, որ մեզի կ’օգնէ ‘դէպի կեանք տանող ճամբուն’ մէջ մնալու։ (Մատթէոս 7։13, 14. 24։45. Յովհաննու 17։3) Մեր քրիստոնէական եղբայրակցութեան հետ ընկերակցութիւնը ուրիշ ճոխ օրհնութիւն մըն է։ Ժողովներուն եւ այլ առիթներուն, սէր ցուցաբերող եւ «նոր անձնաւորութիւն»ը հագնելու անկեղծ ջանք թափող հաւատակիցներու հետ ըլլալը, մեծ ուրախութեան աղբիւր մըն է։ (Կողոսացիս 3։8-10, ՆԱ. Սաղմոս 133։1) Սակայն, մեր մեծագոյն օրհնութիւնը, Եհովա Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն մը ունենալու եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ շաւիղներուն հետեւելու թանկարժէք առանձնաշնորհումն է։—Հռովմայեցիս 5։1, 8, 9. Փիլիպպեցիս 3։8

Այսպիսի օրհնութիւններու վրայ խոկալով, կը գիտակցինք թէ Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութիւնը իրապէս որքա՜ն թանկարժէք է։ Թերեւս խորհինք Յիսուսի առակին մէջի վաճառական մարդուն մասին, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէր։ Յիսուս անոր մասին ըսաւ. «Պատուական մարգարիտ մը գտնելով, կ’երթայ իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ»։ (Մատթէոս 13։46) Վստահաբար, մենք ալ այս զգացումը ունինք, Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան, իրեն ծառայելու մեր առանձնաշնորհումին, մեր քրիստոնէական ընկերակցութեան, մեր քրիստոնէական յոյսին եւ մեր հաւատքին հետ առնչուող միւս բոլոր օրհնութիւններուն հանդէպ։ Մեր կեանքին մէջ ասոնցմէ աւելի արժէքաւոր բաներ չկան։

Եհովայի Հատուցանենք

Քանի որ Եհովան կը ճանչնանք որպէս ամէն բարի պարգեւ Տուողը, մեր սիրտը կը մղուի մեր ստացած օրհնութիւններուն համար երախտագիտութիւն արտայայտելու։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Կերպերէն մէկն է՝ ուրիշներուն օգնել որ այս նոյն օրհնութիւնները վայելեն։ (Մատթէոս 28։19) Ճիշդ ասիկա ընելու համար, աւելի քան 230 երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները զբաղած են իրենց դրացիներուն այցելելով։ Մինչ ասիկա կ’ընեն, անոնք իրենց սահմանափակ աղբիւրները կը տրամադրեն, ինչպէս՝ ժամանակը, կորովը եւ նիւթական ստացուածքները, ուրիշներուն օգնելու համար որ «ճշմարտութիւնը ճանչնան»։—Ա. Տիմոթէոս 2։4

Նկատի առէք ռահվիրաները, որոնք կ’ապրին Կլէնտէյլի մէջ, Քալիֆորնիա (Ա.Մ.Ն.)։ Ամէն Շաբաթ առաւօտ, անոնք պետական բանտ մը կ’այցելեն, երթուդարձի համար շուրջ 100 քիլոմեթր կտրելով։ Թէեւ բանտարկեալներուն հետ միայն քանի մը ժամ կրնան անցընել, սակայն անոնք չեն յուսահատիր։ Անոնցմէ մէկը կ’ըսէ. «Այս յատուկ թաղամասին մէջ ծառայելը մեծապէս վարձահատոյց է։ Շատ ուրախութեամբ կ’ընենք ասիկա։ Ա՛յնքան շատ հետաքրքրուած անհատներ ունինք, որ դժուար է բոլորին հոգ տանիլ։ Ներկայիս, հինգ անհատներու հետ կ’ուսումնասիրենք, իսկ ուրիշ չորս անհատներ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրած են»։

