Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր սիրտը մշակեցէք որ Եհովայէն վախնայ

Ձեր սիրտը մշակեցէք որ Եհովայէն վախնայ

Ձեր սիրտը մշակեցէք որ Եհովայէն վախնայ

«Երանի՜ թէ անոնք իրենց սիրտը մշակէին, որ ինծմէ վախնար եւ միշտ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահէր»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 5։29, ՆԱ

1. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ օր մը մարդիկ վախէ զերծ պիտի ըլլան։

ՎԱԽԸ մարդկութիւնը պատած է դարերէ ի վեր։ Սովի, հիւանդութեան, ոճիրի, կամ պատերազմի վախը միլիոնաւոր մարդիկ յարատեւ մտավախութեան մէջ կը պահէ։ Այս պատճառաւ ալ, Մարդկային Իրաւանց Տիեզերական Յայտարարութեան նախաբանը, փափաք կ’արտայայտէ՝ աշխարհ մը յառաջ բերել, ուր ամէն մարդ վախէ պիտի ազատուի։ * Բարեբախտաբար, Աստուած ինք կը վստահեցնէ մեզ թէ այսպիսի աշխարհ մը պիտի գայ, սակայն, ոչ թէ մարդկային ջանքերով։ Իր մարգարէին՝ Միքիային միջոցաւ, Եհովա կը խոստանայ մեզի որ իր արդար նոր աշխարհին մէջ, ‘իր ժողովուրդը վախցնող պիտի չըլլայ’։—Միքիայ 4։4

2. (ա) Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչպէս կը յորդորեն մեզ որ Աստուծմէ վախնանք։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ կրնան ծագիլ, երբ Աստուծմէ վախնալու մեր պարտականութիւնը նկատի կ’առնենք։

2 Միւս կողմէ, վախը կրնայ նաեւ դրական ոյժ մը ըլլալ։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, կրկին անգամ Աստուծոյ ծառաներուն յորդոր կը տրուի որ Եհովայէն վախնան։ Մովսէս Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծմէդ վախցիր ու զանիկա պաշտէ»։ (Բ. Օրինաց 6։13) Դարեր ետք, Սողոմոն գրեց. «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։ (Ժողովողի 12։13) Հրեշտակային հսկողութեան ներքեւ կատարուած մեր վկայութեան գործին միջոցաւ, մենք ալ բոլոր մարդիկը կը յորդորենք որ ‘Աստուծմէ վախնան ու փառք տան անոր’։ (Յայտնութիւն 14։6, 7) Եհովայէ վախնալէն զատ, Քրիստոնեաները պէտք է զինք բոլոր սրտով սիրեն։ (Մատթէոս 22։37, 38) Ի՞նչպէս կրնանք Աստուած սիրել եւ նոյն ատեն իրմէ վախնալ։ Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է սիրալիր Աստուծմէն վախնալ։ Աստուածավախութիւն մշակելէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, նախ պէտք է հասկնանք թէ աստուածավախութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ, եւ այսպիսի վախ մը ի՛նչպէս Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան հիմնական մէկ մասը կը կազմէ։

Երկիւղ, Ակնածանք եւ Վախ

3. Աստուածավախութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։

3 Աստուածավախութիւնը զգացում մըն է, որ Քրիստոնեաները պէտք է ունենան իրենց Արարիչին հանդէպ։ Այս վախին սահմանումներէն մէկն է՝ «Ստեղծիչին հանդէպ երկիւղ եւ խոր ակնածանք, եւ զինք տհաճեցնելու առողջ ահ»։ Հետեւաբար, աստուածավախութիւնը մեր կեանքի երկու կարեւոր երեսակներուն կ’ազդէ. Աստուծոյ հանդէպ մեր կեցուածքը եւ իր ատած վարքին հանդէպ մեր կեցուածքը։ Բացայայտօրէն, երկու երեսակներն ալ կենսական եւ մեր լուրջ ուշադրութեան արժանի են։ Ինչպէս Նոր Կտակարանի Բառերուն Վայնի Բացատրական Բառարան–ը կը նշէ, Քրիստոնեաներուն համար այս յարգալից վախը ‘հոգեւոր ու բարոյական հարցերու մէջ կեանքը ղեկավարող շարժառիթ մըն է’։

