Եհովայի հրաւէրները ընդունիլը վարձատրութիւններ կը բերէ
Կենսագրութիւն
Եհովայի հրաւէրները ընդունիլը վարձատրութիւններ կը բերէ
ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՄԱՐԻԱ ՏՕ ՉԷ ԶԱՆԱՐՏԻ–Ի ԿՈՂՄԷ
«Եհովան գիտէ՛ ինչ կ’ընէ։ Եթէ քեզի հրաւէր ղրկած է, պէտք է զայն խոնարհութեամբ ընդունիս»։ Հօրս այս խօսքերը, ըսուած շուրջ 45 տարի առաջ, ինծի օգնեցին որ Եհովայի կազմակերպութենէն ստացած առաջին հրաւէրս ընդունիմ, որ էր՝ ծառայել որպէս լիաժամ քարոզիչ մը։ Ներկայիս, հօրս խրատին համար տակաւին երախտապարտ եմ, քանի որ այսպիսի հրաւէրներ ընդունիլս ճոխ օրհնութիւններ բերած է ինծի։
ՀԱՅՐՍ՝ 1928–ին Դիտարան պարբերաթերթին բաժանորդագրուեցաւ եւ սկսաւ Աստուածաշունչով հետաքրքրուիլ։ Քանի որ կեդրոնական Փորթուկալի մէջ կ’ապրէր, Աստուծոյ ժողովքին հետ իր միակ կապը թղթատարական միջոցաւ ստացած գրականութիւններն էին եւ՝ մեծ ծնողքիս պատկանող Աստուածաշունչ մը։ 1949–ին, երբ 13 տարեկան էի, ընտանիքս Պրազիլիա գաղթեց, որ մօրս ծննդավայրն էր, եւ հաստատուեցաւ Ռիօ տը Ժանէյրոյի արուարձաններէն մէկուն մէջ։
Մեր նոր դրացիները մեզ հրաւիրեցին որ իրենց եկեղեցին երթանք, եւ քանի մը անգամ գացինք։ Հայրս կը սիրէր զանոնք հարցաքննել դժոխքի կրակին, հոգիին եւ երկրին ապագային մասին, սակայն անոնք պատասխաններ չունէին։ Հայրս կ’ըսէր. «Պէտք է որ սպասենք Աստուածաշունչի իսկական աշակերտներուն գալուն»։
Օր մը, կոյր մարդ մը մեր տունը այցելեց, եւ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը ներկայացուց։ Հայրս նոյն հարցումները հարցուց իրեն, եւ ան Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած պատասխաններ տուաւ։ Յաջորդ շաբաթ, ուրիշ Եհովայի Վկայ մը այցելեց մեզի։ Քանի մը տարբեր հարցումներու պատասխանելէ ետք, ան ներողութիւն խնդրեց եւ ըսաւ թէ պէտք է «դաշտ» երթայ։ Երբ հայրս զարմանք յայտնեց թէ Վկաները Մատթէոս 13։38–ը (ՆԱ). «Դաշտը աշխարհս է»։ Հայրս հարցուց. «Ես ալ կրնա՞մ երթալ»։ «Անշո՛ւշտ», եղաւ պատասխանը։ Ուրախացանք որ անգամ մը եւս Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գտած էինք։ Յաջորդ նահանգային համաժողովին հայրս մկրտուեցաւ, եւ անկէ քիչ ետք ես մկրտուեցայ՝ Նոյեմբեր 1955–ին։
մարմնամարզանքի կը հետեւէին, կինը իրեն կարդացԱռաջին Հրաւէրս կ’Ընդունիմ
Մէկ ու կէս տարի ետք, Եհովայի Վկաներու Ռիօ տը Ժանէյրոյի մասնաճիւղի գրասենեակէն սրճագոյն մեծ պահարան մը ստացայ, որուն մէջ կար լիաժամ քարոզիչ ըլլալու հրաւէր մը։ Մօրս առողջութիւնը շատ վատ էր այն ժամանակ, ուստի հօրմէս խրատ ուզեցի։ Իր հաստատ պատասխանն էր. «Եհովան գիտէ՛ ինչ կ’ընէ։ Եթէ քեզի հրաւէր ղրկած է, պէտք է զայն խոնարհութեամբ ընդունիս»։ Քաջալերուելով այս խօսքերէն, դիմումնագիրը լեցուցի եւ 1 Յուլիս 1957–ին լիաժամ ծառայութեան սկսայ։ Առաջին նշանակումս էր Թրէս Րիոս, Ռիօ տը Ժանէյրօ Նահանգին մէկ գիւղաքաղաքը։
