Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սկիւթացիները՝ անցեալի խորհրդաւոր ժողովուրդ մը

Սկիւթացիները՝ անցեալի խորհրդաւոր ժողովուրդ մը

Սկիւթացիները՝ անցեալի խորհրդաւոր ժողովուրդ մը

ՓՈՇԻԻՆ մէջէն քառասմբակ ընթանալով եւ թամբերը աւարով լեցուն, աստանդական ազգի մը հեծելազօրքը հասաւ։ Այս խորհրդաւոր ժողովուրդը Եւրասիոյ տափաստաններուն վրայ տիրեցին, շուրջ Հ.Դ.Ա. 700–էն մինչեւ 300։ Ապա անհետացան, սակայն, պատմութեան մէջ հետք մը ձգելէ ետք։ Նոյնիսկ Աստուածաշունչին մէջ անոնց հետքը կայ։ Խօսքը Սկիւթացիներուն մասին է։

Դարեր շարունակ, աստանդականներ ու վայրի ձիեր թափառած են այս արօտավայրերուն մէջ, որոնք կը տարածուին արեւելեան Եւրոպայի Կարպաթեան Լեռներէն մինչեւ այժմու հարաւ–արեւելեան Ռուսաստան։ Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Չինացի Շուան Կայսրին զինուորական յարձակումը, պատճառ եղաւ որ շատեր դէպի արեւմուտք գաղթեն։ Դէպի արեւմուտք ուղղուելով, Սկիւթացիները պատերազմեցան ու դուրս քշեցին Կիմերացիները, որոնք Կովկասի ու Սեւ Ծովու հիւսիսային շրջանին վրայ կը տիրապետէին։

Հարստութեան ետեւէ ըլլալով, Սկիւթացիները կողոպտեցին Ասորեստանի մայրաքաղաքը՝ Նինուէն։ Հետագային, Ասորեստանի հետ դաշնակցեցան, Մարերու, Բաբելոնիայի եւ այլ ազգերու դէմ։ Անոնց յարձակումները մինչեւ Եգիպտոսի հիւսիսը հասան։ Այն իրողութիւնը թէ Իսրայէլի հիւսիս–արեւելքը գտնուող Բասան քաղաքը հետագային կոչուեցաւ Սկիւթապոլիս, կրնայ նշել սկիւթական տիրապետութեան ժամանակաշրջան մը։—Ա. Թագաւորաց 31։11, 12

Վերջապէս, Սկիւթացիները հաստատուեցան ներկայ Ռումանիոյ, Մոլտավիոյ, Ուքրանիոյ, եւ հարաւային Ռուսաստանի տափաստաններուն մէջ։ Հոն անոնք հարստութիւն դիզեցին, որպէս միջնորդ գործելով Յոյներու եւ ներկայ Ուքրանիոյ ու հարաւային Ռուսաստանի հացահատիկ արտադրողներուն միջեւ։ Սկիւթացիները ցորենը, մեղրը, մուշտակը եւ արջառները փոխանակեցին յունական գինիի, հիւսուածեղէնի, զէնքերու եւ արուեստի գործերու հետ։ Անոնք աներեւակայելի հարստութիւն դիզեցին։

Ահաւոր Ձիաւորներ

Ինչպէս էր ուղտը անապատաբնակներուն համար, ձին այդպէս էր այս տափաստանաբնակ ռազմիկներուն համար։ Սկիւթացիները հմուտ ձիաւորներ էին եւ առաջիններէն՝ որոնք թամբը եւ ասպանդակը գործածեցին։ Անոնք ձիու միս կ’ուտէին եւ զամբիկի կաթ կը խմէին։ Իրականութեան մէջ, անոնք ձիերը ողջակէզ կ’ընէին։ Երբ Սկիւթացի ռազմիկ մը մահանար, անոր ձին կը սպաննուէր ու յարգարժան թաղումի մը կ’արժանանար, իր ասպազէնով։

Պատմաբան Հերոդոտոսի նկարագրութեան համաձայն, Սկիւթացիները սատիստական սովորութիւններ որդեգրած էին, ինչպէս՝ իրենց զոհին գանկը գործածել որպէս գաւաթ։ Իրենց թշնամիներուն վրայ խոյանալով, զանոնք կը բնաջնջէին երկաթէ սուրերով, պատերազմական կացիններով, նիզակներով, եւ մարմինը բզկտող կարթաձեւ նետերով։

