Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Կը տեսնուինք Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ»

«Կը տեսնուինք Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ»

«Կը տեսնուինք Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ»

«Սիրելի Բարեկամս Ռուբըրթ, այսօր մահավճիռ ստացայ։ Մի՛ սգար ինծի համար։ Սէրս կը հաղորդեմ քեզի եւ տան մէջ բոլոր եղողներուն։ Կը տեսնուինք Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ»։

ԱՅՍ խօսքերը գրեց Ֆրանք Տրոզկը, 8 Յունիս 1942–ին, Նացի զինուորներուն կողմէ գնդակահարուելէն քանի մը վայրկեան առաջ։ Ան ինչո՞ւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ։

Սլովենիոյ մէջ, Մարիպորի Ազգային Ազատագրութեան Թանգարանի արձանագրութիւններուն համաձայն, այս 38 տարեկան երկաթագործը մերժեց միանալ Վէրմանշաֆթ–ին՝ գերմանական զինեալ ջոկատ մը, Գերմանիոյ կողմէ գրաւուած Սլովենիոյ մէջ։ Ան Պիպըլֆորշըր մը, կամ Աստուածաշունչի Աշակերտ մըն էր, ինչպէս այն ատեն Եհովայի Վկաները այդ շրջանին մէջ կը ճանչցուէին։ Եսայեայ 2։4–ի հետ ներդաշնակ գործելով, ան Նացիներու պատերազմական ջանքերուն թիկունք չկանգնեցաւ, յայտարարելով թէ ինք Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակ մըն էր։—Մատթէոս 6։33

Իր ծննդավայրին՝ Փթույի մէջ, Ֆրանք ճանչցուած էր որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին նախանձախնդիր ծանուցանող մը։ (Մատթէոս 24։14) Հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու, ան բարի լուրը անխոնջօրէն քարոզեց, մինչեւ իր ձերբակալութիւնը՝ Մայիս 1942–ին։

Սլովենիացի Եհովայի Վկաներէն շատեր, բրտօրէն հալածուեցան Նացիներու կողմէ։ Անոնց մէջ Ֆրանք առաջիններէն էր որ իր կրօնական համոզումներուն համար մահապատիժի ենթարկուեցաւ։ Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, ան հետեւեալ խօսքերով զօրացաւ. «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ (Գործք 14։21) Այդ երկնային կառավարութեան իրականութիւն մը ըլլալուն հաւատալը, բացայայտ էր իր վերջին խօսքերուն մէջ՝ «Կը տեսնուինք Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ»։

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 32]

Franc Drozg։ Photo Archive-Museum of National Liberation Maribor, Slovenia; letter։ Original kept in Museum of National Liberation Maribor, Slovenia