Սկիզբը, Թրէս Րիոսի բնակիչները կը վարանէին մեր պատգամին մտիկ ընելու, քանի որ Աստուածաշունչի Կաթողիկէ թարգմանութիւնը չէինք գործածեր։ Օգնութիւն հասաւ, երբ թունդ Կաթողիկէ Ժերալտօ Ռամալիույի հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսանք։ Իր օգնութեամբ կրցայ ձեռք ձգել Աստուածաշունչ մը, որ տեղական վարդապետին ստորագրութիւնը կը կրէր։ Անկէ ետք, երբ անհատ մը առարկէր, անոր ցոյց կու տայի վարդապետին ստորագրութիւնը, եւ մէկը չէր համարձակեր ուրիշ բան մը հարցնել։ Հետագային, Ժերալտոն մկրտուեցաւ։
Շատ ուրախացայ երբ շրջանային համաժողով մը տեղի ունեցաւ Թրէս Րիոսի ճիշդ կեդրոնը, 1959–ին։ Ոստիկանապետը, որ այն ատեն Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր, նոյնիսկ կարգադրեց որ ամբողջ գիւղաքաղաքին մէջ յայտագիրը ծանուցանող պաստառներ դրուին։ Թրէս Րիոսի մէջ երեք տարի ծառայելէ ետք, հրաւէր ստացայ Իթուի մէջ նոր նշանակում մը սկսելու, որ Սէն Բաւլոյի արեւմուտքը կը գտնուի՝ շուրջ 110 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ։
Կարմիր, Կապոյտ եւ Դեղին Գրքեր
Բաւական փնտռտուք ընելէ ետք, ռահվիրայ ընկերակիցս ու ես հանգստաւէտ բնակարան մը գտանք քաղաքին կեդրոնին մէջ, Մարիա անունով ազնուասիրտ որբեւայրիի մը քով։ Մարիան մեր հետ մօր մը պէս վարուեցաւ։ Սակայն, շատ չանցած, Իթուի Կաթողիկէ եպիսկոպոսը իրեն այցելութիւն մը տուաւ եւ ըսաւ որ մեզ իր տունէն դուրս դնէ, բայց Մարիան հաստատօրէն ըսաւ. «Երբ ամուսինս մահացաւ, դուն զիս մխիթարելու համար բան մը չըրիր։ Այս Եհովայի Վկաները ինծի օգնեցին, հակառակ անոր որ ես իրենց կրօնքին մէկ անդամը չեմ»։
Գրեթէ այդ ժամանակ, կին մը մեզի տեղեկացուց թէ Իթուի Կաթողիկէ վարդապետները իրենց ծուխերուն արգիլած էին «Բանսարկուին մասին խօսող կարմիր գրքէն» օրինակներ ընդունիլ։ Անոնք կ’ակնարկէին «Աստուած Ճշմարիտ Թող Ըլլայ» գրքին, սուրբ գրային գրականութիւն մը՝ որ այդ շաբթուան ընթացքին մարդոց կը ներկայացնէինք։ Քանի որ կարմիր գիրքը վարդապետներուն կողմէ «արգիլուած» էր, ներկայացում մը պատրաստեցինք կապոյտ գիրքին համար («Նոր Երկինք ու Նոր Երկիր մը»)։ Հետագային, երբ կղերականները այս փոփոխութեան մասին լսեցին, սկսանք դեղին գիրքը ներկայացնել (Կրօնքը
