Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս ի՞նչպէս կը փրկէ

Յիսուս ի՞նչպէս կը փրկէ

Յիսուս ի՞նչպէս կը փրկէ

«Յիսուս կը փրկէ»։ «Յիսուս մեր Փրկիչն է»։ Աշխարհի չորս կողմը շատ մը երկիրներուն մէջ, այսպիսի պատգամներ կը ցուցադրուին շէնքերուն պատերուն վրայ եւ հանրային այլ վայրերու մէջ։ Միլիոնաւորներ անկեղծօրէն կը հաւատան թէ Յիսուս իրենց Փրկիչն է։ Եթէ անոնց հարցնէիք՝ «Յիսուս ի՞նչպէս կը փրկէ մեզ», անոնք հաւանաբար պատասխանէին՝ «Յիսուս մեզի համար մեռաւ», կամ՝ «Յիսուս մեր մեղքերուն համար մեռաւ»։ Այո, Յիսուսի մահը կարելի կը դարձնէ որ մենք փրկուինք։ Սակայն, ի՞նչպէս կարելի է որ մէկ մարդու մահը, բազմութեան մը մեղքերուն գինը վճարէ։ Եթէ ձեզի հարցուէր՝ «Յիսուսի մահը ի՞նչպէս կը փրկէ մեզ», ի՞նչ կը պատասխանէիք։

ԱՅՍ հարցումին համար Աստուածաշունչին տուած պատասխանը շատ պարզ, բայց, յստակ եւ նշանակալից է։ Սակայն, անոր կարեւորութիւնը ըմբռնելու համար, նախ պէտք է տեսնենք Յիսուսի կեանքն ու մահը որպէս շատ դժուար խնդրի մը լուծումը։ Միայն այն ատեն կրնանք պատշաճօրէն հասկնալ Յիսուսի մահուան մեծ արժէքը։

Երբ Աստուած թոյլ տուաւ որ Յիսուս իր կեանքը զոհէ, ան ձեռք կ’առնէր պարագայ մը որ յարուցուեցաւ Ադամի մեղանչումով։ Այդ մեղքը ի՜նչ ողբերգութիւն մըն էր։ Առաջին մարդն ու կինը՝ Եւան՝ կատարեալ էին։ Եդեմի գեղեցիկ պարտէզը անոնց տունն էր։ Աստուած անոնց տուաւ իրենց պարտէզ–բնակարանին հոգ տանելու գործը։ Անոնք իրենց սիրալիր հսկողութեան ներքեւ պիտի ունենային երկրի վրայ ապրող միւս արարածները։ Եւ մինչ մարդիկ պիտի բազմանային ու երկիրը լեցնէին միլիոնաւոր մարդոցմով, անոնք դրախտը պիտի ընդարձակէին մինչեւ երկրի ծայրերը։ (Ծննդոց 1։28) Ի՜նչ ուրախ եւ ոգեւորիչ աշխատանք մը տրուեցաւ իրենց։ Ասկէ զատ, անոնք իրարու ջերմ ընկերակցութիւնը կը վայելէին։ (Ծննդոց 2։18) Անոնք բանի մը պակասը չունէին։ Անոնց առջեւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը կար։

Դժուար է երեւակայել թէ Ադամը կամ Եւան ի՛նչպէս կրնային մեղանչել։ Սակայն, առաջին մարդկային զոյգը ըմբոստացաւ իր ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ դէմ։ Օձ մը գործածելով, հոգեղէն արարած մը՝ Բանսարկու Սատանան՝ Եւան խաբեց որ Եհովայի անհնազանդ գտնուի, իսկ Ադամ իր կնոջ հետեւեցաւ։—Ծննդոց 3։1-6

Կասկած չկար թէ Ստեղծիչը ի՛նչ պիտի ընէր Ադամի ու Եւայի նկատմամբ։ Ան արդէն իսկ յայտնած էր անհնազանդութեան հետեւանքները, ըսելով. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։16, 17) Այժմ, ա՛լ աւելի մեծ կարեւորութիւն ունեցող հարցում մը պատասխանի կը կարօտէր։