Նախանձախնդիր Քրիստոնեայ քարոզիչներ ուրախութեամբ իրենց ծառայութիւնները ձրիօրէն կը մատուցանեն, այս կենարար գործը կատարելու համար։ Անոնք Յիսուսի կեցուածքը կ’արտացոլացնեն, որ ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք»։ (Մատթէոս 10։8) Աշխարհի չորս կողմը միլիոնաւորներ նման անձնուէր ծառայութեան մը կը մասնակցին, եւ որպէս արդիւնք, պարկեշտ սիրտ ունեցող բազմաթիւ անհատներ կ’ընդառաջեն եւ աշակերտներ կը դառնան։ Միայն վերջին հինգ տարիներու ընթացքին, շուրջ 1.7 միլիոն անհատներ իրենց կեանքը Եհովայի նուիրած են։ Այս շարունակական ընդլայնումին հոգ տանիլը կը պահանջէ Աստուածաշունչեր եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններ արտադրել, ինչպէս նաեւ նոր Թագաւորութեան Սրահներ եւ ժողովի այլ վայրեր կառուցանել։ Այս կարիքները լեցնելու համար դրամը ուրկէ՞ կու գայ։ Ամբողջովին՝ յօժարակամ նուիրատուութիւններէ։

Աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական դժուար պայմաններուն պատճառաւ, շատեր իրենց ընտանիքին հիմնական կարիքները հայթայթելու համար կը պայքարին։ Նիու Սայէնթիսթ պարբերաթերթին համաձայն, մէկ միլիառ մարդ իրենց եկամուտին առնուազն 70 առ հարիւրը ուտելիքի համար կը ծախսեն։ Մեր Քրիստոնեայ եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր այս պայմաններուն ներքեւ կ’ապրին։ Առանց հաւատակիցներուն օգնութեան, անոնք նիւթական կարողութիւնը չունին քրիստոնէական գրականութիւններ կամ յարմար Թագաւորութեան Սրահներ ունենալու։

Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր թէ անոնք կը բաւարարուին թոյլ տալով որ ուրիշներ իրենց բեռը կրեն։ Սակայն, անոնք օգնութեան կարիքը ունին։ Երբ Մովսէս Իսրայելացիները կը քաջալերէր որ նիւթական նուիրատուութիւններ ընեն, իրենց վայելած օրհնութիւններուն համար կերպով մը Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնելու համար, ան ըսաւ. «Ամէն մէկը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէն եկածին չափ նուէր թող բերէ»։ (Բ. Օրինաց 16։17) Ուստի, երբ Յիսուս որբեւայրի մը տեսաւ, որ տաճարին մէջ «երկու լումայ ձգեց», անոր մասին գովասանքով խօսեցաւ իր աշակերտներուն։ Ան տուաւ որքան որ կրնար տալ։ (Ղուկաս 21։2, 3) Նմանապէս, չքաւոր Քրիստոնեաներ կ’ընեն այն ինչ որ կրնան ընել։ Եւ եթէ անիկա բաւարար չըլլայ, պակասը կը գոցուի նիւթական աւելի լաւ վիճակ ունեցող Քրիստոնեայ հաւատակիցներու նուիրատուութիւններով։—Բ. Կորնթացիս 8։13-15

Երբ Աստուծոյ կու տանք այս կերպերով, կարեւոր է որ շիտակ շարժառիթը ունենանք։ (Բ. Կորնթացիս 8։12) Պօղոս ըսաւ. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ (Բ. Կորնթացիս 9։7) Սիրայօժար կերպով տալով, թէ՛ այժմ տեղի ունեցող աստուածպետական ընդլայնումին թիկունք կը կանգնինք եւ թէ մեր ուրախութիւնը կ’աւելցնենք։—Գործք 20։35