Մարդկութեան Համար Ի՞նչ Ըրած Է), եւ այսպիսի բաներ։ Լաւ որ գրքերու այլազանութիւն մը ունէինք, որոնք տարբեր գոյներով կողքեր ունէին։Իթուի մէջ շուրջ տարի մը անցընելէ ետք, հեռագիր մը ստացայ որ զիս կը հրաւիրէր ժամանակաւորապէս աշխատելու Պէթէլի՝ Եհովայի Վկաներու Ռիօ տը Ժանէյրոյի մասնաճիւղի գրասենեակին՝ մէջ, տեղական համաժողովը պատրաստելու համար։ Ուրախութեամբ ընդունեցի հրաւէրը։
Յաւելեալ Առանձնաշնորհումներ եւ Մարտահրաւէրներ
Պէթէլին մէջ գործը անպակաս էր, եւ ուրախ էի օգնելու կարելի եղած որեւէ կերպով։ Ամէն առտու օրուան համարի քննարկութեան եւ Երկուշաբթի երեկոները ընտանեկան Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուիլը որքա՜ն պարարտացուցիչ էր։ Օթթօ Էսթըլմանի եւ Պէթէլի ընտանիքի այլ փորձառու անհատներուն աղօթքները խոր ազդեցութիւն ունեցան վրաս։
Համաժողովէն ետք, պայուսակներս պատրաստեցի որ Իթու վերադառնամ, սակայն, շատ անակնկալի եկայ, երբ մասնաճիւղի ծառան՝ Կրանդ Միլըր՝ նամակ մը յանձնեց ինծի, որուն մէջ հրաւէր կար որ Պէթէլի ընտանիքին մնայուն մէկ անդամը դառնամ։ Սենեկակիցս Քոյր Հոզա Եազըճեանն էր, որ տակաւին Պրազիլիոյ Պէթէլին մէջ կը ծառայէ։ Այդ օրերուն Պէթէլի ընտանիքը փոքր էր, միայն 28 հոգի, եւ բոլորս ալ սերտ բարեկամներ էինք։
1964–ին, Ժուան Զանարտին՝ երիտասարդ լիաժամ քարոզիչ մը, Պէթէլ եկաւ մարզում ստանալու համար։ Այդ ժամանակ ան շրջանի ծառայ՝ կամ ճամբորդող տեսուչ, նշանակուած էր, Պէթէլի մօտերը։ Երբեմն կը հանդիպէինք երբ Պէթէլ կու գար իր տեղեկագիրները յանձնելու համար։ Մասնաճիւղի ծառան Ժուանի արտօնութիւն տուաւ որ Երկուշաբթի երեկոները ընտանեկան ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուէր, ուստի կրցանք իրարու հետ աւելի ժամանակ անցընել։ Օգոստոս 1965–ին, Ժուան եւ ես ամուսնացանք։ Ուրախութեամբ ընդունեցի շրջանային գործին մէջ ամուսնոյս միանալու հրաւէրը։
Այդ օրերուն Պրազիլիոյ ներքին շրջաններուն մէջ ուղեւորութեան գործը արկածախնդրութեան նման բան մըն էր։ Երբեք պիտի չմոռնամ Մինաս Կերաս Նահանգի Արանհայի մէջ գտնուող հրատարակիչներու խումբին տուած մեր այցելութիւնները։ Նախ շոգեկառքը կ’առնէինք եւ անկէ ետք մնացեալ ճամբան կը քալէինք, բեռնաւորուած՝ ճամբրուկներով, գրամեքենայով, լուսապատկերի մեքենայով, ծառայութեան պայուսակներով եւ գրականութիւններով։ Որքա՜ն կ’ուրախանայինք երբ Լուրիվալ Շանթալ անունով տարեց եղբայրը կը տեսնէինք, որ միշտ կայարանը մեզի կը սպասէր, մեր պայուսակները շալկելու համար։
