Կրնա՛ք խուսափիլ հոգեւոր սրտի տագնապէ մը
Կրնա՛ք խուսափիլ հոգեւոր սրտի տագնապէ մը
Աշխարհահռչակ մարզիկ մը, շատ հմուտ եւ երեւութապէս ֆիզիքական հոյակապ վիճակի մէջ, փորձի պահուն յանկարծ գետին ինկաւ ու մեռաւ։ Մարզիկը սառոյցի վրայ չմշկող Սերկէյ Կրինքոֆն էր, երկու անգամ ողիմպիական ոսկեմետալակիր մը, որուն ասպարէզը հազիւ թէ սկսած էր ծաղկիլ՝ կիսատ մնաց, երբ ան միայն 28 տարեկան էր։ Ի՜նչ ողբերգութիւն։ Պատճա՞ռը։ Սրտի տագնապ մը։ Ըսուեցաւ թէ անոր մահը բոլորովին անակնկալ էր, քանի որ որեւէ նշան չկար թէ ան սրտի հիւանդութենէ կը տառապէր։ Այսուհանդերձ, բժիշկները գտան թէ անոր սիրտը ուռած էր եւ սրտին երակները գրեթէ գոցուած էին։
ԹԷԵՒ կրնայ թուիլ թէ շատ մը սրտի տագնապներ առանց ազդարարութեան կը պատահին, սակայն, բժշկական հեղինակութիւններ կ’ըսեն թէ ասիկա բացառիկ պարագայ է։ Իրականութիւնը այն է թէ այսպիսի ազդարարութիւններ եւ նպաստող ազդակներ, ինչպէս՝ շնչասպառութիւն, գիրութիւն, եւ կրծքավանդակի ցաւեր, յաճախ կ’անտեսուին։ Որպէս հետեւանք, նոյնիսկ եթէ սրտի տագնապը իրենց կեանքը չխլէ, շատեր իրենց կեանքի մնացեալ տեւողութեան հաշմանդամ կ’ըլլան։
Ներկայիս բժիշկներ ընդհանուր առմամբ կը համաձայնին թէ սրտի տագնապը կանխարգիլելու համար, անհատը պէտք է յարատեւաբար հսկէ իր սննդականոնին եւ կենցաղին վրայ, ինչպէս նաեւ կանոնաւորաբար բժշկական քննութիւններ ընէ։ * Այսպիսի քայլեր առնելը, հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելու անկեղծ պատրաստակամութեան հետ մէկտեղ, մեծապէս պիտի նպաստէ որ անհատը սրտի տագնապի մը ողբերգական հետեւանքներէն խնայուի։
Սակայն, մեր սրտին ուրիշ մէկ երեսակը կայ, որ շատ աւելի ուշադրութեան արժանի է։ «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ», կ’ազդարարէ Աստուածաշունչը, «քանզի կեանքի աղբիւրները Առակաց 4։23) Անշուշտ, այս համարը գլխաւորաբար կ’ակնարկէ այլաբանական սրտին։ Մեր ֆիզիքական սիրտը պահպանելը արթնութիւն կը պահանջէ, սակայն, աւելի կարեւոր է արթուն մնալ եթէ կ’ուզենք մեր այլաբանական սիրտը պաշտպանել հիւանդութիւններու դէմ, որոնք կրնան հոգեւոր մահուան առաջնորդել։
անկէ են»։ (Այլաբանական Սրտի Տագնապի մը Վերլուծումը
Ֆիզիքական սրտի հիւանդութեան նման, հոգեւոր առումով սրտի տագնապ մը կանխարգիլելու ամենավստահելի կերպերէն մէկն է՝ անոր պատճառներուն մասին սորվիլ եւ անոնց նկատմամբ քայլեր առնել։ Ուստի, նկատի առնենք կարգ մը հիմնական ազդակներ, որոնք բառացի եւ այլաբանական սրտի խնդիրներ կը պատճառեն։
Սննդականոն։ Ընդհանրապէս ընդունուած է թէ ոչ–սննդարար ուտելիքը, թէեւ քիմքին հաճելի է, առողջապահական քիչ կամ ոչ մէկ օգուտ կը մատուցանէ։ Նմանապէս, մտային ոչ–սննդարար ուտելիքը դիւրամատչելի է եւ ախորժակ կը գրգռէ, սակայն, անիկա անհատին հոգեւոր առողջութեան վնասակար է։ Լրատուամիջոցներու մէջ խորամանկօրէն կը ծանուցանուին բազմաթիւ նիւթեր, որոնք կը ներկայացնեն՝ անօրէն սեռ ու թմրեցուցիչ, բռնութիւն, եւ խորհրդապաշտութիւն։ Միտքը այսպիսի սննդականոնով մը սնուցանելը, այլաբանական սրտին համար մահացու է։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ազդարարէ. «Ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։ Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։16, 17
