Նոյի հաւատքը աշխարհը կը դատապարտէ
Նոյի հաւատքը աշխարհը կը դատապարտէ
ՆՈՅԻ մասին լսա՞ծ էք. աստուածավախ մարդ մը, որ տապան մը շինեց կեանքի պահպանման համար երկրածաւալ ջրհեղեղի մը ընթացքին։ Հակառակ շատ հին ըլլալուն, այս պատմութիւնը միլիոնաւոր անհատներու ծանօթ է։ Սակայն, շատեր չեն անդրադառնար թէ Նոյի կեանքը մեր բոլորին համար իմաստ ունի։
Ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուինք հազարաւոր տարիներ առաջ պատահած դէպքով մը։ Նոյի եւ մեր պարագաներուն միջեւ նմանութիւն մը կա՞յ։ Եթէ կայ, ի՞նչպէս կրնանք իր օրինակէն օգտուիլ։
Նոյի Օրուան Աշխարհը
Ըստ Աստուածաշունչի ժամանակագրութեան, Նոյ ծնաւ Հ.Դ.Ա. 2970–ին, այսինքն՝ Ադամի մահէն 126 տարի ետք։ Նոյի օրերուն, երկիր բռնութեամբ լեցուած էր, իսկ Ադամի սերունդին մեծամասնութիւնը նախընտրած էր իր կամակոր օրինակին հետեւիլ։ Հետեւաբար, ‘Տէրը տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր’։—Ծննդոց 6։5, 11, 12
Մարդկային ըմբոստութիւնը Եհովան տհաճեցնող միակ պատճառը չէր։ Ծննդոցի արձանագրութիւնը կը բացատրէ. «Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին։ . . . Այն օրերը երկրի մէջ հսկաներ [«Նեֆիլիմներ», ՆԱ] կային։ Անկէ ետքն ալ երբ Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն կը մտնէին, որոնք անոնց զաւակներ կը ծնանէին, ասոնք հինէն ի վեր զօրաւոր ու անուանի մարդիկ էին»։ (Ծննդոց 6։2-4) Այս համարները Պետրոս առաքեալի արձանագրած մէկ խօսքին հետ բաղդատելը ցոյց կու տայ թէ «Աստուծոյ որդիները» անհնազանդ հրեշտակներն էին։ Նեֆիլիմները, կիներու եւ նիւթականացած ըմբոստ հրեշտակներու ապօրինի սեռային յարաբերութիւններէ յառաջ եկած խառնածին սերունդն էին։—Ա. Պետրոս 3։19, 20
«Նեֆիլիմներ», որ կը նշանակէ «տապալիչներ», կ’ակնարկէ անհատներու որոնք պատճառ եղան որ ուրիշներ տապալին։ Անոնք բռնակալ ու գազանաբարոյ անհատներ էին, եւ իրենց հեշտասէր հայրերուն մեղքը նմանցուած է Սոդոմի եւ Գոմորի խեղաթիւրումներուն։ (Յուդա 6, 7) Միասնաբար, անոնք երկրի վրայ անտանելի ամբարշտութիւն հրահրեցին։
«Իր Դարուն Մարդոցը Մէջ Արդար ու Կատարեալ Մարդ մը»
Ամբարշտութիւնը այնքան համատարած դարձաւ, որ Աստուած վճռեց մարդկութիւնը կործանել։ Սակայն, ներշնչեալ արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Նոյ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ։ . . . Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց»։ (Ծննդոց 6։8, 9) Ի՞նչպէս կարելի էր ‘Աստուծոյ հետ քալել’ անաստուած աշխարհի մը մէջ, որ միայն կործանումի արժանի էր։
Անկասկած, Նոյ շատ բան սորվեցաւ իր հօրմէն՝ Ղամէքէն, հաւատքի տէր եւ Ադամի ժամանակակից մարդ մը։ Երբ իր տղուն Նոյ անունը կու տար (որ կը կարծուի թէ «Հանգստութիւն» կամ «Մխիթարութիւն» կը նշանակէ), Ղամէք մարգարէացաւ. «Ասիկա մեզ պիտի հանգստացնէ մեր գործերէն ու մեր ձեռքերուն աշխատութենէն, որ Տէրոջը անիծած երկրին պատճառով կը կրենք»։ Այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, երբ Աստուած երկրի վրայէն իր անէծքը վերցուց։—Ծննդոց 5։29. 8։21