Քարոզչութեան մասնակցիլը եւ սիրայօժար կերպով նուիրատուութիւններ ընելը երկու կերպեր են, որոնցմով կրնանք Եհովայի տալ, մեզի շնորհած իր օրհնութիւններուն փոխարէն։ Իսկ որքա՜ն քաջալերական է գիտնալ թէ Եհովա կը փափաքի իր օրհնութիւնը թափել աւելի մեծ թիւով անկեղծ անհատներու վրայ, որոնք ներկայիս զինք չեն ճանչնար։ (Բ. Պետրոս 3։9) Հետեւաբար, թող որ շարունակենք մեր աղբիւրները գործածել Աստուծոյ ծառայութեան մէջ, որպէսզի պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները գտնենք եւ անոնց օգնենք որ հնազանդութեան, հաւատքի եւ գնահատութեան նման յատկութիւններ մշակեն։ Այս կերպով, ուրախութիւնը պիտի ունենանք անոնց օգնելու որ ‘ճաշակեն ու տեսնեն թէ Եհովան բարի է’։—Սաղմոս 34։8

[Շրջանակ՝ էջ 28, 29]

Տալու կարգ մը կերպեր

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԵՐԿՐԱԾԱՒԱԼ ԳՈՐԾԻՆ ՀԱՄԱՐ

Շատեր գումար մը, կամ պիւտճէ մը, կը յատկացնեն, զոր կը դնեն նուիրատուութեան սնտուկին մէջ, որուն վրայ գրուած է. «Նուիրատուութիւններ՝ Երկրածաւալ Գործին Համար—Մատթէոս 24։14»։

Ամէն ամիս ժողովքները այս գումարները կը ղրկեն կա՛մ Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղին՝ Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք, կամ ալ՝ տեղւոյն մասնաճիւղը։ Դրամական կամաւոր նուիրատուութիւններ կրնան նաեւ ղրկուիլ ուղղակի Գանձապահին Գրասենեակը, Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania, 25 Columbia Heights, Brooklyn, New York 11201-2483, կամ ձեր երկրին ծառայող մասնաճիւղի գրասենեակը։ Կարելի է նաեւ գոհարեղէն կամ ուրիշ արժէքաւոր պիտոյքներ նուիրել։ Այս նուիրատուութիւններուն հետ հակիրճ նամակ մը պէտք է ղրկուի, հաստատելով թէ ասոնք ուղղակի նուէր են։

ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐ–ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Կարելի է դրամ նուիրել, այն պայմանաւ որ անձնական կարիքի պարագային անիկա պիտի վերադարձուի նուիրողին։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք դիմել Գանձապահին Գրասենեակը, վերոյիշեալ հասցէին։

ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ

Դրամական պարգեւներէն եւ պայմանաւոր–նուիրատուութիւններէն զատ, Թագաւորութեան երկրածաւալ ծառայութեան ի նպաստ եղած նուիրատուութեան ուրիշ կերպեր ալ կան։ Ասոնց շարքին են.

Ապահովագրութիւն. Դիտարանի Ընկերութիւնը կրնայ կեանքի ապահովագրութեան կամ հանգստաթոշակի ծրագրի մը նպաստընկալը ըլլալ։

Դրամատան Հաշիւներ. Դրամատան հաշիւներ, հաշուին դրուած վկայագիրներ, կամ անձնական հանգստաթոշակի հաշիւներ կրնան յանձնուիլ, կամ՝ անհատին մահուընէ ետք վճարելի ըլլալ Դիտարանի Ընկերութեան, դրամատան տեղւոյն պահանջներուն համաձայն։

Արժեթուղթեր եւ Պարտատոմսեր. Արժեթուղթեր ու պարտատոմսեր կրնան նուիրուիլ Դիտարանի Ընկերութեան, որպէս ուղղակի պարգեւ։

Կալուած. Ծախուելիք կալուածներ Դիտարանի Ընկերութեան կրնան նուիրուիլ, որպէս ուղղակի պարգեւ, կամ կարգադրութեամբ մը, որ նուիրատուն հոն կրնայ բնակիլ այնքան ատեն որ ողջ է։ Որեւէ կալուած կտակելէ առաջ, անպայման ձեր երկրին մէջ մասնաճիւղի գրասենեակին հետ կապ պահեցէք։

