Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կեղծաւորութեան հետ ի՞նչպէս կը վարուիք

Կեղծաւորութեան հետ ի՞նչպէս կը վարուիք

Կեղծաւորութեան հետ ի՞նչպէս կը վարուիք

ԳԵԹՍԵՄԱՆԻ պարտէզին մէջ, Յուդա Իսկարիովտացին Յիսուսի մօտեցաւ եւ «համբուրեց զանիկա»։ Ասիկա ջերմ խանդաղատանք արտայայտող սովորութիւն մըն էր։ Սակայն, Յուդայի այս արարքը պարզապէս ձեւակերպութիւն մըն էր, գիշերով Յիսուսը ձերբակալելու եկող անհատներուն զինք բնորոշելու համար։ (Մատթէոս 26։48, 49) Յուդան կեղծաւոր մըն էր, անհատ մը՝ որ կը ձեւացնէ ըլլալ բան մը որ չէ, մէկը՝ որ իր չար շարժառիթները կը ծածկէ անկեղծութեան դիմակի մը ետին։ «Կեղծաւոր» թարգմանուած Յունարէն բառը կը նշանակէ «անհատ մը որ կը պատասխանէ», նաեւ կ’ակնարկէ բեմի դերասանի մը։ Ժամանակի ընթացքին, այս բառը սկսաւ գործածուիլ ոեւէ անհատի համար, որ ուրիշները խաբելու համար կը ձեւացնէ բան մը ըլլալ։

Ի՞նչպէս կը հակազդէք կեղծաւորութեան։ Օրինակ, կը բարկանա՞ք երբ տեսնէք ծխախոտի ընկերութիւններ ծխելը կը քաջալերեն, հակառակ բժշկական ապացոյցներու թէ իրենց արտադրութիւնը վնասակար է։ Կը զայրանա՞ք հոգատարներու կեղծաւորութենէն, որոնք իրենց հոգատարութեան յանձնուած անհատներուն հետ գէշ կերպով կը վարուին։ Վիրաւորուած կը զգա՞ք երբ ձեր անկեղծ կարծած մէկ բարեկամը, դաւաճան կ’ելլէ։ Կրօնական կեղծաւորութիւնը ի՞նչպէս կ’ազդէ ձեզի։

‘Վա՜յ Ձեզի, Կեղծաւորներ’

Նկատի առէք այն կրօնական մթնոլորտը որ կը տիրէր երբ Յիսուս երկրի վրայ էր։ Դպիրներն ու Փարիսեցիները կը ձեւացնէին Աստուծոյ Խօսքին հաւատարիմ ուսուցիչները ըլլալ, սակայն, իրականութեան մէջ, անոնք մարդոց միտքը մարդկային ուսուցումներով լեցուցած էին, որոնք ուշադրութիւնը Աստուծմէ կը հեռացնէին։ Դպիրներն ու Փարիսեցիները բծախնդրաբար օրէնքին տառը կը պնդէին, սակայն, զանց կ’ընէին սէր եւ կարեկցութիւն արտացոլացնող հիմնական սկզբունքները։ Հանրութեան առջեւ կը ձեւացնէին Աստուծոյ նուիրուած ըլլալ, սակայն, առանձնաբար չարութեամբ լեցուն էին։ Անոնց արարքները բնաւ ներդաշնակ չէին իրենց խօսքերուն հետ։ Անոնց արարքներուն նպատակն էր ‘մարդոց երեւնալ’։ Անոնք կը նմանէին «ծեփած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ’երեւնան, բայց ներսէն մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն կերպ պղծութիւնով լեցուն են»։ Յանդգնօրէն անոնց կեղծաւորութիւնը քօղազերծելով, Յիսուս կրկին անգամ անոնց ըսաւ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ»։—Մատթէոս 23։5, 13-31

Եթէ այդ օրերուն ապրած ըլլայիք, պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն նման թերեւս դուք ալ զզուէիք այս կրօնական կեղծաւորութենէն։ (Հռովմայեցիս 2։21-24. Բ. Պետրոս 2։1-3) Սակայն, թոյլ պիտի տայի՞ք որ դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն կեղծաւորութիւնը ա՛յնքան ձեզ դառնացնէր, որ ամէն տեսակ կրօնք մերժէիք, մէջը ըլլալով Յիսուս Քրիստոսի ու իր աշակերտներուն սորվեցուցած եւ գործադրած կրօնքը։ Ասիկա ի վնաս ձեզի պիտի չըլլա՞ր։