Արանհայի մէջ ժողովները վարձու տան մը մէջ տեղի կ’ունենային։ Պզտիկ սենեակի մը մէջ կը պառկէինք, որ տան ետեւի մասը կը գտնուէր։ Անոր մէկ կողմը վառելափայտ կար, որ կը գործածէինք եփելու եւ դոյլերով եղբայրներուն մեզի բերած ջուրը տաքցնելու համար։ Մօտակայ հնդկեղէգնի դաշտի մը մէջտեղը գտնուող փոս մը կը ծառայէր որպէս արտաքնոց։ Գիշերը կազի լապտեր մը վառած կը ձգէինք, որպէսզի հեռու պահէինք Շակասի ախտը փոխանցող բզէզները։ Առաւօտուն, մեր ռնգունքները ծուխին պատճառով միշտ սեւ կ’ըլլային։ Բաւական հետաքրքրական փորձառութիւն մը։
Մինչ Փարանա Նահանգին շրջաններէն մէկուն մէջ կը ծառայէինք, մասնաճիւղի գրասենեակէն դարձեալ այդ սրճագոյն պահարաններէն հատ մը ստացանք։ Եհովայի կազմակերպութիւնը ուրիշ հրաւէր մը ղրկած էր մեզի, այս անգամ Փորթուկալի մէջ ծառայելու համար։ Նամակը մեզի Ղուկաս 14։28–ի սկզբունքը նկատի առնենք եւ ծախքը հաշիւ ընենք այս նշանակումը ընդունելէ առաջ, քանի որ մեր քրիստոնէական գործունէութիւնը արգիլուած էր հոն, եւ Փորթուկալի կառավարութիւնը արդէն իսկ բազմաթիւ եղբայրներ ձերբակալած էր։
խրատ կու տար որՊիտի երթայի՞նք երկիր մը, ուր այսպիսի հալածանք կրնայինք դիմագրաւել։ «Եթէ մեր Փորթուկալցի եղբայրները կարող են հոն ապրելու եւ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայելու, մենք ինչո՞ւ պիտի չկրնանք», ըսաւ Ժուան։ Հօրս քաջալերական խօսքերը մտաբերելով, իր հետ համաձայնեցայ. «Եթէ Եհովան է այս հրաւէրը ղրկողը, պէտք է զայն ընդունինք եւ իրեն վստահինք»։ Անկէ քիչ ետք, Սէն Բաւլոյի Պէթէլին մէջ էինք, յաւելեալ հրահանգներ ստանալու եւ ճամբորդութեան վերաբերեալ մեր փաստաթուղթերը պատրաստելու համար։
Ժուան Մարիա եւ Մարիա Ժուան
Մեր նաւը՝ Էօժէնիօ Ք., Սէն Բաւլօ Նահանգին Սանթօս նաւահանգիստէն մեկնեցաւ, 6 Սեպտեմբեր 1969–ին։ Ինը օր ծովուն վրայ անցընելէ ետք, Փորթուկալ հասանք։ Սկիզբը, քանի մը շաբաթ ծառայեցինք փորձառու եղբայրներու հետ, Լիզպոնի հին շրջանին՝ Ալֆամայի եւ Մուրարիայի՝ նեղ փողոցներուն մէջ։ Անոնք մեզ մարզեցին որ արթուն ըլլանք, որպէսզի ոստիկանութեան կողմէ դիւրաւ չձերբակալուինք։
Ժողովքային հանդիպումները Վկաներու տուներուն մէջ տեղի կ’ունենային։ Երբ նկատէինք թէ դրացիները սկսան կասկածիլ, անմիջապէս ժողովները ուրիշ վայր մը կը փոխադրէինք, որպէսզի տան վրայ յարձակում չգործուէր կամ մեր եղբայրները չձերբակալուէին։ Զբօսախնճոյքներ՝ ինչպէս մեր համաժողովները կը կոչուէին՝ կ’ունենայինք Լիզպոնի արուարձաններէն մէկուն՝ Մոնսանթօ Փարքին, եւ ծովեզերքը գտնուող ծառախիտ շրջանի մը՝ Գոսթա տա Քափարիքայի մէջ։ Այս առիթներուն համար անպաշտօն հագուստներ կը հագնէինք, եւ խումբ մը արթուն հիւրընկալներ կարեւոր դիրքերու մէջ պահակ կը կենային։ Եթէ կասկածելի մէկը մօտենար, ժամանակ կ’ունենայինք խաղ մը հնարելու, զբօսախնճոյք մը կազմակերպելու, կամ ժողովրդական երգ մը սկսելու։