Տարեվճարի Նուէր. Տարեվճարի նուէրը կարգադրութիւն մըն է, որով անհատը դրամի կամ երաշխագիրի փոխանցում կը կատարէ Դիտարանի Ընկերութեան։ Անոր փոխարէն, նուիրողը, կամ՝ նուիրողին կողմէ որոշուած անհատները, ամէն տարի սահմանուած տարեվճար մը կը ստանայ, մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Նուիրողը կը ստանայ եկամուտի տուրքի նուազում այն տարին, երբ տարեվճարի նուէրը կը հաստատուի։

Կտակներ եւ Աւանդներ. Կալուած կամ դրամ կրնան կտակուիլ Դիտարանի Ընկերութեան, օրինականօրէն կատարուած կտակով մը, կամ՝ կարելի է Դիտարանի Ընկերութեան անունը դնել որպէս աւանդի համաձայնութենէ մը օգտուողը։ Կրօնական կազմակերպութեան մը տրուած աւանդը, տուրքերու կողմէ որոշ առաւելութիւններ կրնայ ունենալ։

Ինչպէս որ «բարեսիրական ծրագիրներ» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, այսպիսի նուիրատուութիւններ սովորաբար նուիրատուին կողմէ որոշ չափով ծրագրում կը պահանջեն։ Բարեսիրական ծրագիրներու միջոցաւ Եհովայի Վկաներու երկրածաւալ գործին օգտակար դառնալ փափաքող անհատներուն աջակցելու համար, Ընկերութիւնը Անգլերէն եւ Սպաներէն Լեզուներով գրքոյկ մը պատրաստած է, որու խորագիրն է՝ Բարեսիրական Ծրագիրներ՝ Թագաւորութեան Երկրածաւալ Ծառայութեան Ի Նպաստ։ Այս գրքոյկը գրուած է պարգեւներու, կտակներու եւ աւանդներու առնչութեամբ ստացուած բազմաթիւ հարցումներուն որպէս պատասխան։ Անիկա կալուածի, դրամի եւ տուրքի վերաբերեալ յաւելեալ օգտակար տեղեկութիւններ ալ կը բովանդակէ։ Անիկա պատրաստուած է օգնելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրողներուն, որոնք կը ծրագրեն մասնաւոր նուէր մը ընել հիմա, կամ իրենց մահուընէ ետք կտակ մը ձգել, որպէսզի անոնք իրենց ընտանեկան կամ անձնական պարագաներուն յարմարող լաւագոյն եւ ազդու կերպը ընտրեն։ Այս գրքոյկը կրնաք ձեռք ձգել, զայն ուղղակիօրէն խնդրելով Բարեսիրական Ծրագիրներու Գրասենեակէն։

Գրքոյկը կարդալէն ու Բարեսիրական Ծրագիրներու Գրասենեակին հետ խորհրդակցելէ ետք, շատեր կրցած են համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաներուն օգտակար դառնալ եւ միեւնոյն ժամանակ շահի տուրքը նուազեցնել։ Բարեսիրական Ծրագիրներու Գրասենեակը այս բոլորէն տեղեակ պէտք է ըլլայ եւ այս կարգադրութիւններուն հետ առնչուող որեւէ փաստաթուղթէ օրինակ մը ստանայ։ Բարեսիրական ծրագիրներու այս կարգադրութիւններէն որեւէ մէկով եթէ հետաքրքրուած էք, թղթակցութեամբ կամ հեռաձայնով կապ պէտք է պահէք Բարեսիրական Ծրագիրներու Գրասենեակին հետ, գործածելով ստորեւ տրուած հասցէն կամ՝ ձեր երկրին մէջ ծառայող Եհովայի Վկաներու գրասենեակի հասցէն։

CHARITABLE PLANNING OFFICE

Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania

100 Watchtower Drive,

Patterson, New York 12563-9204

Telephone։ (845) 306-0707