Բարեպաշտ ծնողներ ունենալը չ’երաշխաւորեր որ զաւակները հոգեւոր անհատներ պիտի ըլլան, քանի որ իւրաքանչիւր անհատ Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը անձամբ պէտք է հաստատէ։ Նոյ «Աստուծոյ հետ քալեց», աստուածային հաճութիւնը ունեցող ընթացք մը հետապնդելով։ Աստուծոյ մասին Նոյի սորված բաները, զինք մղեցին որ Անոր ծառայէ։ Նոյի հաւատքը չխախտեցաւ, երբ տեղեկացաւ թէ Աստուծոյ նպատակն էր ‘բոլոր մարմինները կորսնցնել ջրհեղեղով’։—Ծննդոց 6։13, 17
Վստահ ըլլալով թէ այս աննախընթաց աղէտը տեղի պիտի ունենար, Նոյ Եհովայի հետեւեալ պատուէրին հնազանդեցաւ. «Դուն քեզի խժաբեր փայտէ տապան մը շինէ, տապանին մէջ խորշեր շինէ, զանիկա ներսէն ու դուրսէն ձիւթով ծեփէ»։ (Ծննդոց 6։14) Տապանին վերաբերեալ Աստուծոյ պայմանները գոհացնելը դիւրին բան մը չէր։ Այսուհանդերձ, «Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս»։ (Ծննդոց 6։22) Նոյ ասիկա ըրաւ իր կնոջ եւ երեք զաւակներուն՝ Սէմի, Քամի, Յաբեթի, եւ անոնց կիներուն օգնութեամբ։ Եհովա օրհնեց անոնց հաւատքը։ Ներկայ ընտանիքներուն համար ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը։
Տապանը շինելը ի՞նչ կը պարփակէր։ Եհովա Նոյին ուղղութիւն տուաւ որ հսկայ, անջրանցիկ, երեք յարկանի, փայտէ տուփ մը կառուցանէր, որ շուրջ 133 մեթր երկայնք, 22 մեթր լայնք եւ 13 մեթր բարձրութիւն ունէր։ (Ծննդոց 6։15, 16) Այսպիսի նաւու մը ծաւալը՝ արդի կարգ մը փոխադրատար նաւերու ծաւալին չափ ըլլալու էր։
Ի՜նչ վիթխարի ձեռնարկ մը։ Շատ հաւանաբար, անիկա կը նշանակէր հազարաւոր ծառեր կտրել, զանոնք շինարարութեան վայրը փոխադրել, ապա զանոնք գերաններու վերածել։ Անիկա կը նշանակէր լաստակներ շինել, գամեր կամ սեպեր պատրաստել, տապանը անջրանցիկ դարձնելու համար ձիւթ ձեռք ձգել, մեծ սնտուկներ եւ գործիքներ ապահովել, եւայլն։ Թերեւս այս գործը պահանջէր վաճառականներու հետ բանակցութիւններ, եւ ապրանքներու ու սպասարկութիւններու համար վճարումներ ընել։ Ակներեւաբար, ասիկա ատաղձագործական հմտութիւններ պահանջած ըլլալու էր, որպէսզի փայտերը ճիշդ տեղը դրուէին եւ բաւարար զօրաւոր կառոյց մը շինուէր։ Իսկ պահ մը խորհեցէք որ շինարարութիւնը հաւանաբար շուրջ 50 կամ 60 տարի տեւեց։
Ծննդոց 6։21) Ան տապանին մէջ պիտի հաւաքէր ու ղեկավարէր անասուններու մեծ խումբ մը։ Նոյ կատարեց Աստուծոյ բոլոր պատուիրած բաները, եւ գործը ամբողջացաւ։ (Ծննդոց 6։22) Եհովայի օրհնութիւնը երաշխաւորեց անոր ամբողջական յաջողութիւնը։
Անկէ ետք Նոյ իր ուշադրութիւնը պիտի դարձնէր բաւարար կերակուր եւ կեր պատրաստելու։ («Արդարութեան Քարոզիչ» մը
Տապանը շինելէ զատ, Նոյ ազդարարութիւն տուաւ եւ հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայեց որպէս «արդարութեան քարոզիչ» մը։ Սակայն մարդիկ «ուշադրութիւն չընծայեցին՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց»։—Բ. Պետրոս 2։5. Մատթէոս 24։38, 39, ՆԱ