4. Ի՞նչպէս կրնանք երկիւղի եւ ակնածանքի զգացումներ մշակել մեր Ստեղծիչին հանդէպ։

4 Ի՞նչպէս կրնանք Ստեղծիչին հանդէպ երկիւղի եւ ակնածանքի զգացումներ մշակել։ Երբ տեսնենք գեղեցիկ տեսարան մը, տպաւորիչ ջրվէժ մը կամ հանդիսավայել արեւնամուտ մը, երկիւղով կը լեցուինք։ Այս զգացումը աւելի կը զօրանայ, երբ հաւատքի աչքերով տեսնենք որ այսպիսի ստեղծագործութիւններու ետին Աստուծոյ մատը կայ։ Ասկէ զատ, Դաւիթ Թագաւորին նման, Եհովայի ահարկու ստեղծագործութեան հետ բաղդատած՝ մեր աննշան ըլլալը կ’ըմբռնենք։ «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես»։ (Սաղմոս 8։3, 4) Այս խոր երկիւղը ակնածանքի կ’առաջնորդէ, որ մեզ կը մղէ Եհովայի շնորհապարտ ըլլալու եւ զինք փառաբանելու, մեզի ի նպաստ իր ըրած բոլոր բաներուն համար։ Դաւիթ նաեւ գրեց. «Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են ու իմ անձս աղէկ գիտէ»։—Սաղմոս 139։14

5. Ինչո՞ւ պէտք է վախնանք Եհովայէ, եւ այս առնչութեամբ ի՞նչ հոյակապ օրինակ ունինք։

5 Երկիւղն ու ակնածանքը՝ առողջ ու յարգալից վախ կը յառաջացնեն, որպէս Ստեղծիչ Աստուծոյ զօրութեան եւ որպէս տիեզերքի իրաւացի Իշխան իր հեղինակութեան հանդէպ։ Յովհաննէս առաքեալի տեսած տեսիլքներէն մէկուն մէջ, «անոնք որ յաղթեցին գազանին ու անոր պատկերին»՝ Քրիստոսի օծեալ հետեւորդները իրենց երկնային դիրքին մէջ՝ կը ծանուցանեն. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ»։ (Յայտնութիւն 15։2-4) Իր մեծափառութեան հանդէպ խոր ակնածանքէ յառաջ եկած աստուածավախութիւնը, երկնային Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի այս իշխանակիցները կը մղէ որ Աստուած պատուեն որպէս գերագոյն հեղինակութիւնը։ Երբ նկատի առնենք Եհովայի իրագործած բոլոր բաները եւ տիեզերքը կառավարելու իր արդար կերպը, իրմէ վախնալու բաւարար պատճառ չե՞նք ունենար։—Սաղմոս 2։11. Երեմեայ 10։7

6. Ինչո՞ւ Եհովան տհաճեցնելու առողջ վախ մը պէտք է ունենանք։

6 Սակայն, երկիւղի եւ ակնածանքի կողքին, աստուածավախութիւնը պէտք է պարփակէ զինք տհաճեցնելու կամ իրեն հանդէպ անհնազանդ գտնուելու առողջ ահ մը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մինչ Եհովան ‘երկայնամիտ է եւ առատ՝ ողորմութիւնով’, պէտք է յիշենք թէ ան «ամենեւին անպարտ չի թողուր»։ (Ելից 34։6, 7) Թէեւ Եհովան սիրալիր եւ ողորմած է, սակայն, անիրաւութիւն եւ դիտումնաւոր յանցագործութիւն չի հանդուրժեր։ (Սաղմոս 5։4, 5. Ամբակումայ 1։13) Անոնք որոնք կանխամտածութեամբ եւ անզեղջօրէն Եհովայի աչքին չար եղած բաները կ’ընեն եւ իրեն կը հակառակին, չեն կրնար անպատիժ մնալ։ Ինչպէս Պօղոս ըսաւ՝ «սարսափելի բան է կենդանի Աստուծոյ ձեռքը իյնալը»։ Այսպիսի պարագայի մը մէջ իյնալու առողջ վախը ունենալը, ի վերջոյ մեզի պաշտպանութիւն է։—Եբրայեցիս 10։31