Մարդկութիւնը Դժուար Խնդիր մը կը Դիմագրաւէ

Սկզբնական մեղքը մարդկութեան համար շատ լուրջ խնդիր մը ստեղծեց։ Ադամ իր կեանքը սկսաւ որպէս կատարեալ մարդ։ Հետեւաբար, իր զաւակները կրնային կատարեալ յաւիտենական կեանք վայելել։ Սակայն, Ադամ մեղք գործեց զաւակներ ունենալէ առաջ։ Մարդկային ամբողջ ընտանիքը տակաւին իր երանքին մէջ էր, երբ ան այս դատապարտութիւնը ստացաւ. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ (Ծննդոց 3։19) Հետեւաբար, երբ Ադամ մեղանչեց եւ Աստուծոյ ըսածին պէս սկսաւ մեռնիլ, իր հետ ամբողջ մարդկութիւնն ալ մահուան դատապարտուեցաւ։

Տեղին ըլլալով, Պօղոս առաքեալ հետագային գրեց. «Մարդէ մը [Ադամէ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Այո, սկզբնական մեղքին պատճառաւ, զաւակներ որոնք կատարեալ եւ անվերջ կեանքի հեռանկարով պիտի ծնէին, հիւանդութեան, ծերութեան եւ մահուան հեռանկարով ծնան։

Անհատ մը կրնայ ըսել. «Ասիկա արդարութիւն չէ։ Մենք չընտրեցինք Աստուծոյ անհնազանդ ըլլալ. այլ՝ Ադա՛մը։ Ինչո՞ւ մե՛նք կորսնցնենք յաւիտենական կեանքի եւ ուրախութեան մեր հեռանկարը»։ Գիտենք որ եթէ ատեան մը ինքնաշարժ գողցող հօր մը տեղ անոր որդին բանտարկէ, որդին կրնայ իրաւացիօրէն գանգատիլ, ըսելով՝ «Ասիկա անիրաւութիւն է։ Ես յանցանք մը չգործեցի»։—Բ. Օրինաց 24։16

Առաջին մարդն ու կինը մեղք գործելու առաջնորդելով, Սատանան եզրակացուցած կրնար ըլլալ թէ Աստուած անել կացութեան մը պիտի մատնէր։ Բանսարկուն մարդկային ցեղին պատմութեան ճիշդ սկիզբը կատարեց իր յարձակումը, որեւէ զաւակ ծնանելէ առաջ։ Այն պահուն երբ Ադամ մեղք գործեց, կարեւոր հարցում մը յարուցուեցաւ. Եհովան ի՞նչ պիտի ընէ Ադամի ու Եւայի ունենալիք զաւակներուն նկատմամբ։

Եհովա Աստուած ըրաւ այն ինչ որ արդարութիւն եւ իրաւունք էր։ «Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ», ըսաւ Եղիուս անունով արդար մարդ մը։ (Յոբայ 34։10) Իսկ Եհովայի ակնարկելով, Մովսէս մարգարէն գրեց. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Ադամի մեղքին ստեղծած խնդրին համար ճշմարիտ Աստուծոյ հայթայթած լուծումը, դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի մեր պատեհութիւնը չի ջնջեր։

Աստուած Կատարեալ Լուծում մը կը Հայթայթէ

Նկատի առէք Աստուծոյ առաջարկած լուծումը, Բանսարկու Սատանային ուղղուած իր դատապարտութեան մէջ։ Եհովա Սատանային ըսաւ. «Քու ու կնոջ [Աստուծոյ երկնային կազմակերպութիւնը] մէջտեղ, քու սերունդիդ [Սատանայի իշխանութեան ներքեւ եղող աշխարհը] ու անոր սերունդին [Յիսուս Քրիստոս] մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու [Սատանան] գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես [Յիսուսի մահը]»։ (Ծննդոց 3։15) Աստուածաշունչի այս մարգարէութեան մէջ, Եհովա ակնարկեց իր նպատակին. իր երկնաւոր հոգեղէն Որդին երկիր գայ որպէս կատարեալ մարդ Յիսուսը, ապա մեռնի՝ գարշապարը խայթուի՝ այդ անմեղ վիճակին մէջ։

Աստուած ինչո՞ւ պահանջեց կատարեալ մարդու մը մահը։ Լաւ, ի՞նչ էր Եհովա Աստուծոյ կողմէ Ադամի տրուելիք պատիժը, եթէ ան մեղանչէր։ Անիկա մահ չէ՞ր։ (Ծննդոց 2։16, 17) «Մեղքին վարձքը մահ է», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Հռովմայեցիս 6։23) Ադամ իր մահով իր մեղքին վարձքը վճարեց։ Իրեն կեանք տրուած էր, ան ընտրեց մեղք գործել, եւ իր մեղքին համար որպէս պատիժ՝ մեռաւ։ (Ծննդոց 3։19) Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել այդ մեղքին պատճառաւ մարդկային ամբողջ ցեղին վրայ եկած դատապարտութեան մասին։ Անոնց մեղքերուն քաւութեան համար մէկը պէտք էր մեռնէր։ Սակայն, որո՞ւ մահը կրնար ամբողջ մարդկութեան մեղքերը իրաւացիօրէն ծածկել։