Սննդարար ուտելիքներ, ինչպէս՝ պտուղ եւ բանջարեղէն, ոչ–սննդարար ուտելիքի մոլիներուն համար շատ ախորժելի չեն։ Նմանապէս, օգտակար ու հաստատուն հոգեւոր սնունդը կրնայ ախորժելի չըլլալ այն անհատին, որ վարժուած է իր սիրտն ու միտքը աշխարհային սննդականոնով սնուցանելու։ Որոշ ատեն մը, ան կրնայ Աստուծոյ Խօսքին «կաթ»ով սնուցանուիլ։ (Եբրայեցիս 5։13) Սակայն ժամանակի ընթացքին, ան քրիստոնէական ժողովքին ու ծառայութեան մէջ իր հիմնական հոգեւոր պատասխանատուութիւնները կրելու համար հարկ եղած հոգեւոր հասունութիւնը չի մշակեր։ (Մատթէոս 24։14. 28։19. Եբրայեցիս 10։24, 25) Այս վիճակին մէջ եղողներէն ոմանք, թոյլ տուած են որ իրենց հոգեւոր զօրութիւնը ա՛յնքան տկարանայ, որ անգործունեայ Վկաներ դառնան։
Ուրիշ վտանգ մըն ալ այն է՝ թէ դրսերեւոյթը կրնայ խաբել։ Քրիստոնէական պարտականութիւնները մակերեսային կերպով կատարելը կրնայ ծածկել այլաբանական սրտի հետզհետէ զարգացող հիւանդութիւն մը, սիրտ մը՝ որ տկարացած է գաղտնօրէն անձնատուր ըլլալով նիւթապաշտական փիլիսոփայութիւններու կամ անբարոյութիւն, բռնութիւն կամ խորհրդապաշտութիւն ցուցադրող ժամանցի։ Այսպիսի թերի հոգեւոր սննդականոն մը կրնայ թուիլ թէ անհատին հոգեւորականութեան շատ չ’ազդեր, սակայն կրնայ այլաբանական սիրտը անդամալուծել, ինչպէս թերի սննդականոն մը կրնայ երակապնդութիւն պատճառել եւ բառացի սիրտը վնասել։ Յիսուս ազդարարեց որ անհատը թոյլ չտայ անպատշաճ ցանկութիւններուն որ իր սրտէն ներս մտնեն։ Ան ըսաւ. «Ով որ կին մարդու Մատթէոս 5։28) Այո, թերի հոգեւոր սննդականոն մը կրնայ հոգեւոր սրտի տագնապի մը առաջնորդել։ Սակայն, այլ մտահոգութիւններ ալ կան։
կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։ (Մարզանք։ Քաջածանօթ է թէ նստուկ կենցաղ մը կրնայ ֆիզիքական սրտի տագնապներու նպաստել։ Նմանապէս, հոգեւորապէս նստուկ կենցաղ մը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Օրինակ, անհատ մը կրնայ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ որոշ բաժին բերել, բայց թերեւս այնպիսի տարողութեամբ մը որ իրեն գոհունակութիւն տուող զբաղմունքներուն չմիջամտէ, քիչ մը կամ ոչ մէկ ջանք թափելով ‘բանուոր մը ըլլալու, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելու’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Կամ, անհատ մը կրնայ քրիստոնէական կարգ մը ժողովներու ներկայ գտնուիլ, սակայն անոնց համար չպատրաստուիլ եւ անոնց չմասնակցիլ։ Կրնայ ըլլալ որ հոգեւոր նպատակակէտեր չկան, ոչ ալ՝ հոգեւոր բաներու հանդէպ ախորժակ կամ խանդավառութիւն։ Հոգեւոր մարզանքի պակասը, անհատին ատեն մը ունեցած