Յաւիտենականութեան Համար Կահաւորուած Գերեզմաններ

Սկիւթացիները կախարդութեան ու Շամանականութեան կը հետեւէին, ինչպէս նաեւ կրակը եւ մայր չաստուածուհի մը կը պաշտէին։ (Բ. Օրինաց 18։10-12) Անոնք գերեզմանը կը նկատէին որպէս մեռելներուն բնակարանը։ Ծառաներ ու անասուններ կը զոհագործուէին իրենց մահացած տիրոջ գործածութեան համար։ Անոնք կը հաւատային թէ գանձերն ու տան ծառաները տոհմապետին կ’ընկերակցէին դէպի «անդի աշխարհ»։ Արքայական գերեզմանի մը մէջ, հինգ սպասաւորներ գտնուեցան, որոնց ոտքերը տիրոջ ուղղութեամբ դրուած էին, այսինքն՝ պատրաստ էին կանգնելու եւ իրենց պարտականութիւնները շարունակելու։

Կառավարիչները փարթամ զոհագործութիւններով կը թաղուէին, իսկ սուգի ժամանակաշրջանին, Սկիւթացիները իրենց արիւնը կը հոսեցնէին եւ իրենց մազը կը կտրէին։ Հերոդոտոս գրեց. «Անոնք իրենց ականջէն մաս մը կը կտրէին, իրենց գլուխը կ’ածիլէին, իրենց բազուկները կը դանակէին, իրենց ճակատն ու քիթը կը վիրաւորէին, եւ իրենց ձախ ձեռքը նետերով կը ծակէին»։ Ասոր հակառակը, նոյն դարաշրջանին Իսրայելացիներուն տրուած Աստուծոյ Օրէնքը կը պատուիրէր. «Մէկուն սուգին համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ մի՛ ընէք»։—Ղեւտացւոց 19։28

Սկիւթացիները իրենց ետին ձգեցին հազարաւոր գուրկան–ներ (դամբարանաբլուրներ)։ Դամբարանաբլուրներու մէջ գտնուած բազմաթիւ զարդեղէնները Սկիւթացիներու առօրեայ կեանքը կը նկարագրեն։ Ռուսաստանի Մեծն Պետրոս Ձարը սկսաւ այսպիսի իրեր հաւաքել 1715–ին, եւ այս փայլուն առարկաները այժմ կը ցուցադրուին Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ թանգարաններուն մէջ։ Այս «անասնական արուեստը» կը պարփակէ ձիեր, արծիւներ, բազէներ, կատուներ, յովազներ, էշայծեամներ, եղջերուներ եւ առասպելական կենդանիներ (մարմինը՝ թեւաւոր կամ անթեւ անասունի մը, գլուխը՝ ուրիշ անասունի մը)։

Սկիւթացիները եւ Աստուածաշունչը

Աստուածաշունչը միայն մէկ ուղղակի ակնարկում կ’ընէ Սկիւթացիներուն։ Կողոսացիս 3։11–ին մէջ կը կարդանք. «Ուր Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, Բարբարոս, Սկիւթացի, ծառայ կամ ազատ չկայ. հապա Քրիստոս է ամէնը՝ ամէն բանի մէջ»։ Երբ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ այս խօսքերը գրեց, «Սկիւթացի» թարգմանուած Յունարէն բառը կ’ակնարկէր, ոչ թէ որոշ ազգի մը, այլ՝ ամենէն անքաղաքակիրթ մարդոց։ Պօղոս կը շեշտէր թէ Եհովայի սուրբ հոգիին՝ կամ գործօն ուժին ազդեցութեան ներքեւ, նոյնիսկ այսպիսիներ կրնային բարեպաշտ անձնաւորութիւն մը հագնիլ։—Կողոսացիս 3։9, 10

Կարգ մը հնախոյզներ կը հաւատան թէ Երեմեայ 51։27–ի մէջ գտնուած Ասքանազ անունը, Ասորերէն Աշկուզայ բառին համազօր է, արտայայտութիւն մը որ Սկիւթացիներուն կը կիրարկուէր։ Սեպագիր սալիկներ կը նշեն այս ժողովուրդին ու Միննիի միջեւ կնքուած դաշնակցութիւն մը՝ Ասորեստանի դէմ ըմբոստանալու նպատակաւ, Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն։ Երեմիան մարգարէանալու սկսելէն քիչ առաջ, Սկիւթացիները անվնաս կերպով Յուդայի երկրէն անցան, Եգիպտոս երթալ–գալու համար։ Ուստի, շատեր որոնք լսեցին թէ ան հիւսիսէն Յուդայի վրայ յարձակում կը նախագուշակէր, հաւանաբար հարցի տակ դրին իր մարգարէութեան ճշգրտութիւնը։—Երեմեայ 1։13-15