Վաղեմի Իսրայէլ ազգին տրուած Աստուծոյ Օրէնքը «անձի տեղ անձ [կամ՝ կեանքի տեղ կեանք]» կը պահանջէր։ (Ելից 21։23) Այս օրինական սկզբունքին համաձայն, մարդկութեան մեղքերը ծածկող մահը արժէքով համահաւասար պէտք էր ըլլար Ադամի կորսնցուցածին։ Միայն ուրիշ կատարեալ մարդու մը մահը կրնար մեղքին վարձքը վճարել։ Յիսուս այսպիսի մարդ մըն էր։ Արդարեւ, Յիսուս «համապատասխան փրկանք» մըն էր, Ադամէ սերած մարդկութեան փրկութեան համար։—Ա. Տիմոթէոս 2։6, ՆԱ. Հռովմայեցիս 5։16, 17

Յիսուսի Մահը Մեծ Արժէք Ունի

Ադամի մահը արժէք մը չունէր. ան արժանի էր մեռնելու իր մեղքին համար։ Սակայն, Յիսուսի մահը մեծ արժէք ունէր, քանի որ ան անմեղ վիճակի մէջ մեռաւ։ Եհովա Աստուած կրնար Յիսուսի կատարեալ կեանքին արժէքը որպէս փրկանք ընդունիլ, մեղաւոր Ադամի հնազանդ զաւակներուն համար։ Իսկ Յիսուսի զոհագործութեան արժէքը միայն մեր անցեալի մեղքերուն համար չի գործածուիր։ Եթէ այդպէս ըլլար պարագան, ապագայ պիտի չունենայինք։ Մեղքով յղացուած ըլլալով, դարձեալ մեղք գործելու դատապարտուած ենք։ (Սաղմոս 51։5) Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ Յիսուսի մահը մեզի պատեհութիւն կու տայ ձեռք ձգելու այն կատարելութիւնը, որ Եհովա սկիզբը ի մտի ունէր Ադամի ու Եւայի զաւակներուն համար։

Ադամ կրնայ նմանցուիլ հօր մը, որ մահացաւ եւ մեզ այնպիսի նիւթական պարտքի (մեղքի) տակ ձգեց, որ անկարելի է անոր տակէն ելլելու կերպ մը գտնենք։ Միւս կողմէ, Յիսուս կը նմանի լաւ հօր մը որ մեռաւ եւ մեզի մեծ ժառանգութիւն մը ձգեց, որ ո՛չ միայն մեզ կ’ազատէ մեր վրայ բեռցուած Ադամի հսկայական պարտքէն, այլ նաեւ բաւարար գումար կը հայթայթէ որ շարունակենք ապրիլ յաւիտեան։ Յիսուսի մահը ո՛չ միայն անցեալի մեղքերը կը ջնջէ, այլ նաեւ հոյակապ հայթայթում մըն է մեր ապագային համար։

Յիսուս մարդկութեան փրկիչն է, քանի որ մեզի համար մեռաւ։ Իսկ իր մահը ի՜նչ արժէքաւոր կարգադրութիւն մըն է։ Երբ զայն նկատենք Ադամի մեղքին կնճռոտ հարցին համար Աստուծոյ լուծումին մէկ մասը, Եհովայի ու իր գործելակերպին հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրանայ։ Այո, Յիսուսի մահը միջոց մըն է իրեն «հաւատք ընծայող բոլոր» անհատներուն, որ ազատուին մեղքէն, հիւանդութենէն, ծերութենէն, եւ մահուընէ։ (Յովհաննու 3։16, ՆԱ) Երախտապա՞րտ էք Աստուծոյ որ մեր փրկութեան համար այս սիրալիր կարգադրութիւնը ըրաւ։

[Նկար՝ էջ 5]

Ադամ մարդկութեան վրայ մեղք ու մահ բերաւ

[Նկար՝ էջ 6]

Եհովա կատարեալ լուծում մը հայթայթեց