Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ոսկեղէն կանոնը գործնական է

Ոսկեղէն կանոնը գործնական է

Ոսկեղէն կանոնը գործնական է

Թէեւ մարդոց մեծամասնութիւնը Ոսկեղէն Կանոնը կը նկատէ Յիսուսի կողմէ արտասանուած բարոյական վարդապետութիւն մը, սակայն, ան ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է»։—Յովհաննու 7։16

ԱՅՈ, Յիսուսի սորվեցուցած բաներուն՝ ի ներառեալ Ոսկեղէն Կանոն կոչուածին՝ Հեղինակը, զինք ղրկողն է, այսինքն՝ Ստեղծիչը, Եհովա Աստուած։

Սկիզբէն իսկ Աստուծոյ նպատակն էր որ բոլոր մարդիկ իրարու հետ վարուէին այնպէս ինչպէս կ’ուզէին որ ուրիշներ իրենց հետ վարուէին։ Մարդիկը ստեղծած կերպովը, ան ուրիշներու բարօրութեամբ հետաքրքրուելու մէջ լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ. «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»։ (Ծննդոց 1։27) Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուած սէրէ մղուած՝ որոշ տարողութեամբ օժտեց մարդիկը իր ուշագրաւ յատկութիւններով, որպէսզի կարենային կեանքը վայելել խաղաղութեամբ, ուրախութեամբ, եւ համերաշխութեամբ. յաւիտեան ապրելու հաւանականութեամբ։ Անոնց աստուածատուր խղճմտանքը, երբ պատշաճօրէն մարզուէր, զիրենք պիտի ուղղէր ուրիշներու հետ վարուելու այնպէս, ինչպէս կ’ուզէին որ ուրիշները իրենց հետ վարուէին։

Անձնասիրութիւնը Ղեկը Ստանձնեց

Քանի որ մարդկութիւնը այսպիսի հոյակապ սկիզբ մը ունեցաւ, ուրեմն ի՞նչ պատահեցաւ։ Պարզապէս մարդիկ սկսան անձնասիրութեան զզուելի յատկութիւնը ցուցաբերել։ Մարդոց մեծամասնութեան ծանօթ է ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ առաջին մարդկային զոյգին արարքին մասին, ինչպէս արձանագրուած է Ծննդոց 3–րդ գլուխին մէջ։ Աստուծոյ բոլոր արդար չափանիշներուն հակառակողին՝ Սատանայի՝ յորդորին ընդառաջելով, Ադամն ու Եւան անձնասիրաբար մերժեցին Աստուծոյ իշխանութիւնը, նախընտրելով անկախութիւնը եւ ինքնորոշումը։ Անոնց անձնասիրութիւնն ու ըմբոստ արարքը ոչ միայն իրե՛նց մեծ վնաս հասցուց, այլ նաեւ՝ իրենց ապագայ ամբողջ սերունդին համար ողբերգական հետեւանքներ ունեցաւ։ Ասիկա Ոսկեղէն Կանոն ճանչցուած ուսուցումը անտեսելուն աղիտալի հետեւանքին ապացոյցն էր։ Հետեւաբար, «մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։—Հռովմայեցիս 5։12

Թէեւ մարդկութիւնը որպէս ամբողջութիւն կռնակ դարձուց Եհովա Աստուծոյ սիրալիր ճամբաներուն, սակայն ան չլքեց զանոնք։ Օրինակ, Եհովա Իսրայէլ ազգին տուաւ իր Օրէնքը, զանոնք առաջնորդելու համար։ Օրէնքը սորվեցուց անոնց ուրիշներու հետ վարուիլ ա՛յնպէս ինչպէս կ’ուզէին որ ուրիշներ իրենց հետ վարուէին։ Անիկա նշեց գերիներու, որբերու եւ որբեւայրիներու հանդէպ ի՛նչպիսի վերաբերմունք ունենալ։ Անիկա ուրուագծեց յարձակումը, առեւանգումը եւ գողութիւնը ի՛նչպէս ձեռք առնել։ Առողջապահական օրէնքները ուրիշներու առողջութեան հանդէպ հոգածութիւն ցոյց տուին։ Նոյնիսկ սեռային հարցերու շուրջ օրէնքներ կային։ Եհովա իր Օրէնքը ամփոփեց՝ ժողովուրդին ըսելով. «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛», խօսքը մը՝ որ հետագային Յիսուս մէջբերեց։ (Ղեւտացւոց 19։18. Մատթէոս 22։39, 40) Օրէնքը նաեւ նկատի առաւ Իսրայելացիներուն մէջ պանդխտացած օտարականներուն հետ վարուելու հարցը։ Օրէնքը պատուիրեց. «Օտարականը մի՛ նեղէք, վասն զի օտարականին սրտին վիճակը գիտէք, որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի մէջ օտարական էիք»։ Ուրիշ խօսքով, Իսրայելացիները պէտք էր անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողներուն հանդէպ կարեկցութիւն եւ ազնուութիւն ցուցաբերէին։—Ելից 23։9. Ղեւտացւոց 19։34. Բ. Օրինաց 10։19