«Անոր Յարեցէք»

7. Եհովայի փրկիչ զօրութեան վստահելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

7 Աստուծոյ հանդէպ յարգալից վախը եւ իր ահարկու զօրութեան հանդէպ խոր գիտակցութիւնը, Եհովայի վստահելու նախերգանքն են։ Ճիշդ ինչպէս որ երախայ մը ապահով կը զգայ երբ իր հայրը իր մօտն է, նոյնպէս ալ մենք ապահով եւ վստահ կը զգանք Եհովայի առաջնորդող ձեռքին ներքեւ։ Նկատի առէք թէ Իսրայելացիները ի՛նչպէս հակազդեցին, Եհովան զիրենք Եգիպտոսէ դուրս առաջնորդելէն ետք. «Իսրայէլ տեսաւ այն մեծ գործը, որ Տէրը ըրաւ Եգիպտացիներուն վրայ։ Ժողովուրդը վախցաւ Տէրոջմէն ու հաւատաց Տէրոջը»։ (Ելից 14։31) Եղիսէի փորձառութիւնն ալ ապացոյց է այն իրողութեան թէ «Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ ու զանոնք կ’ազատէ»։ (Սաղմոս 34։7. Դ. Թագաւորաց 6։15-17) Եհովայի ժողովուրդին արդի պատմութիւնը եւ հաւանաբար մեր անձնական փորձառութիւնը, կը հաստատեն թէ Աստուած իր զօրութիւնը կը գործածէ իրեն ծառայողներուն ի նպաստ։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Հետեւաբար, կը սկսինք գիտակցիլ թէ «Տէրոջը վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ»։—Առակաց 14։26

8. (ա) Ինչո՞ւ Աստուծոյ հանդէպ վախը մեզ կը մղէ իր ճամբաներուն մէջ քալելու։ (բ) Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս պէտք է Եհովայի ‘յարինք’։

8 Աստուծոյ հանդէպ առողջ վախը ոչ միայն իրեն հանդէպ վստահութիւն կը քաջալերէ, այլ նաեւ մեզ կը մղէ իր ճամբաներուն մէջ քալելու։ Սողոմոն տաճարին նաւակատիքը կատարելու ատեն, Եհովայի աղօթեց. «Որպէս զի [Իսրայելացիները] քեզմէ վախնան ու քու ճամբաներուդ մէջ քալեն իրենց բոլոր օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տրուած երկրին վրայ ապրին»։ (Բ. Մնացորդաց 6։31) Նախապէս, Մովսէս Իսրայելացիները յորդորած էր. «Ձեր Տէր Աստուծոյն հետեւեցէք ու անկէ վախցէք, անոր պատուիրանքները պահեցէք ու անոր խօսքին հնազանդեցէք, զանիկա պաշտեցէք ու անոր յարեցէք»։ (Բ. Օրինաց 13։4) Ինչպէս այս համարները բացայայտօրէն ցոյց կու տան, Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալելու եւ իրեն ‘յարելու’ փափաքը, յառաջ կու գայ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն ունենալէն։ Այո, աստուածավախութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ Եհովայի հնազանդելու, իրեն ծառայելու, եւ իրեն յարելու, ճիշդ ինչպէս որ երախայ մը կրնայ բառացիօրէն իր հօր յարիլ, որուն վրայ բացարձակ վստահութիւն ունի։—Սաղմոս 63։8. Եսայեայ 41։13