Որպէսզի ապահովութեան ոստիկանութեան համար մեզ բնորոշելը աւելի դժուարացնենք, խուսափեցանք մեր իսկական անունները գործածելէ։ Եղբայրները գիտէին մեզ որպէս Ժուան Մարիա եւ Մարիա Ժուան։ Մեր անունները թղթակցութեան կամ որեւէ տեղեկագրի մէջ չէին գործածուեր։ Փոխարէն, մեզի թիւեր նշանակուեցան։ Վճռակամօրէն ջանացի եղբայրներուն հասցէները միտքս չպահել։ Այս կերպով, եթէ ձերբակալուէի, կարելի պիտի չըլլար զանոնք դաւաճանել։
Ի հեճուկս արգելքներուն, Ժուան եւ ես վճռած Եբրայեցիս 11։27
էինք ամէն պատեհութիւն օգտագործել վկայութիւն մը տալու համար, քանի որ գիտէինք թէ որեւէ վայրկեան կրնայինք մեր ազատութիւնը կորսնցնել։ Սորվեցանք մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի վստահիլ։ Որպէս մեր Պաշտպանը, ան իր հրեշտակները գործածեց այնպիսի կերպով մը, որ զգացինք թէ ‘Անտեսանելին կը տեսնէինք’։—Առիթով մը, մինչ Փորթոյի մէջ տունէ տուն կը քարոզէինք, հանդիպեցանք մարդու մը որ պնդեց որ իր տունը մտնենք։ Հետս ծառայող քոյրը առանց վարանելու ընդունեց հրաւէրը, իսկ ես փոխընտրութիւն մը չունենալով, իրեն ընկերակցեցայ։ Սարսափեցայ, միջանցքին մէջ զինուորական տարազով մէկու մը լուսապատկերը նշմարելով։ Ի՞նչ պիտի ընէինք։ Մեր հիւրընկալը մեզ հրաւիրեց որ նստինք, ապա հարցուց. «Թոյլ պիտի տայի՞ք որ ձեր տղան բանակին մէջ ծառայէր, եթէ զինուորագրութեան համար կանչուէր»։ Նուրբ կացութիւն մըն էր։ Հանդարտօրէն, սակայն լռելեայն աղօթելէ ետք, պատասխանեցի. «Զաւակներ չունիմ, բայց վստահ եմ որ եթէ ձեզի այսպիսի ենթադրական հարցում մը ուղղէի, դուք ալ նոյն պատասխանը պիտի տայիք»։ Լռութիւն տիրեց։ Ուստի, շարունակեցի. «Եթէ ինծի հարցնէիք թէ ի՞նչ ըսել է եղբայր մը կամ հայր մը կորսնցնել, ասոր կրնայի պատասխանել, քանի որ եղբայրս ու հայրս մեռած են»։ Մինչ կը խօսէի աչքերս արցունքով լեցուեցան, եւ նկատեցի թէ ինքն ալ լալու աստիճան յուզուած էր։ Ան նշեց թէ վերջերս իր կինը մահացած էր։ Ուշի ուշով մտիկ ըրաւ մինչ բացատրեցի յարութեան յոյսը։ Ապա քաղաքավարօրէն մնաք բարով ըսինք եւ այդ վայրէն ապահով կերպով հեռացանք, հարցը Եհովայի ձեռքերուն մէջ ձգելով։
Հակառակ արգելքին, անկեղծ անհատներու օգնութիւն տրուեցաւ որ ճշմարտութեան մասին գիտութիւն ստանան։ Փորթոյի մէջ էր որ ամուսինս ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ Օրասիու անունով առեւտրականի մը հետ, որ արագօրէն յառաջդիմեց։ Հետագային, անոր որդին Էմիլիոն ալ, հոյակապ բժիշկ մը, Եհովայի կողքին դիրք բռնեց եւ մկրտուեցաւ։ Իրապէս, ո՛չ մէկ բան կրնայ Եհովայի սուրբ հոգին կասեցնել։
