Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փրկութեան որեւէ յոյս կա՞յ

Փրկութեան որեւէ յոյս կա՞յ

Փրկութեան որեւէ յոյս կա՞յ

Քսաներորդ դարը կոչուած է մարդկութեան ճանչցած ամենէն արիւնահեղ դարերէն մէկը։ Ոճիրը, պատերազմները, էթնիք պայքարները, թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւնը, անպարկեշտութիւնը եւ բռնութիւնը յատկապէս համատարած եղած են վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին։ Ասոնց վրայ աւելցուցէք հիւանդութեան, ծերութեան եւ մահուան պատճառած ցաւն ու տառապանքը։ Ո՞վ չի տենչար ազատագրուիլ ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող ահագին խնդիրներէն։ Մինչ ապագային կը նայինք, փրկութեան որեւէ յոյս մը կա՞յ։

ՆԿԱՏԻ առէք շուրջ 2,000 տարի առաջ Յովհաննէս առաքեալի աւանդուած տեսիլքը։ Ան գրեց. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Եսայի մարգարէն նմանապէս նախագուշակեց. «Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ. վասն զի Տէրը խօսեցաւ»։—Եսայեայ 25։8

Պահ մը երեւակայեցէք թէ Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը ի՛նչ պիտի նշանակէ։ Մարդկութիւնը պիտի ազատուի, կամ ազատագրուի, կեղեքումէ եւ բռնութենէ, տառապանքի ու նեղութեան պատճառներէն։ Նոյնիսկ հիւանդութիւնը, ծերութիւնը, եւ մահը մեզ պիտի չհարուածեն։ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, կը խոստանայ յաւիտենական կեանք՝ երկրի վրայ կատարեալ պայմաններու ներքեւ։ (Ղուկաս 23։43. Յովհաննու 17։3) Իսկ անիկա բոլոր զայն փափաքողներուն մատչելի է. «Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։—Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4

Սակայն, Աստուծոյ խոստումներէն օգտուելու համար, պէտք է հասկնանք մեր փրկութեան մէջ Յիսուս Քրիստոսի խաղցած դերը եւ իրեն հաւատք ընծայենք։ Յիսուս անձամբ ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Այս հարցին մէջ Յիսուս Քրիստոսի խաղցած կենսական դերին մատնանշելով, Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։ (Գործք 4։12) Պօղոս առաքեալ եւ իր ընկերակիցը Շիղան, անկեղծօրէն իրենց հարց տուող անհատի մը յորդոր տուին. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիք դուն եւ քու տունդ»։—Գործք 16։30, 31

Այո, Յիսուս Քրիստոս «կենաց Առաջնորդ»ն է, եւ միայն իր միջոցաւ կարելի է փրկուիլ։ (Գործք 3։15) Սակայն, ի՞նչպէս կրնայ մէկ մարդ ա՛յսքան կարեւոր դեր մը խաղալ մեր փրկութեան մէջ։ Այս առնչութեամբ իր խաղցած դերին մասին յստակ հասկացողութիւն ունենալը, փրկութեան մեր յոյսը պէտք է զօրացնէ։

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 2]

Page 3։ Bombers։ USAF photo; starving children։ UNITED NATIONS/J. FRAND; burning battleship։ U.S. Navy photo