Աստուած Սիրելը Իրմէ Վախնալ կը Նշանակէ

9. Աստուծոյ հանդէպ սիրոյն եւ Աստուծոյ վախին միջեւ ի՞նչ առնչութիւն կայ։

9 Սուրբ գրային տեսանկիւնէ դիտուած, Աստուծմէ վախնալը զինք սիրելը անկարելի չի դարձներ։ Ընդհակառակը, Իսրայելացիներուն պատուէր տրուած էր որ ‘Տէր Աստուծմէն վախնան, որպէս զի իր ճամբաներուն մէջ քալեն եւ զինք սիրեն’։ (Բ. Օրինաց 10։12) Հետեւաբար, Աստուծմէ վախնալը եւ զինք սիրելը սերտօրէն առնչակից են։ Աստուծոյ հանդէպ վախը մեզ կը մղէ իր ճամբաներուն մէջ քալելու, եւ ասիկա իր կարգին կ’ապացուցանէ թէ զինք կը սիրենք։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Ասիկա տրամաբանական է, քանի որ երբ մէկը կը սիրենք, պատշաճօրէն կը վախնանք զինք վիրաւորելէ։ Իսրայելացիները Եհովան վիրաւորեցին անապատին մէջ իրենց ըմբոստ ընթացքով։ Վստահաբար, չենք ուզեր որեւէ բան ընել որ կրնայ մեր երկնաւոր Հօր վիշտ պատճառել։ (Սաղմոս 78։40, 41) Միւս կողմէ, քանի որ «Տէրը կը հաւնի իրմէ վախցողները», մեր հնազանդութիւնն ու հաւատարմութիւնը իր սիրտը կ’ուրախացնեն։ (Սաղմոս 147։11. Առակաց 27։11) Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ զինք հաճեցնելու, իսկ Աստուծոյ վախը մեզ ետ կը պահէ զինք վիրաւորելէ։ Անոնք զիրար ամբողջացնող եւ ոչ թէ հակասող յատկութիւններ են։

10. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Եհովայի վախին մէջ հաճոյք կը գտնէր։

10 Յիսուս Քրիստոսի կեանքի ընթացքը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք նոյն ատեն Աստուած սիրել եւ իրմէ վախնալ։ Եսայի մարգարէն Յիսուսի մասին գրեց. «Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը հոգին, իմաստութեան ու հանճարի հոգին, խորհուրդի ու զօրութեան հոգին, գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին հոգին։ Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի [«ուրախանայ», ստորանիշ]»։ (Եսայեայ 11։2, 3) Այս մարգարէութեան համաձայն, Աստուծոյ հոգին Յիսուսը մղեց որ իր երկնաւոր Հօրմէն վախնար։ Ասկէ զատ, կը նկատենք թէ այս հոգին՝ փոխանակ կաշկանդիչ ըլլալու՝ գոհունակութեան աղբիւր մըն էր։ Յիսուս Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ զինք հաճեցնելու մէջ ուրախութիւն գտաւ, նոյնիսկ ամենադժուար պարագաներուն ներքեւ։ Երբ տանջանքի ցիցին վրայ մօտալուտ մահապատիժ մը կը դիմագրաւէր, Եհովայի ըսաւ. «Ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։ (Մատթէոս 26։39) Այս աստուածավախութեան շնորհիւ, Եհովա հաճեցաւ մտիկ ընել իր Որդւոյն աղաչանքներուն, զինք զօրացուց եւ մեռելներէն յարուցանեց։—Եբրայեցիս 5։7

Եհովայէ Վախնալ Սորվիլ

11, 12. (ա) Ինչո՞ւ պէտք է սորվինք Աստուծմէ վախնալ։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս մեզի կը սորվեցնէ Աստուծմէ վախնալ։