Նկատի առնելով այդ օրերու հոգեւորապէս ու բարոյապէս նուաստացած վիճակը, դիւրին է երեւակայել թէ Նոյի ընտանիքը ի՛նչպէս կասկածոտ դրացիներու նախատինքի ու ծաղրանքի առարկան դարձած ըլլալու էր։ Մարդիկ զանոնք խենթի տեղ դրած ըլլալու էին։ Այսուհանդերձ, Նոյ յաջողեցաւ իր տան հոգեւոր քաջալերութիւն ու աջակցութիւն տալ, քանի որ անոնք երբեք չորդեգրեցին իրենց անաստուած ժամանակակիցներուն վայրագ, անբարոյ եւ ըմբոստ ճամբաները։ Իր հաւատքը ցոյց տուող խօսքերով ու արարքներով, Նոյ այդ ժամանակուան աշխարհը դատապարտեց։—Եբրայեցիս 11։7
Ջրհեղեղէն Պահպանուեցաւ
Ջրհեղեղը սկսելէն քիչ առաջ, Աստուած Նոյի ըսաւ որ ամբողջացած տապանին մէջ մտնէ։ Երբ Նոյի ընտանիքը եւ անասունները տապանը մտան, «Տէրը անոր ետեւէն տապանը գոցեց», դուրս ձգելով բոլոր ծաղրուծանակ ընողները։ Երբ Ջրհեղեղը եկաւ, անհնազանդ հրեշտակները ըստ երեւոյթին իրենց նիւթական մարմիններէն ձերբազատուեցան եւ կործանումէն ազատուեցան։ Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ միւսներուն։ Տապանէն դուրս ցամաքի վրայ գտնուող բոլոր կենդանի արարածները, ի ներառեալ Նեֆիլիմները, մեռան։ Միայն Նոյ եւ իր ընտանիքը վերապրեցան։—Ծննդոց 7։1-23
Նոյ եւ իր ընտանիքի անդամները լուսնական տարի մը եւ տասը օր անցուցին տապանին մէջ։ Անոնք զբաղած էին անասունները կերակրելով ու խմցնելով, աղբերը մաքրելով եւ ժամանակը հաշուելով։ Ծննդոց գիրքը Ջրհեղեղին բոլոր հանգրուանները ճշգրտօրէն կը թուէ, նաւու մը մէջ պահուած արձանագրութեան մը նման, այս պատմութեան ստուգութիւնը ցոյց տալով։—Ծննդոց 7։11, 17, 24. 8։3-14
Մինչ տապանին մէջ էին, վստահաբար Նոյ իր ընտանիքը առաջնորդեց հոգեւոր խօսակցութիւններու եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու մէջ։ Բացայայտօրէն, Նոյի եւ իր ընտանիքին միջոցաւ, նախաջրհեղեղեան պատմութիւնը պահպանուեցաւ։ Վստահելի բերանացի աւանդութիւնները կամ իրենց ունեցած պատմական գրաւոր փաստաթուղթերը, Ջրհեղեղի ընթացքին օգտակար քննարկութեան համար լաւ տեղեկութիւններ կրնային հայթայթել։
Նոյ եւ իր ընտանիքը որքա՜ն ուրախ եղած ըլլալու էին, քանի որ անգամ մը եւս կրցան ցամաք գետնի վրայ կոխել։ Առաջին բանը որ ան ըրաւ՝ զոհասեղան մը շինեց եւ իր ընտանիքին համար քահանայի հանգամանքով ծառայեց, զոհեր մատուցանելով Անոր, որ զիրենք փրկեց։—Ծննդոց 8։18-20
«Ինչպէս Նոյի Օրերը Եղաւ»
Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։37) Ներկայիս, Քրիստոնեաներն ալ արդարութեան քարոզիչներ են, մարդիկը յորդորելով որ զղջան։ (Բ. Պետրոս 3։5-9) Այս նմանութիւնը տրուած ըլլալով, թերեւս հարց տանք թէ Ջրհեղեղէն առաջ Նոյին մտքէն ի՛նչ անցած ըլլալու էր։ Երբեք խորհեցա՞ւ թէ իր քարոզչութիւնը ապարդիւն էր։ Երբեմն յոգնած զգա՞ց։ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Պարզապէս մեզի կ’ըսուի թէ Նոյ Աստուծոյ հնազանդեցաւ։
Կը տեսնէ՞ք թէ Նոյի պարագան ի՛նչ գործնական կիրարկում ունի մեզի համար։ Ան Եհովայի հնազանդեցաւ, ի հեճուկս հալածանքի ու դժուարութեան։ Ասոր համար Եհովա զինք արդար նկատեց։ Նոյի ընտանիքը ճիշդ չէր գիտեր թէ Աստուած ե՛րբ պիտի բերէր Ջրհեղեղը, սակայն, գիտէր թէ անիկա պիտի գար։ Աստուծոյ խօսքին հանդէպ Նոյի հաւատքը իրեն նեցուկ կանգնեցաւ՝ տարիներու աշխատանքի եւ երեւութապէս անպտուղ քարոզչութեան ընթացքին։ Արդարեւ, մեզի կ’ըսուի. «Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար, որով աշխարհս դատապարտեց եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեանը, որ հաւատքով կ’ըլլայ»։—Եբրայեցիս 11։7