Այնքան ատեն որ Իսրայէլ հաւատարմօրէն Օրէնքին կը հնազանդէր, Եհովա ազգը կ’օրհնէր։ Դաւիթի եւ Սողոմոնի իշխանութիւններուն ներքեւ, ազգը բարգաւաճեցաւ եւ ժողովուրդը ուրախ եւ գոհ էր։ Պատմական արձանագրութիւն մը մեզի կ’ըսէ. «Յուդա ու Իսրայէլ շատուորութեան կողմանէ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ Կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին։ Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ՝ Յուդա ու Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր»։—Գ. Թագաւորաց 4։20, 25

Դժբախտաբար, ազգին խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը երկար չտեւեց։ Աստուծոյ Օրէնքը ունենալով հանդերձ, Իսրայելացիները զայն չպահեցին. անոնք թոյլ տուին որ անձնասիրութիւնը ուրիշներու հանդէպ իրենց հոգածութիւնը խեղդէր։ Ասիկա, հաւատուրացութեան հետ մէկտեղ, դժուարութիւններու դուռ բացաւ անոնց՝ անհատապէս եւ ազգովին։ Ի վերջոյ, Հ.Դ.Ա. 607–ին, Եհովա թոյլ տուաւ որ Բաբելոնացիները կործանեն Յուդայի թագաւորութիւնը, Երուսաղէմ քաղաքը, եւ նոյնիսկ հոն գտնուող շքեղ տաճարը։ Ի՞նչ պատճառաւ։ «Որովհետեւ իմ խօսքերուս մտիկ չըրիք, ահա ես պիտի ղրկեմ բոլոր հիւսիսի ազգատոհմերը եւ իմ ծառաս՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ պիտի առնեմ, զանոնք այս երկրին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ ու բոլոր այս շրջակայ ազգերուն վրայ պիտի բերեմ, բոլոր երկիրը նզովուածի պէս բնաջինջ պիտի ընեմ, զարմանքի ու սուլելու ենթակայ պիտի ընեմ ու յաւիտենապէս աւերակ պիտի ընեմ»։ (Երեմեայ 25։8, 9) Անոնք ի՜նչ սուղ գին մը վճարեցին, քանի որ Եհովայի մաքուր պաշտամունքը լքեցին։

Ընդօրինակուելիք Օրինակ մը

Միւս կողմէ, Յիսուս Քրիստոս ոչ միայն Ոսկեղէն Կանոնը սորվեցուց, այլ նաեւ անոր հետեւելու մէջ լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ։ Ան անկեղծօրէն հետաքրքրուեցաւ ուրիշներու բարօրութեամբ։ (Մատթէոս 9։36. 14։14. Ղուկաս 5։12, 13) Անգամ մը, Նային քաղաքին մօտերը, Յիսուս սրտաբեկ որբեւայրի մը տեսաւ, որ իր մէկ հատիկ տղուն յուղարկաւորութեան կը մասնակցէր։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Տէրը զանիկա տեսնելով՝ խղճաց անոր վրայ»։ (Ղուկաս 7։11-15) Հին եւ Նոր Կտակարաններու Բառերուն Վայնի Բացատրական Բառարան–ին համաձայն, «խղճալ» արտայայտութիւնը կը նշանակէ «խորապէս յուզուիլ»։ Ան կնոջ սրտացաւը զգաց, եւ ասիկա մղեց զինք որ դրական քայլեր առնէ, անոր վիշտը փարատելու համար։ Որբեւայրին որքա՜ն ուրախացաւ, երբ Յիսուս տղան յարուցանեց եւ «տուաւ զանիկա իր մօրը»։

Ի վերջոյ, Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ, Յիսուս սիրայօժար կերպով տառապեցաւ եւ իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ, մարդկութիւնը մեղքի ու մահուան գերութենէն ազատելու համար։ Ասիկա Ոսկեղէն Կանոնին համաձայն ապրելու մեծագոյն օրինակն էր։—Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 15։13. Եբրայեցիս 4։15