հաւատքը ի վերջոյ կը տկարացնէ, նոյնիսկ կը մեռցնէ։ (Յակոբու 2։26) Պօղոս առաքեալ նկատեց այս վտանգը, երբ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն կը գրէր, որոնցմէ քանի մը հոգի ըստ երեւոյթին այսպիսի հոգեւոր նստուկ կենցաղի մը մէջ ինկած էին։ Նկատի առէք թէ ան ի՛նչպէս ազդարարեց՝ իրենց հոգեւորականութեան վրայ ասոր ունենալիք հաւանական խստացնող ազդեցութիւններուն մասին։ «Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ։ Հապա ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք, քանի որ ‘Այսօր’ կ’ըսուի, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութիւնովը»։—Եբրայեցիս 3։12, 13
Ճնշուածութիւն։ Բառացի սրտի տագնապի մը ուրիշ մէկ գլխաւոր պատճառը չափազանց ճնշուածութիւնն է։ Նմանապէս, ճնշուածութիւնը կամ՝ «կեանքի մտահոգութիւններ»ը, կրնան դիւրաւ մահացու ըլլալ այլաբանական սրտին համար, նոյնիսկ պատճառ ըլլալով որ զոհը բոլորովին դադրի Աստուծոյ ծառայելէ։ Այս առնչութեամբ Յիսուսի ազդարարութիւնը տեղին է. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով [«կեանքի մտահոգութիւններով», ՆԱ ] ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի»։ (Ղուկաս 21։34, 35) Ճնշուածութիւնը կրնայ նաեւ բացասական ազդեցութիւն ունենալ մեր այլաբանական սրտին վրայ, եթէ գաղտնի մեղքի մը պատճառաւ երկար ատեն տառապինք։ Դաւիթ Թագաւոր այսպիսի վնասակար ճնշուածութեան հետ առնչուած ցաւին փորձառութիւնը ունեցաւ, երբ ըսաւ. «Ոսկորներուս մէջ հանգստութիւն չկայ իմ մեղքիս պատճառով, վասն զի անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան, ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան»։—Սաղմոս 38։3, 4
Չափազանց Ինքնավստահութիւն։ Սրտի Ա. Կորնթացիս 10։12. Առակաց 28։14
տագնապի մը զոհ գացողներէն շատեր իրենց առողջապահական վիճակին նկատմամբ շատ ինքնավստահ էին, սրտի տագնապ մը ունենալէ ճիշդ առաջ։ Յաճախ, անոնք անտեսած էին բժշկական քննութիւններ ընելը, կամ նոյնիսկ ծիծաղելով՝ զանոնք բոլորովին անտեղի նկատած էին։ Նոյնպէս, ոմանք կրնան խորհիլ թէ որոշ ժամանակէ մը ի վեր Քրիստոնեաներ ըլլալով, ոչ մէկ բան կրնայ պատահիլ իրենց։ Անոնք կրնան անտեսել իրենք զիրենք հոգեւոր քննութիւններու կամ անձնաքննութեան ենթարկելը, մինչեւ որ աղէտը հարուածէ։ Լաւ կ’ըլլայ որ ի մտի ունենանք այն լաւ խրատը որ Պօղոս առաքեալ տուաւ չափազանց ինքնավստահ ըլլալու մասին. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ»։ Իմաստուն ընթացքն է գիտակցիլ մեր անկատար բնոյթին եւ ժամանակ առ ժամանակ հոգեւոր անձնաքննութիւն մը ընել։—Ազդարարական Նշանները Մի՛ Անտեսէք
Սուրբ Գրութիւնները լաւ պատճառով է որ այլաբանական սրտի վիճակին նախապատուութիւն կու տան։ Երեմեայ 17։9, 10–ին մէջ կը կարդանք. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ։ Ես՝ Տէրս՝ միտքը կը քննեմ, սրտերը կը փորձեմ, որպէս զի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ»։ Սակայն, մեր սիրտը քննելէ զատ, Եհովա նաեւ սիրալիր հայթայթում կ’ընէ՝ մեզի օգնելու համար որ հարկ եղած անձնաքննութիւնը կատարենք։
«Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ, ժամանակայարմար վերյիշեցումներ կը տրուին մեզի։ (Մատթէոս 24։45) Օրինակ, մեր այլաբանական սրտին մեզ խաբելու գլխաւոր կերպերէն մէկն է՝ պատճառ ըլլալ որ աշխարհային պատրանքներու անձնատուր ըլլանք։ Ասոնք անիրապաշտ երեւակայութիւններ, բաց աչքով երազանք, մտքի ունայն թափառումներ են։ Անոնք կրնան շատ վնասակար դառնալ, մանաւանդ եթէ անմաքուր խորհուրդներ գրգռեն։ Ուստի պէտք է զանոնք բոլորովին մերժենք։ Եթէ Յիսուսի նման անօրէնութիւնը ատենք, մեր սիրտը պիտի պահպանենք աշխարհային պատրանքներու անձնատուր ըլլալէ։—Եբրայեցիս 1։8, 9
Ասկէ զատ, քրիստոնէական ժողովքին մէջ սիրալիր երէցներու օգնութիւնը ունինք։ Թէեւ վստահաբար կը գնահատենք, երբ ուրիշներ մեզմով հետաքրքրուին, սակայն ի վերջոյ մեզի՛ կ’իյնայ մեր այլաբանական սրտին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը։ Մեզի կ’իյնայ ‘ամէն բան փորձել’, եւ ‘փորձել մեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն ենք’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21. Բ. Կորնթացիս 13։5
Սիրտը Պահպանեցէք
Աստուածաշունչի սկզբունքը՝ «ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ»՝ կը կիրարկուի նաեւ մեր այլաբանական սրտի առողջութեան։ (Գաղատացիս 6։8) Յաճախ, ինչ որ անակնկալ հոգեւոր աղէտ մը կրնայ թուիլ, կրնայ հետեւանքը ըլլալ հոգեւորապէս վնասակար հետապնդումներու անձնատուր ըլլալու երկար ու գաղտնի պատմութեան մը՝ ինչպէս պոռնկագրութիւն դիտել, նիւթական բաներով չափազանց հետաքրքրուած ըլլալ, կամ՝ կարկառուն կամ հեղինակաւոր դիրքի համար պայքարիլ։
Հետեւաբար, սիրտը պաշտպանելու համար, կենսական է հոգեւոր սննդականոնին վրայ հսկել։ Աստուծոյ Խօսքով կերակրուելով միտքն ու սիրտը սնուցանեցէք։ Մերժեցէք մտային ոչ–սննդարար ուտելիքը, որ շատ դիւրամատչելի եւ մարմնին ախորժելի է, սակայն, այլաբանական սիրտը միայն անզգամ դարձնելու կ’առաջնորդէ։ Սաղմոսերգուն տեղին եւ բժշկականօրէն շիտակ վերլուծում մը տալով՝ կը զգուշացնէ. «Անոնց սիրտը ճարպի պէս պարարտացաւ [«անզգայ դարձաւ», ՆԱ]»։—Սաղմոս 119։70
Եթէ երկարատեւ ու գաղտնի տկարութիւններ կան, ջանացէք զանոնք արմատախիլ ընել, ապա թէ ոչ՝ անոնք ձեր այլաբանական սրտի երակները կրնան գոցել։ Եթէ աշխարհ սկսի ձեզ հրապուրել եւ թուի թէ շատ հաճոյք կը ներկայացնէ, Պօղոս առաքեալի իմաստուն խրատին վրայ խոկացէք։ Ան գրեց. «Ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ մնացած Ա. Կորնթացիս 7։29-31, ՆԱ) Իսկ եթէ նիւթական հարստութիւնը սկսի հրապուրիչ ըլլալ, սրտանց անսացէք Յոբի խօսքերուն. «Եթէ յոյսս ոսկիի վրայ դրի, զուտ ոսկիին ըսի թէ՝ ‘Իմ վստահութիւնս դուն ես’. որ այս ալ պատիժի արժանի անօրէնութիւն մըն է, քանի որ վերը բնակող Աստուածը խաբած կ’ըլլայի»։—Յոբայ 31։24, 28. Սաղմոս 62։10. Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10
ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ . . . այս աշխարհը կը գործածեն՝ [այնպէս ըլլան] որպէս թէ զայն լիովին չեն գործածեր. որովհետեւ այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի»։ (Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած խրատը սովորաբար անտեսելուն լրջութեան ակնարկելով, Աստուածաշունչը կ’ազդարարէ. «Շատ անգամ յանդիմանուած մարդը, երբ իր պարանոցը խստացնէ, յանկարծ պիտի կոտրուի ու բժշկութիւն պիտի չգտնէ»։ (Առակաց 29։1) Ասոր հակառակը, մեր այլաբանական սրտին լաւ հոգ տանելով, պարզ ու կարգապահ կեանք մը վարելէն յառաջ եկած հաճոյքն ու մտքի խաղաղութիւնը կրնանք վայելել։ Մի՛շտ ասիկա եղած է ճշմարիտ Քրիստոնէութեան յանձնարարած ապրելակերպը։ Պօղոս առաքեալ ներշնչուեցաւ գրելու. «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է։ Վասն զի բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։—Ա. Տիմոթէոս 6։6-8
Այո, մենք մեզ աստուածպաշտութեան ճամբուն մէջ մարզելը պիտի երաշխաւորէ որ առողջ եւ զօրաւոր այլաբանական սիրտ մը ունենանք։ Մեր հոգեւոր սննդականոնին վրայ լրջօրէն հսկելով, թոյլ պիտի չտանք որ այս աշխարհի կործանարար ճամբաները եւ խորհելակերպը պատճառ ըլլան որ մեր հոգեւորականութիւնը վնասուի։ Ամէն բանէ աւելի, իր կազմակերպութեան միջոցաւ Եհովայի ըրած հայթայթումները ընդունելով, թող որ մեր այլաբանական սիրտը կանոնաւորաբար քննութիւններու ենթարկենք։ Ասիկա ժրաջանօրէն ընելը, մեծապէս պիտի նպաստէ որ հոգեւոր սրտի տագնապի մը ցաւալի հետեւանքներէն խուսափինք։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 4 Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք տեսնել՝ «Սրտի Տագնապ. Ի՞նչ Կարելի Է Ընել» յօդուածաշարքը, Զարթի՛ր 8 Դեկտեմբեր 1996–ին մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
[Մէջբերում՝ էջ 10]
ԹԵՐԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ՍԻՐՏԸ ԱՆԴԱՄԱԼՈՒԾԵԼ, ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ԹԵՐԻ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ԵՐԱԿԱՊՆԴՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՃԱՌԵԼ ԵՒ ԲԱՌԱՑԻ ՍԻՐՏԸ ՎՆԱՍԵԼ
[Մէջբերում՝ էջ 10]
ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ՆՍՏՈՒԿ ԿԵՆՑԱՂԸ ԿՐՆԱՅ ԼՈՒՐՋ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼ
[Մէջբերում՝ էջ 11]
«ԿԵԱՆՔԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ԿՐՆԱՆ ԴԻՒՐԱՒ ՄԱՀԱՑՈՒ ԸԼԼԱԼ ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ՍՐՏԻՆ ՀԱՄԱՐ
[Նկար՝ էջ 11]
Մեր հոգեւոր առողջութիւնը անտեսելը կրնայ մեծ ցաւերու առաջնորդել
[Նկարներ՝ էջ 13]
Հոգեւոր լաւ սովորութիւններ մշակելը այլաբանական սիրտը կը պահպանէ
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 9]
AP Photo/David Longstreath