Կարգ մը ուսումնականներ կը խորհին թէ Երեմեայ 50։42–ին մէջ Սկիւթացիներուն մասին անուղղակի ակնարկում մը կայ. հոն կը կարդանք. «Անոնք աղեղ ու նիզակ կը կրեն, անոնք անգութ ու անողորմ են։ Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ եւ անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն ու պատերազմող մարդու պէս քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ Բաբելոնի աղջիկ»։ Սակայն այս համարը գլխաւորաբար կը կիրարկուի Մարերու ու Պարսիկներու, որոնք Բաբելոնը նուաճեցին Հ.Դ.Ա. 539–ին։

Թելադրուած է թէ Եզեկիէլ 38 եւ 39–րդ գլուխներուն մէջ յիշուած «Մագոգի երկիրը», Սկիւթացի ցեղախումբերուն կ’ակնարկէ։ Սակայն, «Մագոգի երկիրը» այլաբանական իմաստ մը ունի։ Բացայայտօրէն, անիկա կ’ակնարկէ երկրի շրջակայքին, ուր Սատանան ու իր հրեշտակները արգելափակուեցան, երկնքի մէջ տեղի ունեցած պատերազմէն ետք։—Յայտնութիւն 12։7-17

Սկիւթացիները Նաւումի մարգարէութեան կատարման մէջ պարփակուած էին, որ կը նախագուշակէր Նինուէի կործանումը։ (Նաւումայ 1։1, 14) Քաղդէացիները, Սկիւթացիները եւ Մարերը կողոպտեցին Նինուէն Հ.Դ.Ա. 632–ին, Ասորեստանի Կայսրութեան կործանումը պատճառելով։

Խորհրդաւոր Անկում մը

Սկիւթացիները անհետացան, սակայն, ինչո՞ւ։ Ուքրանացի աչքառու հնախոյզ մը կ’ըսէ. «Իրականութիւնը այն է, թէ պարզապէս չենք գիտեր ի՛նչ պատահեցաւ»։ Ոմանք կը հաւատան թէ իրենց հարստութեան հաճոյքներով տարուելով տկարացան, եւ Հ.Դ.Ա. առաջին ու երկրորդ դարուն նուաճուեցան Ասիայէն եկած աստանդականներու նոր խումբի մը՝ Սարմատացիներուն՝ կողմէ։

Ուրիշներ կը խորհին թէ սկիւթական տոհմերու միջեւ եղած կռիւները անոնց անկումին առաջնորդեցին։ Իսկ ուրիշներ կ’ըսեն թէ Սկիւթացիներէն մնացորդ մը կարելի է գտնել Կովկասի Օսեթեաններուն մէջ։ Ամէն պարագայի, անցեալի այս խորհրդաւոր ժողովուրդը մարդկային պատմութեան վրայ հետք մը ձգեց, հետք մը՝ որ Սկիւթացի անունը անգթութեան հոմանիշ մը դարձուց։

[Քարտէս՝ էջ 24]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

□ Վաղեմի Քաղաք

• Արդի Քաղաք

Դանուբ

ՍԿԻՒԹԻԱ ← ԳԱՂԹԻ ՃԱՄԲԱՅ

• Գիէվ

Տնիէբեր

Տնիեսթեր

Սեւ Ծով

ՕՍԵԹԻԱ

Կովկասեան Լեռներ

Կասպից Ծով

ԱՍՈՐԵՍՏԱՆ ← ԱՐՇԱՒԱՆՔԻ ՃԱՄԲԱՆԵՐ

□ Նինուէ

Տիգրիս

ՄԱՐԱՍՏԱՆ ← ԱՐՇԱՒԱՆՔԻ ՃԱՄԲԱՆԵՐ

ՄԻՋԱԳԵՏՔ

ԲԱԲԵԼՈՆԻԱ ← ԱՐՇԱՒԱՆՔԻ ՃԱՄԲԱՆԵՐ

□ Բաբելոն

Եփրատ

ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆ

□ Շուշան

Պարսից Ծոց

ՊԱՂԵՍՏԻՆ

• Բասան (Սկիւթապոլիս)

ԵԳԻՊՏՈՍ ← ԱՐՇԱՒԱՆՔԻ ՃԱՄԲԱՆԵՐ

Նեղոս

Միջերկրական Ծով

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

[Նկարներ՝ էջ 25]

Սկիւթացիները ռազմասէր ժողովուրդ մըն էին

[Նկարին աղբիւրը]

The State Hermitage Museum, St. Petersburg

[Նկարներ՝ էջ 26]

Սկիւթացիները իրենց արտադրութիւնները փոխանակեցին յունական արուեստի գործերու հետ, եւ շատ հարստութիւն դիզեցին

[Նկարին աղբիւրը]

Courtesy of the Ukraine Historic Treasures Museum, Kiev