11 Բնութեան ոյժին եւ մեծափառութեան դիմաց մեր զգացած բնազդային երկիւղին հակառակը, աստուածավախութիւնը մեքենայականօրէն չի գար։ Անոր համար է որ Մեծագոյն Դաւիթը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ մարգարէաբար հետեւեալ հրաւէրը կու տայ մեզի. «Եկէ՛ք, ո՛րդիք, մտի՛կ ըրէք ինծի, Տէրոջը վախը ձեզի պիտի սորվեցնեմ»։ (Սաղմոս 34։11) Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսէ սորվիլ Եհովայէ վախնալ։

12 Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ Եհովայէ վախնալ, մեզի օգնելով որ հասկնանք մեր երկնաւոր Հօր սքանչելի անձնաւորութիւնը։ (Յովհաննու 1։18) Յիսուսի անձնական օրինակը կը յայտնէ թէ Աստուած ի՛նչպէս կը խորհի եւ ի՛նչպէս կը վարուի ուրիշներու հետ, քանի որ ան իր Հօր անձնաւորութիւնը կատարեալ կերպով կ’արտացոլացնէ։ (Յովհաննու 14։9, 10) Ասկէ զատ, Յիսուսի զոհագործութեան միջոցաւ Եհովայի կը մօտենանք, երբ մեր մեղքերուն թողութեան համար իրեն կ’աղօթենք։ Աստուծոյ ողորմութեան այս ուշագրաւ արտայայտութիւնը, ինքնին զօրաւոր պատճառ մըն է որ իրմէ վախնանք։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Քու քովդ է թողութիւնը, որպէս զի քեզմէ վախնան»։—Սաղմոս 130։4

13. Առակաց գրքին մէջ ուրուագծուած ո՞ր քայլերը մեզի կ’օգնեն Եհովայէ վախնալու։

13 Առակաց գիրքը շարք մը քայլեր կ’ուրուագծէ, որոնք մեզ կարող կը դարձնեն աստուածավախութիւն մշակելու։ «Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ու սիրտդ հանճարին բանաս, եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»։ (Առակաց 2։1-5) Հետեւաբար, Աստուծմէ վախնալու համար, պէտք է իր Խօսքը ուսումնասիրենք, սրտանց ջանանք անոր պարունակած պատուիրանքները հասկնալ, ապա անոր խրատներուն լաւ ուշադրութիւն ընծայենք։

14. Իսրայէլի թագաւորներուն տրուած խրատին ի՞նչպէս կրնանք հետեւիլ։

14 Վաղեմի Իսրայէլի իւրաքանչիւր թագաւորի պատուէր տրուած էր որ Օրէնքը անձնապէս ընդօրինակէր եւ ‘իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ զայն կարդար, որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվէր եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէր’։ (Բ. Օրինաց 17։18, 19) Աստուածաշունչը կարդալն ու ուսումնասիրելը նո՛յնքան կենսական են մեզի համար, եթէ կ’ուզենք Եհովայէ վախնալ սորվիլ։ Մինչ Աստուածաշունչին սկզբունքները մեր կեանքին մէջ կը կիրարկենք, աստիճանաբար աստուածային իմաստութիւն եւ գիտութիւն ձեռք կը ձգենք։ Կը սկսինք ‘Եհովայի վախը հասկնալ’, քանի որ մեր կեանքին մէջ անոր յառաջ բերած լաւ արդիւնքները կը տեսնենք եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կ’արժեւորենք։ Ասկէ զատ, հաւատակիցներու հետ կանոնաւորաբար հաւաքուելով, թէ՛ փոքրերը եւ թէ չափահասները կրնան աստուածային ուսուցումին մտիկ ընել, Աստուծմէ վախնալ սորվիլ եւ իր ճամբաներուն մէջ քալել։—Բ. Օրինաց 31։12

Եհովայէ Վախցողը Ուրախ Է

15. Աստուծոյ հանդէպ վախը ի՞նչ կերպերով առնչուած է իրեն մատուցած մեր պաշտամունքին հետ։

