Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն»ը՝ համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներու կողմէ գնահատուած

«Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն»ը՝ համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներու կողմէ գնահատուած

Կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կեցէք

Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը՝ համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներու կողմէ գնահատուած

ԱՆԻԿԱ 12 տարի, 3 ամիս, եւ 11 օր տգնաջան աշխատանք պահանջեց։ Սակայն, 13 Մարտ 1960–ին, Աստուածաշունչի այս նոր թարգմանութեան վերջին մասը ամբողջացաւ։ Անիկա կոչուեցաւ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն։

Մէկ տարի ետք, Եհովայի Վկաները այս թարգմանութիւնը մէկ հատորով հրատարակեցին։ 1961–ի այդ հրատարակութեան տպաքանակը մէկ միլիոն էր։ Ներկայիս, անոր տպաքանակը հարիւր միլիոնը անցած է, Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը դարձնելով ամենաշատ բաշխուած Աստուածաշունչերէն մէկը։ Սակայն, ի՞նչ բան Վկաները մղեց որ այս թարգմանութիւնը պատրաստեն։

Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի Նոր Թարգմանութիւն մը

Սուրբ Գրութիւններու պատգամը հասկնալու եւ ծանուցանելու համար, Եհովայի Վկաները տարիներու ընթացքին գործածած են բազմաթիւ Աստուածաշունչի Անգլերէն թարգմանութիւններ։ Թէեւ այս թարգմանութիւնները օգտակար երեսակներ ունին, սակայն, անոնք ազդուած են Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական աւանդութիւններէն եւ վարդապետութիւններէն։ (Մատթէոս 15։6) Հետեւաբար, Եհովայի Վկաները անդրադարձան թէ կարիքը կար Աստուածաշունչի թարգմանութեան մը, որ սկզբնական ներշնչեալ գրութիւններուն բովանդակութիւնը հաւատարմօրէն կը ներկայացնէր։

Այս կարիքը լեցնելու առաջին քայլը առնուեցաւ Հոկտեմբեր 1946–ին, երբ Նաթան Հ. Նոր, Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի մէկ անդամը, Աստուածաշունչի նոր թարգմանութեան մը արտադրութիւնը առաջարկեց։ 2 Դեկտեմբեր 1947–ին, Աստուածաշունչի Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան Յանձնախումբը կազմուեցաւ, պատրաստելու համար թարգմանութիւն մը, որ սկզբնական բնագրին հաւատարմօրէն պիտի կառչէր, Աստուածաշունչի նորագիւտ ձեռագիրներէն քաղուած ուսումնական վերջին յայտնագործութիւնները պիտի պարփակէր, եւ պիտի գործածէր այժմու ընթերցողներուն համար դիւրահասկնալի լեզու մը։

Երբ առաջին մասը՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը՝ հրատարակուեցաւ 1950–ին, բացայայտ եղաւ թէ թարգմանիչները իրենց նպատակակէտերուն հասած էին։ Աստուածաշունչի համարներ որոնք նախապէս աղօտ էին, հոյակապ կերպով յստակ դարձան։ Օրինակ, նկատի առէք Մատթէոս 5։3–ի շփոթեցուցիչ խօսքը՝ «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն» (Գինկ Ճէյմս Թարգմանութիւն)։ Անիկա թարգմանուեցաւ. «Ուրախ են անոնք որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքերուն»։ «Բանի մը համար ուշադիր մի՛ ըլլաք» (Գինկ Ճէյմս Թարգմանութիւն) թարգմանուած Պօղոս առաքեալի խրատը, թարգմանուեցաւ. «Բանի մը համար մի՛ մտահոգուիք»։ (Փիլիպպեցիս 4։6) Իսկ Յովհաննէս առաքեալի ակնարկած «մարմնի վաւաշոտութիւնը» (Տուէյ Թարգմանութիւն), թարգմանուեցաւ՝ «մարմնի ցանկութիւնը»։ (Ա. Յովհաննու 2։16) Բացայայտօրէն, Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը հասկացողութեան նոր հորիզոններ բացաւ։

Զանազան ուսումնականներ անով տպաւորուեցան։ Օրինակ, Աստուածաշունչի Բրիտանացի ուսումնական՝ Ալեքսանդր Թոմսըն՝ նշեց թէ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը յատկանշական է Յունարէն ներկայ եղանակը ճշգրտութեամբ թարգմանելու մէջ։ Բացատրենք. Եփեսացիս 5։25–ը կ’ըսէ՝ «Այրե՛ր, շարունակեցէ՛ք սիրել ձեր կիները», փոխանակ պարզապէս ըսելու՝ «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները»։ (Գինկ Ճէյմս Թարգմանութիւն) «Ուրիշ ո՛չ մէկ թարգմանութիւն այս ուշագրաւ երեսակը ա՛յսքան յատկանշականօրէն եւ յաճախականութեամբ ցոյց տուած է», ըսաւ Թոմսըն, Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան նկատմամբ։

Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան ուրիշ մէկ աչքառու երեսակն է՝ Աստուծոյ Եհովա անուան գործածութիւնը, թէ՛ Եբրայերէն եւ թէ Յունարէն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։ Քանի որ Եբրայերէնով Աստուծոյ անունը մօտ 7,000 անգամ կ’երեւնայ միայն այդպէս կոչուած Հին Կտակարանին մէջ, բացայայտ է թէ մեր Ստեղծիչը կ’ուզէ որ իր երկրպագուները իր անունը գործածեն եւ զինք ճանչնան որպէս անձ։ (Ելից 34։6, 7) Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը միլիոնաւորներու օգնած է որ ասիկա ընեն։

Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը Բազմաթիւ Լեզուներով կը Հրատարակուի

Անգլերէն լեզուով լոյս տեսնելէն ի վեր, համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաները փափաքած են Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը ունենալ իրենց մայրենի լեզուով, եւ ասիկա լաւ պատճառի մը համար։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, դժուար եղած էր տեղական լեզուներով թարգմանութիւններ ձեռք ձգել, քանի որ զանոնք ցրուող Աստուածաշունչի Ընկերութիւնները ուրախ չէին տեսնելով որ իրենց հրատարակած Աստուածաշունչերը Եհովայի Վկաներուն ձեռքը կ’անցնէին։ Ասկէ զատ, տարբեր լեզուներով հրատարակուած այս Աստուածաշունչերը յաճախ կենսական ուսուցումներ կը ծածկեն։ Ասոր մէկ օրինակն է հարաւային եւրոպական լեզուով թարգմանութիւն մը, որ Աստուծոյ անուան եղած կարեւոր ակնարկում մը կը ծածկէ, «քու անունդ սուրբ ըլլայ» Յիսուսի խօսքը փոխարինելով, «թող որ մարդոց կողմէ պատիւ ստանաս» խօսքով։—Մատթէոս 6։9

Արդէն իսկ 1961–ին, թարգմանիչներ սկսան Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան Անգլերէն թարգմանութիւնը ուրիշ լեզուներու թարգմանել։ Երկու տարի ետք, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը ամբողջացաւ յաւելեալ վեց լեզուներով։ Մինչեւ այն ատեն, համայն աշխարհի մէջ 4 Վկաներէն 3–ը կրնային այս Աստուածաշունչը կարդալ իրենց մայրենի լեզուով։ Սակայն, շատ աշխատանք պէտք էր տարուէր, եթէ Եհովայի Վկաները այս Աստուածաշունչէն օրինակ մը միլիոնաւոր անհատներու ձեռքը պիտի հասցնէին։

1989–ին, այս նպատակակէտը աւելի իրագործելի դարձաւ, երբ Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին մէջ Թարգմանութեան Սպասարկութեան Բաժինը հաստատուեցաւ։ Այս բաժինը թարգմանութեան մեթոտ մը զարգացուց, որ սուրբ գրային բառերու ուսումնասիրութիւնը միացուց համակարգչային արուեստագիտութեան հետ։ Այս մեթոտը գործածելը կարելի դարձուց որ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները այլ լեզուներու թարգմանուին մէկ տարուան մէջ, իսկ Եբրայերէն Գրութիւնները՝ երկու տարուան մէջ. ասիկա Աստուածաշունչը թարգմանելու ծրագրի մը համար պահանջուած սովորական ժամանակէն շատ աւելի նուազ է։ Այս մեթոտը զարգացուելէն ի վեր, Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը Անգլերէնէն թարգմանուած է 29 այլ լեզուներու եւ լոյս տեսած է՝ աւելի քան երկու միլիառ անհատներու կողմէ խօսուած լեզուներով։ Այժմ աշխատանք կը տարուի 12 այլ լեզուներու վրայ։ Մինչեւ օրս, Անգլերէն Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը, մասամբ կամ ամբողջութեամբ, թարգմանուած է 41 լեզուներու։

Աւելի քան 50 տարի անցած է Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան առաջին մասին լոյս տեսնելէն, 3 Օգոստոս 1950–ին՝ Եհովայի Վկաներու Աստուածպետութեան Յաւելում Համաժողովին, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ։ Այդ առիթով, Նաթան Հ. Նոր հանդիսականները յորդորեց. «Առէ՛ք այս թարգմանութիւնը։ Կողքէ կողք կարդացէ՛ք, ասիկա ձեզի հաճոյք պիտի պատճառէ։ Զայն ուսումնասիրեցէ՛ք, անիկա ձեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ հասկնաք։ Զայն ուրիշներուն բաժնեցէ՛ք»։ Ձեզ կը քաջալերենք որ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդաք, քանի որ անոր պատգամը ձեզի կրնայ օգնել որ «կատարեալ ու հաստատօրէն համոզուած կենաք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։—Կողոսացիս 4։12, ՆԱ

[Ցուցագիծ/Նկարներ 8, 9]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

«Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան Հրատարակութիւններ»

Առաջին անգամ Անգլերէնով լոյս տեսած Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը այժմ մատչելի է, ամբողջութեամբ կամ մասամբ, 41 լեզուներով

Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ Լման Աստուածաշունչը

1950 1

1960-1969 6 5

1970-1979 4 2

1980-1989 2 2

1990–էն մինչեւ օրս 29 19