Կրօնականներու կեղծաւոր ընթացքը կրնայ պատճառ ըլլալ որ կրօնքէն զզուինք։ Սակայն, այս հակազդեցութիւնը կրնայ նաեւ արգելք հանդիսանալ որ ճշմարիտ երկրպագուներու անկեղծութիւնը նկատենք։ Այն արգելքները զորս կը դնենք կեղծաւորութեան դէմ պաշտպանուելու համար, իրականութեան մէջ կրնան մեզ հարազատ բարեկամներէ հեռացնել։ Հետեւաբար, կեղծաւորութեան դէմ մեր հակազդեցութիւնը, պէտք է բանաւոր եւ հաւասարակշռուած ըլլայ։

«Աչալուրջ Եղէք»

Նախ պէտք է սորվինք կեղծաւորները բնորոշել։ Ասիկա միշտ ալ դիւրին չէ։ Ընտանիք մը սուղ գին վճարեց ասիկա սորվելու համար։ Մայրը մահաքունի մէջ էր։ Սխալ դարման մատակարարելու յանցանքով հիւանդանոցին դէմ դատ բանալու համար, ընտանիքը փաստաբան մը վարձեց, որ նոյն ատեն տեղական եկեղեցիի մը մէջ քարոզիչ մըն էր։ Հակառակ անոր որ հիւանդանոցը 3.4 միլիոն տոլար հատուցանեց, ընտանիքին ողբերգութիւնը բազմապատկուեցաւ։ Մայրը չքաւորութեան մէջ մեռաւ, եւ անոր յուղարկաւորութեան համար վճարելիք դրամ չկար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ փաստաբանը դրամին մեծամասնութիւնը գրպանած էր։ Այս փաստաբանին ակնարկելով, իրաւաբանական պարբերաթերթ մը ըսաւ. «Եթէ իր քարոզը իր վարուելակերպին համաձայն է . . . իր պատգամը հետեւեալը պէտք է ըլլայ. եկէ՛ք շորթենք»։ Ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել այսպիսի անհատներէ։

«Աչալուրջ եղէք». այս էր Յիսուսի խրատը իր օրուան մարդոց, որոնք կրօնական կեղծաւորութեամբ շրջապատուած էին։ (Մատթէոս 16։6, ՆԱ. Ղուկաս 12։1) Այո, զգոյշ պէտք է ըլլանք։ Մարդիկ կրնան ամենէն վեհ նպատակները դաւանիլ եւ չափազանցուած անկեղծութիւն ցուցաբերել, սակայն, պէտք է որոշ զգուշութիւն ի գործ դնենք եւ անմիջապէս երեւոյթով չխաբուինք։ Մեր թղթադրամները ուշադրութեամբ չե՞նք քններ, երբ գիտնանք թէ կեղծ թղթադրամներ շրջաբերութեան մէջ են։

Կեղծաւորներ երեւան եկած են նոյնիսկ ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Յուդա աշակերտը անոնց մասին զգուշացնելով ըսաւ. «Ասոնք ձեր սիրոյ խնճոյքներուն մէջ արատներ են, երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին, աներկիւղ իրենց անձը կը կերակրեն։ Անջուր ամպեր են հովերէն քշուած, պտուղնին կորսնցուցած ծառեր, բերք չունեցող»։—Յուդա 12

Մեր ‘աչալուրջ ըլլալը’ կը նշանակէ խուսափիլ խաբուելէ մէկէ մը, որ կը դաւանի սիրել, սակայն, խորքին մէջ անձնակեդրոն է եւ Աստուծոյ Խօսքին վրայ չհիմնուած գաղափարներ կը տարածէ։ Հանդարտ ջուրերու մակերեսին ներքեւ պահուըտած սրածայր խութի մը նման, այսպիսի մէկը կրնայ անզգոյշ անհատի մը հոգեւոր նաւակոծութիւն պատճառել։ (Ա. Տիմոթէոս 1։19) Կեղծաւոր մը կրնայ առատ հոգեւոր թարմացում խոստանալ, սակայն ի յայտ կու գայ որ անձրեւ չբերող՝ «անջուր ամպ» մըն է։ Անպտուղ ծառի մը նման, խաբեբայ մը քրիստոնէական իսկական պտուղները չ’արտադրեր։ (Մատթէոս 7։15-20. Գաղատացիս 5։19-21) Այո, այսպիսի խաբեբաներէ պէտք է զգուշանանք։ Սակայն, ասոր հետ մէկտեղ պէտք չէ ամէն անհատի շարժառիթներուն հանդէպ կասկած ունենանք։