15 Վերոյիշեալէն կրնանք տեսնել թէ աստուածավախութիւնը առողջ կեցուածք մըն է, զոր բոլորս պէտք է մշակենք, քանի որ անիկա Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքին հիմնական մէկ մասն է։ Անիկա մեզ կ’առաջնորդէ անվերապահօրէն իրեն վստահելու, իր ճամբաներուն մէջ քալելու, եւ իրեն յարելու։ Ինչպէս որ էր պարագան Յիսուս Քրիստոսի հետ, աստուածավախութիւնը կրնայ մեզ ալ մղել որ մեր նուիրումի ուխտը կատարենք, ներկայիս եւ ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին։

16. Եհովա ինչո՞ւ մեզ կը քաջալերէ որ իրմէ վախնանք։

16 Աստուածավախութիւնը երբեք հիւանդագին չէ, ոչ ալ անտեղիօրէն կաշկանդիչ է։ Աստուածաշունչը կը վստահեցնէ մեզ. «Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն»։ (Սաղմոս 128։1) Եհովա մեզ կը քաջալերէ իրմէ վախնալ, քանի որ ան գիտէ թէ այս յատկութիւնը մեզ պիտի պաշտպանէ։ Իր սիրալիր հոգածութիւնը կը նկատենք, Մովսէսի ուղղած իր խօսքերուն մէջ. «Երանի՜ թէ [Իսրայելացիները] իրենց սիրտը մշակէին, որ ինծմէ վախնար եւ միշտ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահէր, որպէս զի իրենց աղէկ ըլլար ու իրենց որդիներուն ալ յաւիտեան»։—Բ. Օրինաց 5։29, ՆԱ

17. (ա) Աստուծմէ վախնալով ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ աստուածավախութեան ի՞նչ երեսակներ նկատի պիտի առնուին։

17 Նմանապէս, եթէ մեր սիրտը մշակենք որ Աստուծմէ վախնայ, ասիկա մեզի աղէկ պիտի ըլլայ։ Ի՞նչ կերպերով։ Նախ՝ այսպիսի կեցուածք մը Աստուած պիտի հաճեցնէ եւ մեզ իրեն պիտի մօտեցնէ։ Դաւիթ իր անձնական փորձառութենէն գիտէր թէ «անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք»։ (Սաղմոս 145։19) Երկրորդ, աստուածավախութիւնը մեզի օգտակար պիտի ըլլայ, քանի որ անիկա չարութեան հանդէպ մեր տեսակէտին պիտի ազդէ։ (Առակաց 3։7) Յաջորդ յօդուածը պիտի քննէ թէ այս վախը ի՛նչպէս կը պահպանէ մեզ հոգեւոր վտանգէ, նաեւ վերաքաղ պիտի ընէ Աստուածաշունչէն կարգ մը անհատներու օրինակները, որոնք Աստուծմէ վախցան եւ չարութենէ ետ քաշուեցան։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 1 Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր Համագումարը որդեգրեց Մարդկային Իրաւանց Տիեզերական Յայտարարութիւնը՝ 10 Դեկտեմբեր 1948–ին։

Կրնա՞ք պատասխանել

• Աստուածավախութիւն ի՞նչ կը նշանակէ, եւ անիկա ի՞նչպէս կ’ազդէ մեզի։

• Աստուծմէ վախնալուն եւ Աստուծոյ հետ քալելուն միջեւ ի՞նչ առնչութիւն կայ։

• Յիսուսի օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ հանդէպ վախը առնչուած է Աստուծոյ հանդէպ սիրոյն հետ։

• Ի՞նչ կերպերով կրնանք մեր սիրտը մշակել որ Եհովայէ վախնայ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Իսրայելացի թագաւորներուն պատուէր տրուած էր որ անձնապէս Օրէնքը ընդօրինակեն եւ զայն ամէն օր կարդան

[Նկար՝ էջ 18]

Եհովայի վախը մեզ կ’առաջնորդէ իրեն վստահելու, ինչպէս որ որդի մը իր հօր կը վստահի

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 15]

Stars։ Photo by Malin, © IAC/RGO 1991