Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Եդեմի պարտէզին մէջ օձը ի՞նչպէս Եւայի հաղորդեց՝ բարիի ու չարի գիտութեան ծառին վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքը բեկանելու գաղափարը։
Ծննդոց 3։1–ը կ’ըսէ. «Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը, որ կնոջ ըսաւ. ‘Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ «Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք»’»։ Եւային հետ օձին հաղորդակցած կերպին մասին զանազան թելադրութիւններ եղած են։ Կարծիքներէն մէկը այն թէ անիկա մարմնի շարժումներու միջոցաւ հաղորդակցեցաւ։ Օրինակ, Անգլիացի կղեր Ճոզէֆ Պէնսըն ըսաւ. «Շատ հաւանական կը թուի որ ասիկա որոշ նշաններ գործածելով եղաւ։ Արդարեւ, ոմանք ենթադրած են թէ բանականութիւնը եւ խօսիլը այն ատեն օձերու ճանչցուած յատկանիշներն էին, . . . սակայն, ասոր համար փաստ չկայ»։
Սակայն, պարզապէս մարմնի շարժումներ գործածելով, օձը ի՞նչպէս կրնար Եւայի հաղորդել այն գաղափարը, թէ արգիլուած պտուղէն ուտելով Աստուծոյ պէս պիտի ըլլար, բարին ու չարը որոշելու կարող։ Ասկէ զատ, Եւան խօսակցութեան մասնակցեցաւ՝ օձին հարցուցած հարցումներուն պատասխանելով։ (Ծննդոց 3։2-5) Այն գաղափարը թէ օձը միայն նշաններով եւ շարժումներով հաղորդակցեցաւ, կ’առաջնորդէ այն եզրակացութեան թէ Եւան ալ շարժումներ գործածելով անոր պատասխանեց, մինչ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան խօսեցաւ։
Այս դէպքին ակնարկելով, Պօղոս առաքեալ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները ազդարարեց. «Կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին»։ Պօղոսի յիշած վտանգը՝ ‘սուտ առաքեալներէն, խաբեբայ բանուորներէն’ կու գար։ Այս «ամենէն երեւելի առաքեալներ»ուն ներկայացուցած սպառնալիքը, մարմնի շարժումներուն սահմանուած չէր։ Անիկա կը պարփակէր անոնց խօսակցութիւնը՝ ուրիշները մոլորեցնելու միտումով խօսուած անոնց խորամանկ խօսքերը։—Բ. Կորնթացիս 11։3-5, 13
Թէեւ Եդեմի պարտէզին մէջ Եւան խաբելու համար խօսքեր գործածուեցան, սակայն բան մը չկայ որ կը թելադրէ թէ բառացի օձը ձայնի լարեր ունէր։ Իրականութեան մէջ, ան պէտք չունէր անոնց։ Երբ Աստուծոյ հրեշտակը իշու մը միջոցաւ Բաղաամի խօսեցաւ, այս անասունը պէտք չունեցաւ կնճռոտ խռչափողի մը, որու նմանը մարդը ունի։ (Թուոց 22։26-31) Բացայայտօրէն, երբ ‘անխօս էշը մարդկային ձայնով խօսեցաւ’, ասիկա ընելու զօրութիւնը հոգեղէն ծիրէն եկաւ։—Բ. Պետրոս 2։16
Եւայի խօսող օձին ետին գտնուող հոգեղէն արարածը Աստուածաշունչին մէջ բնորոշուած է որպէս «այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի»։ (Յայտնութիւն 12։9) Այն խօսքերը որոնք Եւայի լսելի եղան եւ որոնց պատասխանեց, Սատանայի դրդումով եղան, որ «լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ»։—Բ. Կորնթացիս 11։14
[Նկար՝ էջ 27]
«Աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»