«Մի՛ Դատէք»

Անկատար մարդոց համար որքա՜ն դիւրին է ուրիշներու թերութիւնները նկատել, իսկ իրենց թերութիւնները զանց ընել։ Սակայն, այս հակումը, մեզ կեղծաւորութեան կրնայ առաջնորդել։ Յիսուս ըսաւ. «Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու»։ Լաւ կ’ըլլայ եթէ իր այս խրատին անսանք. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք . . . ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր»։—Մատթէոս 7։1-5

Երբ ոմանք երբեմն ընեն բաներ որոնք կեղծաւորութիւն կը թուին ըլլալ, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ զիրենք կեղծաւորներ պիտակելու չաճապարենք։ Օրինակի համար, Պետրոս առաքեալ ‘մէկդի քաշուեցաւ եւ ինքզինք զատեց’ հեթանոս ենթահող ունեցող Անտիոքի հաւատացեալներէն, որպէսզի Երուսաղէմէ եկած հրէական ենթահող ունեցող այցելուները հաճեցնէ։ Բառնաբաս ‘ալ Պետրոսի եւ միւսներուն կեղծաւորութեանը հակեցաւ’։ Պետրոս այսպէս վարուեցաւ հակառակ անոր որ առանձնաշնորհումը ունեցած էր հեթանոսներուն առջեւ ճամբան բանալու, որպէսզի քրիստոնէական ժողովքէն ներս ընդունուէին։ (Գաղատացիս 2։11-14. Գործք 10։24-28, 34, 35) Սակայն, Բառնաբասի ու Պետրոսի այս սխալը, անշուշտ որ զիրենք դպիրներու ու Փարիսեցիներու կամ Յուդա Իսկարիովտացիի կարգին չդրաւ։

Ձեր Սէրը Առանց Կեղծաւորութեան Ըլլայ’

Յիսուս խրատեց. «Երբ ուրիշներուն բարիք կ’ընես, փող հնչեցնող մը մի՛ վարձեր առջեւէդ երթալու համար, ինչպէս դերասանութիւն ընողները ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ կ’ընեն, վստահ ըլլալու համար որ մարդոց հիացմունքին կ’արժանանան»։ (Մատթէոս 6։2, Ֆիլլիբս) Ձեր «սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Հռովմայեցիս 12։9) Ան երիտասարդ Տիմոթէոսը քաջալերեց որ ‘սէր ունենար՝ սուրբ սրտով եւ անկեղծ հաւատքով’։ (Ա. Տիմոթէոս 1։5) Եթէ մեր սէրն ու հաւատքը հարազատ են՝ վարակուած չեն անձնասիրութեամբ եւ խաբեբայութեամբ՝ ուրիշներ մեզի պիտի վստահին։ Մեր շուրջիններուն համար իսկական զօրութեան եւ քաջալերութեան աղբիւր մը պիտի ըլլանք։ (Փիլիպպեցիս 2։4. Ա. Յովհաննու 3։17, 18. 4։20, 21) Իսկ ամէն բանէ աւելի, Եհովայի հաճութիւնը պիտի ունենանք։

Միւս կողմէ, կեղծաւորութիւնը ի վերջոյ մահացու պիտի ըլլայ զայն գործադրողներուն համար։ Վերջաւորութեան, կեղծաւորութիւնը բացէ ի բաց պիտի քօղազերծուի։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Բան մը չկայ ծածուկ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ պիտի չգիտցուի»։ (Մատթէոս 10։26. Ղուկաս 12։2) Իմաստուն Սողոմոն Թագաւորը ըսաւ. «Աստուած ամէն գործ, ամէն ծածուկ բաներու հետ, թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ»։—Ժողովողի 12։14

Մինչ այդ, ինչո՞ւ թոյլ տանք որ ուրիշներու կեղծաւորութիւնը ա՛յնքան մեզի ազդէ, որ իսկական բարեկամներու հարազատ սէրէն զրկուինք։ Կրնանք զգոյշ ըլլալ, առանց չափազանց կասկածելու։ Իսկ ամէն գնով, մեր սէրն ու հաւատքը կեղծաւորութենէ զերծ պահենք։—Յակոբու 3։17. Ա. Պետրոս 1։22

[Նկարներ՝ էջ 22, 23]

Թոյլ պիտի տայի՞ք որ դպիրներու եւ Փարիսեցիներու կեղծաւորութիւնը, ձեզ հեռացնէր Յիսուս Քրիստոսէ եւ իր աշակերտներէն