Նոյ այսպիսի հաւատք մը ի՞նչպէս ձեռք ձգեց։ Բացայայտօրէն, ան ժամանակ յատկացուց խոկալու Եհովայի մասին իր գիտցած բոլոր բաներուն վրայ եւ թոյլ տուաւ որ այդ գիտութիւնը զինք առաջնորդէր։ Անկասկած, Նոյ Աստուծոյ հետ խօսեցաւ աղօթքի միջոցաւ։ Իրականութեան մէջ, ան Եհովայի հետ ա՛յնքան մտերմացաւ, որ ‘Աստուծոյ հետ քալեց’։ Որպէս ընտանիքի գլուխ, Նոյ ուրախութեամբ ժամանակ եւ սիրալիր ուշադրութիւն ընծայեց իր ընտանիքին։ Ասիկա պարփակեց՝ իր կնոջ, երեք տղաքներուն եւ հարսերուն հոգեւոր շահերուն հոգ տանիլ։
Նոյի նման, ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաները գիտեն թէ Եհովա շուտով իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վերջ պիտի դնէ։ Թէեւ օրը եւ ժամը չենք գիտեր, սակայն, կը գիտակցինք թէ այս «արդարութեան քարոզիչ»ին հաւատքն ու հնազանդութիւնը ընդօրինակելը, ‘հոգիին փրկութեան’ պիտի առաջնորդէ։—Եբրայեցիս 10։36-39
[Շրջանակ՝ էջ 29]
Անիկա իրապէս տեղի ունեցա՞ւ
Մարդաբաններ ջրհեղեղի վերաբերեալ 270 աւանդավէպեր հաւաքած են, գրեթէ բոլոր տոհմերէն եւ ազգերէն։ «Ջրհեղեղի պատմութիւնը կը գտնուի համայն աշխարհի մէջ», կ’ըսէ ուսումնական Քլաուս Ուէսթըրմէն։ «Ստեղծագործութեան պատմութեան նման, անիկա մեր հիմնական մշակութային ժառանգութեան մաս կը կազմէ։ Իրապէս զարմանալի է. երկրի վրայ ամէնուրեք կը գտնենք վաղեմի մեծ ջրհեղեղի մը մասին պատմութիւններ»։ Բացատրութիւնը ի՞նչ է։ Մեկնաբան Էնրիքօ Կալպիաթի կ’ըսէ. «Իրարմէ տարբեր եւ բոլորովին անջատ ժողովուրդներու մէջ, ջրհեղեղի աւանդութեան մը յարատեւ ներկայութիւնը կը նշէ, թէ այսպիսի աւանդութիւններու ետին եղող իրողութիւնը պատմական իրականութիւն մըն է»։ Սակայն, Քրիստոնեաներուն համար ուսումնականներու դիտարկութիւններէն աւելի կարեւորը այն է՝ թէ Յիսուս ի՛նք նշեց որ մարդկային պատմութեան մէջ Ջրհեղեղը իսկական դէպք մըն էր։—Ղուկաս 17։26, 27
[Շրջանակ՝ էջ 30]
Նեֆիլիմները դիցաբանութեա՞ն մէջ
Աստուածներու եւ մարդոց միջեւ սեռային յարաբերութիւններու, եւ ասոնցմէ սերած «հերոսներ»ու կամ «կիսաստուածներ»ու մասին հեքիաթներ, յունական, եգիպտական, ուկարիթական, խուրիտական, եւ Միջագետքի աստուածաբանութեան մէջ սովորական էին։ Յունական դիցաբանութեան աստուածները մարդու կերպարանք ունէին եւ շատ գեղեցիկ էին։ Անոնք կ’ուտէին, կը խմէին, կը քնանային, սեռային յարաբերութիւններ կ’ունենային, կը կռուէին, կը մոլորեցնէին, եւ կը բռնաբարէին։ Թէեւ կարծեցեալ սուրբեր էին, սակայն, կրնային խաբել եւ ոճիրներ գործել։ Աքիլլէսի նման հերոսներու մասին կ’ըսուի որ անոնք թէ՛ աստուածային եւ թէ մարդկային ծագում ունէին, նաեւ գերմարդկային կարողութեամբ օժտուած էին, բայց ոչ՝ անմահութեամբ։ Ուստի, ինչ որ Ծննդոց գիրքը կ’ըսէ Նեֆիլիմներուն մասին, լոյս կը սփռէ այսպիսի առասպելներու հաւանական ծագումին վրայ։