«Երբեք Չէք Գիտեր թէ Եհովան Ի՛նչ Պիտի Թոյլատրէ»
1973–ին, Ժուանը եւ ես հրաւիրուեցանք «Աստուածային Յաղթանակ» Միջազգային Համաժողովին, Պրուքսէլի մէջ, Պելճիքա։ Սպանացի եւ Պելճիքացի հազարաւոր եղբայրներ ներկայ էին, ինչպէս նաեւ պատուիրակներ՝ Մոզամպիկէն, Անկոլայէն, Գափ Վերտէն, Մտիրայէն, եւ Ազորեան Կղզիներէն։ Իր փակման խօսքերուն մէջ, Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիէն Եղբայր Նոր յորդորեց, ըսելով. «Շարունակեցէք հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայել։ Երբեք չէք գիտեր թէ Եհովան ի՛նչ պիտի թոյլատրէ։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս ձեր յաջորդ միջազգային համաժողովը Փորթուկալի մէջ ըլլայ»։
Յաջորդ տարին, Փորթուկալի մէջ քարոզչութեան գործունէութիւնը օրինաւոր ճանաչում ստացաւ։ Եղբայր Նորի խօսքերը իրականացան, երբ 1978–ին մեր առաջին միջազգային համաժողովը ունեցանք Լիզպոնի մէջ։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն էր Լիզպոնի փողոցներուն մէջ քալել,
վկայութիւն մը տալով՝ ծանուցագիրներով, պարբերաթերթերով եւ հանրային դասախօսութեան հրաւիրագիրներով։ Երազ մըն էր որ իրականացաւ։Փորթուկալցի եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը աճած էր, որոնցմէ շատեր բանտարկուած եւ ծեծուած էին, իրենց քրիստոնէական չէզոքութիւնը պահպանելուն համար։ Մեր փափաքն էր Փորթուկալի մէջ մեր ծառայութիւնը շարունակել։ Սակայն, չկարողացանք։ 1982–ին, Ժուան սրտի լուրջ խնդիր մը ունեցաւ, եւ մասնաճիւղի գրասենեակը թելադրեց որ Պրազիլիա վերադառնանք։
Փորձիչ Ժամանակ մը
Պրազիլիոյ մասնաճիւղի եղբայրները մեզի շատ թիկունք կանգնեցան, եւ մեզ նշանակեցին Քիրիրինկ Ժողովքին մէջ, Սէն Բաւլօ Նահանգին Թաուպաթէ քաղաքին մէջ։ Ժուանի առողջութիւնը արագօրէն վատթարացաւ, եւ անկէ քիչ ետք՝ տունէն դուրս ելլելու անկարող դարձաւ։ Հետաքրքրուած անհատներ մեր տունը կու գային Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար, իսկ ամէն օր դաշտի ծառայութեան ժողովները եւ ամէն շաբաթ գրքի ուսումնասիրութիւնը հոն տեղի կ’ունենային։ Այս կարգադրութիւնները մեզի օգնեցին մեր հոգեւորականութիւնը պահպանելու։
Ժուան շարունակեց իր կարողութեան ներած չափով Եհովայի ծառայել, մինչեւ իր մահը՝ 1 Հոկտեմբեր 1985–ին։ Տխուր եւ որոշ չափով յուսալքուած էի, սակայն, վճռած էի նշանակումս շարունակել։ Ուրիշ ձախորդութիւն մը պատահեցաւ Ապրիլ 1986–ին, երբ գողերը տունս մտնելով ամէն բան գողցան։ Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով առանձին զգացի եւ վախցայ։ Ամոլ մը սիրալիր կերպով զիս հրաւիրեցին որոշ ժամանակ մը իրենց հետ մնալու, որու համար շատ երախտապարտ էի։