Ոսկեղէն Կանոնը Կիրարկող Անհատներ

Ներկայիս կա՞ն անհատներ, որոնք իրապէս Ոսկեղէն Կանոնին համաձայն կ’ապրին։ Այո՛, եւ ոչ թէ միայն երբ իրենց կը յարմարի։ Օրինակ, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Նացի Գերմանիոյ մէջ Եհովայի Վկաները Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքը ու դրացիին հանդէպ իրենց սէրը պահեցին, եւ մերժեցին Ոսկեղէն Կանոնին մէջ զիջումներ ընել։ Մինչ Պետութիւնը բոլոր Հրեաներուն դէմ ատելութեան եւ խտրականութեան արշաւ մը ձեռնարկեց, Վկաները շարունակեցին Ոսկեղէն Կանոնին հետեւիլ։ Նոյնիսկ կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ, անոնք շարունակեցին ընկեր արարածներուն հոգ տանիլ, իրենց ունեցած քիչ ուտելիքը բաժնելով սոված Հրեաներուն եւ Հրեայ չեղողներուն հետ։ Ասկէ զատ, թէեւ Պետութեան կողմէ իրենց հրամայուած էր զէնք կրել եւ ուրիշները սպաննել, սակայն անոնք մերժեցին ասիկա ընել, ճիշդ ինչպէս որ չէին փափաքեր որ ուրիշներ զիրենք սպաննէին։ Ի՞նչպէս կրնային սպաննել զանոնք, զորս պէտք էր իրենց անձին պէս սիրէին։ Իրենց մերժումին պատճառաւ, անոնցմէ շատեր ո՛չ միայն կեդրոնացման ճամբարներ ղրկուեցան, այլ նաեւ մահուան դատապարտուեցան։—Մատթէոս 5։43-48

Մինչ այս յօդուածը կը կարդաք, Ոսկեղէն Կանոնին գործադրութեան ուրիշ մէկ օրինակէն կ’օգտուիք։ Եհովայի Վկաները կը գիտակցին թէ ներկայիս շատեր կը տառապին՝ առանց յոյս եւ օգնական մը ունենալու։ Այս պատճառաւ, Վկաները յօժարակամօրէն դրական քայլեր կ’առնեն ուրիշներու օգնելու, որ Աստուածաշունչին մէջ գտնուած յոյսին եւ գործնական առաջնորդութեան մասին սորվին։ Ասիկա երկրածաւալ դաստիարակչական գործի մը մաս կը կազմէ, որ կը կատարուի աննախընթաց տարողութեամբ։ Արդի՞ւնքը։ Ինչպէս Եսայեայ 2։2-4–ը մարգարէացաւ, «շատ ժողովուրդներ», իրականութեան մէջ աւելի քան վեց միլիոն անհատներ համայն աշխարհի մէջ, ‘Եհովայի ճամբաները կը սորվին եւ անոր շաւիղներուն մէջ կը քալեն’։ Այլաբանականօրէն, անոնք սորված են «իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ» շինել։ Անոնք այս խռովեցուցիչ ժամանակներուն մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն գտած են։

Ի՞նչ Կրնաք Ըսել Ձեր Մասին

Պահ մը խորհեցէք Ոսկեղէն Կանոնը անտեսուելուն պատճառաւ մարդկութեան վրայ եկած նեղութեան ու տառապանքին մասին՝ Եդեմի մէջ Բանսարկու Սատանային կողմէ հրահրուած ապստամբութենէն ի վեր։ Եհովա կը նպատակադրէ այս վիճակը շուտով յեղաշրջել։ Ի՞նչպէս։ «Ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ»։ (Ա. Յովհաննու 3։8) Ասիկա տեղի պիտի ունենայ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, յանձնուած իմաստուն ու կարող Յիսուս Քրիստոսի, որ Ոսկեղէն Կանոնը սորվեցուց ու անոր համաձայն ապրեցաւ։—Սաղմոս 37։9-11. Դանիէլ 2։44

Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը ըսաւ. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող։ Ամէն օր կ’ողորմի ու փոխ կու տայ եւ անոր սերունդը օրհնուած է»։ (Սաղմոս 37։25, 26) Չէ՞ք համաձայնիր թէ ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը կը խլէ ու կը յափշտակէ, փոխանակ՝ ‘ողորմելու եւ փոխ տալու’։ Բացայայտօրէն, Ոսկեղէն Կանոնին հետեւիլը կրնայ իսկական խաղաղութեան եւ ապահովութեան առաջնորդել, քանի որ անիկա անհատը կարող կը դարձնէ օրհնութիւններ վայելելու հիմա՛ եւ ապագային՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրէն պիտի վերցնէ անձնասիրութեան եւ ամբարշտութեան բոլոր հետքերը, եւ ապականած՝ մարդակերտ իշխանութեան ներկայ դրութիւնը պիտի փոխարինէ աստուածակերտ նոր դրութեամբ մը։ Այն ատեն, ամէն մարդ պիտի ուրախանայ Ոսկեղէն Կանոնին համաձայն ապրելով։—Սաղմոս 29։11. Բ. Պետրոս 3։13

[Նկարներ՝ էջ 4, 5]

Յիսուս ոչ միայն Ոսկեղէն Կանոնը սորվեցուց, այլ նաեւ զայն կատարելու մէջ լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ

[Նկարներ՝ էջ 7]

Ոսկեղէն Կանոնին հետեւիլը կրնայ իսկական խաղաղութեան եւ ապահովութեան առաջնորդել