Ժուանի մահը, եւ գողութիւնը, Եհովայի մատուցած ծառայութեանս ալ ազդեցին։ Ծառայութեան մէջ վստահութիւնս կորսնցուցի։ Այս դժուարութեան մասին մասնաճիւղի գրասենեակին գրելէն ետք, հրաւէր ստացայ որոշ ժամանակ մը Պէթէլի մէջ անցընելու, որպէսզի զգացական հաւասարակշռութիւնս վերագտնէի։ Այդ ժամանակամիջոցը որքա՜ն զօրացուց զիս։
Հազիւ թէ ինքզինքս քիչ մը լաւ զգացի, Սէն Բաւլօ Նահանգի Իփուա գիւղաքաղաքին մէջ ծառայելու նշանակում մը ընդունեցի։ Քարոզչութիւնը զիս զբաղած պահեց, սակայն, կային ժամանակներ երբ կը վհատէի։ Այսպիսի ատեններ, Քիրիրինկ Ժողովքի եղբայրներուն կը հեռաձայնէի, եւ ընտանիք մը կու գար մի քանի օր ինծի այցելութիւն մը տալու։ Այդ այցելութիւնները ի՛րապէս քաջալերական էին։ Իփուայի մէջ առաջին տարուան ընթացքին, 38 եղբայրներ ու քոյրեր երկար ճամբորդութիւն ըրին զիս տեսնելու համար։
1992–ին, Ժուանի մահէն վեց տարի ետք, Եհովայի կազմակերպութենէն ուրիշ հրաւէր մը ստացայ, այս անգամ Ֆրանքա փոխադրուելու, Սէն Բաւլօ Նահանգին մէջ, ուր տակաւին կը ծառայեմ որպէս լիաժամ քարոզիչ մը։ Հոս, թաղամասը շատ արդիւնաբեր է։ 1994–ին, քաղաքապետին հետ ուսումնասիրութիւն մը սկսայ։ Այդ ժամանակ ան Պրազիլիոյ խորհրդարանին մէջ աթոռ մը գրաւելու արշաւ մը կը մղէր, սակայն, հակառակ իր խճողուած յայտագրին, ամէն Երկուշաբթի յետմիջօրէին կ’ուսումնասիրէինք։ Որպէսզի չխանգարուէինք, իր հեռաձայնը կը գոցէր։ Որքա՜ն ուրախացայ տեսնելով ինչպէս աստիճանաբար քաղաքականութենէն հեռացաւ եւ ճշմարտութեան օգնութեամբ իր ամուսնութիւնը վերականգնեց։ Ան եւ իր կինը մկրտուեցան 1998–ին։
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, կրնամ ըսել թէ որպէս լիաժամ քարոզիչ մը, անսահման օրհնութիւններով եւ առանձնաշնորհումներով լեցուն կեանք մը ունեցած եմ։ Իր կազմակերպութեան միջոցաւ Եհովայի տուած հրաւէրները ընդունիլս, իրապէս ճոխ վարձատրութիւններ բերած է ինծի։ Իսկ ապագային ի՛նչ հրաւէրներ ալ տրուին, զանոնք ընդունելու յօժարակամութիւնս ամէն ատենէ աւելի զօրաւոր է։
[Նկարներ՝ էջ 25]
1957–ին՝ երբ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեցի, եւ ներկայիս
[Նկար՝ էջ 26]
Պրազիլիոյ Պէթէլի ընտանիքին հետ՝ 1963–ին
[Նկար՝ էջ 27]
Մեր ամուսնութիւնը՝ Օգոստոս 1965–ին
[Նկար՝ էջ 27]
Փորթուկալի մէջ համաժողով մը, երբ գործը արգելքի տակ էր
[Նկար՝ էջ 28]
Փողոցի վկայութիւն Լիզպոնի մէջ, «Յաղթական Հաւատք» Միջազգային Համաժողովի ընթացքին՝ 1978–ին